ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (46)

Միգիշերեայ լարումէն, սպասումէն, զիրար կորսնցնելու հաւանականութեան տածած վախէն յետոյ Զանայի եւ Նորայի գիրկընդխառնումը լճի մօտ, մէկզմէկու վերագտնումն ու փոխադարձ վստահութեան վերականգնումը՝ եթերեային վիճակի մը հասցուցած էին զիրենք։ Հանդարտած էին ալիքները մէկ անգամէն, քաշուած էին ամպերը խիտ ու բացած երկինքը հոգիներուն երկուքին, ներս թողելով ջերմութիւն մը, անհոգութիւն մը, թուլութիւն մը նոյնիսկ ներս իրենց մարմիններէն...

Միասին կը քալէին դէպի քաղաքի կեդրոն, դէպի տունը Նորային։

Բայց երբ անցան օղակաձեւ այգին ու մտան Փոքր Կենտրոն, Նորան լարուիլ սկսաւ վերստին։ Հապա՞ եթէ տեսնող ըլլար նորէն, հապա՞ եթէ լուրը երթար Վանաձոր։ Զանան կորսնցնելու վախէն ձերբազատուած էր թէեւ, բայց ընտանիքի կողմէ մերժուելու, դուրս մղուելու, անտեսուելու մտքին հետ հաշտուելէ հեռու էր տակաւին։

-Զա՛ն, մի գուցէ առանձի՞ն մինչեւ տուն շարունակեմ...

-... Չէ Նորա... սենց չենք կարող ապրել...

-… գիտեմ... բայց մի տեսակ վախենում եմ, յատկապէս այս օրերին... գոնէ մի քանի օր անցնէր, գուցէ մոռանային մեր մասին...

-... լաւ, միւս մայթէն քայլեմ

Համաձայնեցաւ Զանան, համբուրեց այտերը Նորային եւ կտրեց փողոցը։ Կէսին դարձաւ, կէս-կատակ «չփախնե՛ս» մը ըսաւ, ու շարունակեց։ «Երբե՛ք», ժպիտով պատասխանեց Նորան, եւ համբոյր մ՚ուղարկեց օդային։ Այդպէս քալեցին երկու կողմերէն Խորենացի փողոցի, հեռու իրարմէ ֆիզիքապէս, բայց հայեացքներն իրար կապած անընդհատ գրեթէ։

Երբ կտրեցին Մաշտոցը, եւ ուր որ է բակ պէտք է մտներ Նորան, Զանայի համբերութիւնը հատաւ։ Վազելով անցաւ փողոցը, առաւ Նորայի վիզը ձեռքերուն մէջ, ու համբուրեց զինք տաք ու երկար։ «Վաղը գիշեր, ուշոտ, զգոյշ, կու գաս իմ տուն», ըսաւ Նորան ու փախաւ։ Իջաւ աստիճաններէն բակ, վազեց մտաւ շէնք, վերջին պահին անգամ մը եւս Զանային նայելով, որ վերը՝ մայթին կանգնած, ձեռքերը գրպաններուն մէջ, սիրահարուած կը նայէր իրեն։

Վերելակը սկսաւ բարձրանալ։ Հատեց յարկերը բոլոր, Նորան հասաւ յարկաբաժին։ Ընկերուհին բացաւ դուռը, գրկեցին զիրար։ Անցաւ խոհանոց, բաժակ մը պաղ ջուր լեցուց, առաւ զայն իր հետ ու գնաց սենեակ։ Երկու օր գոց մնացած՝ օդազրկուեր ու տաքցեր էր այն։ Բաժակը դրաւ սեղանին, բացաւ պատուհանը, որ դէպի Կոնտ կը նայէր։ Վերցուց գաւաթը կրկին, ու յենելով պատուհանի եզրին նայեցաւ Կոնտի վրայ։ Զանան հոն տեղ մը պիտի ըլլար, հաւանաբար տան շատ մօտ արդէն հիմա։

Ու յանկարծ, յանկարծ հոնկէ, Կոնտէն եկող գոռոց-պոռոց մը լսեց։

Յետոյ ճիչ մը ծանօթ ու սիրելի... Ապա վազքի դափիւններ... Ահա երկու տղայ, մութին մէջ, վազելով դուրս եկան Կոնտէն, փախան դէպի Լէոյի փողոց...

Նորայի ոտքերը թաց էին. գաւաթն ինկեր, փշրուեր էր այնտեղ...

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11, 2020