ՀԱՅ ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻ «ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱՆ»
Այսօր հայ տաղանդաւոր քանդակագործ, արձաններու եւ գեղարուեստական քանդակներու հեղինակ Թերեզա Միրզոյեանի 100-ամեակն է: Արուեստագիտուհին կեանքէն հեռացած է 2016 թուականին՝ 94 տարեկանին: Իր ապրած եւ ստեղծագործած տարիներէն մինչեւ այսօր չենք կրնար ըսել, որ անոր անունը յայտնի էր լայն շրջանակներու եւ տաղանդաւոր արուեստագիտուհին կը վայելէր փառք ու ճանաչում: Մինչդեռ անոր կերտած քանդակները արժանի են իրենց տեղը գրաւելու լաւագոյն մշակութային կեդրոններու մէջ, իսկ արձանները կրնան զարդարել ժամանակակից որեւէ քաղաք:
Այնպէս կը թուի, թէ քանդակագործութիւնը տղամարդու գործ է եւ կինը դժուարութեամբ լեզու կը գտնէ քարին, մետաղին եւ այլ ծանր նիւթերուն հետ, որոնցմով կը կերտուին արձաններն ու քանդակները: Թերեզա Միրզոյեան իր արուեստով ապացուցած է, որ կինն ալ իր արժանի տեղն ու ըսելիքը ունի կերպարուեստի այդ ճիւղին մէջ:
Իր ստեղծագործութիւնները հիմնականօրէն կը վերաբերին մայրութեան, կիներու, սիրոյ, գարնան, որոնցմով ան կնոջական իր կնիքը դրած է քանդակագործութեան մէջ: Թերեզա Միրզոյեան ձգած է հարուստ գեղարուեստական ժառանգութիւն մը, ան միաժամանակ անփոխարինելի ազդեցութիւն ունեցած է հայկական քանդակագործութեան զարգացման վրայ: Հայաստանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ առաջին դասախօսներէն մէկը ըլլալով եւ աշխատելով Հայաստանի գլխաւոր կրթական հաստատութեան մէջ շուրջ վաթսուն տարի, ան կրթած է սերունդներ, որոնք յետոյ հպարտութեամբ պիտի ըսէին, որ եղած են հայ կին քանդակագործ Թերեզա Միրզոյեանի ուսանողը: Անոնց մէջ են նշանաւոր արուեստագէտներ Բենիկ Պետրոսեան, Գետիկ Պաղտասարեան եւ այլ քանդակագործներ: Մանաւանդ հեռաւոր շրջաններէն մայրաքաղաք ուսանելու գացած տաղանդաւոր ուսանողներուն հանդէպ Միրզոյեան առանձնայատուկ սէր տարած է՝ ըլլալով թէ՛ ուսուցիչ, թէ՛ մայր, թէ՛ քաջալերող եւ օգնող, ուստի պատահական չէ, որ իր ուսանողները զինք կոչած են «Մայր Թերեզա»՝ համեմատելով գթութեան նշանաւոր քոյր Մայր Թերեզայի կերպարին հետ:
Արուեստագիտուհին ծնած է Ղարաքիլիսա, որ այժմեան Վանաձոր քաղաքն է: Երբ չափահաս դարձած է, այդ տարիներուն հռչակ կը վայելէին Թիֆլիզի եւ Ռուսաստանի արուեստի կրթական կեդրոնները եւ ան Ղարաքիլիսայէն կը մեկնի նախ Թիֆլիզ՝ ուսանելու Թիֆլիզի Անդրկովկասեան ճարտարապետութեան ուսումնարանին մէջ, իսկ 1946 թուականին կ՚աւարտէ Թիֆլիզի գեղարուեստի ճեմարանը, որմէ ետք կը մեկնի Ռուսաստան: 1946-1967 թուականներուն կը կատարելագործուի Ռուսաստանի մէջ՝ նշանաւոր քանդակագործներ Վերա Մուխինայի եւ Նիքոլայ Տոմսքիի մօտ: Պատահական չէ, որ իր առաջին լուրջ ուսուցիչներէն մէկը քանդակագործութեան բնագաւառին մէջ, եղած է կին եւ այդ մէկը անշուշտ ազդեցութիւն ձգած է իր արուեստին վրայ:
Միրզոյեանի կենսագիրները կը նկատեն, որ անոր յետագայ գործունէութեան վրայ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցած է գնացքին մէջ պատահական հանդիպումը Երեւանի Գեղարուեստի կաճառի տնօրէն Արա Սարգսեանին հետ, որ Թերեզա Միրզոյեանին առաջարկած է գալ Հայաստան եւ դասաւանդել նորաբաց արուեստի կաճառին մէջ: Նոր հիմնուած էր կաճառը, պատերազմը նոր աւարտած էր եւ շատ հայ մասնագէտներ կը փութային Հայաստան գալ՝ մասնակից ըլլալու յաղթանակէն ետք Հայաստանի նոր կեանքի կերտումին: Անոնցմէ էր նաեւ Թերեզա Միրզոյեանը, որ 1947 թուականէն մանկավարժական աշխատանքի կ՚անցի այդ կաճառին մէջ, իսկ 1975-2000 թուականներուն կ՚ըլլայ քանդակագործութեան բաժինի վարիչը, զուգահեռաբար դասաւանդած է նաեւ Փանոս Թէրլէմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանէն ներս:
Գրեթէ նոյն տարիներէն ալ՝ 1940-ականներու վերջերէն, արուեստագիտուհին արդէն սկսած է մասնակցիլ հանրապետական, միութենական եւ միջազգային ցուցահանդէսներու, արժանացած է կոչումներու եւ պարգեւներու, ստացած է արուեստի վաստակաւոր գործիչի, վաստակաւոր նկարիչի կոչումներ:
Անոր գործերը ցուցադրուած են Ռուսաստան, Վրաստան, Պուլկարիա, Լիբանան, Լեհաստան, Գերմանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Ռումանիա եւ այլ տեղեր, ուր ո՛չ միայն հայ համայնքը, այլեւ տեղի արհեստավարժ արուեստի ներկայացուցիչները բարձր գնահատած են Խորհրդային Միութեան մէջ ստեղծագործող հայուհին, որուն արուեստը նկատած են նուրբ, միաժամանակ՝ զօրաւոր ըսելիք ունեցող, վառ զգացողութիւններ պարգեւող:
Միրզոյեանի գործերէն են «Ջուլհակուհին» (զետեղուած՝ Կիւմրիի մէջ), Հայրենական պատերազմի հայ հերոս Յունան Աւետիսեանի կիսանդրին, «Ողբ»ը, Չարենցաւան քաղաքի մուտքի յուշակոթողը, Անուշի եւ Սարոյի քանդակը՝ Թումանեանի տուն-թանգարանին մէջ, Աստուածաշնչեան թեմայով՝ «Վիշապայաղթ հրեշտակապետ Միքայէլը» եւ այլ արձաններ, իսկ ամենանշանաւորը անշուշտ Երեւանի կեդրոնը դրուած արձանն է, որ իւրօրինակ ճակատագրի արժանացած է:
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Թերեզա Միրզոյեանի 100-ամեակին նուիրուած տպաւորիչ ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր Հայաստանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը: Ցուցահանդէսը լաւ առիթ մըն էր բացայայտելու արուեստագիտուհին, մանաւանդ այս օրերուն, երբ անցեալի ամէն մէկ դրուագը աւելիով կ՚արժեւորուի, կը լրացուին բացթողումները եւ մոռցուած անունները կը ներկայացուին հանրութեան: «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը այցելուներու պակաս չ՚ունենար, եւ այս արտայայտիչ ցուցահանդէսն ալ ունեցաւ իր արժանաւոր այցելուները, որոնք նորովի տեսան կին քանդակագործին ձեռագիրը, հասկցան, որ տղամարդոց հաւասար նաեւ կինը կրնայ դիմել այս դժուար արուեստին եւ յառաջանալ:
Կեդրոնի «Արծիւ» սրահին մէջ ցուցադ-րըւած էին Միրզոյեանի՝ 1950-2000-ականներու զանազան փուլերու կերտուած քանդակները, որոնք իրարմէ կը զանազանուին իրենց բնաբաններով, բայց յայտնի է նոյն արուեստագէտին ձեռագիրը, որ դրոշմուած է բոլոր քանդակներուն վրայ: Ցուցադրութեան ներկայացուած շուրջ քառասուն քանդակներուն մեծամասնութիւնը սրահ բերուած են ընտանիքին՝ խնամքով պահպանուած հաւաքածոյէն։ Միրզոյեանին դուստրը՝ Անոյշ Առաքելեան, նոյնպէս արուեստագէտ է եւ շրջան մը ինքն ու մայրը նոյն արուեստանոցին մէջ ստեղծագործած են, ուստի ան մօր հետ կապուած է ո՛չ միայն իբրեւ զաւակ, այլեւ՝ իբրեւ արուեստագէտ: Այսօր ան է, որ մօր ժառանգութիւնը պահպանելու եւ հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնելու գործին լծուած է՝ ընտանիքի միւս անդամներուն հետ միասին: Մայր ու դուստր նոյնիսկ համատեղ ցուցահանդէս մը ունեցած են Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ 2004 թուականին: «Հրեշտակներու վերադարձը» խորագրեալ այդ ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած գործերը Թերեզա Միրզոյեան ստեղծած է երեք ամսուան ընթացքին՝ տեղւոյն վրայ եւ ցուցահանդէսն ալ արժանացած է ամերիկեան արուեստասէր հասարակութեան ընդունելութեան:
Անոր գործերը ցրուած են զանազան երկիրներու մէջ, Ռուսաստանի, Ղազախիստանի քաղաքներուն մէջ իր յօրինած արձաններէն տեղադրուած են, աւելի փոքր գործերը ներառուած են թանգարաններու եւ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ:
«Գաֆէսճեան» կեդրոնին մէջ ցուցադրուած են Միրզոյեանի գործերէն կաւէ, գաճաքարէ, տուֆէ, սեւակուճէ, մարմարէ, ճենապակիէ, փայտէ, անագապղինձէ, պաղլեղածին նիւթէ եւ այլ ատաղձէ քանդակներ: Այսպիսի բազմազան նիւթերու դիմած է քանդակագործուհին՝ համարձակօրէն կերտելով կիներու կերպարներ, սիրոյ տեսարաններ, աշխատաւոր կիներու դիմանկարներ, երեխան մեծցնող եւ դժուարութիւնները ուսերուն վրայ կրող մօր պատկերներ: Իր ստեղծագործած տարիներուն չկային կիներու իրաւունքներուն պաշտպան շարժումներ եւ ան, ներքուստ զգալով այդ գաղափարը, արտայայտած է արուեստի միջոցով: Քանդակագործուհին կիրարկած է արձանաշինութեան թէ՛ դասական, թէ՛ ժամանակակից ձեւերը, միաժամանակ չհեռանալով ազգայինէն եւ իր սեփական մտածումներէն: Մայրութեան, կիներու վերաբերող արձաններէն զատ Միրզոյեան կերտած է նաեւ հայրութեան նուիրուած շարք՝ այդ երկու գաղափարները իրարմէ անբաժան նկատելով, ինչ որ ա՛լ աւելի ամբողջական ու ընկալելի կը դարձնէ իր արուեստը:
«ԿԸ ՍԻՐԷ, ՉԻ ՍԻՐԵՐ»
Ցուցահանդէսի այցելուները անտարբեր չէին սրահին կեդրոնը դրուած «Կը սիրէ, չի սիրեր» խորագրով քանդակին հանդէպ: Այդ արձանին մեծ տարբերակը Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ է եւ նոյնպէս անտարբեր չի ձգեր անցորդները: Քանդակագործուհին բնօրինակը ստեղծած է 1967 թուականին։ Մէկուկէս մեթրէն քիչ մը աւելի բարձրութեամբ այդ պղնձեայ արձանը 1991 թուականին կոտրած եւ գողցած են, ինչպէս այդ տարիներուն Հայաստանի բազմաթիւ արձաններ:
Ամենաթողութեան տարիներն էին, փողոցները մութ, կարգուկանոնը՝ տկար, եւ ամէն օր մարդիկ կ՚արթննային՝ փողոցներէն բան մը պակսած տեսնելով: Այդպէս պղծուած են բազում շիրմաքարեր, գողցուած են յուշաքարեր, արձաններ, քանդակներու մասեր եւ այլ արժէքաւոր իրեր, որոնք կարելի էր աժան գիներով վաճառել եւ չամչնալ այդ վայրագութեան համար: Թերեզա Միրզոյեան այդ ժամանակ տակաւին ողջ էր, կը ստեղծագործէր, կը դասաւանդէր եւ անոր համար մեծ ցաւ էր իր լաւագոյն գործերէն մէկուն հանդէպ կատարուած այդ արարքը, այն ալ՝ Երեւանի կեդրոնին: Ան միշտ ցանկութիւն ունեցած է կրկին նոյն տեղը տեսնել այդ արձանը, որ սիրուած էր երեւանցիներու, անցորդներու կողմէ: 2012 թուականին վերջապէս, դստեր եւ Միրզոյեանին արուեստագէտ ընկերներուն ջանքերով կարելի եղաւ տեղադրել քանդակին վերականգնուած պրոնզաձոյլ տարբերակը՝ նախկին վայրէն քիչ մը հեռու։ Քանդակի բնօրինակին նախագիծերը կը պահպանուէին, մաս մըն ալ հեղինակը լրացուցած է, եւ այդ նախագիծերով գործը վերականգնած են դուստրը՝ Անոյշ Միրզոյեան եւ քանդակագործ Գետիկ Պաղտասարեան։ Արձանին բացումը տեղի ունեցած է Թերեզա Միրզոյեանի ծննդեան 90-ամեակի եւ Երեւանի 2794-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրէն ներս։ Անցեալի դառն փորձէն ելլելով, արձանը ամրացուած է ծանր պատուանդանի մը վրայ, իսկ նիւթը փոխուած է պրոնզի, որ աւելի պինդ է: Արուեստագիտուհին քանի մը տարի ետք հեռացած է կեանքէն, բայց, խաղաղ հոգիով, որ իր ստեղծագործութիւնը այլեւս ապահով միջավայրի մէջ է:
Այսօր առաջուան պէս արձաններ չեն գողցուիր, գրեթէ քիչցած են պղծումի, մասնատման դէպքերը, դժուար է ըսել, որ հասարակութիւնը կրթուա՞ծ է, թէ՞ ամէնուր տեսախցիկներու եւ ապահովական միջոցներու առկայութիւնն է, որ կը զսպէ արձանահէնները:
Ինչ կը վերաբերի «Կը սիրէ, չի սիրեր» քանդակին, ապա խոտերուն մէջ նստած նրբիրան, երկար պարանոցով աղջիկը, որ ծալքաւոր զգեստ կը կրէ, միլիոնաւոր սիրահարներու խորհրդանիշն է: Նստած խոտերուն մէջ ան կ՚երկմտի՝ արդեօք սիրուա՞ծ է, արդեօք կարելի՞ է հաւատալ երջանկութեան, արդեօք իմաստ ունի՞ սպասել սիրելիին եւ տառապիլ ատոր համար: Սովորաբար «Կը սիրէ, չի սիրեր» խաղը երիցուկ ծաղիկի միջոցով կը խաղան՝ կարգով փրցնելով անոր թերթիկները եւ ամէն փրցուած թերթիկին հետ կրկնելով՝ «Կը սիրէ, չի սիրեր»: Վերջին թերթիկին վրայ ըսուած արտայայտութիւնն ալ կը նկատեն ճշմարիտը եւ կա՛մ կ՚ուրախանան կա՛մ կը տխրին: Արեւմտահայ եւ հայկական գաւառական կարգ մը վայրերու մէջ այս խաղը կը կապեն ո՛չ թէ սիրոյ, այլ՝ կեանքի եւ մահուան հետ եւ երիցուկ ծաղիկին հոմանիշն ալ «Ապրիմ մեռնիմ»ն է: Թերեւս սէրը, սպասումը, սիրուիլը շատերուն համար իսկապէս կեանքի եւ մահուան նշանակութիւն ունի եւ դժուար է ըսել, թէ քանդակագործուհին սպասումի դիրքով նստած աղջկան կերպարին մէջ տեսա՞ծ է այդ զգացողութիւնները, թէ՞ ոչ:
Միրզոյեանի քանդակին մէջ աղջկան ձեռքին չկայ քարէ ծաղիկ, ան արձանը զերծ պահած է ժամանակի մէջ սառած անդառնալի ու անզիջում դատավճիռէն։ Քանդակագործը կ՚առաջարկէ, որ անցորդները իրենք թարմ ծաղիկ տան իր գեղեցկուհի արձանին՝ ի նշան անվերջ յոյսի ու անսպառ սիրոյ: Յաճախ կարելի է տեսնել, որ արձանին ձեռքին թարմ ծաղիկ մը յայտնուած է. սիրահարները չեն խնայեր իրենց ընծայուած ծաղիկները եւ զանոնք կը տեղադրեն արձանի աղջկան ձեռքերուն մէջ՝ վստահ ըլլալով, որ կը գտնեն իրենց սէրը:
Այսպէս նաեւ կ՚արժեւորուի 20-րդ դարու եզակի կին արուեստագէտներէն մին եւ 100-ամեակը առիթ մըն է անգամ մը եւս հայեացք նետելու անոր ժառանգութեան վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան