ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ
Կեդրոնականի ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ աւանդական բաժակի օրուան առթիւ։ Երէկ, վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուեցան Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ, ուր տեղի ունեցաւ բաժակի օրուան հանդիսութիւնը։ Շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Դեկտեմբեր ամսուան երկրորդ Կիրակիին կեդրոնականցիները կը համախմբուին, զիրար կը վայելեն ու վերահասու կը դառնան իրենց վարժարանի վերջին իրադարձութիւններուն։
Երէկուան բաժակի օրը նոյնպէս ջերմ մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց կեդրոնականցիները։ Ներկայ էին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճեան, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ 50-ամեայ եւ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները արտասովոր խանդավառութեան մէջ էին եւ հանդիսութեան բոլոր մասնակիցները անկեղծ զգացումներով բաժնեցին անոնց ուրախութիւնը։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Արիանա Սվասլըօղլուի, որու ողջոյնի խօսքով բացուեցաւ հաւաքոյթը։ Ժամը 13.30-ին, բոլոր կեդրոնականցիները բաժակներ ի ձեռին յոտնկայս հանդէս եկան միասնաբար գոչելով «Ապրի Կեդրոնականը, ապրի կեդրոնականցին»։ Բաժակի պահու աւանդութիւնը կեդրոնականցիներուն տեսակէտէ վերանորոգ խանդավառութեան ու մշտական կենսունակութեան ազդարարութիւնը կը համարուի։ Ուստի, այդ պահուն բոլորը համակուած էին բարձր տրամադրութիւնով, ինչ որ պայմանաւորեց նաեւ աւանդական հաւաքոյթին մթնոլորտը։ Բաժակի պահուն որպէս երիցագոյն եւ կրտսերագոյն կեդրոնականցիներ հանդէս եկան՝ Շաքէ Սիմքէշեան եւ ամենաերիտասարդ շրջանաւարտ Սէրտար Պորա։ Բաժակի պահէն վերջ անոնք արտասանեցին սրտի խօսքեր։
Աւելի վերջ կարգը հասաւ 50-ամեայ եւ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներու մեծարման։ 25-ամեայ շրջանաւարտ դասարանէն սրահին մէջ ներկայ էին՝ Արթօ Բարունակ Մկրտիչեան, Շանթ Մարաշլեան, Գէորգ Պոյաճեան, Երուանդ Պոյաճեան, Սայաթ Ուշաքլըկիլ, Սեւակ Վարդանեան, Սարվէն Բալանճը, Ժան Համբարձում Կիւլլիւօղլու, Արարատ Տիրացուեան եւ Յովհաննէս Չեւիքօղլու։ Այս վերջինները յուշանուէրներ ստացան՝ իրենց շրջանաւարտութեան 25-ամեակին առթիւ։
50-ամեայ ընթացաւարտ դասարանէն ներկայ էին՝ Տքթ. Վարուժան Ասատուր, Միրիճան Կիւրեղեան, Յարութիւն Ալթըփարմաք, Խաչիկ Շիլէլեան, Միհրան Գարաքըզեան, Հայկարամ Գարասու, Նշան Պապահան, Սահակ Թունա, Պարոն Նալպանտ, Մկրտիչ Սաքըզօղլու եւ Սարգիս Քիւլէկէչ։ 50-ամեայ շրջանաւարտներն ալ ստացան իրենց յուշանուէրները եւ անոնց անունով արտայայտուեցաւ Պարոն Նալպանտ։ Միրիճան Կիւրեղեան, որ այս հանդիսութեան մասնակցելու համար եկած էր Լոս Անճելըսէն, նոյնպէս արտասանեց սրտի խօսքը։ Ան փոխանցեց նաեւ դարձեալ ամերիկաբնակ իրենց դասընկերներէն Յովհաննէս Քուլաք-Աւետիքեանի կողմէ փոխանցուած նամակը եւ գրի առնուած բանաստեղծութիւնը։
Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած աւանդութեան հիման վրայ՝ յոբելեար շրջանաւարտներէն վերջ բեմ բարձրացան նաեւ Կեդրոնականի վերջին շրջանաւարտները, որոնց անունով խօսք առին Սէրտար Պորա, Մասիս Թաշը եւ Օլիվիա Ուլուաք։ Վերջին շրջանաւարտներէն Նարեկ Պոյնուքալըն եւ Մասիս Թաշը նաեւ ներկայացուցին երգ մը։
Կեդրոնականի ընտանիքէն երեք պատասխանատուներ՝ Սիլվա Գույումճեան, Կարպիս Պալմումճեան եւ Գէորգ Սիմքէշեան հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկան ելոյթներով։ Տնօրէնուհին կանգ առաւ կեդրոնականցիներու բնորոշ ոգիին վրայ եւ բոլոր շրջանաւարտներուն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի իրենց կապը չխզեն դպրոցին հետ եւ հետեւին անոր կացութեան։ Իր կարգին, Կարպիս Պալմումճեան ալ ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ դպրոցի կացութեան շուրջ։ Իսկ Գէորգ Սիմքէշեան անդրադարձաւ սանուց միութեան գործունէութեան։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին մասնակից կեդրոնականցիները անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին իրարու հետ եւ զիրար վերագտնելու վառ տպաւորութեան լոյսին տակ այժմէն ժամադրուեցան յաջորդ տարուան բաժակի օրուան համար։