ԱԶԳ ԵՒ ԺՈ­ՂՈ­ՎՈՒՐԴ

Գիւղը կանգնի՝ գերան կը կոտրի:

Ամէն բան մեր ձեռքերուն մէջ է: Մեր ուղին հարթողը մենք ենք՝ ազգերը, ժողովուրդները: Ոչ մէկը ի զօրու է մեր փոխարէն կայացնելու վճռորոշ որոշումներ: Տեսակ մը ծուլացած ենք, ծերացած մենք՝ հայերս: Կը սիրենք էշը ուտել՝ պոչը ձգել: Պատրաստակամ ենք եւ կը զոհաբերենք մեր կեանքը յանուն մեր հայրենիքի: Մեր կեանքի գնով կը պաշտպանենք մեր հայրենիքը: Սակայն վերջաւորութեան, երբ պահը կը հասնի վերջակէտին, տեսակ մը կը տկարանանք: Կարծես մեր բոլոր ուժերը այլեւս կ՚ըլլան սպառած: Եւ վերջակէտ դնելու փոխարէն կը շարենք բազմակէտեր:

Մեր թշնամիները, մեր հակառակորդները մեզ աւելի լաւ կը ճանչնան, քան մենք՝ մեզ: Ամէն անգամ այդ բազմակէտերը կը դրուին արեան ծովերու մէջ խեղդուելով ու տարածքային կորուստներով:

Բան մը կը պակսի մեզի: Բանալին մեր ձեռքերուն մէջ է, սակայն կը զլանանք զայն մօտեցնելու կղպանքին: Մեր վաղուայ պայծառ օրը, մեր զաւակներու խաղաղ ու անվտանգ ապագան կախեալ է միմիայն մեզմէ: Մենք այսօր տունը նստելու իրաւունք չունինք: Այսօր եթէ մեր ազգի տասն, տասնհինգ տոկոսը ոտքի ելաւ, համրած ժամերու ընթացքին կ՚ազատագրենք Հայաստանը ազգադաւ կառավարիչներէ: Սակայն մարդիկ կը գերադասեն իրենց տաքուկ տուներու մէջ նստած, հեռատեսիլով կամ դիմատետրի վրայէն, իրենց շունչերը պահած հետեւիլ դէպքերու զարգացումին:

Այսօր շատեր կը փափաքին ազատիլ դաւաճանական իշխանութենէն, սակայն սա բաղձանքի իրականացումին համար կ՚ընեն ոչինչ: Որո՞ւ վրայ կը դնենք մեր յոյսը... ինչի՞ն կը սպասենք... Ախր մեր ցաւին միայն մենք կրնանք դարման ըլլալ: Ախր օտարը մեր ցաւէն ոչինչ կը հասկնայ: Ախր տունը նստելով, հայոց նեռը ինքնակամ չի հեռանար: Ախր չէք հասկնար, որ զայն հեռացնելու ճանապարհը այն ուղին է, որմէ անցնելով ան հասաւ, բազմեցաւ հայոց գահին: Փողոցով եկածը՝ փողոցով պէտք է հեռացնել:

Ամէն բան շատ պարզ է ու յստակ. ժողովուրդը պէտք է ելլէ փողոց: Իր բողոքի ձայնը բարձրացնէ: Խեղճ ոստիկանները թօշնեցան սպասելով: Անհամբեր կը սպասեն, որ շատնանք, որպէսզի իրենք ալ կարենան միանալ մեզի: Դիմադրութեան շարժումի մասնակիցներուն ծածուկ կը հարցնեն. «այս անգամ մեզի յուսախաբ պիտի չընէք, չէ՞: Շուտափոյթ ինքնակազմակերպուեցէք»:

Ես ու իմ բալիկները՝ հինգ ամսական ու հինգ տարեկան, իմ ընտանիքը, ամէն օր կը համալրենք ցուցարարներու շարքերը: Իրականութեան մէջ դիւրին չէ երկու մանուկներու հետ այդքան ժամ քայլել, մնալ դուրսերը: Բայց այսօրուայ օրակարգը այդ կը թելադրէ: Եթէ կ՚ուզենք ունենալ Հայաստան ու Արցախ, արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ Տիրոջ կողմէ, այս աշխարհի մէջ մեզի ի պահ տրուած հողի վրայ, պարտաւոր ենք քանի մը օր կամ շաբաթ զրկել մեզ մեր յարմարաւէտութենէն:

Միայն ես չէ, որ զաւակներուս հետ միասին կը մասնակցիմ «Դիմադրութեան» ցոյցերուն, ուրիշ մայրիկներ ալ կան: Կը շուարիմ, թէ այս օրերուն հայը ինչպէս կրնայ հանգիստ նստիլ իր տունը:  

Դառնագին ու արնահամ մեր ապրած վերջին ժամանակաշրջանէն այս դասը քաղեցի:

Գերմանացի մեծ քնարերգու, մտածող ու պետական այր՝ Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէն ըսած է. «Ազգը փնտռեցէք անոր տասն տոկոսի մէջ»: Դարերու հոլովոյթին մենք մեր ոգիով ապահոված ենք այդ տոկոսը: Յիրաւի, մեզ կը պահէ այդ տոկոսը եւ Տէրունական սէրը մեր ազգի նկատմամբ: Կը բաւէ, որ այդ տոկոսը այս օրերուն ամբողջութեամբ ժողվուի Օփերայի յարակից Ֆրանսայի հրապարակին մէջ եւ վերջնականապէս փրկէ հայոց պետականութիւնը կործանումէ:

Ինչպէս ժամանակին վկայած էր Գարեգին Նժդեհը՝ հայրենիք ու հայրենասիրութեան թշնամին աշխարհաքաղաքացին է՝ քոզմոփոլիթը:

Ասոր հայրենիքը, իր յայտարարութեան համաձայն՝ համայն աշխարհն է, ազգը՝ համայն մարդկութիւնը:

-Չկան ազգեր, կայ մարդկութիւնը,- կ՚ըսէ այդ միամիտ երազատեսը ու իր հայեացքը կ՚ուղղէ դէպի անորոշ հեռուներ:

Դէ ուրեմն, միասնական ոտքի պիտի ելլենք եւ փրկենք հայոց պետականութիւնը դէպի գահավիժում տանող յադ աշխարհաքաղաքացիներու վոհմակէն:

Ոտքի՛ հայ ժողովուրդ,

Ոտքի՛ հայ ազգ:

Քու միակ փրկութիւնը փողոցին մէջ է:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

 

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2022