ԱՇԽՈՅԺ ԵՌԱԼԵԶՈՒ ԿԱՅՔԷՋ…

Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թին մէջ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը՝ «Յու­շա­մա­տեան» կայ­քէ­ջի հիմ­նա­դիր-տնօ­րէն Վա­հէ Թաշ­ճեա­նի հետ։ Ստո­րեւ կ՚ար­տատ­պենք թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ժի­րայր Չո­լա­քեա­նի կող­մէ կա­տա­րուած տե­սակ­ցու­թիւ­նը։

*

-«Յու­շա­մա­տեան» կայ­քէ­ջը կը գոր­ծէ 2010-էն ի վեր։ Աշ­խոյժ կայ­քէջ է։ Ան­դա­դար նո­րու­թիւն­ներ, յա­ւե­լում­ներ, … եւ բա­ցա­ռիկ աշ­խոյժ աշ­խա­տան­քա­յին խմբակ մը։ Շու­տով նո­րէն Փա­րիզ պի­տի այ­ցե­լէք եւ ինչ­պէս եր­կու տա­րի ա­ռաջ, ի­րե­րու հա­ւա­քի ար­շաւ մը պի­տի կա­տա­րէք Ա­նա­քօ տա­փա­նա­ւուն վրայ։ Ան­ցեալ այ­ցե­լու­թեան ար­դիւն­քը ար­դէն կայ­քէ­ջին վրայ է։ Ֆրան­սա­յէն՝ եր­կու կա­րե­ւոր հա­ւա­քա­ծո­ներ ձեռք բե­րած էք։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Քի­պա­րեան, ա­պա նաեւ Պո­սիէր/Ման­թա­րեան ըն­տա­նիք­նե­րու­նը, զորս թուայ­նա­ցուած բաց ար­խիւ գլու­խին տակ կա­րե­լի է գտնել։ Բայց կան նաեւ բազ­մա­թիւ այլ նուի­րա­տու­ներ, ինչ­պէս՝ Պել­ժի­ա­յէն, Պո­լի­սէն… ան­ձեր, ըն­տա­նիք­ներ, ո­րոնք ի­րենց ի­րե­րը եւ փաս­տա­թուղ­թե­րը կը բե­րեն ցան­կագ­րու­թեան հա­մար, ա­նոնք կը պահ­պա­նեն ի­րենց սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։ Ե­թէ ծրագ­րած էք գալ, ու­րեմն փաս­տը այն է, թէ տա­կա­ւին յայտ­նա­բե­րե­լիք բազ­մա­թիւ նիւ­թե՞ր կան։

