ԾԱՌԵՐԸ ԵՒ ԲՈՅՍԵՐԸ ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՄԷՋ (Բ.)
110 տարի առաջ՝ 1913 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Աստուածաշունչի տունկերը» խորագրով գիրքի մասին օրուայ մամուլը անդրադարձներ կատարած է: Գիրքին հեղինակը, ինչպէս մեր երէկուան թիւով ալ գրած էինք, Պոլսոյ ֆրանսական հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Նանսի քաղաքին մէջ բժշկագործած Յովհաննէս Արթինեանն է: (ծնած՝ 1872-ին եւ մահացած`1951-ին): Պոլսոյ «Աւետաբեր» թերթը նոյն թիւին իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ Յովհաննէս Արթինեանի այդ գիրքին մասին գրած է հետեւեալը. «Սուրբ Գիրքը ուսումնասիրելու շատ կերպեր կան, եւ մէն մի կերպ իր յատուկ օգուտն ու արժէքն ունի: Մեր քրիստոնեայ ժողովուրդները սովորաբար բաւական ծանօթութիւն ունին Սուրբգրոց մէջ պատմուած գլխաւոր դէպքերուն վրայ, նաեւ բաւական ճարտար են անոնցմէ հոգեւոր դասեր հանելու մասին, եւ յաճախ Քրիստոնէական վարդապետութիւնը կը պաշտպանեն Սուրբ Գիրքէն վկայութիւններ բերելով: Սակայն որչափ դիտած ենք մենք, Սուրբգրոց բուն բառերը մանրակրկիտ կերպով եւ նուրբ խղճմտութեամբ ուսումնասիրելու մասին առհասարակ ողբալի կերպով ետ են: Հետեւաբար ընդհանրապէս կը ծուլանան ըմբռնել ինչ որ իսկապէս կը սորվեցնէ Սուրբ Գիրքը եւ յաճախ ալ բոլորովին սխալ կը հասկնան անոր միտքը: Արդ չենք մոռնար, թէ գիրքը կը սպաննէ: Մահացու սխալ պիտի ըլլար բոլոր մեր ուշադրութիւնը բառերու քննութեան տալ, ինչպէս յաճախ կ՚ըլլայ Քուրանին նկատմամբ: Ինչ որ կ՚ուզենք ստանալ՝ Սուրբգրոց ոգին է, վասնզի հոգին է, որ կը կենդանացնէ: Սակայն ինչպէս մարդկային հոգին կ՚իմանանք այնքան միայն, որքան յայտնուած է մարմնի միջոցով, նոյնպէս կրնանք Աստուծոյ Խօսքին հոգին իմանալ՝ խնամով ուսումնասիրելով եւեթ այն բառերը, որոնցմով յայտնուած է այդ հոգին: Աստուածաշունչի ծառերուն վրայ տոքթոր Արթինեանի յօդուածները աղուոր օրինակ են այն մեթոտին, որու հետեւիլ պարտ է այսպիսի հետազօտութիւններու մէջ: Ոմանց համար բացարձակապէս անկարեւոր կրնայ թուիլ, թէ եբրայական այսինչ բառը նոճի՞, քրքում, կամ կաղնի թարգմանուած է, բաւական է որ ծառի մը անուն տրուած ըլլայ: Այս է Արեւելքի մէջ մարդոց ընդհանուր դիրքը հանդէպ գիտական ճշգրտութեան: Քիչ մը կարճ կամ երկայն, քանի մը վայրկեան ուշ կամ կանուխ, բոլորովին շիտակ կամ քիչ մը ծուռ, ի՞նչ տարբերութիւն կ՚ընէ: Ի՞նչ վնաս ունի, եթէ միտքդ անզգուշութեամբ արտայայտուի: Կարեւորն է բան մը ըսել, մնացալը հոգ չէ: Արեւմուտքը ըմբռնած է, թէ ուղիղէն ամենափոքր շեղում մը վնասակար է որեւէ բանի մէջ: Այդ պատճառով է որ արեւմտեան գիտութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը իրենց ներկայ զարգացման հասած են: Շատ կարելի է, որ Սուրբ Գիրքի համարի մը մէջ ծառի մը անուան փոփոխումը մասնաւոր տարբերութիւն մը չընէ այսօր մեզի համար: Սակայն մտքի այն անհոգ տրամադրութիւնը, որ կը յօժարէ զմարդ՝ ճշգրտութեան կարեւորութիւն չընծայել բառերու գործածման մէջ, կործանում կը բերէ իմացական, բարոյական եւ հոգեւոր կեանքին: Այս կը ճշմարտուի մանաւանդ անոնց վրայ, որոնց գործն է Սուրբ Գիրքը քարոզել, սորվեցնել: Ոչ մէկ աշխատութիւն աւելորդ է, եթէ մեզի կ՚օգնէ հասկնալ Սուրբգրոց ճիշդ նշանակութիւնը, վասնզի զայն ստուգելէ ետեւ միայն ի վիճակի կ՚ըլլանք հասկնալ անոր հոգեւոր դասերը եւ նշմարել անոր Աստուածային գեղեցկութիւնը»:
Հատուածներ կը ներկայացնենք «Աստուածաշունչի տունկերը» գիրքէն:
ԾԱՌ ԻՒՂՈՅ
2-4 մեթր բարձրութիւն ունի այս ծառը, ճիւղերը ցից են եւ արծաթագոյն, տերեւները փայլուն են, վերեւը գորշ, իսկ ներքեւը սպիտակ, կը նմանին ձիթենիի տերեւներուն եւ նիզակաձեւ են ու ամբողջ: Ծաղիկները՝ դուրսը ճերմակ, ներսը դեղին են, 1, 2, 3 թիւով կախուած տերեւներու անութէն, զօրաւոր հոտ ունին, պտուղը ձուաձեւ է, դեղին կամ կարմրագոյն անուշ համով, ուտելի, միջակ իւղ մը կու տայ: Փայտը կարծր է եւ շինուածներու համար յարմար:
Եբրայերէն՝ ըձ շէմէն է, որ բառական իմաստով կը նշանակէ ծառ կամ փայտ իւղոյ:
Ամերիկեան Միսիոնարաց աշխարհաբար Աստուածաշունչը նոճի կը դնէ անխտիր ըձ շէմէնի փոխարէն:
ՄԱՅՐԻ, ՍԱՐԴ
Հայերէն Աստուածաշունչին մէջ Մայր, Մայրի գործածուած է, նաեւ՝ իր բուն իմաստով, չամ նշանակութեամբ, եւ յետոյ՝ մայրի, Մայրի Լիբանանի, իբրեւ տեսակ մը չամ, որ կ՚աճի Լիբանանի մէջ:
Դարձալ Աստուածաշունչը, Լիբանանի մայրիները նշանակելու համար ունի սարդ բառը:
Հայկազեան բառարանը կը կարծէ սարդը՝ դափնի, եւ Մխիթար Աբբայի բառագիրքը կը յաւելէ. «…Եւ եւս նշանակի սովաւ ծառն եղեւնին»:
Արդարեւ եղեւին, եղեւնափայտ թարգմանուած է Լիբանանի մայրին Աստուածաշունչի քանի մը որոշ գիրքերուն մէջ, բայց ոչ ուրեք դափնիի նշանակութիւնը կայ բոլոր այն հատուածներուն մէջ, ուր սարդ բառը գործածուած է:
Հիները շատ մը կոնաբերներ կը շփոթեն իրարու հետ:
Մայրին կամ սարդը կոնաբերներու տոհմէն են, եղեւնեաներու կարգէն: Սարդի կամ մայրիի երեք տեսակներ ծանօթ են. ատլանտական մայրին, կ՚աճի Ափրիկէի մէջ Ատլաս լերան վրայ, կարճ տերեւներով արծաթագոյն ու փոքր կոներով: Երկրորդը Դիւադարա մայրին է, զոր Ամիրտովլադի մէջ կը գտնենք Դիւաց կամ Քաջաց ծառ անունով: Երրորդը եւ ամենէն ծանօթ տեսակն է Լիբանանի մայրին, որու վրայ միայն կը խօսի Սուրբ Գիրքը: Բարձր ծառ է, բունը կը բարձրանայ ուղիղ մինչեւ 30 մեթր, բրգաձեւ, կատարը բարակ եւ հակած դէպի հիւսիս: Արեւելքի ամենէն վեհ ծառն է ան: Իր բունէն շուրջանակի կը տարածուին բազմաթիւ ոստեր, որոնք կ՚երկարին հորիզոնական կերպով հողմահարի մը պէս: Ասեղնաձեւ մանր տերեւներ ունի կանաչ, արծաթագոյն, որոնք խրձաձեւ միացած են մէկ կոթի վրայ ոստերուն վերեւ, իսկ նորաբողբոջ ճիւղերուն վրայ այս տերեւները հատիկ հատիկ են:
Միաբնակ ծառ է մայրին, որձ եւ էգ ծաղիկները առանձին խրացներ կը կազմեն: Պտուղն է կոն՝ ձուաձեւ, ցից, խիտ թեփերով, որոնց իւրաքանչիւրին ստորեւ երկու սերմ կայ մէջը՝ իւղոտ նուշով:
Հին ժամանակները Լիբանան ծածկուած էր մայրիի անտառներով, որոնցմէ ոչ միան Դաւիթ եւ Սողոմոն շինեցին պալատներ եւ Երուսաղէմի տաճարը, այլեւ ժամանակ եղաւ, որ Երուսաղէմի մէջ մայրիի փայտը նոյնքան առատ էր, որքան մոլաթզենին, ու Սենեքերիմ Ասորեստանի թագաւորը իր բազմաթիւ կառքերով Լիբանանի լեռները բարձրացաւ եւ անոր ընտիր մայրիները կոտորեց: Շարունակ կտրուելով՝ առանց հսկողութեան, այժմ շատ քիչ կը գտնուին մայրիի անտառներ Լիբանանի մէջ:
ԹԵՂԻ
Թեղին թրքերէն ղարա աղաճ կոչուած ծառն է, որ բարձր ծառ է՝ տարածուած կատարով, ունի ողորկ կեղեւ եւ խիտ ճիւղեր, որոնք երկկարգ են:
Թեղին անտառներուն խոշոր եւ երկարակեաց ծառերէն մին է, իր ծաղիկները կը բացուին գարնան սկիզբը, մինչ դեռ տերեւները չեն բողբոջած: Թեղիին փայտը կարծր է եւ կը դիմանայ խոնաւութեան, անկէ կը շինեն կառքի անիւներ, նաւակներ, ջուրի խողովակներ, վառելու չի գար:
Թեղիին հոմանիշ են պտղի, կնձնի:
ՄՈՒՐՏ
Մրտենիները տաք երկիրներու մշտադալար ծառատունկեր են, ընդդիմադիր տերեւներով, ծաղիկները ծայրադիր են ու փոքր թիւով: Միակ տեսակը, որ տարածուած է Միջերկրականի երկիրներուն մէջ, հասարակ մուրտն է, որ կը գտնուի նոյնպէս Պոլիս՝ Իշխանաց կղզիներուն մէջ: Փոքր ծառ մըն է, անուշահոտ, մշտադալար, սերմերը փոքրաթիւ են:
Պարտէզներու մէջ կը մշակեն մուրտը, փայտը յարգի է, տերեւներն ու պտուղները զօրացուցիչ կը նկատուին եւ ծաղիկներուն ու տերեւներուն թորումը կու տայ հրեշտակաց ջուր անունով ծանօթ գոյացութիւնը:
Հարաւային Ֆրանսայի մէջ պտուղներէն ըմպելի կը շինեն:
