«ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ» ԹԱՓՕՆՆԵՐ
Աղբի թեման կը շարունակէ մնալ արդիական: Պայման չէ, որ աղբը անպայման գարշահոտ ըլլայ: Այսօր, աշխարհը աւելի «քաղաքակիրթ» աղբի մէջ խորտակուելու վտանգին դէմ յանդիման կանգնած է: Այդ մէկը ելեկտրոնային աղբն է, որուն ծաւալը նոյնքան խելայեղօրէն կ՚աճի, որքան՝ կենցաղային ու խոհանոցային աղբին ծաւալը: ՄԱԿ-ը մտահոգուած է տարուէ տարի աճող, մանաւանդ ելեկտրոնային աղբին անսահման քանակով: Իւրաքանչիւր տարի միլիոնաւոր թոներով թունաւոր նիւթեր պարունակող համակարգիչներ, հեռատեսիլներ, առձեռն հեռախօսներ եւ այլ կենցաղային սարքաւորումներ կը յայտնուին աղբանոցներուն մէջ: Այս սարքաւորումներու թունաւոր նիւթերը լուրջ վտանգի կ՚ենթարկեն շրջակայ միջավայրին բնակչութեան առողջութիւնը:
Օրինակ՝ Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ կը թափեն տարեկան շուրջ 100 հազար թոն հեռատեսիլներ, համակարգիչներ եւ սարքաւորումներ, որոնք կը կազմեն մօտ 5 քիլօկրամ մէկ հոգիի հաշւոյն: Աւստրալիան, կարգ մը այլ երկիրներուն պէս, լուծում մը գտած է այս աղբը վերացնելու հարցին վերաբերող. ան իր ելեկտրոնային աղբը նիւթական միջոցներով կ՚առաքէ զարգացող պետութիւններ, ինչպիսիք են՝ Չինաստանը եւ Հնդկաստանը, ուր, դժբախտաբար, այդ աղբը կը թաղուի առանց կանոններու ու անպատշաճ կերպով: Ըստ չինական լրատուական կայքէջերէն մէկուն, այդ երկիրը կը հանդիսանայ աշխարհի ելեկտրոնային աղբին 70 առ հարիւրի վերջնական հանգրուանը: ՄԱԿ-ի բնապահպանական զեկոյցին համաձայն, բացի այլ պետութիւններու թափօններուն «հիւրընկալը» ըլլալէ, Չինաստան այդ բնագաւառին մէջ կը հանդիսանայ նաեւ որպէս մեծ արտադրող երկիր մը, ան ելեկտրոնային իրերու արտադրութեան յառաջատար երկիրներէն է եւ իր սեփական արտադրանքէն տարեկան աղբանոց կը թափէ 2-3 միլիոն թոն յաւելեալ իրեր՝ իրերու կմախք, լարեր կամ պարզապէս ամբողջական սարքաւորումներ, իսկ ամբողջ աշխարհին մէջ տարեկան չափանիշով կը թափուի 40 միլիոն թոն նմանատիպ աղբ: Այս սարքերը կը պարունակեն արճիճ, սնդիկ եւ գրեթէ 4.5 հազար տեսակի քիմիական նիւթեր, որոնք կը քայքայեն թթուածնային շերտը: Մեծ վնաս կը հասցնէ նաեւ այդ սարքերուն կապարային ապակին: Այդ իրերուն կարգին են՝ բջիջային հեռաձայններ, համակարգիչներ, հեռատեսիլներ, նուագարկիչներ, համակարգիչի մկնիկներ, յիշողութեան քարտեր, ականջակալներ, ստեղնաշարեր, մանրալիքային վառարաններ, սառնարաններ, կազօճախներ, ձեռքի վրայ գործածուող մանր իրեր, մարտկոցներ, ինչպէս նաեւ գործարաններու մէջ շահագործուող ելեկտրոնային մեծղի իրեր: Նետուած սարքաւորումներուն միայն 1/6-րդը վերամշակման ենթակայ է, միւսները կը շարունակեն իրենց երկրորդ կեանքը՝ դանդաղօրէն քայքայուելով բնութեան մէջ: 50 միլիառ տոլար արժողութեամբ կենցաղային թափօններու բլուրները կը շարունակեն բարձրանալ եւ նոյն ՄԱԿ-ի տուեալներով 2018 թուականին ասոնց ծաւալը կրնայ գերազանցել 48 միլիոն թոնի սահմանը:
