ՆՈՐ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԸ…
Որքան որ արհեստագիութեան միջոցները մեզ կը հեռացնեն շատ սիրելի ժանրէ մը՝ նամականիէն, այնքան հարազատ ու փայփայուած կը դառնայ գրական այդ ժանրը, որ դարեր շարունակ եղած է կենսունակ. մեծերուն եւ պարզ մարդոց նամակներուն միջոցաւ մենք կրցած ենք տեսնել անոնց ապրած ժամանակը: Որքան յոյզեր, ապրումներ, սպասում եւ խորհրդաւորութիւն կայ թուղթին վրայ գրուած, պահարանին մէջ դրուած եւ թղթատարութեամբ առաքուած նամակներուն մէջ: Նամակները, մանաւա՛նդ գրողի մը ժառանգութեան կարեւորագոյն մասը կը կազմեն եւ յաճախ կը ներառուին անոր հատորներուն մէջ:
Ահաւասիկ, օրերս Երեւանի մէջ նման հատորի մը շնորհանդէսին ներկայ եղանք: Լոյս տեսած է հայրենի գրող՝ «Աւետիք Իսահակեանի նամակները» խորագրով գիրքը, որ կազմած է լրագրող, հրապարակախօս՝ Լիլիթ Աւագեան: Գիրքը լոյս տեսած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի աջակցութեամբ, իսկ հրատարակութեան պատրաստած է Երեւանի Պետական համալսարանի հրատարակչութիւնը:
Լիլիթ Աւագեանի կապը այս արժէքաւոր հատորին հետ հետեւեալն է. Աւետիք Իսահակեանի նամակները կազմած եւ խմբագրած է Լիլիթ Աւագեանի մեծմայրը՝ գրականագէտ Արփիկ Աւետիսեան (1912-1991), որ եղած է Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի հիմնարկին երկարամեայ աշխատակիցը: Ան մենագրութիւններու, յօդուածներու հեղինակ է, իսկ կեանքի վերջին տարիները՝ Արփիկ Աւետիսեան նուիրած է Աւետիք Իսահակեանի նամակները հաւաքելու, կազմելու ու խմբագրելու աշխատանքին, զոր կատարած է խնամքով եւ ջանասիրաբար:
1991 թուականին գիրքը արդէն տպարան հասած էր, պատրաստ էր տպագրութեան, սակայն Արփիկ Աւետիսեան կը հեռանայ կեանքէն եւ այդ տարիներուն վրայ կը հասնին նիւթական ու այլ դժուարութիւններ, երկրին վիճակը այնպիսին կը դառնայ, որ պետութիւնը ի վիճակի չ՚ըլլար նպաստելու այս գիրքի տպագրութեան եւ ձեռագիրը տպարանէն կը վերադարձնեն Արփիկ Աւետիսեանի հարազատներուն:
Ինչպէս կը պատմէ Արփիկ Աւետիսեանի թոռնուհին՝ Լիլիթ Աւագեան, որոշ ժամանակ անց, Չարենցի անուան Գրականութեան ու արուեստի թանգարանէն կը պահանջեն թանգարան վերադարձնել ձեռագիրները, հիմնաւորելով, որ անիկա իրենց աշխատակիցին նախատեսած աշխատանքն է: Ձեռագիրը կը վերադարձուի թանգարան, սակայն այս անգամ նոյնպէս չի տպագրուիր, աւելին՝ կ՚անհետանայ թանգարանէն: Հարազատներուն փնտռտուքը՝ զայն գտնելու, ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգի: Լիլիթ Աւագեան կը պատմէ. «Անցաւ որոշ ժամանակ մը եւ Գրականութեան եւ արուեստի փոխ-տնօրէններէն մին յայտնեց, որ գիրքին ձեռագիրը իր քովն է եւ առաջարկեց աջակցիլ գիրքի տպագրութեան, պայմանաւ, որ ինք ըլլայ համահեղինակը: Այդ մէկը Արփիկ Աւետիսեանի հարազատներուն համար անընդունելի տարբերակ էր: Որոշ ժամանակ անց այդ փոխ-տնօրէնը մահացաւ: Անունը նպատակայարմար չեմ գտներ հրապարակել, մանաւանդ, որ հեռացած է կեանքէն: Բայց ձեռագիրը կրկին անհետացաւ: Նորէն սկսան փնտռտուքները, որոնք ոչ մէկ արդիւնք տուին: Կեանքէն հեռացած փոխ-տնօրէնին հարազատները յայտնեցին, որ զայն յանձնած են թանգարան, սակայն հոն ալ չգտնուեցաւ եւ մինչեւ օրս յայտնի չէ, թէ ո՞ւր է»:
Բարեբախտութիւն մը մէջտեղ եկաւ. հարազատները Արփիկ Աւետիսեանի բազում թղթապանակներուն մէջ գտան երկրորդ օրինակը, սակայն ո՛չ համակարգուած եւ ոչ ամբողջական: Այս անգամ Լիլիթ Աւագեանին մայրը՝ ազգագրագէտ Իոննա Աւագեան ջանաց զայն աւարտուն տեսքի բերել, ինչպէս իր մայրը ըրած էր, սակայն ան նոյնպէս չհասցուց… հեռացաւ կեանքէն: Իոննա Աւագեանի մահէն ետք ողջ թղթապանակները տեղափոխուեցան Լիլիթ Աւագեանի տունը եւ ան ձեռնամուխ եղաւ իր մեծմօր եւ մօր գործը աւարտելուն, ահաւասիկ անիկա արդէն գիրքի տեսքով կը գտնուի մեր սեղանին վրայ:
Ժողովածոն կ՚ընդգրկէ Աւետիք Իսահակեանի, որ հայ գրականութեան մէջ ծանօթ է Վարպետ անունով, 1895-1957 թուականներուն գրած նամակները՝ 267 նամակ, հասցէագրուած հայ նշանաւոր գրողներուն եւ արուեստագէտներուն՝ պետական, հասարակական, կուսակցական գործիչներուն, խմբագիրներուն, Վենետիկի եւ Վիեննայի յայտնի հոգեւոր հայրերուն, իր տիկնոջ: Բոլոր նամակները կ՚արտացոլացնեն այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական, ընկերային, հասարակական, մշակութային, գրական կեանքի շատ կարեւոր մանրամասնութիւններ եւ վեր կը հանեն զանազան խնդիրներ, որոնք այսօր կ՚արժէ այլ լոյսի ներքոյ դիտել: Նամակներուն մէջ կան նաեւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ Վարպետին գիրքերուն ստեղծագործական գործընթացին վերաբերեալ՝ «Ուստա Կարօ» անաւարտ վէպին, «Սասմայ Մհեր» պոէմին մասին, բոլոր արեւելեան զրոյցներուն մասին, նաեւ տարբեր հանդէսներու խմբագիրներուն հետ իր նամակագրութիւնը, որ կը բացայայտէ ստեղծագործութիւններուն ծնունդէն մինչեւ մշակում ինկած ողջ գործընթացը: Հետաքրքրական բացայայտումներ կան նաեւ գրողներու եւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու մասին՝ Չօպանեան, Օհանճանեան, Քաջազնունի, Միասնիկեան, Աղասի Խանճեան, նաեւ գրողական միջավայրի, Սփիւռքի ու Հայաստանի հայութեան կապերուն մասին:
Իսահակեանի երիտասարդ տարիներուն գրուած նամակներէն շատ քիչերը պահպանուած են, ուստի Լիլիթ Աւագեան այդ առումով կարեւորութիւն կու տայ Իսահակեանի տպագրուած ժողովածոյին մէջ զետեղուած վաղ շրջանի նամակներուն:
Շարունակած ըլլալով իր մեծմօր եւ մօր կիսաւարտ գործը՝ Լիլիթ Աւագեան այս գիրքին հրատարակման առթիւ կը յիշէ նաեւ իր հայրը՝ նշանաւոր հայ լեզուաբան, դասագիրքերու հեղինակ՝ Վիգէն Աւագեանը. «Իսահակեանի նամականին ի մի բերելու, խմբագրելու եւ սրբագրելու գործին մէջ անփոխարինելի եղած է իմ հօրս՝ լեզուագէտ Վիգէն Աւագեանի ինծի եւ իր հազարաւոր ուսանողներուն փոխանցած գիտելիքը եւ պատուիրանը՝ ուսումնասիրել, սիրել ու գնահատել հայոց լեզուն»:
Լիլիթ Աւագեան աւարտուն չի նկատեր Աւետիք Իսահակեանի նամակները խորագրով այս ժողովածոն, նշելով, որ Իսահակեանի անտիպ նամակները, անշուշտ միայն այսքանը չեն։ «Անոնք բազմաթիւ են, շատ մը անհատներու անձնական պահոցներուն մէջ, Սփիւռքի զանազան խմբագրատուներուն, պարբերականներուն մէջ, որոնք ժամանակի ընթացքին ի յայտ կու գան եւ կ՚ամփոփուին այլ հատորներու մէջ», կ՚ըսէ Լիլիթ Աւագեան:
Գիրքի շնորհանդէսին ներկայ էին Աւետիք Իսահակեանի թոռը՝ գրականագէտ Աւիկ Իսահակեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն՝ Վարդան Տեւրիկեան, Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ՝ Գէորգ Տէր-Վարդանեան, այլ հիւրեր, որոնք խօսեցան գիրքի արժանիքներուն եւ այն նորութիւններուն մասին, որ կազմողը, այս գիրքի ծնունդով բերած է մեր գրականութեան:
Գիրքը արժէքաւոր ու եզակի է թէ՛ իր բովանդակութեամբ, թէ՛ ժամանակաշրջանը նկարագրելու իր առաքելութեամբ, թէ՛ ալ բարձրաճաշակ ձեւաւորմամբ: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ լուսանկարներ, որոնց մէջ մենք կը տեսնենք Իսահակեանի ծնողները, կինը, որդին, հարսը, ժամանակակից մեծերու հետ ունեցած իր լուսանկարները: Իսկ գիրքի վերջաւորութեան զետեղուած անուանացանկը կը ստեղծէ ժամանակաշրջանի մարդոց կենսագրական փայլուն բառարան մը, որ կազմողին կողմէն կատարուած ծանօթագրութիւններուն հետ կը դառնայ ժողովածոյին անբաժանելի մասը:
Տակաւին 1991 թուականին, երբ Աւետիք Իսահակեանի նամականին գիրքի տեսքով տպարան տարուած էր եւ կը սպասէր տպագրութեան, այդ ժամանակ կազմողը՝ Արփիկ Աւետիսեան յառաջաբան մը գրած է գիրքին համար, որ նոյնպէս տեղ գտած է այսօր հրատարակուած գիրքին մէջ: Ան յիշեցուցած է, որ Աւետիք Իսահակեան իր գիտակցական կեանքին զգալի մէկ մասը ապրած է հայրենիքէն հեռու՝ տարագրութեան մէջ: Իսահակեան տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին ապրած է Պոլիս, Ցիւրիխ, Վիեննա, Պերլին, Լայպցիք, Փարիզ… Արփիկ Աւետիսեան նշած է, որ Իսահակեանի կենդանութեան նամակները լոյս չեն տեսած, միայն մահէն յետոյ, Պէյրութի մէջ հրատարակուեցաւ Իսահակեանի նամակները խորագրով ժողովածոյ մը 1959 թուականին:
«Հայ ազգային գործիչներուն ուղղուած այդ նամակներուն «փունջը» չմտաւ գիտական շրջանառութեան մէջ, մնաց գրադարաններու փակ դարակներուն մէջ, «լճացման» շրջան էր: Քսան տարի անց, 1979 թուականին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկը տպագրեց Իսահակեանի նամակները: Երկերուն վեցերորդ հատորին մէջ մտաւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի գրական պահոցներուն մէջ պահուող նամակներուն մեծ մասը՝ 333 նամակ:
«Չորս տարի ետք՝ 1983 թուականին, «Բագին» հանդէսին մէջ Մարտիրոս Սարեան հրատարակեց Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ՝ Ներսէս Ակինեանին, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, Մատենադարանի տնօրէն՝ Փառնափաս Պիլեզիկճեանին, «Արեգ» ամսագրի խմբագիր, գրականագէտ՝ Սիմոն Յակոբեանին հասցէագրուած Իսահակեանի նամակները: Այդ ընթացքին եւ հետագայ տարիներուն թէ՛ մեր քով, թէ՛ Սփիւռքի մէջ տպագրուեցան Իսահակեանի նամակներն ու ելոյթները: Զանազան առիթներով հնչեցուցած խօսքը՝ ուղղուած սփիւռքահայութեան, «Պատմաբանասիրական Հանդէս», «Գրական Թերթ», «Խորհրդային Գրականութիւն», «Հայրենիքի Ձայն» պարբերականներուն մէջ տպագրուեցան Կարէն Միքայէլեանին, Կամսար Գրիգորեանին, Երուանդ Քոչարին, նկարիչ ամուսիններ՝ Սարգիս