Աստուածաշունչի մէջ կը գտնենք մուրտը, երբ Ե. դարուն Նէմեմիի եւ Եզրասի առաջնորդութեամբ Իսրայէլի ժողովուրդը Բաբելոնէ դարձին Երուսաղէմը վերստին կը շինէ: Եզրաս կը հրամայէ եօթներորդ ամսոյն սկիզբը պատշաճօրէն կատարել Տաղաւարահարաց տօնը եւ կ՚ըսէ. «Ելէք ի լեռան եւ բերէք տերեւս ձիթենեաց, եւ տերեւս ի ծառոց սօսեաց եւ տերեւս մրտոց խնկենեաց եւ տերեւս ի թաւ ոստոց ծառոց»:
Ցարդ Երուսաղէմի մէջ հրեաները Տաղաւարահարաց տօնին կը գործածեն մուրտ, որ կ՚աճի Երուսաղէմի հարաւակողմը հովիտներուն մէջ, Բեթղեհէմի, Քեբրոնի շրջակայքը, ինչպէս Սամարիայի եւ Գալիլիայի մէջ:
ԱՆՓՈՒՏ ՓԱՅՏ
Սուրբ Գրքին մէջ անփուտ փայտը նշանակուած է Ելից Գրքին մէջը, Վկայութեան տապանակին շինութեան առթիւ: Անփուտ փայտը՝ սատիմ, մին էր այն նուէրներէն, զորս Իսրայէլի ժողովուրդը պիտի բերէր թանկագին մետաղներու, կապուտակի, ծիրանիի, այծերու մազին եւ խոյերու մորթին հետ, խորանին շինութեան համար: Անփուտ փայտէ պիտի շինուէին Վկայութեան տապանակը ու անոր լծակները, անկէ պիտի ըլլար սեղանը իր լծակներով, նոյնպէս խորանին սիւնակները եւ նիգերը: Կապուտակէ եւ ծիրանիէ եւ մանած կարմիրէ եւ բեհեզէ նկարակերպ գործուած վարագոյրը որ Սրբութիւնը պիտի անջրպետէր Սրբութիւն Սրբոցէն, պիտի ձգուէր չորս անփուտ փայտէ սիւներու վրայ եւ նոյն փայտէն հինգ սիւնակներ պիտի բռնէին խորանին դրան սրահակը: Եւ այնպէս ալ ըրին Բեսելիէլ եւ Եղիաբ Մովսէսի առաջնորդութեամբ, ինչպէս Տէրը հրամայած էր անոր Սինայի բարձունքէն:
Անփուտ փայտ թարգմանութիւնն է յունական բառի մը, որ կը նշանակէ փայտ, որ չի նեխիր:
Անփուտ փայտը աքասիայի տեսակ մըն է, կանոնաւոր ծաղիկով, թիթեռնակերպերու սեռէն, առատօրէն կը գտնուի Եգիպտոսի մէջ, որու համար կը կոչուի նոյնպէս Եգիպտոսի աքասիա: Երբ Մովսէս կը հրամայէ Ուխտի տապանակը շինել անփուտ փայտէ, իսյայէլացիք կը գտնուին Սինայի թերակղզիի մէջ, ուր արդարեւ կը գտնուի եգիպտական աքասիա, արմաւենիի եւ մոշայի ծառերու հետ:
Աքասիաները իրենց չորս հարիւր տեսակներով տարածուած են երկրագունդի բոլոր տաք մասերուն մէջ, մանաւանդ Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ:
Կանոնաւոր որձ եւ էգ ծաղիկներ ունին յաճախ կլոր հոյլեր կազմած, կցաթերթ են: Փուշ ունին եւ իրենց տերեւները ճղճղկէն են: Պտուղը պարկուճ մըն է երկայնաձեւ: Փայտը շատ կարծր է: Աքասիաներու արտադրութիւնները կը գործածուին բժշկութեան մէջ: Արաբական աքասիայի պտուղը, որ կը կոչուի բաբլայ, ինչպէս նաեւ կեղեւը, շնորհիւ իր պարունակած աղաղին, կը գործածուի բժշկութեան մէջ իբրեւ կապող, նոյնպէս խաղախորդութեան եւ ներկարարութեան մէջ: Կու տայ արաբական խէժ:
Սուրբգրոց մէջ յիշուած աքասիայի տեսակներն են՝ արաբական աքասիա եւ աքասիա սէյալ, որոնք կը գտնուին Եգիպտոսի, Սինայի անապատին եւ Մեռեալ ծովուն հարաւային եզերքը:
Աքասիա աէյալի տերեւները ճղճղկէն են, դեղին ծաղիկ ունի գլխաձեւ, կլոր, որ կը բարձրանայ տերեւներու անութէն, զոյգ զոյգ փուշեր ունի սուր ճիւղերուն վրայ, սերմերը շարուած են երկայնաձեւ պարկուճի մը մէջ, որ կը բացուի լուբիայի նման երկփեղկ։ Կու տայ արաբական խէժ: Առհասարակ, շատ բարձր չ՚ըլլար՝ 4-5 մեթր, արաբները չեն թողուր, որ մեծնայ, կը կտրեն, ածուխ կ՚ընեն եւ Եգիպտոս կը տանին ծախելու:
Աքասիան՝ եգիպտական սէնտը, հնութեան խորհրդաւոր ծառն է նուիրական, զոր Սուրբ Գիրքէն դուրս, հիները կտակած են Ազատ Որմնադրութեան: Աքասիան ճանչնալ, կատարեալ ազատ որմնադիր մը ըլլալ է: Իր անփուտ փայտը ճշմարտութեան խորհրդանշանն է ու իր արմատները կը տարածուին շատ հեռուն: Իր կլոր ծաղիկի հոյլերը պատկերն են երկրագունդին եւ իր տարբաղադրուած տերեւները կը ներկայացնեն Ազատ Որմնադրութեան կազմակերպութիւնը, ամէնուրեք բաժնուած, տարածուած սփիւռք աշխարհի, բայց ամէնքը ի մի միացած մէկ գործի մը շուրջ, ճշմարտութեան յաղթանակին համար Երկրի վրայ:
Աքասիան իբր դեղ համայնաբոյժ կը գործածուի հնութեան մէջ եւ էր յուռութ չար աչքի դէմ, գրաւական յաջողութեան: Ուստի, Ե. դարէն, Լեւոն Ա.-էն սկսեալ, Բիւզանդական դրամներուն վրայ կը տեսնենք այլաբանօրէն նկարուած աքասիայի պարկուճ մը, երկայն ու շեղ կտաւէ տոպրակի մը ձեւով, կայրսը ձեռքը բռնած է զայն ի նշան իր հոգածութեան՝ հանդէպ իր հպատակներու երջանկութեան, տոպրակը լեցուած է մոխիրով եւ փոշիով, իրեն յիշեցնելու համար, թէ դիւրաբեկ ու անկայուն է իր գահն ու զօրութիւնը եւ թէ հարկ է ապրիլ Աքաքիա՝ այսինքն, առանց չարիքի, առանց ոճիրի:
ԳԻ
Գին կը պատկանի մերկասերմներու տոհմին մէջ նոճեաց ցեղին: Մերկասերմ կը կոչուին, որովհետեւ իրենց սերմը փոխանակ պտուղի մը մէջ փակուած ըլլալու, մերկ է, անպատսպար: Կը կոչուին նոյնպէս կոնաբեր, որովհետեւ իրենց պտուղը կը ներկայացունէ առհասարակ կոն մը. այսպէս են եղեւինները, մայրիները, նոճիները: Գիերը, որոնց երեսունի չափ տեսակները կ՚աճին հիւսիսային կիսագունդի լեռնային մասերուն մէջ, ծառեր կամ թուփեր են, որոնց որձ եւ էգ ծաղիկները տարբեր ծառերու վրայ կը գտնուին:
Գիի գլխաւոր տեսակներն են. հասարակ գի, փշոտ մայրի կոչուած տեսակը, ցրդի, փիւնիկեան գի:
ԱՐՋՆԴԵՂ