-Այս նիւ­թե­րը հան­րու­թե­նէն կը ստա­նանք գլխա­ւո­րա­բար ե­րեք ձե­ւով. ա­ռա­ջին, ան­հատ­ներ ել­գի­րով ուղ­ղա­կի կապ կը հաս­տա­տեն մե­զի հետ եւ կը սկսին նոյն ճամ­բով ալ մե­զի ղրկել ի­րենց տան կամ հա­րա­զատ­նե­րուն մօտ գտնուող յի­շո­ղու­թեան նիւ­թե­րուն թուայ­նա­ցուած օ­րի­նակ­նե­րը (լու­սան­կար, փաս­տա­թուղթ, յու­շագ­րու­թիւն, նա­մակ­ներ, տնա­յին ա­ռար­կա­ներ, ե­ւայլն)։ Մենք ալ մեր կար­գին ու­ղար­կող կող­մին կ՚ուղ­ղենք տար­բեր-տար­բեր հար­ցում­ներ, ո­րոնց պա­տաս­խան­նե­րուն հի­մամբ ալ կը գրենք այս նիւ­թե­րուն եւ ա­նոնց ընդ­մէ­ջէն ալ ըն­տա­նիք­նե­րուն ման­րա­պատ­մու­թիւ­նը։ Հե­տա­գա­յին ալ այս բո­լո­րը կը տե­ղադ­րենք Յու­շա­մա­տեան ցանց­կայ­քին վրայ։ Երկ­րորդ, կա­պի մէջ ենք հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու հետ, մեր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը կ՚այ­ցե­լէ այս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ կ՚աշ­խա­տի, ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենք կը բե­րեն ըն­տա­նե­կան նիւ­թեր, կը գրեն ա­նոնց պատ­մու­թիւն­նե­րը եւ դար­ձեալ ա­սոնք կը տե­ղադ­րենք Յու­շա­մա­տեա­նի մէջ։ Իսկ եր­րոր­դը հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­ներ կազ­մա­կեր­պելն է, այն­պէս ինչ­պէս Փա­րի­զի մէջ Մարտ 29-30-ին ու­նե­ցաւ Ա­նա­քօ տա­փա­նա­ւուն վրայ։ Մեր խում­բը եր­կու օր ներ­կայ պի­տի ըլ­լայ այս­տեղ, կը սպա­սենք, որ Փա­րի­զի շրջա­նի հա­յեր ներ­կա­յա­նան եւ ի­րենց հետ բե­րեն ըն­տա­նե­կան ար­խի­ւէն պատ­մա­կան նիւ­թեր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ ապ­րած ի­րենց նախ­նի­նե­րուն պատ­կա­նող։ Տեղ­ւոյն վրայ պի­տի թուայ­նաց­նենք նիւ­թե­րը եւ ար­դիւն­քը դար­ձեալ կարճ ժա­մա­նակ ետք պի­տի ե­րե­ւի մեր ցանց­կայ­քին վրայ։ Այս­պի­սի ձեռ­նարկ­ներ յա­ճախ կը կազ­մա­կեր­պենք, աս­կէ ա­ռաջ նիւ­թե­րու նման հա­ւաք­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են Պէյ­րու­թի, Ե­րե­ւա­նի, Պոլ­սոյ եւ Պրիւ­սքէ­լի մէջ։

-Հիմ­նա­կան եր­կու նո­րու­թիւն­ներ նկա­տե­լի են կայ­քէ­ջին մէջ։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Թուայ­նա­ցուած բաց ար­խիւն է եւ երկ­րոր­դը՝ կրթա­կան աս­պա­րէ­զը։

