«ՅԻՇԱՐԺԱՆ ՏԱՐԵԹԻՒԵՐ»Ը 75 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

1947 թուականին հայ գրատպութեան ամենախոշոր պահոցը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանը հրատարակելու սկսաւ «Յիշարժան տարեթիւեր» օրացոյցը: Այս հրատարակութիւնը պարզ օրացոյց մըն է, սակայն գիրքի մը բովանդակութեան չափ հարուստ նիւթ կը պարունակէ: «Յիշարժան տարեթիւեր»ը, հրատարակուելով ամէն տարի, կը ներկայացնէ ընթացիկ տարուայ նշանաւոր յոբելեանները, դէպքերը, իրադարձութիւնները եւ անփոխարինելի օգնութիւն մըն է տարուայ հեւքին հետեւողներուն համար: Տարուան ամենակարեւոր յիշատակութիւնները ամփոփուած կ՚ըլլան «Յիշարժան տարեթիւեր» տարեգիրքին մէջ, յոբելեաններէն զատ նշուած են նաեւ պետական եւ եկեղեցական տօները, յիշատակելի օրերը, ՄԱԿ-ի տօնացոյցը եւ այլն: Լրագրողներ, միջոցառումներու կազմակերպիչներ, մշակութային կեդրոններ, կրթական հաստատութիւններ եւ նմանատիպ կառոյցներ մեծապէս կ՚օգտուին այս գիրքէն:

Հայաստանի Ազգային գրադարանի մատենագիտութեան եւ գրադարանագիտութեան բաժինը կը կազմէ այս օգտակար հրատարակութիւնը: Կազմողները կը գործածեն բազմապիսի աղբիւրներ՝ համայնագիտարաններ, կենսագրական բառարաններ, ստեղծագործական միութիւններու տեղեկատուներ, համացանց եւ այլն: Այս տարի կը լրանայ «Յիշարժան տարեթիւեր»ու 75-ամեակը: 75 տարուայ աշխատանքի արդիւնքին գրադարանի պահոցներուն մէջ գիիրքերու կողքին կը պահուին նաեւ այս օրացոյցները, որոնք արդէն պատմութիւն են: Այժմ պատրաստ է 2022 թուականի «Յիշարժան տարեթիւեր»ը: Խմբագիրն է հմուտ մատենագէտ Մայա Գրիգորեան:

Հետաքրքրական են մանաւանդ երկու հարիւր, երեք հարիւր եւ աւելի տարուայ պատմութիւն ունեցող իրադարձութիւնները, յոբելեանները, որոնք նոյնպէս ներկայացուցած են ըստ ամիսներու:

Օրացոյց-տարեգիրքի ապրիլ ամսուայ բաժնին մէջ յատուկ յիշատակուած է Աւետիք Եւդոկիացիի 365-ամեակը, որ կը լրանայ այս տարի:

365-ԱՄԵԱԿ ԱՒԵՏԻՔ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻԻ

Պատրիարք, հայ գրիչ եւ տաղերգու, եկեղեցական գործիչ, Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք (1702-1706) Աւետիք Եւդոկիացին հակակաթոլիկական գործունէութեան համար աքսորուեր է Ասորիք (1703), ազատուեր եւ վերականգնուեր իր պաշտօնի մէջ (1704-1706)։

Սերած է քահանաներու ընտանիքէ։ Մինչեւ տասնհինգ տարեկանը, հօրենական յարկի տակ, աշակերտած է հարիւրամեայ իր մեծ հօր՝ Սարգիս Քահանային, ինչպէս եւ զինք մկրտած Պօղոս Քահանային, որոնք երկուքն ալ կը նկատուին իրենց ժամանակի ուսեալ մարդիկ։

1672 թուականին, Եւդոկիոյ մէջ Յակոբ Պէլէնկցի Եպիսկոպոսի նուիրակութեան շրջանին, պատանի Աւետիքին մէջ զարթնած է «կուսակրօն եկեղեցականութեան փափաքը», ինչպէս կը պատմէ Օրմանեան։ Աւետիք երեք տարի աշակերտած է Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին եւ ընկերացած է անոր՝ նուիրակական շրջագայութեանց ընթացքին։

