ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՄԵՐԻ ՄՈՒՆԻ ՆՈՅՆԱԺԱՄԱՆԱԿ ԵՐԿՐՈՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Նկար­չու­հի Մե­րի Մուն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան նոր ցու­ցա­հան­դէս մը եւս բա­ցաւ Պէ­յօղ­լուի մէջ։ Սա քա­ղա­քիս մէջ յայտ­նի ա­րուես­տա­գի­տու­հիին կող­մէ բա­ցուած նոյ­նա­ժա­մա­նակ երկ­րորդ ցու­ցա­հան­դէ­սը կը հան­դի­սա­նայ։ Ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ Թոփ­հա­նէի «Tütün Deposu»ին մէջ ցու­ցա­հան­դէ­սէն վերջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ալ մօ­տա­կայ­քի «G-art» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ Մե­րի Մու­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը յանձ­նուե­ցան գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու դա­տին։ Այս եր­կու ցու­ցա­հան­դէս­ներն ալ կը կրեն նոյն ա­նու­նը. «Գե­ղե­ցիկ է ի­րա­կա­նու­թիւ­նը»։

Հա­յաս­տա­նէն քա­ղաքս գա­լով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած Մե­րի Մուն 2004 թուա­կա­նէն ի վեր կ՚ար­տադ­րէ քա­ղաք­նե­րու հա­մայ­նա­պատ­կեր­ներ՝ իր ու­րոյն ո­ճով։ Ա­ռար­կա­նե­րը տար­բեր տե­սան­կիւ­նէ մը դի­տար­կե­լու ձգտու­մով՝ ան կը նկա­րէ քա­ղաք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ շար­քեր։ Նկար­չա­սէր­նե­րը Մե­րի Մու­նի գոր­ծե­րը տես­նե­լով հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան բարձր դիր­քէ մը նա­յե­լու քա­ղա­քի մը, դիր­քա­ւո­րուե­լով այն­պի­սի կէ­տի մը վրայ, ուր մար­դիկ չեն գտնուիր ա­ռօ­րեա­յի ըն­թաց­քին։ Խո­րա­թա­փանց ակ­նար­կով մը՝ Մե­րի Մու­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­լի է նշմա­րել, որ մար­դիկ թէեւ մէկ կող­մէ կը ջա­նան ա­ռողջ կեանք մը ապ­րիլ, միւս կող­մէ սա­կայն ան­հան­գիստ եւ դժբախտ են։ Նկար­չու­հիի տե­սա­դաշ­տին մէջ է քա­ղա­քին այն ե­րե­սա­կը, որ բնա­կիչ­նե­րու կող­մէ չի նշմա­րուիր ա­նոր մէջ ապ­րե­լու ժա­մա­նակ։ Այս տե­սան­կիւ­նէն, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը իր գոր­ծե­րուն մի­ջո­ցաւ կը նշմա­րեն՝ թէ բո­լոր քա­ղաք­նե­րու դի­մա­գի­ծը սկսած է քիչ թէ շատ նմա­նիլ ի­րա­րու։ Աշ­խարհ հետզ­հե­տէ ինք­նին մեծ քա­ղա­քի մը կը վե­րա­ծուի եւ այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ նկար­չու­հի Մե­րի Մու­նին տե­սա­կէ­տէ գե­ղա­րուես­տը կը վե­րա­ծուի մի­ջո­ցի մը՝ զա­նա­զան մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թիւն հաս­տա­տե­լու հա­մար։

Մե­րի Մու­նի այս ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ եւս ընդգր­կուած են թէ՛ պաս­տառ­ներ եւ թէ իր կող­մէ ստեղ­ծա­գոր­ծուած ար­ձան­ներ կամ ա­ռար­կա­ներ, ո­րոնք այս ան­գամ դրուած են նաեւ վա­ճառ­քի։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի ե­րէ­կուան բաց­ման ըն­թաց­քին ան ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ իր ա­րուես­տի հա­մա­կիր­նե­րուն կող­մէ, որոնք իրեն մաղթեցին նորանոր յաջողութիւններ։

Նկար­չա­սէր­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան այս ցու­ցա­հան­դէ­սը այ­ցե­լել մին­չեւ տա­րե­վերջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2015