ՀԻՄԱ ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԻՆ ՍՏՈՅԻԿՆԵՐԸ

Ճէյմս Պ. Սթոքտէյլ 1956 թուականին կը վարէր աշխարհի ամենահզօր ռազմական մեքենաներէն մէկը։ Որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմաօդային ուժերու հրամանատար՝ 42 տարեկանին ան ղեկավարած է 100 ինքնաթիռ՝ Հիւսիսային Վիեթնամը ռմբակոծելու ընթացքին։ Նոյն թուականի սեպտեմբերին Սթոքտէյլ իր ինքնաթիռը անտառի մը վրայէն թռցուց դէպի ծուղակի մը մէջ։ Սթոքտէյլ ինքզինք դուրս նետեց ինքնաթիռէն, երբ բեկորները ոչնչացուցած էին ինքնաթիռի կառավարման համակարգը։ Սակայն այդ միջոցին յանկարծ մտածեց. «Ես կը թողում փորձագիտութեան աշխարհը եւ մուտք կը գործեմ Էփիքթեթուսի աշխարհէն ներս»։ 

Երեսուն վայրկեան անց Սթոքտէյլ անկարգելով իջած է փոքր քաղաքի մը փողոցներէն մին։ Քաղաքի զայրացած ամբոխը յարձակած է Սթոքտէյլի վրայ եւ կոտրած են անոր ոտքը։ Սթոքտէյլ կը գիտակցէր անոնց զայրոյթի պատճառը։ Անոր անկումէն յետոյ եօթնուկէս տարուայ ընթացքին Սթոքտէյլը գերեվարածներ բազում անգամներ խոշտանգած են զինքը։ Ան աւելի քան չորս տարին անցուցած է բանտի մէջ։ Ոտքի ծանր շղթաները սահմանափակած են անոր շարժումները։ Ընթացքին հին յոյն փիլիսոփայ Էփիքթեթուս մնացած է անոր հաւատարիմ միակ ընկերը եւ ան երբեք ինքզինք զոհ չէ համարած։ 

Հակառակ բոլոր նեղութիւններուն ու դժուարութիւններուն, Սթոքտէյլ զսպեց իր կամքը կամ ներքին բարոյական նպատակը եւ մնաց իր ճակատագրի տէրը։ Էփիքթեթուսը ըսած է. «Ինծի ցոյց տուէք մէկը, որ երջանիկ է երբ հիւանդ է, վտանգի մէջ է կամ բանտի, ձեզի ցոյց տամ ստոյիկ մը»։

Այժմ շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը գտնուինք համաճարակի մէջ, որ ախտանիշն է աւելի լուրջ կլոպալ հիւանդութեան՝ բնապահպանական ճգնաժամի, փլուզուող ժողովրդավարութիւններու, անիմաստ տնտեսական անհաւասարութիւններու, ընկերային բարդ իրավիճակներու։ Այսպիսով մենք՝ երիտասարդ թէ չափահաս, տղամարդ թէ կին, յայտնուեցանք Էփիքթեթուսի երկրէն ներս։ Բայց Էփիքթեթուս կը հարցնէ, որ արդեօք սա իսկապէս վա՞տ վայր մըն է կամ մեր ապրած կեանքը իսկապէս մեր օգտի՞ն է։ Ի հարկէ, ըստ մեր նախնիներուն, մեր «բնականոն» կեանքերը այնքան ալ բնականոն չեն։ Էփիքթեթուս, որ ապրած է 55-135 թուականներու միջեւ, մարդամօտ եւ դիւրահաղորդ էր եւ իւրայատուկ փիլիսոփայ մըն էր։ Ան աշխարհի վրայ կեանքը նկարագրեց՝ որպէս «մեծ խրախճանք» մը եւ կը կարծէր, թէ բոլորս պէտք է ներթափանցենք անոր մէջ։ 

