ԱՊՐԻԼ. ԿԵԱՆՔԸ ՎԱՅԵԼԵԼ ՄԱՀՈՒԱՆ ՇՈՒՔԻՆ ՆԵՐՔԵՒ

Կեանքի ու ապրելու իմաստին մասին գրի առնուած են զանազան ստեղծագործութիւններ, յօրինուած են երգեր, նկարահանուած են ժապաւէններ։ Բոլորն ալ փորձած են արդիւնքի մը հասնիլ կեանքի իմաստի որոնման հարցին մէջ։ Ահա՛ այս որոնման մէկ մասը դարձած է «Ապրիլ» ժապաւէնը։

Նոպելեան մրցանակակիր գրող Քազուօ Իշիկուրոյի գրի առած «Ապրիլ» ժապաւէնի բեմագրութիւնը՝ Աքիրա Քուրոսավայի «Իքիրու» ֆիլմի վերարտադրուած տարբերակն է, որու մէջ դէպքերը տեղի կ՚ունենան 1950ականներու Լոնտոնի մէջ: «Ապրիլ»ը չափազանց զգացական եւ յուզիչ մօտեցմամբ կը պատմէ քաղաքապետարանի մէջ աշխատող տարեց դիւանապետի մը մասին, որ կը սորվի, թէ հիւանդութեան մը պատճառով կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի մահանայ։ Ժապաւէնը մասնաւորապէս կը կեդրոնանայ նաեւ այն հանգամանքին վրայ, թէ ան ինչպէ՞ս կը վերագտնէ կեանքին բերկրանքը։

Գլխաւոր հերոս Ուիլիըմս՝ ծայրայեղ լուրջ պետական պաշտօնեայ մը, կը սկսի իր սեփական ճանապարհորդութեան՝ իր մօտ անբուժելի հիւանդութեան մը ախտաճանաչումէն յետոյ։ Շարժանկարը՝ դիտողները կը մղէ կասկածի տակ առնել սեփական կեանքի նպատակը եւ հարցականի տակ դնել, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ: Անհաւանական խնամքով, մաքուր դերասանական խաղով եւ հրաշալի երաժշտութեամբ այս շարժանկարը դիտելէ յետոյ կարելի է զգալ, որ պէտք է թողել ամէն ինչ եւ սկսիլ իսկապէս ապրիլ: Գլխաւոր հերոսը մարմնաւորող Պիլ Նայիի այս շարժանկարի արձանագրած յաջողութեան ունեցած դերակատարութիւնը անհերքելի է: Թէեւ Ուիլիըմսի կերպարը նախ չի ներկայացուիր որպէս առանձնապէս համակրելի անձնաւորութիւն, սակայն անոր սառնութիւնը աստիճանաբար կը փոխարինուի ջերմութեամբ եւ ան հետզհետէ կը գրաւէ դիտողներու ուշադրութիւնը: Վերջաւորութեան քաղցր զգացումը կը մխիթարէ անկասկած իւրաքանչիւրը, որ կը կասկածի իր կեանքի կարեւորութեան վրայ, որքան ալ չնչին կամ աննշան թուի:

Ժապաւէնը կը սկսի Անթոնին Տվորաքի «Tempo di Valse»ով: «The Fall» ժապաւէնի սկիզբին Պեթհովընի 7-րդ սիմֆոնիի ուղեկցութեամբ ներկայացուած դրուագները, ըստ իս, ամենատպաւորիչ մուտքն էր, իսկ այժմ անոր վրայ եկաւ աւելնալ «Ապրիլ»ը։

«Ապրիլ»… Քաղաքապետարանի 70-ամեայ աշխատակից մը, որ երկար տարիներ առաջ դադրած է կեանքը լիովին ապրելէ։ Երբ կ՚իմանայ, թէ ան կեանքը վայելելու համար ունի նուազագոյնս ինն ամիս, կը սկսի դարձեալ շփուիլ կեանքին հետ, իր զգացումներն ու վախերը զինք կը մղեն հարցականի տակ դնել իր կեանքի ամբողջ ընթացքը: Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել մարդու մը ամենաերջանիկ պահու մասին. այն պահու մասին, որ կը դրդէ զինք ապրիլ, հակառակ որ ան գիտէ, թէ կը պատրաստուի մահանալ:

Երբ Ուիլիըմս առաջին անգամ կ՚իմանայ, թէ ան ունի քիչ ժամանակ ապրելու, կ՚ըսէ.

«Ես վերցուցի որոշ կանխիկ գումար. իմ խնայածներու գրեթէ կէսը։ Իմ խնդիրն է, թէ ես վերցուցի այն գումարը եւ եկայ այստեղ, կեանքը վայելելու կամ քիչ մը ապրելու համար… Բայց ես հասկցայ, որ չեմ գիտեր, թէ այդ մէկը ինչպէ՞ս պէտք է ընեմ»։

Ամերիկացի հոգեբոյժ Այրվին Եալոմ գոյաբանական հոգեբուժութեան մասին իր գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Երբ մենք մեզ կը պաշտպանենք կեանքը սպառելէ՝ ապրելով չափազանց բազմազբաղ կամ շատ արագ, մենք մեզ մեղաւոր կը զգանք չօգտագործուած կեանքի, մեր զգացումներու զանցառութեան համար: Պատկերացուցէք կեանքը առանց մահուան մասին մտածելու: Կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստը։ Կեանքը կը փոքրանայ, երբ մահը կը հերքուի»:

Իրականութեան մէջ, Եալոմ չ՚ըսեր, թէ իւրաքանչիւր պահ պէտք է գործենք մահուան վախով։ Իր «Արեւուն նայիլ, մահուամբ առերեսուիլ» գիրքին մէջ ան կը մէջբերէ Քունտերայի խօսքերը. «Գիտակցիլ մահուան. սա արթնութեան փորձառութիւն մըն է, որ կրնայ հզօր քաթալիզէօր մը ըլլալ կեանքի արմատական փոփոխութիւններու համար»։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 11, 2023