ԵՐԱՆԻ՜ ՄԱՀԱՑՈՂՆԵՐՈՒՆ…

Երանի՜ մահացողներուն, երանի՜ մահացածներուն… անոնք չեն ապրիր այն ցաւը, ինչ որ մենք այժմ կը զգանք:

Երանի՜ խենթերուն, որ սա պահուն կը ցնծան: Երանի՜ ոչ-հայերուն:

Նոյեմբերի տասի գիշերին, կէսգիշերն անց երեքին հեռաձայնը հնչեց.

-Ամալիկ, Երեւանի մէջ ինչե՞ր կը կատարուին, Փաշինեանը հողերը յանձներ է,- զարհուրած կ՚ըսէ եղբայրս:

-Այդպիսի բան մը չի կրնար պատահիլ, սուտ է,- ըսաւ Ամալիկը եւ ընկալուչը դնելէ վերջ ստուգեց իր դիմատետրը: Սուտը մեր շուրջն էր: Ամէն բան կեղծիք էր: Մեր աշխարհը փուլ եկաւ, մենք հողին հաւասարեցանք:

Հայ ժողովուրդի «փրկիչը» դէպի դժոխք մեզի համար տոմսակ գնած էր: Նիկոլը դաւաճանեց. Նիկոլը սկուտեղի վրայ Արցախը անվճար մատոյց հակառակորդին: Անտուն ու անհայրենիք ձգեց մի ամբողջ ժողովուրդ:

Որքան էլ որ դժուար լինի դիմացէք,
Հողը արիւնով են պահում իմացէք...

Յայտնի երգի մը բառեր են: Հայ զինուորը իր արեամբ գծեց Արցախի սահմանները, որպէսզի նուիրեն: Առանց արցախցիին, առանց որդեկորոյս մայրերուն հարցնելու մեր տունը յանձնեն զայն քանդողին:

Ընդամէնը ժամեր առաջ կը թուէր, թէ պատերազմը ամենասարսափելի բանն է, բայց եկուր ու տես, որ այդպէ՞ս է: Սարսափելին՝ սկուտեղի վրայ հայրենիք մատուցելն է:

Շուշին գնաց: Ամալիկի ընտանիքը մնաց անտուն ու անտէր: Ոչ միայն մեր հարսի ընտանիքը, այլեւ հազարաւոր ընտանիքներ... Տուին Ղազանչեցոցը, Դադիվանքը...

Պատերազմի քառասունմեկերորդ օրուընէ սկսեալ՝ սկսայ ծոմ պահել ու պիտի շարունակեմ, քանզի ներքուստ կը հաւատամ: Աստուծոյ կամօք չեմ խենթացած, իմ հաւատքը ինծի կու տայ ուժ:

Իսկ մեր գերեզմանները... ի՞նչ պիտի ըլլան մեր գերեզմանները, ո՞վ պիտի այցելէ մեր յաւերժի ճամբորդներուն:

Երբ պատերազմի բօթն առի, ամենէն առաջ եղբօրս համար չէ, որ յուզուեցայ, այլ հայրենիքիս: Կրծքավանդակիս մէջ սուր ցաւ մը մտած էր, ինծի թուաց, թէ յուզմունքէն էր:

Մեր զինուորները, մեր կամաւորները, մեր բանակը չպարտուեցաւ, Շուշին չյանձնեց: Բերդաքաղաքի համար յամառ մարտերը կը շարունակուէին, սակայն փափուկ աթոռներու վրայ տաք-տաք նստած դաւաճանները իրենց թեթեւ ձեռքով փոխեցին խաղի կանոնները:

Այլեւս կը հաւատամ, որ սա պատերազմը նախօրօք ծրագրաւորուած էր, որ Արցախի, Բերդաքաղաքի անկումը ի սկզբանէ որոշուած է: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ մի ամբողջ սերունդ մատաղ գնաց սա կեղտոտ խաղին:

Մեզմէ իւրաքանչիւրի սիրտը երեք բանի համար կը դողար՝ ռազմաճակատի մէջ գտնուող մեր ընտանիքի անդամներուն, Արցախ աշխարհին եւ բոլոր զինծառայողներուն: Բոլորս ալ հոգեպէս պատրաստ էինք յանուն Արցախի ամէն բան զոհելու: Սակայն զոհեցին մեզ…

Կը կարօտնամ պատերազմը, մեր շնչակտուր ապրումներն ու սպասումները...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2020