Ըստ Էփիքթեթուսի, կեանքի նպատակը ո՛չ թէ միայն գոյութիւն ունենալն է կամ գոյատեւելը նոյնիսկ ամենավատ պայմաններու ներքեւ, այլ ըլլալ ազնիւ, հանգիստ, բարի, քաջ, համեստ, ժուժկալ, տոկուն ու խոնարհ՝ ապրելով բնութեան հետ ներդաշնակօրէն։ Անատոլուի մէջ որպէս ստրուկ ծնած Էփիքթեթուս կեանքի գրեթէ բոլոր սարսափներուն ենթարկուած էր իր ստրկական տարիներուն։ Իր տէրերէն մին ծանրօրէն վնասած էր իր ձախ ոտքը։ Երբ ան տասնհինգ տարեկան էր, Ներօ կայսրի քարտուղարը զայն գնեց հռոմէական ստրուկներու շուկայէն։ Կարճ ժամանակ անց, երբ այդ նոյն քարտուղարը օգնեց Ներոյին՝ ինքնասպան ըլլալու համար, այդ ընթացքին Էփիքթեթուս ազատեցաւ այդ «մոլեգնութենէն» եւ թափառեցաւ փողոցներու մէջ՝ աննպատակօրէն։ Բախտը դուռ մը բացաւ իր առջեւ եւ այդ ժամանակուայ ականաւոր ստոյիկ փիլիսոփաներէն մին որդեգրեց Եփիքթեթուսը եւ օգնեց անոր ազատութեան տանող ճանապարհին առաջին քայլը առնելու կապակցութեամբ։ Երբ Տոմիթիանուս կայսրը Հռոմէն վռնտեց բոլոր փիլիսոփաները, Էփիքթեթուս դպրոց մը հիմնեց Նիքոփոլիսի մէջ, որ այժմ կը գտնուի Յունաստանի սահմաններէն ներս։ Էփիքթեթուս այնտեղ համեստ կեանք մը կ՚ապրէր եւ զինք երբեք չէր հետաքրքրեր հարստութիւնը, իշխանութիւնը կամ համբաւաւոր դառնալը։ 

Նախկին ստրուկի համար ամենակարեւորը ազատ ըլլալն էր, ուշադիր ըլլալն ու լաւ կեանք վարելը։ Այսպիսի կեանք մը կը պահանջէր առատաձեռնութիւն, քաջութիւն եւ ուրախութիւն արտայայտելու կարողութիւն՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս իտալացիներ ամէն գիշեր կ՚երգէին իրենց պատշգամներէն՝ քորոնաժահրի համաճարակի սահմանափակումներու վաղ շրջանին։

Էփիքթեթուս կը գիտակցէր նաեւ, թէ կեանքը խաղ մըն է։ Թէեւ ստոյիկները կը պատկերացնենք՝ որպէս լուրջ մարդիկ, սակայն անոնք պարզապէս կ՚ըսեն, թէ պէտք է պատրաստ ըլլանք վատթարագոյնին եւ ապրիլ մարդկայնօրէն՝ որքան ալ դաժան ըլլան պայմանները։ Ստոյիկութիւնը իրականութեան մէջ ծնած է որպէս արձագանգ՝ Մակեդոնիայի թագաւորութեան արագ փլուզման, Ալեքսանտր Մակեդոնացիի մահուան եւ լաւ հասարակութիւն ստեղծելու Պղատոնի ուսմունքի ձախողման։ 

Եթէ քաղաքի մը մէջ կեանքը վատ կ՚ընթանայ, անձ մը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի։ Նման պարագային ստոյիկութիւնը միշտ ցաւալի, բայց իրատես պատասխաններ կու տայ։ Ի՞նչ պէտք է սորվեցնէ Էփիքթեթուս աշխարհի ներկայ բարդ պայմաններու ներքեւ։ Ան խորհուրդ կու տայ հետեւեալ ձեւով. «Որոշ բաներ մեր վերահսկողութեան տակ են, իսկ միւսները՝ ոչ»։ Անշուշտ չենք կրնար վերահսկել համաճարակ մը, սակայն պէտք չէ թոյլատրել, որ նման արտաքին ազդեցութիւնները անհանգստացնեն մեզ։ Կրնանք վերահսկել մեր կամքը, միտքը, վիշտն ու ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ եռանդը կամ ատելութիւնը։ Ամենակարեւորը՝ կրնանք լաւը գտնել մեր մէջ եւ իրականացնել մեր բարոյական նպատակը։ 

Վերջապէս, Էփիքթեթուս «մարդ» ըլլալու մասին ալ ըսելիք ունի։ Մենք մեծ ամբողջութեան մը մէկ մասն ենք: Այլ մարդոց հետ ալ յարաբերութիւններ կը հաստատենք։ Եւ այսպէս, երբ մէկը հարցուց Էփիքթեթուսին, թէ ո՞ր երկրէն է, ան պարզապէս պատասխանեց. «Ես աշխարհի քաղաքացի եմ»:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022