Ելեկտրոնային թափօններու ծաւալը տարուէ տարի կ՚աճի պարզ պատճառով. նման սարքերու արտադրութեան օրեէ օր աճող արդիւնաբերութեան զարգացման եւ այն մոլուցքին պատճառով, որ մարդկութիւնը որդեգրած է՝ յաճախակի կերպով թարմացնելով ելեկտրոնային սարքերը, նոյնիսկ եթէ նախորդ սարքը տակաւին չէ փճացած: Սպառողական հոգեբանութեան այս դարուն սովորութիւն դարձած է նետել նախորդ տարուան արտադրանքը եւ գնել նորը: Անհատական համակարգիչներու, հեռաձայններու, նոյնիսկ հեռատեսիլներու կեանքին տեւողութիւնը այսօր շատ կարճ է: Տուեալներ կան, օրինակ, որ խելախօս սարքերը (smartphone) զարգացած երկիրներուն մէջ տասնութ ամիսէն աւելի չեն գործածուիր: Նոր ու գայթակղիչ մոտելը մոռցնել կու տայ հինը եւ մանաւանդ երիտասարդութիւնը կը ձգտի ունենալ նորը: Այս վերելքին արդիւնքը կ՚ըլլայ զարգացած երկիրներուն մէջ բարձրացող ելեկտրոնիկ աղբակոյտերը, որոնք իրենց ծաւալներուն պատճառով աւելի շատ տեղ կը գրաւեն, քան՝ ուտելիքներու մնացորդներէն գոյացած աղբը:
ՄԱԿ-ը այս մտահոգութեամբ ստեղծած է փորձագիտական խումբեր, որոնք խոշոր երկիրներուն մէջ կը զբաղին այն հարցերով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մշակել ելեկտրոնային աղբը, որպէսզի վնասը նուազ ըլլայ: Անոնք ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն փաստին վրայ, որ բջիջային հեռաձայններու եւ անհատական համակարգիչներու արտադրութեան համար ողջ աշխարհի մէջ տարեկան կը գործածուի արտահանուող ոսկիի եւ արծաթի 3 առ հարիւրը: Նոյնիսկ ՄԱԿ-ը այս հարցին առընթեր ամէն տարի զեկոյցներ կը հրապարակէ՝ սարքաւորումներու մնացորդներուն վերամշակումը դնելով կարեւորագոյն հարցերու կարգին: Կերպընկալ (փլասթիկ) կազմածներով սարքերը բնութեան մէջ հինգ հարիւր տարի ապրելու կեանք ունին: Ժամանակի ընթացքին անոնք կը թաղուին հողին տակ եւ ներսէն կը շրջափակեն բոյսերուն եւ ծառերուն արմատները, որ կը նեղէ բոյսին աճելու հնարաւորութիւնը: Միլիոնաւոր ծառեր կը տապալուին այն պատճառով, որ հողին տակ անոնց արմատներուն իր մը փաթթուած է եւ խեղդած զինք: Յաճախ նաեւ սարքաւորումներուն լարերը կը խեղդեն արմատները: Բնական է, որ այդ իրերը նաեւ կը յայտնուին ջրատարներու կամ բնական աղբիւրներու ակերուն քով եւ կը կասեցնեն ջուրերուն հոսքը դէպի բնութիւն: Տարեկան հազարաւոր տեսակի ջրային կենդանիներ, այդ կարգին՝ կէտեր, տոլֆիններ, փոկեր, կրիաներ եւ ծովային թռչուններ կը խեղդուին՝ սարքաւորումներու կտորներ կուլ տալու պատճառով:
Այսօր ծովերն ու ովկիանոսները վերածուած են արդիւնաբերական թափօններու կուտակման պահեստներու: Նկարահանողները հետաքրքրական տեսանիւթեր պատրաստած են այն մասին, թէ ինչպէ՞ս այդ թափօնին մեծ մասը իջած է ջուրին յատակը եւ ի՞նչ աւերներ կը գործէ ջրային պաշարներուն վրայ:
Ջուրին տեղաշարժով հիւանդութիւններն ու պղտորումները եւս ջուրի հոսանքին ու ալիքներու արագութեան հետ երկրէ երկիր կը սաւառնին: Նախորդ տասնամեակներուն Միացեալ Նահանգներու արեւելեան հատուածին մէջ ընդունուած էր նաւակով մեկնիլ Ատլանտեան ովկիանոսի բաց տարածքները եւ հոն թափել աղբը: 1988 թուականի ամրան, յանկարծ, մեծ քանակութեամբ հիւանդանոցային թափօնները, կոյուղաջրերն ու աղբը վերադարձան ափ՝ Մասաչուսեթցէն մինչեւ Նիւ Ճըրզի: Այդ միջադէպին պատճառով տեղի ունեցան ժողովրդական բողոքի ցոյցեր: Հասարակութեան կարծիքին ճնշման տակ գտնուող Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսը ընդունեց «.Ովկիանոսին մէջ աղբը թափելու արգիլման մասին» օրէնքը: Նախադէպը առիթ հանդիսացաւ, որ ընդունուին նաեւ նմանատիպ միջազգային օրէնքներ:
Ովկիանոսին մէջ աղբ թափելուն վերաբերող միջազգային օրէնքներու առկայութեամբ հանդերձ, կ՚ենթադրուի, որ աղբատար նաւերը ովկիանոս կը թափեն օրական 500 հազար կտոր կերպընկալ եւ քիմիական նիւթեր պարունակող սարքեր եւ տարաներ: Ելեկտրոնային թափօններու թաղման վայրերուն մօտ գտնուող շրջաններուն մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, մեթան (CH4) կազի քանակը գնահատուած եւ հաստատուած է շուրջ 60 առ հարիւր, իսկ ածխածինի, երկօքսիտի (CO2) քանակը՝ առաւելագոյնը՝ 30 առ հարիւր, որ անշուշտ բացասական ազդեցութիւն ունի այդ շրջանի բոյսերու աճման վրայ: 1989 թուականին ՄԱԿ-ը կազմած է դաշնագիր մը՝ զարգացած պետութիւններէն դէպի աղքատ պետութիւններ վտանգաւոր թափօններու արտահանման գործընթացը վերահսկելու նպատակով, որուն միջոցով որեւէ պետութիւն կրնայ միակողմանիօրէն արգիլել այդ ապրանքներու ներմուծումը եւ արտահանող պետութիւնները պէտք է ստանան ներմուծուող պետութեան համաձայնութիւնը: Միացեալ Նահանգներ երբեք չէ ստորագրած այդ դաշնագիրը, իսկ Չինաստանի նման պետութիւններ հրաժարած են այդ պայմանագիրը ստորագրելէ. այդ սարքաւորումներու վերամշակումէն ստացուելիք չնչին եկամուտին յոյսով: Աղբը դարձած է առեւտուրի նիւթ, մարդկութիւնը այսօր առաւելաբար կը զբաղի կեանքի մնացորդներու մտահոգութեամբ, քան՝ բուն կեանքով:
ԱՂԲԷՆ ԴԷՊԻ ԴԱՍԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏ
Մինչ խոշոր ընկերութիւններ եւ գերտէրութիւններ կը մտածեն կուտակուող աղբը առաւելագոյն օգուտով վերամշակելու կամ կոշտ թափօններու ծաւալը նուազեցնելու ուղղութեամբ, ակնառու լրատուական միջոցներ, ինչպէս՝ BBC, THE GUARDIAN եւ այլն, կ՚անդրադառնան կոշտ աղբին առընչուող աներեւակայելի պատմութեան մը, որ կը շարունակէ ցնցել աշխարհը:
Խօսքը աղբանոցէն իսկական նուագախումբ կերտած քաղաքի մը բնակիչներուն մասին է, որոնք իրենց անհաւատալի ջանքերով եւ խելքով կարողացած են աղբէն ստեղծել աշխարհի ամենէն անսովոր նուագախումբը: Թափօնէն արուեստ ստեղծելու այս օրինակը անգամ մը եւս բացայայտեց ինքզինք գերազանցելու մարդկային կարողութիւնը: Սոյն նուագախումբը այնքան հռչակ ունի արդէն, որ բացի հեռատեսիլային հաղորդումներէն, վաւերագրական ժապաւէններէն նաեւ գեղարուեստական շարժանկարներ նկարահանուած են անոր մասին:
Իսկ պատմութինը սկսած է այսպէս.