-Ա­յո, ար­դէն ա­ւե­լի քան եր­կու ա­միս է, որ բա­ցած ենք Թուայ­նա­ցուած բաց ար­խիւ վեր­նագ­րուած այս բո­լո­րո­վին նոր գլու­խը։ Այս բա­ժի­նին մէջ կը տե­ղադ­րենք ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քա­ծո­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­ւա­քած նիւ­թե­րը։ Խոր­քին մէջ, մեր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին շատ ա­րագ անդ­րա­դար­ձանք, թէ որ­քան հա­րուստ նիւ­թեր կան տու­նե­րու մէջ պա­հուած, աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը։ Այս նիւ­թե­րը ա­ռատ-ա­ռատ սկսան մե­զի հաս­նիլ, բայց ա­նոնց­մէ շա­տեր չէինք կրնար ան­մի­ջա­պէս մեր կայ­քէ­ջին մէջ հրա­տա­րա­կել, քա­նի որ շատ մը վայ­րե­րու մա­սին տա­կա­ւին յօ­դուած­ներ չու­նէինք։ Այ­սինքն ե­թէ ըն­տա­նե­կան նիւ­թե­րը Այն­թա­պէն են, այն ժա­մա­նակ պէտք էր սպա­սել Այն­թա­պի յօ­դուած­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան, որ­պէս­զի կա­րե­նա­յինք այս ըն­տա­նե­կան նիւ­թերն ալ ա­նոնց միաց­նել։ Գործ­նա­կան ձեւ մը չէր։ Այս ձե­ւով ա­հա­գին նիւ­թեր կը մնա­յին մեր ար­խիւ­նե­րուն մէջ եւ չէին հրա­տա­րա­կուեր։ Թուայ­նա­ցուած բաց ար­խի­ւը այս հար­ցին լու­ծում կը բե­րէ։ Այ­սու­հե­տեւ, ըն­տա­նիք­նե­րէ հա­ւա­քուած մեր բո­լոր նիւ­թե­րը պի­տի ե­րե­ւին այս գլու­խին տակ, պի­տի պատ­մուին ըն­տա­նե­կան բազ­մա­թիւ պատ­մու­թիւն­ներ, փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ։ Նիւ­թե­րուն ա­ռա­տու­թիւ­նը, գե­ղե­ցիկ ձե­ւով ա­նոնց ներ­կա­յա­ցու­մը կը քա­ջա­լե­րեն, որ ու­րիշ­ներ ալ մե­զի կա­պուին եւ ի­րենց նիւ­թե­րը ու­ղար­կեն։ Մէկ խօս­քով Թուայ­նա­ցուած բաց ար­խի­ւը սկսած է դառ­նալ այն վայ­րը, ուր հետզ­հե­տէ կը սկսին հա­ւա­քուիլ եւ հան­րու­թեան մատ­չե­լի դառ­նալ մին­չեւ օրս տու­նե­րու մէջ պա­հուող ըն­տա­նե­կան գան­ձեր օս­մա­նեան հա­յե­րուն պատ­մու­թեան կա­պուած։ Հա­մո­զուած ենք նաեւ, որ ըն­տա­նե­կան այս նիւ­թե­րուն լա­ւա­գոյն, ա­մե­նէն հա­րա­զատ տե­ղը նոյ­նինքն ըն­տա­նե­կան յարկն է, տունն է, հոս է որ ա­նոնք շատ յա­ճախ սրբու­թիւն­նե­րու պէս կը պա­հուին։ Մեր նպա­տա­կը այս նիւ­թե­րը ի­րենց հա­րա­զատ այս մի­ջա­վայ­րէն ֆի­զի­քա­պէս ան­ջա­տե­լը, դուրս հա­նե­լը չէ եւ սխալ պի­տի ըլ­լայ մեծ ար­շա­ւի մը ձեռ­նար­կել, յի­շո­ղու­թեան այս նիւ­թե­րը ժո­ղո­վուր­դէն հա­ւա­քել եւ զա­նոնք թան­գա­րան­նե­րու մէջ տե­ղադ­րել։ Շա­տե­րու պա­րա­գա­յին թան­գա­րան­նե­րը կրնան դառ­նալ ա­նոնց գե­րեզ­ման­նե­րը, այլ խօս­քով՝ ըն­տա­նի­քին եւ նիւ­թին մի­ջեւ ա­ւե­լի քան հա­րիւ­րա­մեայ կա­պի խզու­մը նուի­րա­կա­նաց­նող աք­թը։ Բայց նաեւ այս գան­ձե­րը տե­սա­նե­լի պէտք է ըլ­լան մարդ­կու­թեան։ Ա­հա թէ ին­չու Թուայ­նա­ցուած բաց ար­խի­ւը լու­ծում մը կը բե­րէ այս հար­ցին, հայ­կա­կան այս գան­ձե­րը եւ ա­նոնց ման­րա­պատ­մու­թիւն­նե­րը կը դարձ­նեն մատ­չե­լի։

-Իսկ ինչ­պէս վե­րը ը­սիք, դաս­տիա­րակ­չա­կան աշ­խատ­նոց­ներ կը վա­րէք դպրոց­նե­րէ ու կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ ներս։ Ի՞նչ է հե­տապն­դուած գա­ղա­փա­րը. մա­նու­կին մի­ջոց տալ, որ ի­րէն մեկ­նե­լով՝ ո­րո­նէ եւ վե­րա­կեր­տէ իր ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թի՞ւ­նը։

-Կրթա­կան այս ծրա­գի­րը «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կին կող­մէ գան­ձատ­րուած աշ­խա­տանք մըն է։ Ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տուն է Շո­ղեր Մար­կո­սեան. ինքն է որ կապ կը հաս­տա­տէ դպրոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րու, ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ ա­շա­կերտ­նե­րու հետ, ինքն է որ կը շրջի զա­նա­զան դպրոց­ներ, կը վա­րէ աշ­խա­տա­նոց­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ միա­տեղ կը թուայ­նա­ցուին հա­ւա­քուած նիւ­թե­րը. իսկ հե­տա­գա­յին ալ այս բո­լո­րին ար­դիւն­քը, այ­սինքն հա­ւա­քուած նիւ­թե­րը եւ ա­նոնց ա­ռըն­չուող ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­նե­րը կը տե­ղադ­րենք մեր կայ­քէ­ջին վրայ։ Կը կար­ծենք, որ իր բնոյ­թով նո­րա­րար ձեւ մըն է պատ­մու­թեան - այս պա­րա­գա­յին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան հա­յե­րու պատ­մու­թեան - մօ­տե­նա­լու։ Հայ­կա­կան դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ օս­մա­նեան այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կը ներ­կա­յա­ցուի իբ­րեւ (…) զի­նեալ հե­րո­սա­մար­տե­րու պատ­մու­թիւն մը։ Պոլ­սոյ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն պա­րա­գան տա­կա­ւին այլ է։ Կը հա­ւա­տանք, որ այս ձե­ւով կա­րե­լի չէ պատ­մու­թիւն դա­սա­ւան­դել։ Այս հիմ­քը խա­խուտ է։ Ան­շուշտ մեր գոր­ծը չէ պատ­մու­թեան նոր դա­սա­գիր­քեր պատ­րաս­տե­լը։ Բայց կը փոր­ձենք մտցնել դաս­տիա­րակ­չա­կան նոր տար­րեր, ո­րոնք ա­շա­կեր­տը կրնան ա­ւե­լի մօ­տեց­նել այս պատ­մու­թեան եւ հա­յե­րու ժա­ռան­գու­թեան։ Եւ այս մէ­կը ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­ներն են։ Ըն­տա­նե­կան իւ­րա­քան­չիւր ման­րա­պատ­մու­թիւն խտա­ցում մըն է օս­մա­նեան հա­յե­րու կեան­քին, իր տար­բեր-տար­բեր կող­մե­րով։ Ա­շա­կեր­տը կը մղենք, որ ի՛նք պրպտէ, վե­րա­կանգ­նէ այս պատ­մու­թիւ­նը, կամ ա­ւե­լի ճիշդ այս պատ­մու­թեան հետ­քե­րը, գտնէ շօ­շա­փե­լի ա­ռար­կայ մը, լու­սան­կար մը, երգ մը, ճա­շա­գիր մը, որ ա­ռըն­չուած է իր նախ­նի­նե­րուն, կեն­դա­նի կապ մը ստեղ­ծէ իր եւ իր ըն­տա­նի­քին պատ­մու­թեան եւ այս ճամ­բով նաեւ օս­մա­նեան հա­յե­րու բազ­մա­շերտ ժա­ռան­գու­թեան մի­ջեւ։ Ան­շուշտ այս­տեղ մեծ դեր ու­նի նաեւ ու­սու­ցի­չը եւ տնօ­րէ­նը։ Երբ ա­նոնք չեն հա­ւա­տար այս մօ­տե­ցու­մին՝ պարզ է, որ գոր­ծը կը ձա­խո­ղի։ Բայց մին­չեւ այ­սօր սքան­չե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ ալ ու­նե­ցած ենք Ֆրան­սա­յի եւ Պոլ­սոյ հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ տնօ­րէն­նե­րուն հետ, ո­րոնց շնոր­հիւ հա­րուստ նիւ­թեր հա­ւա­քուած են եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն մը ստեղ­ծուած է ա­շա­կեր­տու­թեան մէջ։ Այս աշ­խա­տա­նոց­նե­րուն մէջ գոր­ծա­ծուող լե­զուն հա­յե­րէնն է, կը կար­ծենք, որ այս պա­րա­գա­յին հա­յե­րէնն ալ կ՚ամ­րաց­նէ կա­պը ա­շա­կեր­տին եւ մեր ան­ցեա­լի պատ­մու­թեան եւ ժա­ռան­գու­թեան մի­ջեւ։

-Հինգ տա­րուան մէջ հսկա­յա­կան ազ­գագ­րա­կան եւ պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան բա­ցա­ռիկ տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ ար­խիւ հա­ւա­քած էք։ Ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը ու­նե­նա­լու հա­մար, ե­թէ բո­լոր է­ջե­րը ու­զէք հա­մախմ­բել, ի՞նչ ծա­ւա­լի գիրք եւ քա­նի՞ հա­տոր­ներ կրնան ներ­կա­յաց­նել զա­նոնք։

