ԳՈՒՐԳԷՆ ՏԱՊԱՂԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՎ ԳՐԱՒԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԻՆ ՍԻՐՏԸ

Հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ե­րի­տա­սարդ հա­մակ­րե­լի աստ­ղե­րէն Գուր­գէն Տա­պա­ղեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ան­մո­ռա­նա­լի ե­լոյ­թով մը գրա­ւեց պոլ­սա­հայ ա­րուես­տա­սէր­նե­րու սիր­տը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին Ե­րե­ւա­նէն հիւ­րա­բար քա­ղաքս ժա­մա­նած ե­րի­տա­սարդ մե­նա­կա­տա­րը ան­բա­ցատ­րե­լի մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեց սրա­հին մէջ։ Իր կա­տար­մամբ հնչած հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րը խոր ապ­րում­ներ պար­գե­ւե­ցին ունկն­դիր­նե­րուն։ Ի­րեն նուա­գակ­ցե­ցան նոյն­պէս Ե­րե­ւա­նէն՝ Գէորգ Տա­պա­ղեան, Նա­րեկ Մնա­ցա­կա­նեան, Վար­դան Պաղ­տա­սա­րեան, Յո­վիկ Յով­հան­նէ­սով, Կա­մօ Խա­չատ­րեան, Կա­րի­նէ Յով­հան­նի­սեան եւ Ար­տեմ Խա­չա­տուր։

Սէր­լի Մա­յի­սօղ­լուի ող­ջոյ­նի խօս­քով սկսաւ ձեռ­նար­կը, ո­րուն ներ­կայ էին՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին նաեւ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն եւ Սի­րան Սուր­քի, Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ բա­զում հիւ­րեր։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին գնա­հա­տան­քի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ եւս ե­րե­կոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րած էր մեծ ջան­քեր։ Ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան շնոր­հա­կա­լագ­րեր՝ մինչ հան­դի­սա­տես­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու տա­րափ մը ստեղ­ծե­ցին սրա­հէն ներս՝ հայ­րե­նի ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն հա­մա­ր։

  

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017