Հարաւային Ամերիկայի՝ Փարակուայի պետութեան մէջ կայ Քաթեուրա անունով փոքր գիւղաքաղաք մը, որ մօտ է հսկայ աղբանոցին: Մայրաքաղաք Ասոնսիոնին մօտ գտնուող այդ գիւղաքաղաքը եւ ընդհանրապէս Փարակուայը, կը նկատուին Հարաւային Ամերիկայի ամենէն աղքատ շրջաններէն: Այդ վայրերուն մէջ մարդիկ կը բնակին աղբի անսահման կոյտերուն, բլուրներուն քով: Իրենց աղքատ կեանքը չէ, որ այդպիսի կոյտեր «նուիրած» է իրենց, այլ զարգացած երկիրները իրենց աղբը թափելու համար ընտրած են այս աղքատ վայրերը, ուր մարդիկ տեղեակ չեն որեւէ իրաւունքէ եւ լուռ կը համակերպին իրենց կեանքին: Աղբեր քրքրելը եւ աղբակոյտերէն մնացորդներ հաւաքելը դարձած է այդ վայրերու բնակիչներուն ապրուստի միջոցը: Յաճախ աղբակոյտերուն մէջ վերամշակուելիք մնացորդները շահ կը բերեն մարդոց: Իրենք ալ կը զարմանան, թէ մարդկութիւնը որքան վաճառելի իրեր կը նետէ աղբարկղներուն մէջ, այն պարագային, երբ այդ իրերը իրենք գործածել իսկ չեն գիտեր եւ առաջին անգամ աղբին մէջ կը տեսնեն: Իսկ ի՞նչ ապագայ կը սպասէ այն երախաներուն, որոնք կը մեծնան Փարակուայի աղբակոյտերուն շուրջ...: Գունաւոր եւ խորհրդաւոր աղբակոյտեր քրքրելը նոյնիսկ ուրախ զբաղում մը եղած է մանուկներուն համար: Կը տխրեցնէ նոյնիսկ այդ մասին մտածելը: Նոյն այդ աղբակոյտերուն շուրջ կը ձեւաւորուին աւազակախումբերու եւ թմրամոլներու խումբերը, որոնցմով շատ նշանաւոր են այդ երկիրները: Բայց ծնողքը, ինչքան ալ աղքատ եւ չքաւոր ըլլայ, միշտ կ՚երազէ իր զաւակներուն համար քաղաքակիրթ ապագայի մը մասին: Այդ մէկը մարդկային բնազդն ու զարգացման կամքն է: Փարակուայի մայրաքաղաք՝ Քաթեուրանի արուարձանի մեծահասակները այդ շրջանին մէջ ապրող երաժիշտ Ֆաւիօ Չաւէզէն կը խնդրեն նուագել սորվեցնել իրենց զաւակներուն: Չաւէզ կենսոլորտի մասնագէտ ճարտարագէտ մըն է, սակայն նոյն ատեն՝ երաժշտութեան մեծ սիրահար, ահա թէ ինչու ան կը համաձայնի երաժշտութեան աշխարհի դռները բանալ չքաւոր մանուկներուն համար: Ի ծնէ երաժշտական հակումներով օժտուած այս երաժիշտը նաեւ ինքնազարգացումով զբաղած է, ինչպէս նաեւ՝ լրջօրէն ուսումնասիրած է դասական եւ ժամանակակից երաժշտութիւնը: Բայց արուեստի աշխարհին մէջ դժուարութիւնները այնքան շատ կ՚ըլլան այս վայրին մէջ, ուր մարդիկ օրուան հացը դժուարութեամբ կը վաստկին, ուր մնաց սուր հնչողութեամբ ջութակ կամ թաւջութակ գնելը: Անհրաժեշտ գործիքներ չկային, եղածներն ալ երկար չէին դիմանար փողոցի չարքաշ խաղերուն վարժուած մանուկներուն ձեռքը՝ յաճախ կը կոտրուէին կամ կը փճանային: Օր մը հանրածանօթ աղբահաւաք մը տեսաւ աղբի կտոր մը, որ ջութակի կը նմանէր եւ զայն տարաւ երաժիշտ Ֆաւիօ Չաւէզին: Աղբանոցէն հանուած իրերը գործածելով՝ անոնք միասին կերտեցին ջութակ մը, այնուհետեւ՝ կիթառ մը, թմբուկ մը, սրինգ մը եւ այսպէս շարունակաբար: Արդէն պատրաստ էր նուագախումբի մը համար անհրաժեշտ բոլոր գործիքները եւ նոյնիսկ չքննարկուեցաւ այն հարցը, թէ հնարաւո՞ր է արդեօք նուագախումբ կազմել անշուք Քաթեուրայի մէջ: Բոլոր քայլերը կը տանէին դէպի այդ...