-Ճիշդ այս ան­կա­րե­լիու­թեան պատ­ճա­ռով մենք ընտ­րե­ցինք մեր աշ­խա­տան­քը ներ­կա­յաց­նել ո՛չ թէ բազ­մա­հա­տոր գիր­քե­րու ճամ­բով, այլ՝ հա­մա­ցան­ցով, ա­ռան­ձին ցանց­կայ­քով։ Այս մէ­կը հիմ­նա­կան ընտ­րու­թիւն մըն էր։ Գոր­ծա­ծել բազ­մա­մե­տիա մի­ջոց­նե­րը (բնա­գիր, լու­սան­կար, քար­տէս, գծան­կար, երգ, ձայ­նա­յին վկա­յու­թիւն, ֆիլմ) օս­մա­նեան հա­յե­րու հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը ա­մե­նէն լայն ձե­ւով ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար։ Ի վեր­ջոյ չա­փա­զանց ըն­դար­ձակ նիւթ մըն է օս­մա­նեան հա­յե­րու պատ­մու­թիւնն ու ժա­ռան­գու­թիւ­նը, այս մա­սին աղ­բիւր­նե­րը մե­ծա­պէս ա­ռատ են։ Իսկ հա­մա­ցան­ցի ճամ­բով զայն ներ­կա­յաց­նե­լը կը նշա­նա­կէ նաեւ, որ մար­դիկ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ տե­ղէ կրնան այ­ցե­լել մեր ցանց­կայ­քը եւ ե­րեք լե­զու­նե­րէն ընտ­րել ի­րենց հա­մար ա­մե­նէն մատ­չե­լին։ Ներ­կա­յիս ալ երբ կը մտա­ծենք նո­րու­թիւն­ներ մտցնել մեր աշ­խա­տան­քին մէջ, այս­տեղ եւս այս նո­րու­թիւն­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս կ՚ա­ռըն­չուին հա­մա­ցան­ցի վրայ մեր կայ­քէ­ջին նիւ­թե­րը ա­ւե­լի դիւ­րա­հա­ղորդ դարձ­նե­լու ձե­ւե­րուն։ Անձ­նա­նուն, լու­սան­կար, տե­ղա­նուն փնտռե­լու ա­ւե­լի պար­զա­ցուած ձե­ւեր գտնել, մեր նիւ­թե­րուն հի­մով podcastներ պատ­րաս­տել, մէկ խօս­քով միշտ քայլ պա­հել հա­մա­կարգ­չա­յին նո­րու­թիւն­նե­րուն հետ։

Բայց բո­լո­րո­վին ալ կտրուած չենք տպագ­րա­կան աշ­խար­հէն։ Եր­կու տա­րի ա­ռաջ հրա­տա­րա­կե­ցինք Յու­շա­մա­տեա­նի ա­ռա­ջին գիրք-ալ­պո­մը, իսկ ներ­կա­յիս ալ կ՚աշ­խա­տինք երկ­րորդ հա­տո­րին վրայ, որ շատ հա­ւա­նա­բար լոյս տես­նէ այս տա­րի։

-Կայ­քէ­ջը իւ­րա­յա­տուկ է ե­ռա­լե­զու ըլ­լա­լով։ Ո՞ր լե­զուով ա­ւե­լի շատ դի­մող­ներ կ՚ըլ­լան ձե­զի։ Որ­քա՞ն է հե­տաքրք­րու­թեան աս­տի­ճա­նը, այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու քա­նա­կը։

