ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՂՕԹՔԸ
Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք լուսահոգի Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին [այն օրերուն վարդապետ] մէկ խորհրդածութիւնը, որու մէջ լուսահոգի սրբազանը բացատրած է, թէ ի՞նչ է աղօթքը: Խորհրդածութիւնը լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսաթերթին մէջ, 1956-ին, մայիս-յունիս միացեալ թիւին մէջ, էջ 166-168: Այս խորհրդածութիւնը կը ներկայացնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն նկատի ունենալով Մեծ պահքի շրջանը, որ առաւելապէս իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի համար աղօթելու բացառիկ շրջան պէտք է ըլլայ: Բարի եւ օգտաշատ ընթերցանութիւն:
«Քանզի յոյժ զօրաւոր են աղօթք արդարոյ յօգնականութիւն» (Յկ 5.16)
Մեր այսօրուան, մտածումին նիւթն է աղօթքը, որ թելադրուած է մեզի այսօրուան ճաշու ընթերցուածէն, այսինքն՝ Յակոբոս առաքեալի Կաթողիկէ թուղթին Ե. գլուին 16-րդ համարէն, որուն մէջ առաքեալը կը գրէ. «Քանզի արդարին աղօթքը շատ զօրաւոր է օգնութեան համար»։
Արդ, ի՞նչ է աղօթքը, ի՞նչ է անոր տեղը կեանքին մէջ, մարդիկ ի՞նչ արժէք կու տան անոր եւ ի՞նչ է անոր մեծ զօրութիւնը, որուն կ՚ակնարկէ առաքեալը, օգնելու, օժանդակելու մարդ անհատին, կամ, աւելի ճիշդը՝ արդարին, ըստ առաքեալին:
Առաջին ակնարկով, ամէնուն համար ալ որոշ եւ պարզ է աղօթքը, իր լայն իմաստին, իր ընդհանուր եղանակին մէջ. որովհետեւ շատեր օրուան զանազան պահերուն կ՚աղօթեն. բայց շատ քիչեր, հազուագիւտ անձեր միայն, խորապէս կ՚ըմբռնեն աղօթքը՝ իր էութեան, իր բուն իմաստին մէջ, եւ այդ խոր ըմբռնողութեամբը կը մատուցանեն զայն, նոյնանալով անոր հետ եւ իրենք իսկ մրմունջ դառնալով:
Աղօթքը՝ լաւ ըմբռնուած՝ այն միակ միջոցն է, որ արարածը Արարիչին հետ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ. այն միակ կերպն է, որ մարմնեղէնը հոգեղինին, սահմանաւորը անսահմանին, անմերձենալիին կը մերձեցնէ. մէկ խօսքով՝ աղօթքը այն գերազանց ազդակն է, որ մարդ էակը իր Տիրոջ՝ Աստուծոյ հաղորդակից կը դարձնէ, կամ՝ երկրայինը երկնայինին հետ յարաբերութեան մէջ կը դնէ, այսինքն, մարդս երկրէն երկինք կը բարձրացնէ: Այսպէս կ՚ըսեմ, որովհետեւ ճշմարիտ աղօթքը մատուցման ժամուն իսկ, պահ մը մարդս բոլորովին կը կտրէ արտաքին աշխարհէն, միչեւ իսկ մարդուն համար դադրեցնելով այդ արտաքին աշխարհին գոյութիւնը, իր ամբողջ պարունակութեամբը, վայելքներով եւ դառնութիւններով, եւ դէմյանդիման կը հանէ զայն Աստուծոյ հետ, անոր ուղղակի տեսութեան մէջ դնելով զայն -անշուշտ հոգեկան տեսութեամբ մը, որովհետեւ հոգի է Աստուած եւ հոգեկան աչքերով միայն տեսանելի՝ Իր արարածներուն՝ մարդոց-: Եւ այդ բոլորովին աշխարհէն կտրուած վիճակին մէջ, զուտ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ կու տայ անոր, իբրեւ ներկայութիւնը սրբութիւն ու լոյս ճառագայթող բացարձակ էութեան մը: Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ կու տայ, սակայն, անձկութեամբ լի ապրումով մը. որովհետեւ այդ պահո՛ւն է, բուն իսկ, որ մարդ կը զգայ իր տկարութիւնը, խեղճութիւնն ու ոչնչութիւնը, իբրեւ արարած, իր Արարիչին՝ անսահման եւ ամենազօր Աստուծոյ դիմաց. այն ատեն է, բուն իսկ, որ մարդ ինքզինք կը ճանչնայ իր բոլոր տկարութիւններով եւ կը զգայ մեղաց խաւարին մէջ տիղմով թաթախուած. եւ ճիշդ այդ պահուն է, դարձեալ, որ կը սկսի Նարեկացիի «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ»ն. այսինքն, մարդ մոռնալով արտաքին աշխարհ եւ այլ ինչ, ինքզինքին խոր ճանաչումով մը կը սկսի սրտին խորերէն եւ հառաչանօք խօսիլ Աստուծոյ հետ, պաղատիլ Անոր՝ ձեռք կարկառելու իրեն, վերցնելու զինք անկեալ վիճակէն, լուսաւորելու իր հոգին երկնային լոյսով, ի վերջոյ, սրբացնելու զինք իր մեղքերէն եւ զօրացնելու, որպէսզի յաղթէ փորձութեանց եւ փորձիչին, Աստուծոյ ուղիէն ընթանայ միշտ, Անոր կամքը կատարէ ամէնուրեք, ճանչնայ իր էութիւնն ու կոչումը, այդ ճանաչումովն իսկ եւ աստուածային օժանդակութեամբ կատարելագործուելու եւ, իբրեւ աստուածային տարր կամ մասնիկ, Աստուծոյ երթալու եւ միանալու, ուրկէ եկած է:
Այս է, ահաւասիկ, ճշմարիտ աղօթքը իր էութեան մէջ, որ կը պահանջէ կատարեալ առանձնացում եւ վերացում երկրէ ու երկրայիններէ, եւ դէմյանդիման տեսութիւն Աստուծոյ, Անոր բացուելու ամբողջ սրտով եւ հոգիով, զայն իր մէջ ունենալու, անոր լոյսը, ջերմութիւնն ու սրբութիւնը ըմբոշխնելու բուռն ձգտումով եւ հեւքով:
Աղօթքը ինքզինք ամենէն շատ զգացնող անհրաժեշտութիւնն ու միանգամայն պահանջքն է կեանքին մէջ, մի՛շտ եւ ամէնուրեք: Անիկա սնունդն է, կենսահիւթը հոգիին, ինչպէս կերակուրը՝ մարմնին, աւիշը՝ բոյսին, լոյսը կամ արեւը՝ կանաչութեան: Մարդուն հոգին ծարաւն ունի աղօթքին. թէեւ ան յաճախ կը զլացուի իրեն՝ հոգիին՝ նոյնինքն մարդուն կողմէ, այլեւայլ պատճառներով: Տիեզերքի վրայ չկայ բարձրագոյն, ազնուագոյն կեանք, առանց սրտաբուխ աղօթքի, առանց ի խորոց սրտի ընդ Աստուծոյ խօսքի, ինչ որ կ՚ազնուացնէ մարդս, եւ իրրեւ ոգեղէն էութիւն՝ անոր հոգեկան կեանքին առանցքը կը կազմէ, եւ ատով իսկ անհրաժեշտութիւն ու պահանջք՝ կեանքին մէջ, հոգիին համար:
Ըսի՝ աղօթքը կեանքին մէջ ինքզինք ամենէն ուժեղ ձեւով զգացնող անհրաժեշտութիւնն է, հոգիին պահանջքը՝ բանաւոր էակին իբրեւ սնունդ. որովհետեւ այդ բանաւոր էակը, ինքն իսկ մարդ կոչուածը, իր ամբողջ իմաստութեամբն ու ճարտարութեամբը յայտնապէս արգասիքն է բացարձակ ու գերագոյն ուժի մը՝ Աստուծոյ՝ ամենակարող ձեռքին. եւ ամէն տեղ ու ամէն ժամանակ մարդ, իբրեւ արարած, օժանդակութեան ու միջամտութեան կարօտն ունի այդ գերագոյն ուժին՝ իր Արարիչին, Անոր հզօր բազուկին անմիջական ներկայութեան եւ հովանիին տենչն ունի, անսայթաք եւ անվտանգ ընթանալու համար կեանքի խոչընդոտներուն եւ արհաւիրքներուն ընդմէջէն: Ի վերջոյ, մարդ Աստուծոյ սրբութեան ու լոյսին պապակը կը զգայ իր ներսիդին, անոնցմով լուսաւորուելու եւ սրբանալու համար: Տակաւին, մարդ տենչն ունի Աստուծոյ շունչով լեցուելու, իբրեւ Անոր մէկ մասնիկը, ապրելու համար ճշմարիտ եւ բարձրագոյն կեանքով մը: Եւ այս բոլորին համար մարդ շատ բնականաբար իր աչքերը երկինք կ՚ուղղէ, հառաչանքով եւ ի սրտէ խօսելով Աստուծոյ հետ, եւ աղերսելով Անոր, Անկէ ստանալու համար զօրութիւնը իր անձին եւ հոգիին: Որովհետեւ քաջ գիտէ, թէ իր նմանները անկարող են տալու իրեն ինչ որ իր հոգին կը տենչայ, այն՝ որուն բուռն կարօտն ունի իր մէջ. քանի անոնք ալ իրեն պէս նոյն անձկութեան մէջ կը գտնուին, քանի անոնց ալ պարագան տարբեր չէ իրենէն, եւ այն ինչ որ ինք կը տենչայ՝ կը տենչան նաեւ նոյն բնութեամբ բոլոր արարածներ՝ նոյն ակէն բխած եւ նոյնին ալ երթալու սահմանուած ըլլալով:
Ճշմարիտ է, որ շատեր, կամայ թէ ակամայ, կ՚անգիտանան կամ կ՚ուզեն անգիտանալ գերագոյն ուժի մը գոյութիւնը, իբրեւ մարդուն գոյութեան պատճառ եւ անոր ընթացքն ու լինելութիւնը տնօրինող. ուստի, ոչ միայն անտարբեր վերաբերում մը ցոյց կու տան աղօթքին հանդէպ, այլ նոյնիսկ կ՚արհամարհեն զայն, իբրեւ աւելորդ, անիմաստ եւ անարժէք, իբրեւ խեղճերուն ու թշուառներուն մխիթարութեան համար ստեղծուած անտեղի բան մը կեանքին մէջ: Բայց ասոնք իսկ, անմիջապէս որ նեղութեան կամ անձկութեան մատնուին, տառապանքի մէջ իյնան, իսկոյն եւ ինքնաբերաբար իրենց աչքերը կ՚ուղղեն իրենց անգիտանալ ուզած կամ փորձած ուժին, եւ բնականաբար իրենց շրթները կը սկսին աղօթք մրմնջել եւ աղերսել գերագոյն էութեան, անկէ ստանալու համար իրենց ապահովութիւնն ու ազատութիւնը: Եւ ասիկա՝ պարզ անոր համար, որ մարդուն բնութեան մէջ է, իբրեւ տկար, անզօր էակ մը, վտիտ եղէգին նման ամէն շունչէ տարուբերող, ինքզինք կապուած զգալ միշտ ամենակարող էութեան մը, անոր կամքէն կախեալ եւ անոր աղերսելու ու անոր օժանդակութիւնը հայցելու անհրաժեշտութեան մէջ: Եւ ճի՛շդ այդ ամենազօր էութեան՝ Աստուծոյ աղերսելու, Անոր օժանդակութիւնը հայցելու եւ Անով զօրանալու եղանակը կամ միջոցն է աղօթքը, իբրեւ սրտի խորերէն բխող եւ դէպի երկինք բարձրացող ապրուած խօսքերու հիւսք մը:
Արդ, հասկնալէ վերջ աղօթքը իր ձեւին մէջ, տեսնենք, թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ անոր նիւթը կամ պարունակութիւնը: Խնդրա՞նք՝ այս կամ այն նիւթական բարիքներուն, յաջողութիւններուն ու վայելքներուն համար, թէ՝ այլ ինչ:
Ճշմարիտ է, որ Քրիստոս Իր քարոզութեանց ընթացքին ըսաւ. «Ամէն ինչ որ հաւատքով խնդրէք ձեր աղօթքին մէջ, պիտի տրուի ձեզի»։ Բայց այս խօսքը կամ խոստումը այնքան յառաջ պէտք չէ տանի զմեզ, զուտ նիւթական իմաստով հասկնալու աստիճան զայն, եւ աղօթելու Աստուծոյ միմիայն նիւթական բարիքներ ստանալու ակնկալութեամբ:
Աղօթքը անհրաժեշտ է անշահախնդրական, առանց անպայման նիւթական բարիքներու կամ վայելքներու ակնկալութեան, կամ՝ մեր այս ու այն բաղձանքին կատարման դիտումին: Այլ, ինչպէս դարձեալ Քրիստոս կ՚ըսէ, խնդրեցէք նախ Աստուծոյ փառքը, Աստուծոյ Արքայութիւնը, եւ այնուհետեւ ամէն ինչ, ձեր չխնդրածն իսկ, պիտի շնորհուի ձեզի, որովհետեւ երկնաւոր Հայրը գիտէ, թէ ինչ բանի կարօտն ունին Իր զաւակները, նոյնիսկ տակաւին Իրմէ չխնդրած: Յաճախ մարդիկ կ՚աղօթեն կամ կը սիրեն աղօթել պարզապէս այն ատեն միայն, երբ որեւէ բան մը խնդրելու կարիքն ունին Աստուծմէ, ու եթէ չստանան, կը զայրագնին ու աղօթքը կ՚արժեզրկեն, մոռնալով նաեւ զԱստուած: Ըսինք, որ աղօթքը պէտք չէ ըլլայ շահախնդրական, նիւթական բարիքներու եւ երկրային վայելքներու ակնկալութիւն, թէեւ անոնք ետքէն կ՚աւելնան ճշմարիտ հաւատքով լի աղօթողին, արդարին համար, ըստ խօսքին Քրիստոսի. այլ աղօթքին մէջ մարդուն առաջին զգացումը պէտք է ըլլայ խորունկ երախտագիտութիւն եւ անկէ բխած փառաբանութիւն՝ Աստուծոյ, եւ ապա ինքզինքին ոչնչութեան ու մեղաւորութեան խոստովանութիւնը Աստուծոյ առջեւ, ի վերջոյ պաղատանք Աստուծոյ՝ իրեն օգնութեան փութալու, իր հետ, իր մէջն ըլլալու եւ փրկելու զինք կեանքի խռովայոյզ ովկիանոսի տատանումներէն: Դարձեալ, աղաչանք առ Աստուած, շնորհելու Իր աջը՝ իբրեւ հովանի, լոյսը՝ իբրեւ առաջնորդ, շունչը՝ իբրեւ կեանք. մէկ խօսքով՝ տուողին կարօտովը տոչորիլ քան թէ տուրքին, շնորհողին՝ քան թէ շնորհին, ինչպէս կ՚ըսէ Նարեկացի:
Պարզ է, ամէն մարդ Նարկացի չէ, ոչ ալ կրնայ ըլլալ. բայց ամէն մարդ, եթէ կամենայ, կրնայ ի խորոց սրտի խօսք ուղղել Աստուծոյ, այն բացարձակ վստահութեամբ եւ հաւատքով, որ կը լսուի եւ Աստուծմով կը զօրանայ: Արդարեւ, ամէն անգամ որ անձ մը առանձնանայ, դէմյանդիման գայ Աստուծոյ հետ, բանայ Անոր իր հոգին, եւ սրտին խորերէն բոլոր անկեղծութեամբը խօսի Աստուծոյ, երբ դուրս գայ, ինքզինքը զօրացած կը զգայ կեանքը դիմագրաւելու դժուարութեանց եւ ամէն տեսակի փորձութեանց դէմ, ու մանաւանդ թեթեւցած՝ կեանքի իր ուսերուն վրայ ճնշող ծանրութիւններէն: Աւելին՝ երբ խոր հաւատքով մատուցուած է աղօթք մը, եւ միշտ ալ նոյն հաւատքով կը մատուցուի, անլուր եւ անարդիւն չի մնար երբեք, նոյնիսկ նիւթական բարիքներու համար, այլ մինչեւ իսկ հրաշագործութեան կ՚առաջնորդէ ենթական, այնպէս՝ ինչպէս առաքեալներ, ինչպէս հին օրերու մեր սուրբ հայրեր.
«Քանզի յոյժ զօրաւոր են աղօթք արդարոյ յօգնականութիւն»:
Կը մաղթեմ ձեզի բոլորիդ Լուսաւորչի, Նարեկացիի, Շնորհալիի սրբազան հաւատքով, աներկբա՛յ հաւատքով, աղօթել Աստուծոյ, ճիշդ այնպէս ինչպէս իրենք աղօթեցին:
ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք նաեւ նոյն հեղինակէն աղօթական հատուած մը, որով աւարտած է Խաչվերացի տօնին առիթով իր տուած մէկ քարոզը.
- Ու ժողովուրդը մեր, գերուած խորհուրդէն Քրիստոսի խաչելութեան, բոլոր ժողովուրդներուն մէջ գերազանցօրէն ժողովուրդն է խաչին, զոհագործումին ու պատարագումին՝ շատ ըսուած է, միշտ պիտի ըսուի եւ երբեք բաւարար չըսուի։ Տասնվեց դարերու շարունակական խաչելութիւնն ու մարտիրոսութիւնը մեզ զսպանակած են Աստուծոյ հանդէպ, աստուածայինին հանդէպ, խաչին հանդէպ մեր աշխարհ մը սէրէն, մեր այրող բայց չհատնող սէրէն։ Ահա թէ ինչո՛ւ այն խոր յարգանքը, պաշտամունքի հասնող մեծարանքը մեր ժողովուրդին հանդէպ Խաչին։ Ու այսօր, Խաչվերացի, այսինքն խաչի պանծացումի մեծ տօնին, որուն պատմականը կամովին զանց ըրինք, մեր սրտին ամենէն խորունկ ակունքէն կ՚աղօթենք եւ կ՚աղաչենք՝ Տէր Յիսուս Փրկիչ, Քու Խաչդ պահապան ըլլայ երկրագունդիս վրայ ցանուցիր մեր ժողովուրդին, իր թեւերուն տակ համահաւաքէ բեկորեալ նշխարներն անոր հայրենի մեր սեփական երկրին վրայ, խաղաղ ազատութեան մէջ պահպանէ ամբողջն ի մի՝ մինչեւ կատարածն աշխարհի, եւ ապաւէն ըլլայ մեզի երբ լուսաւոր ամպերու մէջէն յայտնուիս Հօր Աստուծոյ փառքով, այն ատեն «ամօթով չմնանք Քեզի յուսացողներս, այլ Քու մեծ զօրութեամբդ՝ որպէս Լոյսի Որդիներ՝ Քու աջկողմդ բերկրինք»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 01/20/2025