Մանկապատանեկան ամենէն անսովոր նուագախումբը ստեղծուեցաւ աշխարհի ամենէն լքուած եւ աղտոտ վայրերէն մէկուն մէջ... «Լենտֆիլ հարմոնիք» (Landfill Harmonic). այսպէս կը կոչուի եզակի այս նուագախումբը, որ արդէն համերգներ ունեցած է երկրէն դուրս, ունի իր համացանցային կայքէջը, բազմաթիւ հետեւորդներ՝ ընկերային ցանցերուն մէջ, եւ նաեւ իր գործունէութեամբ գրաւած է յայտնի լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը: Վաւերագրական ժապաւէնի մը շնորհիւ, ամբողջ աշխարհը ծանօթացաւ վերամշակուած առարկաներով այս նուագախումբին: 2012 թուականէն ի վեր, քառասուն վառվռուն աչքերով փոքրիկ երաժիշտներէ բաղկացած նուագախումբը կը հրաւիրուի աշխարհի չորս կողմերէն՝ նուագահանդէսներ տալու եւ իրենց չճանչցուած գործիքներով զարմացնելու հանդիսատեսը: Ամէն ինչ վերածուած է երաժշտական գործիքներու՝ կաթի փոշիի մետաղեայ տուփերէն մինչեւ բաղնիքի խողովակներ, իսկ իբրեւ ստեղներ եւ կոճակներ ծառայած են հագուստի պարզ կոճակներէն մինչեւ ճինզերու շղթաները, նոյնիսկ մետաղեայ դգալներ, որոնք աւարտած են կերակրելու իրենց առաքելութիւնը եւ գեղեցիկ ձայներ կ՚արձակեն գործիքին վրայ: Նուագախումբի երաժիշտներուն ներկայացուցած եղանակներուն ցանկը կ՚ընդգրկէ դասական կտորներ, ինչպէս՝ Մոցարթ, Պեթհովէն, Վիվալտի, ինչպէս նաեւ նորագոյն մեղեդիներ, օրինակ՝ «Մեթալիքա»ի երգեր, Փարակուայի աւանդական եղանակներ, որոնք այնքան զուարթ կը հնչեն այս անսովոր երաժշտական գործիքներով: Նուագախումբը երբեք չի փոխեր իր գործիքները, հակառակ անոր որ իրենց յաջողութիւններով խանդավառուած, շատ երկիրներու մէջ անոնց կ՚առաջարկեն նոր ու իսկական գործիքներ: Անոնք կը հրաժարին, քանի որ չեն ուզեր «դաւաճանել» իրենց յաջողութիւն ու փառք բերած այնքան սիրելի նուագարանները, միւս կողմէ ալ որքան հետաքրքրական է իրենց առջեւ տեսնել հմայուած հանդիսականը, որ նախ գործիքով կը հմայուի, ապա նոր՝ մեղեդիով: Նուագահանդէսներուն հասոյթը կը տրամադրուի նուագախումբի անդամներուն ընկերային ծրագիրներուն համար: Արդէն կազմուած է խումբ մը, որ արհեստավարժ կերպով կը զբաղի Landfill Harmonic-ի ծրագիրներով: Այս ձեւով, թաղամասէն հարիւր յիսուն մանուկներ կրնան երաժշտանոցի դասերուն հետեւիլ, ուրիշներ համալսարան յաճախել. կարելի եղած է նոյնիսկ քանի մը ընտանիքի նոր բնակարաններ ապահովել:
Երաժիշտները որդեգրած են նշանաբան մը, որ բոլոր երկրներուն մէջ կը յայտարարեն. «Աշխարհը աղբ կ՚ուղարկէ մեզի, մենք կը փոխադարձենք՝ երաժշտութեամբ»: Այս նշանաբանը կը պատկերէ ոչ միայն անարգուած թաղամասերուն տաժանելի կեանքը, այլ լուսարձակի տակ կ՚առնէ սպառողականութեան համաշխարհային վտանգը, որ բացուած երախի մը պէս կարծես կը խժռէ: Այդ ամէնը պատկերաւոր կերպով կ՚երեւի Landfill Harmonic-ի մասին արձանագրուած ժապաւէնին մէջ:
Թերեւս մարդիկ կ՚անդրադառնան, թէ պէտք չէ առանց մտածելու աղբ թափել: Անշուշտ, բոլոր երկիրներուն մէջ չէ, որ նման նուագախումբեր կը ստեղծուին, իսկ նուագախումբը, բնականաբար, չի կրնար իր վտիտ ուսերուն վրայ առնել աղբին հսկայական ծաւալը:
Այս նուագախումբին մասին պատրաստուած ժապաւէնը աւելի խոր հարցեր կը ներկայացնէ, քան՝ դասական արուեստը: Հոն ակնյայտ է թէ՛ պետութիւններու միջեւ տարբերութիւնները, թէ՛ խտրականութիւնը, թէ՛ աղքատի ու հարուստի կենցաղին տարբերութիւնը: Բայց ժապաւէնը կ՚աւարտի շատ փիլիսոփայական նկատառումներով, որոնց կ՚ուղեկցի Landfill Harmonic-ի երաժշտութիւնը: Այն է, որ ամէն ինչ ի վերջոյ աղբի կը վերածուի, պէտք է այնպէս ապրիլ, որ մարդը ի՛նքը չըլլայ մոռցուած աղբի կտոր մը…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