-Ա­յո, հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն եւ թրքե­րէն։ Թրքե­րէ­նը յա­րա­բե­րա­բար նոր է, տա­կա­ւին բո­լոր յօ­դուած­նե­րը թրքե­րէ­նի չեն թարգ­մա­նուած։ Ամ­բող­ջա­կան թարգ­մա­նու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ է։ Բայց ար­դէն իսկ կա­րե­լի է ը­սել, որ թրքե­րէն մեր է­ջե­րը ա­մե­նէն շա­տը կը կար­դա­ցուին։ Թուր­քիա­յէն նա­մակ գրող­ներ ալ կ՚ըլ­լան։ Կան յա­ճախ կրկնուող նիւ­թեր. տե­ղա­վայ­րե­րու ա­նուն­նե­րու ճշգրտում­ներ, նոյն­պէս ճշգրտում­ներ մեր կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած բեր­դի մը կամ ե­կե­ղե­ցիի մը դիր­քին։ Ու­րիշ­ներ (թուր­քեր կամ քիւր­տեր), ի­րենց մե­ծե­րէն լսած կ՚ըլ­լան ի­րենց գիւ­ղին մէջ ապ­րած հայ ըն­տա­նիք­նե­րու մա­սին, ա­նոնց հետ ի­րենց ըն­տա­նի­քին պատ­մա­կան բա­րե­կա­մու­թեան մա­սին, ու­րեմն երբ յան­կարծ սոյն հայ ըն­տա­նի­քին ա­նու­նը յայտ­նուի մեր կայ­քէ­ջին մէջ, մե­զի կը դի­մեն ըն­տա­նի­քին ժա­ռան­գորդ­նե­րուն հետ կապ հաս­տա­տե­լու հա­մար։ Կայ նաեւ իս­լա­մաց(ու)ած հա­յե­րու պա­րա­գան. կը դի­մեն մե­զի, քա­նի որ ի­րենց նախ­նի­նե­րուն փնտռտու­քին մէջ են, մեզ­մէ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը խնդրեն։ Բայց մե­զի կը գրեն ա­մե­նէն շա­տը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն։ Մար­դիկ ո­րոնք ի­րենց տան ար­խիւ­նե­րուն մէջ յի­շո­ղու­թեան նիւ­թեր կը պա­հեն, հա­յե­րէն կամ հա­յա­տառ թրքե­րէն նա­մակ­ներ, յու­շեր, նօ­թեր ու­նին ի­րենց մե­ծե­րէն մնա­ցած։ Լե­զուա­կան ար­գելք մը ու­նին այս նիւ­թե­րուն հետ հա­ղոր­դա­կից ըլ­լա­լու, ու­րեմն մե­զի կը դի­մեն, կ՚ու­ղար­կեն այս նիւ­թե­րուն թուայ­նա­ցուած օ­րի­նակ­նե­րը, այն յոյ­սով, որ մեր ճամ­բով, թարգ­մա­նու­թեան ճամ­բով, ան­ցեա­լին հետ, ի­րենց նախ­նի­նե­րուն հետ կտրուած կա­պը վե­րա­հաս­տա­տուի։ Ու­րիշ­ներ կ՚ու­ղար­կեն հին ըն­տա­նե­կան լու­սան­կար­ներ։ Յա­ճախ կը պա­տա­հի նաեւ, որ մէ­կու մը ու­ղար­կած եւ մեր կող­մէ հրա­տա­րա­կուած ըն­տա­նե­կան լու­սան­կա­րը ազ­գա­կան­ներ զի­րար միաց­նե­լու ա­ռիթ դառ­նայ։ Այս­պէս, կը պա­տա­հի որ նոյն լու­սան­կա­րին մէջ ու­րիշ մը կը տես­նէ իր մեծ մեծ հայ­րը կամ մեծ մեծ մայ­րը, մե­զի կը դի­մէ եւ կ՚ու­զէ կապ հաս­տա­տել լու­սան­կա­րը ու­ղար­կող իր ան­ծա­նօթ ազ­գա­կա­նին հետ։ Մեր այ­ցե­լու­նե­րուն թի­ւը յա­րա­ճուն վե­րել­քի մէջ է։ Կը փոր­ձենք ա­մէն ա­միս 2էն 4 նո­րու­թիւն­ներ, այ­սինքն նոր յօ­դուած­ներ տե­ղադ­րել մեր կայ­քէ­ջին մէջ։ Այն­քան ա­տեն որ այս աշ­խու­ժու­թիւ­նը կը յա­ջո­ղինք պահ­պա­նել, մեր այ­ցե­լու­նե­րուն թիւն ալ յա­ւե­լում կը կրէ։ Ներ­կա­յիս, ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ ու­նինք 300-էն 500 այ­ցե­լու։

www.houshamadyan.org

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016