եւ Վաւա (Վարդուհի) Խաչատրեաններուն, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամներուն հասցէագրուած բազմաթիւ նամակներ, որոնք կարիք ունէին մէկ ժողովածոյի մէջ հաւաքման, ի մի բերման: Այդ արժէքաւոր նամակները կորուստէն փրկելու, ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու ցանկութեամբ՝ ձեռնամուխ եղանք հաւաքելու ինչպէ՛ս մամուլի մէջ տպագրուած, այնպէս ալ՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի գրական պահոցներուն մէջ պահպանուող, տակաւին անտիպ նամակները: Հաւաքածոն հարստացաւ Ռուբէն Զարեանի, Յովհաննէս Ղանալանեանի, բանաստեղծ՝ Մարտին Քարամեանի, Անդրանիկ Յովսէփեանի, Հմայակ Սիրասի անձնական արխիւներուն մէջ պահպանուող անտիպ նամակներով: Հաւաքուեցաւ 235 նամակ: Մենք «Անտիպ եւ չհաւաքուած նամակներ» անուանեցինք ժողովածոն», կը գրէ Արփիկ Աւետիսեան:
Հայ գրող՝ Աւետիք Իսահակեանի հակասական կարծիքները միշտ ի յայտ եկած են: Ժողովածոն կազմողը՝ Լիլիթ Աւագեան, կ՚ըսէ. «Ժողովածոյի ստեղծման աշխատանքները կատարելու ժամանակ նոր Իսահակեան մը բացայայտեցի. տեսայ պանդխտութեան մէջ ապրող, անօթի, խանդավառուած, յուսահատ Իսահակեանը:
«Նամակները ոչ միայն գրականութեան կամ գրականագիտութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը պարունակեն, այլեւ՝ պատմութեան: 1895-1957 թուականներուն թէ՛ հայ ժողովուրդի կեանքին, թէ՛ ողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ Եղեռն, Առաջին աշխարհամարտ, Առաջին հանրապետութիւն, ԽՍՀՄ եւ այլն, այս բոլորը արծարծուած են Իսահակեանի նամականիին մէջ, հայկական հարցին մասին կան բաւական մանրամասնութիւններ: Ծանօթանալով Իսահակեանի նամակագրութեան, աշխատանքի բերումով այդ նամակները գրեթէ գոց սորվելէ ետք իմ եզրակացութիւնս երբեք մասնագիտական հարթութեան վրայ չէ. նամակներու գրականագիտական արժէքը թերեւս գրականագէտները ներկայացնեն: Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր հետեւիլ մարդու մը կեանքին՝ 20 տարեկանէն մինչեւ 82 տարեկան: Այդ կեանքի ընթացքին ան վերապրեցաւ 1896 թուականի հայկական ջարդերը, մասնակցեցաւ ազգային-ազատագրական պայքարին, անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան, ապրեցաւ 1914 թուականի Առաջին աշխարհամարտը, Եղեռնը, 1917 թուականի Ռուսական Յեղափոխութիւնը, 1918-1920 թուականներու Առաջին հանրապետութիւնը, անոր տապալումն ու պոլշեւիկեան, Խորհրդային Հայաստանի ստեղծումը, ստալինեան բռնա-ճընշումներու շրջանը, ապա Երկրորդ աշխարհամարտը՝ 1941 թուականին, ձիւնհալքի տարիները… Շատ իրադարձութիւններով ոգեւորուեցաւ ու սարսափելի հիասթափութիւններ ապրեցաւ: Նամակի մը մէջ կ՚օրհնէ ռուսերը, ուրիշ նամակի մը մէջ կը նզովէ զանոնք. տեղ մը կ՚ոգեւորուի Դաշնակցութեամբ, ուրիշ տեղ մը կը համարէ զայն ինքզինք սպառած կուսակցութիւն: Նամակի մը մէջ կը հիանայ Վուտրօ Վիլսոնով, միւսին մէջ զայն կ՚անուանէ խաբեբայ…
