ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ
1- Շուշիի մէջ կը գտնուի գորգերու թանգարանը:
2013 թուականի Հոկտեմբերի 22-ին տեղի ունեցաւ գորգերու թանգարանի բացումը:
Թանգարանին մէջ ցուցադրը-ւած են 17-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը ժամանակահատուածին հիւսուած աւելի քան 250 գորգ, որոնք կը ներկայացնեն արցախեան գորգարուեստի առանձնայատկութիւնները:
Թանգարանին ստեղծման նպա-տակն է մոռացութենէ եւ կորուստէ փրկել արցախեան աւանդական գորգերն ու գործը-ւածքները եւ մնայուն ցուցադրութեամբ ներկայացնել արցախեան գորգագործական սքան-չելի մշակոյթը:
2- «Մենք ենք, մեր սարերը» Ղարաբաղին «Պապիկ-տատիկ» յուշարձանին իսկական անունն է:
Բոլորիս ծանօթ «Պապիկ-տատիկ» յուշարձանին իսկական անունը «Մենք ենք, մեր սարերը»ն է: Յուշարձանը տեղադ-րըւած է 1967 թուականին Ստեփանակերտի մուտքին մօտ: Քանդակագործն է Սարգիս Պաղտասարեան, իսկ ճարտարապետը՝ Եուրի Յակոբեան: Քանդակը պատրաստուած է կարմիր տուֆէ. անիկա կը խորհրդանշէ արցախեան հողին եւ ժողովուրդին արմատներուն միջեւ արիւնակցական կապը։
3- Ղարաբաղեան խոհանոցը նշանաւոր է իր ժինգեալովով:
Արցախեան խոհանոցի ամենայայտնի ուտեստը ժինգեալով հացն է: Այս հացին պատրաստութիւնը ամբողջ ծիսակարգ մըն է, որ իր մէջ կը կրէ պատրաստութեան ընթացքին հարազատները մէկ վայրի մէջ հաւաքելու խորհուրդը:
Հացի պատրաստութիւնը կը ստանձնեն տարեց, փորձառու կիները, որոնք պատրաստութեան սեփական գաղտնիքները կը փոխանցեն իրենց աղջիկներուն եւ հարսերուն: Բարակ շերտով բացուած խմորին մէջ կը լեցնեն շուրջ 25 տեսակ մանր կտրտուած վայրի կանաչեղէններ, որոնք բուսական իւղով եփած կ՚ըլլան նախօրօք: Խմորին եզերքները լաւապէս գոցելէ ետք զայն կ՚եփեն «սաճ»ի վրայ:
4- Ստեփանակերտի հրապարակը կը կոչուի «Վերածնունդի հրապարակ»:
Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի սիրտը կը համար-ւի Վերածնունդի հրապարակը, ուր կը գտնուի նախագահական նստավայրը, Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան շէնքերը, Երիտասարդական պալատը: Նշանաւոր է նաեւ սիրահարներու ծառուղին, որ զարդարուած է հարսի եւ փեսայի կերպարանքով լուսամփոփներով:
Հրապարակի ծայրամասը կ՚աւարտի շատրուաններով եւ կանաչապատ պուրակով, որ իր կլորութեան պատճառով տեղացիներուն կողմէ ստացած է «Պյատաչոկ» անուանումը:
5- Արցախի տարածութիւնը 11.458 քառակուսի քիլօմեթր է:
Արցախի Հանրապետութեան ներկայ տարածութիւնը 11.458 քառակուսի քիլօմեթր է: Անիկա բաժ-նըւած է ութ շրջաններու՝ Ստեփանակերտ, Ասկերան, Հադ-րութ, Մարտակերտ, Մարտունի, Շահումեան, Շուշի եւ Քաշաթաղ:
Իսկ 4.400 քառակուսի քիլօմեթր եղած է նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածութիւնը:
6- Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը կը գտնուի Արցախի մէջ:
Այս թանգարանը կը գտնուի Ասկերանի Ծաղկաշատ կոչուած գիւղին մէջ: Տուն-թանգարանի դահլիճներէն մէկը նուիրուած է ազգային հերոսին կեանքին եւ գործունէութեան: Հոն ցուցադ-րըւած են քարտէսներ, հայ ֆետայիներու օգտագործած զէնքերու իսկական նմոյշներ եւ ռազմական սարքեր:
Նշենք, որ Նիկոլ Դումանի ազգագրական յուշահամալիր-թանգարանը հիմնուեցաւ 2004 թը-ւականին, հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի ակնառու գործիչին մահուան 90-ամեակին առիթով:
ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