Արջնդեղ կամ սեւ սոնիճ, սեւ գնդիկ անունով տունկը հասարակ բոյս է, որու մէկ տեսակը կը բուսնի դաշտերուն մէջ:
Արջնդեղը կը մշակեն իր սեւ հունդերուն համար, զոր Արեւելքի մէջ կը գործածեն իբրեւ համեմ սեւ գնդիկ կամ սեւ սոնիճ անունով:
ՓԵԳԵՆԱ
Փեգենան կամ սպանդը տեւական խոտ է, որու բազմաթիւ տեսակները կան. փոխադիր տերեւներ ունի ճղճղկէն, կլոր ծայրերով եւ նեղ:
Անախորժ եւ բուռն է հոտը, զոր կը նախընտրէին հռովմայեցի տիկինները, կը պարունակէ գոյացութիւն մը, որ կարելի է զատել՝ ջուրի հետ թորելով: Պնդիչ, ճճիասպան եւ քրտնաբեր է այս խոտը եւ մանաւանդ՝ դաշտանաբեր: Մլուկներու դէմ շատ լաւ դեղ մըն է:
Վանեցիք կը կոչեն զայն սպանդ:
ՔՐՔՈՒՄ
Քրքումը միաբլթակներու մեծ բաժանման մէջ հիրիկազգիներու տոհմին կը պատկանի. յիսունէ աւելի տեսակները կ՚աճին հին աշխարհի, մանաւանդ Արեւելքի մէջ, անկէ տարածուած է Եւրոպա: Իր գլխաւոր տեսակն է մշակուած քրքումը: Սոխ ունի արմատը, կը ծաղկի աշնան: Քրքումին գործածուած մասերը սոսորդներն են. աշնան երբ քրքումը կը ծաղկի, հետզհետէ կը ժողվեն բացուած ծաղիկները առաւօտուն, կը զատեն եւ կ՚առնեն թանձր սոսորդները ու կը չորցնեն, եւ տուփերու մէջ խաւ խաւ կը տարածեն, այդ խաւերը թուղթի թերթերով զատելով: Քրքումը անագէ գոց տուփերու մէջ կը պահեն, որպէսզի ուժը չերթայ: 153 հազար 600 ծաղիկ պէտք է մէկ քիլօ քրքումին համար: Քրքումը ունի իր մէջ ցնդողական իւղ մը, որու կը պարտի իր բժշկական յատկութիւնները եւ փոլիքրոյիդ կոչուած գոյն մը, որու մէկ մասը միայն կարող է հարիւր հազար մաս ջուր գունաւորել: Քրքումը գրգռիչ է եւ դաշտանաբեր: Կանացի բժշկութեան մէջ կը գործածեն թէյի տեղ, ութէն տաս թել քրքում դնելով մէկ բաժակի համար:
Արեւելքի մէջ քրքումը կը գործածեն իբրեւ համեմ եւ փիլաւի, կարկանդակներու վրայ կը ցանեն, նոյնպէս կ՚անուշահոտեն բնակարաններն ու կերպասները:
Շատ հին ժամանակներէ քրքումը ծանօթ է Արեւելքի մէջ եւ Փռիւգիայի Տմոլոս լեռը յայտնի էր իր քրքումի արտադրութեամբ: Խաչակիրները մտցուցին Եւրոպայի մէջ քրքումի գործածութիւնը: Հոմերոս Եղիականին մէջ կը յիշէ կրոկոսը, քրքում, եւ Աստուածաշունչը երկու տեղ ունի յիշատակութիւնը քրքումին:
ԸՆԿՈՒԶԻ
Բարձր ու հաստ ծառ է ընկուզին, տարածուած ճիւղերով: Ընկուզիին կարծր փայտը կը գործածուի կարասիներու շինութեան, կճեպէն կը հանեն ներկ՝ կարասիներուն ընկուզիի գոյն տալու համար. ընկուզիին իւղը կ՚ուտեն շատ տեղ ձէթի տեղ ու նկարիչները կը գործածեն զայն իբրեւ չորցնող:
Ընկուզիին այլեւայլ մասերը կը պարունակեն պնդիչ եւ կապող գոյացութիւններ, աղաղ եւ ասոր համար կը գործածուի բժշկութեան մէջ, տերեւները թէյի պէս կը պատրաստեն եւ կը խմեն իբրեւ կազդուրող ստամոքսի եւ վատուժ տղայոց ուժովցնող: Տերեւներու խաշած ջուրը լաւ է լուացքի, կանանց հիւանդութիւններու համար. ընկոյզի կճեպը օղիի մէջ կը ձգեն ժամանակ մը եւ անով կը պատրաստեն ըմպելիք մը, որ ախորժակ կը բանայ եւ ստամոքսի աղէկ է:
ՍԱՐՈՅ, ՆՈՃ
Նոճը կամ սարոյն կոնաբեր տունկերու մէջ կը կազմէ նոճեաներու սեռը գիին հետ: Նոճը, որու տասնի չափ տեսակները կան, միաբնակ ծառ է, որձ եւ էգ ծաղիկները կը գտնուին միեւնոյն ծառին վրայ զատ զատ: Մշտադալար է նոճին:
Արեւելքի մէջ գերեզմաններու ծառն է նոճին մշտադալար, որ կը բարձրանայ ուղիղ դէպի երկինք ինչպէս արդարին հոգին եւ յաւիտեան դալար կը մնայ: Նոճիի փայտը կարծր է, կարմիր, մանր հատերով, անուշահոտ եւ գրեթէ անփուտ: Արեւելքի մէջ ցարդ անոր անուշահոտ փայտէն կը շինեն հարսերու սնտուկները, կը գործածուի պատուական կարասիներու շինութեան: Նաւատորմիղը, զոր Աղեքսանդր շինել տուաւ Բաբելոնի մէջ, նոճիէ էր:
Եփեսոսի տաճարին դռները նոճի էին, որոնց համար Պղինիոս կ՚ըսէ, որ «400 տարի յետոյ նորի պէս են»: Կոստանդնուպոլսոյ դռները, որոնք հազար տարիէ աւելի մնացին՝ նոճի փայտէ էին:
Երուսաղէմի տաճարին շինութեան գործածուած փայտերը, զորս Քիրամ ուղարկեց Լիբանանէն, սարդ եւ սարոյ, այսինքն մայրի եւ նոճի էին:
Բժշկութեան մէջ նոճի փայտը գործածուած է իբրեւ պնդիչ, քրտնաբեր, իսկ արաբները անոր սերմերուն բարակ փոշին կը գործածեն թլփատութեան վէրքը դարմանելու համար:
ԵՂԵՒԻՆ
Եղեւին անունը տրուած է հայերէնի մէջ երկու տարբեր տունկերու: Աստուածաշունչի մէջ յիշուած եղեւինը անտառային ծառ մըն է բարձր կոնաբերներու տոհմէն, ինչպէս մայրին, նոճին, գին, ցրդին: Եղեւինը կը սիրէ լեռներու կողերն ու կատարները, ուր ձիւնը կը կազմէ իւր կանաչ տերեւներուն վրայ այլազան յելունք, ու եղեւինները ցուրտին եւ հովին դիմագրաւելու համար ունին խիտ ու մանր տերեւներ, կ՚ապրին իրարու շատ մօտ:
Ագար աղախինն ու իր որդին Իսմայէլ, Աբրահամէն ճամբուելով՝ կորսուեցան անապատին մէջ, ու անսուաղած Ագար իր որդւոյն մահը չտեսնելու համար եղեւինի մը տակ ձգեց մանուկը:
Հայերէն Աստուածաշունչի մէջ եւղեւին, եղեւնափայտ գործածուած է նոյնպէս սարդի, Լիբանանի մայրիի իմաստով եւ այդ շփոթութիւնը հասկնալի է, քանի որ այդ ծառերը շատ կը նմանին իրարու, միեւնոյն տոհմին պատկանելով եւ անոնց գիտական դասակարգութիւնը շատ նոր է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•շար. Բ. եւ վերջ
Երեւան