1675 թուականին սարկաւագ ձեռնադրուած է եւ անբաժան ուղեկիցն ու գործակիցը դարձած Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին՝ անոր հետ շրջելով հայկական գաւառները։ 1689 թուականին, անոնց Սեբաստիա գտնուած միջոցին, հոնկէ անցք ունեցած է Ամենայն Հայոց Յակոբ Կաթողիկոսը, որ իր հետ Կոստանդնուպոլիս տարած է Պէլէնկցի Եպիսկոպոսը, իսկ Աւետիք սարկաւագ կաթողիկոսի ընկերակիցներէն երուսաղիմացի Սահակ Եպիսկոպոսին հետ գացած է Սուրբ Էջմիածին։ Սահակ Եպիսկոպոսին ընկերակից դառնալով՝ Աւետիք անոր հետ ալ յետոյ վերադարձած է Երզնկա, ուր Կապոսու կամ Կայիփոսի Ս. Յակոբայ վանքին մէջ աբեղայ եւ, ապա, վարդապետ ձեռնադրուած է։ Նաեւ նշանակուած է նոյն վանքին առաջնորդը եւ ձեռնարկած՝ շրջանէն ներս եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան եռուն գործունէութեան։

Աւետիք Եւդոկիացի՝ իբրեւ իր ժամանակի հայոց քաջարի հովիւներէն մէկը, հալածանքներու եւ խոշտանգումներու ենթարկուած է: Յետագային ան ծայրագոյն վարդապետի գաւազան ստացած է, իսկ Սուրբ Էջմիածին երթալով՝ եպիսկոպոս ձեռնադրուած է երեսունհինգ տարեկանին։ Բայց Երզնկա վերադարձին՝ ուղղակի իր կեանքին սպառնացած են։ Ստիպուած՝ ապաստանած է Սուրբ Էջմիածին, ուր չորս ամիս մնալէ ետք՝ 1691 թուականին, Ամենայն Հայոց Նահապետ Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած է Կարնոյ հայոց առաջնորդ եւ ղրկուած է Կարին։ Այս շրջանին զուգադիպած է Բասէնի վանքին մէջ հաստատուելու գործունէութիւնը Մխիթար Սեբաստացիի, որուն մօտենալու եւ ներգրաւելու յիշատակելի ճիգ թափած է Աւետիք Եպիսկոպոս։

Տասը տարի տեւած է Կարնոյ առաջնորդութեան շրջանը, որմէ ետք Աւետիք Եւդոկիացի 1702 թուականին ընտրուած է Կ. Պոլսոյ պատրիարք: Պատրիարք ընտրուեցաւ ճիշդ այն ժամանակ, երբ սուլթանին եւ Ֆրանսայի թագաւորին միջեւ Երուսաղէմի սրբավայրերուն վրայ հակակշռի հարցով լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր։ Հռոմի պապը իր ազդեցութեան տարածման լծակի վերածած էր Ֆրանսայի դեսպանը, որ ի սպաս լատինականութեան ձեռնարկած էր հայ թէ յոյն եկեղեցականները դաւանափոխ դարձնելու արշաւին։ Հետեւանքը եղաւ Երուսաղէմի միաբանութենէն շարք մը եկեղեցականներու ըմբոստացումը՝ օրուան Երուսաղէմի Մատթէոս Պատրիարքին դէմ։

Այդ ծանրագոյն ժամանակաշրջանին Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուելով եւ իբրեւ նստավայր նախընտրելով հաստատուիլ ու գործել Եւրոպայի մերձաւոր Ադրիանուպոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ՝ Աւետիք Եւդոկիացի Օսմանեան արքունիքէն ձեռք ձգեց սուլթանական հրովարտակ մը (Օրմանեանի համաձայն՝ 13 յուլիս 1702 թուակիր), որուն վրայ հիմնուելով պաշտօնապէս հռչակուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք։

Թուրք եւ ֆրանսական այդ մրցակցութեան ծանր գին վճարեց անձնապէս նաեւ ինք՝ Աւետիք Պատրիարք, որ Օսմանեան կայսրութեան մօտ Ֆրանսայի դեսպանին հետեւողական պահանջներուն եւ ճնշումներուն հետեւանքով, ի վերջոյ շնորհազուրկ դարձաւ յաչս սուլթանին, պաշտօնանկ եղաւ եւ 1706 թուականին աքսորուեցաւ Ֆրանսա։ Իսկ Ֆրանսայի մէջ Լուտովիկոս ԺԴ. թագաւորը հայոց պատրիարքը շղթայակապ բանտարկել տուաւ նախ Ս. Միքայէլի վանքէն ներս, ապա՝ Պասթիյի մէջ։

Պապական Աթոռը Աւետիք Պատրիարքը բանադրեց իբրեւ հերետիկոս եւ հերձուածող ու Ֆրանսայի թագաւորին վրայ ամէն ճնշում գործադրեց, որպէսզի Աւետիք Եւդոկիացի «դարձ»ի բերուի՝ ի հարկին ֆիզիքական ծեծի, բանտային չարչարանքի եւ հաւատաքննչական ճնշումի տակ։ 1706 թուականի դեկտեմբերէն մինչեւ 1710 թուականի տարեվերջը, Աւետիք Պատրիարք բանտային կալանքի տակ ապրեցաւ իր կեանքին վերջին տարիները։ Պատրիարքարանի շրջապատը եւ Ադրիանուպոլսոյ թէ Կ. Պոլսոյ ազդեցիկ հայերը եւ զինք սիրողները նիւթական եւ քաղաքական մեծ զոհողութեանց դիմեցին, որպէսզի կարենան իր կալանաւորման տեղը գտնել եւ օգնութեան ձեռք երկարել Եւդոկիացիին, բայց այդ բոլոր ճիգերը ապարդիւն մնացին։

Աւետիք Պատրիարք ազատ արձակուեցաւ միայն դաւանափոխ դառնալէ ետք:

Աւետիք Պատրիարք Պասթիյի բանտէն ազատ արձակուեցաւ միայն դաւանափոխ դառնալէ ետք, 1711 թուականի յունուարին, երբ արդէն խորտակուած էր ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս, ինչպէս որ Օրմանեան կը վկայէ։ Բայց դաւանափոխութիւնն ալ բաւարար չնկատուեցաւ, որպէսզի Եւդոկիացի կարենար պահպանել եպիսկոպոսական իր աստիճանն ու համապատասխան եկեղեցական ծառայութեան իրաւասութիւնը։

ԱՒԵՏԻՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

Ան նկատուեցաւ պարզ քահանայ մը, որ միայն պատարագելու իրաւունք ունէր։ Այդպէս հիւծած մարմնով ու քայքայուած առողջութեամբ՝ Աւետիք Եւդոկիացի ապրեցաւ իր կեանքի վերջին վեց ամիսները, բուսաբանական այգիներու մնայուն այցելուն դարձաւ, մինչեւ որ վախճանեցաւ 1711 թուականի յուլիսի 10-ին։

ԱՒԵՏԻՔ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ «ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ»Ը

Աւետիք Եւդոկիացի Պատրիարք հայ ժողովուրդին կտակեց բանտային կալանքի պայմաններուն մէջ գրուած ու 1709 թուականին աւարտած իր «Ինքնակենսագրութիւն»ը, որ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերեալ պատմական հարուստ սկզբնաղբիւր մըն է՝ գրուած գրաբարի եւ խօսակցական աշխարհաբարի խառնուրդ հայերէնով մը։

Աւելի քան 170 տարի ձեռագրի վիճակով պահուելէ ետք, «Ինքնակենսագրութիւն»ը առաջին անգամ լոյս տեսաւ 1874 թուականին, Պոլիս հրատարակուող «Մասիս» թերթի էջերուն։ «Ինքնակենսագրութիւն»ը նաեւ սրտաճմլիկ վկայութիւն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իր պատկանելութեան համար հայոց պատրիարքի մը կրած ահաւոր չարչարանքներուն եւ ապրած հոգեկան անհուն տառապանքին։

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՈՒՂԻ

Աւետիք Եւդոկիացի Պատրիարք զբաղած է գրչագրութեամբ, ընդօրինակած վեց հայերէն ձեռագրեր, հինգը՝ Պասթիյի բանտի մէջ, վերջինը 1711 թուականին՝ ազատ արձակուելէն յետոյ, Փարիզի մէջ (Փարիզի Ազգային մատենադարան, ձեռագիր՝ թիւ 28, 89, 155, 156, 197, 139): Աւետիք Եւդոկիացին գրած է նաեւ տաղեր՝ «Տաղ ի վերայ գարնան...», «Տաղ Աւետիքէ ասացեալ» (Մատենադարան, ձեռագիր՝ թիւ 6517, 10167), «Տաղ Աստուածածնի» (Զմմառի մատենադարան, ձեռագիր՝ թիւ 142), «Տաղ Սուրբ Աստուածածնայ...» (Վիեննայի Մխիթարեաններու մատենադարան, ձեռագիր թիւ 156) եւ այլն: Քնարական ջերմ շունչով գրուած է անոր «Ահա եղեւ օրհնեալ գարուն» սկզբնատողով տաղը («Բազմավէպ», 1873, էջ 333)։

ԱՀԱ ԵՂԵՒ ՕՐՀՆԵԱԼ ԳԱՐՈՒՆ

Ահա եղեւ օրհնեալ գարուն,
Արժանացաք անբաւ բարուն,
Երանի տամ պիւլպիւլ ձագուն,
Որ թմրեալ կայ վարդին սիրուն:

Վարդն է բացուեր մէջ բաղչանուն,
Համօրէն ծաղկամբք գոյնզգոյն,
Պիւլպիւլն է դիւանէ մեաճլուն.
Վասն այն զմայլի վարդին սիրուն:

Երեւեցաւ ի մէջ այգուն,
Զէտ արուսեակ առաւօտուն,
Ծագէ ի վերայ պիւլպիւլնուն.
Վասն այն զմայլի վարդին սիրուն:

Տիպն է վարդին նման արփոյն,
Ցօղն իջանէ առաւօտուն,
Բացուի տերեւն քաղցրիկ օդոյն.
Վասն այն զմայլի վարդին սիրուն:

Ի ճղին բազմի վարդենոյն,
Կու սպասէ բացուիլ ղօնճանոյն,
Կարմիր, սպիտակ երանգ գունոյն.
Վասն այն զմայլի վարդին սիրուն:

Քաղցր եղանակ պիւլպիւլներուն,
Երգեն զանազան գոյնզգոյն
Ի յօդ հանդարտ շնչել հողմոյն.
Վասն այն զմայլի վարդին սիրուն:

Է՛, իմ եղբարք եւ հարք սիրուն,
Ձայնակցեսցուք հետ պիւլպիւլնուն,
Յիշեմք զԱւետիսն ի Կապոսուն
Եւ մեք զմայլիմք զմիմեանց սիրուն:

Նազելի պարոն Խաչատուր,
Աւետիքէ, որ եմ քեզ հիւր,
Ընկալ զերգս այս աստուածատուր,
Ցօղեայ ի քեզ հոգւոյն աղբիւր:

Տաղ Աւետիքէ ասացեալ
Անիրաւ միտք եւ անպիտան մարմին իմ
Թուլացան բարեաց, որ դիզացան մեղք իմ,
Զի ոչ խոկեաց պարգեւսն, զոր ետ աստուածն իմ.

Դարձիր եւ զղջա համայնից մեղաց:
Ւիւսեալ աստիճանաւ չորեքտասանց,
Իշխանութեամբ մեծի սուրբ գաւազանաց,
Կարգակից եղեր նախնոյն րաբունեաց.
Դարձիր եւ զղջա համայնից մեղաց:

Եպիսկոպոսութեան կարգին օծեցար,
Տեառն Եղիազարու ձեռնադրեցար,
Վասն է՞ր կրկին ի մեղս շաղախեցար.
Դարձիր եւ զղջա համայնից մեղաց:
Տեառն հրամանաւն եղէր պաշտօնեայ,

Կապոսու վանից սրբոյն Յակոբայ,
Որովհետեւ սրբութեամբ ծառայես նորա.
Դարձիր եւ զղջա համայնից մեղաց:
Ի սուտ կենցաղոյս խենէշ պճնելով,
Գոռոզ եւ հպարտ շրջագայելով,
Մոռացար զանանց կեանսն անձնիշխան գոլով.
Դարձիր եւ զղջա համայնից մեղաց:

Քարոզելով այլոց յոյժ ուսուցանիս
Եւ դու գործոց բարեաց բնաւ ոչ հպիս,
Զի՞նչ օգուտ է խրատելդ, ի քեզ ոչ շահիս.
Դարձիր եւ զղջա համայնից մեղաց:

Է՛, յանմիտ Աւետիք, զաշխարհս է՞ր սիրես,
Զի որչափ մեծանաս, տիրել ոչ կարես,
Ջանալ ԼԱՄԱՊԷՃ թըվին մեղաց գոչեսցես.
Դարձիր եւ զղջա համայնից մեղաց:

ԱՒԵՏԻՔ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022