«Իր նամակներէն մէկուն մէջ ան ինքզինք կը զգար աշխարհի բոլոր իրադարձութիւններուն մասնակիցը, մտորումներուն առարկան որքան օրուան հացն էր, նոյնքան ալ՝ տիեզերքը, իմաստասիրութիւնը, համայն մարդկութեան ճակատագիրը: Բայց կեանքի մայրամուտին անոր նամակագրութեան նիւթը շատ յստակ էր՝ մարդը ինքը: Տիեզերական խնդիրները, համայն հայութեան ճակատագիրը զինք կը հետաքրքրէր ստոյգ մարդու ճակատագրի տեսանկիւնէն դիտուած: Վկան՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի արխիւին մէջ պահուող բազմաթիւ խնդրանք-դիմումներն են պետական պաշտօնեաներուն, դատախազներուն՝ լուծել ստոյգ մարդոց խնդիրները, չվնասել մարդը»:
Ան կը նշէ, որ նամակներուն մէջ կան նաեւ Իսահակեանի մանրամասն հիմնաւորումները ՀՅԴ-էն հիասթափութեան վերաբերեալ, կուսակցութեան շարքերը լքելը եւ դաշնակցական գործիչներուն հետ անոնց մասին քննարկումները:
«Այս նամակներուն մէջ պահպանուած են նաեւ Իսահակեանի՝ գրականագիտական տեսութիւններուն նուիրուած նամակները, ուր Վարպետը կ՚արծարծէ այն միտքը, որ երբեք պէտք չէ վերցնել այլ ազգերուն կամ մշակոյթներուն ոճերը, պէտք է ունենալ սեփականը, եւ հետաքրքրական դիտարկումներով կը հաստատէ, թէ ինչո՞ւ ազգայինի գոյութիւնը այդքան կարեւոր է գրականութեան մէջ», կ՚ըսէ Լիլիթ Աւագեան:
Հատուածներ՝ Աւետիք Իսահակեանի նամականիէն
«Ես հայ թերթերը կը կարդամ՝ վրդովելու, հայհոյելու համար… Տեսնել հայկական աղէտն ու առողջ մնալ, անկարելի է… դաշնակցական թերթերը կը կարդամ՝ դաշնակցականներուն կը հայհոյեմ, համայնավարական թերթերը կը կարդամ՝ իրենց կը հայհոյեմ, իսկ ռամկավար-հնչակ թերթերը անպատիւ կը նկատեմ կարդալ…»:
*
«Ժամանակը վատ է, մարդիկ դարձած են անգութ, կեղծաւոր, եսամոլ: Ա՜խ, գլուխս ձգէի Շիրակ, փռուէի հայրենի հողին վրայ եւ լայի, լայի: Այնպէս ջղայնացած եմ, արդար զայրոյթով լեցուն:
«Գլուխս կտրէ, եթէ անարդարութիւն կը գործեմ կամ կ՚ըսեմ. եթէ սրբութիւն մը կայ, որուն համար կ՚ապրիմ, ատիկա հայ որբն է, հայ չարքաշ ժողովուրդը, հայ ինքնագոհ բանակը, թքած եմ բոլոր միւսներուն վրայ՝ ըլլայ ընկեր, գործիչ, դիւանագէտ: Ձախ ոտքիս այլասերած ճկոյթը իր գիտակցութեամբ անոնցմէ բարձր է: Քեզի հաճելի չեն այս հայհոյանքները, ներէ, կը խնդրեմ, բայց ընդունէ, որ ճիշդ են»:
*
«Ժնեւի մէջ ինծի համար այլեւս անկարելի է ապրիլ, ոչ մէկ տեղէ փող կու գայ: Ամերիկա կը գրեմ, ո՛չ դրամ կ՚ուղարկեն, ո՛չ կը պատասխանեն: Ընկերներ եկան-գացին, կերան, լափեցին, ազգային գումարներով իրենք զիրենք ու իրենց կնիկները զարդարեցին, եւ ոչ ոք չմտածեց ինծի, նոյնիսկ նուէր չտուին երախայիս: Վերջապէս, այդ մարդիկը ես կ՚արհամարհեմ, կը համարեմ աւազակներ, խաչագողներ եւ այլ ածականներով կը դիմեմ, որոնց արժանի են՝ չունենալով ո՛չ խելք, ո՛չ զարգացում, ո՛չ հեռատեսութիւն»:
*
«Ինչպէ՞ս չերթամ [հայրենիք]: Տասնհինգ տարի է՝ հեռացած եմ, կարօտը կը խեղդէ զիս, ոչ մէկ երկիր կը քաշէ զիս՝ ո՛չ Փարիզը, ո՛չ Պերլինը, ո՛չ Գահիրէն, կը հասկնա՞ս այս: Ո՛չ մէկ երաժշտութիւն, ո՛չ պալէտ, միայն թառը, շուին, զուռնան, մեր աղջիկներուն պարերը… Մեր խորովածը, քիւֆթէն, մեր թարխունը, լաւաշ հացը: Դուն այդ մէկը լաւ կը հասկնաս, եւ գիտեմ, պիտի նախանձիս: Այս ալ գիտցիր՝ իմ բոլոր ընկերներս այնտեղ են»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