ՍԻՐՈՒՆԻԻ «ՀԱՅՐԵՆԻ ՏՈՒՆԸ»

Հայագէտ, արեւելագէտ, գրող, գրականագէտ, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ Յակոբ Սիրունի (Ճոլոլեան) 1965-1969 թուականներուն «Էջմիածին» հանդէսին մէջ, շարունակաբար կը ստորագրէ «Կոմիտասին հետ» խորագրով յօդուածաշարքը: Սիրունի, որ ծնած էր Ատաբազար, 1901 թուականին ընտանիքին հետ Պոլիս կը տեղափոխուի, կը յաճախէ Պոլսոյ Էսայեան վարժարան, կը շարունակէ ուսումը ու շրջանաւարտ կը դառնայ յաջորդաբար Կեդրոնական վարժարանէն՝ 1909-ին եւ Պոլսոյ համալսարանի իրաւագիտական բաժնէն՝ 1913-ին։ Ան նշանակալից գործունէութիւն ծաւալած էր Պոլսոյ մէջ եւ քաջածանօթ էր հայկական կեանքի մանրամասնութիւններուն:

1922-ին, քաղաքական պատճառներով, կը լքէ Պոլիսը ու կը հաստատուի Ռումանիա, ուր նոյնպէս յատկանշական գործունէութիւն կ՚ունենայ: Պոլսոյ մասին հրատարակած է «Պոլիս եւ իր դերը» հինգ հատորեայ աշխատութիւնը: Նոյնպէս 1960-ականներուն «Էջմիածին» ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր ուսումնասիրութիւնները՝ Եղիշէ Արք. Դուրեանի, Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի եւ ուրիշներու մասին։

Այս յօդուածը հատուած մըն է Սիրունիի ստորագրած «Կոմիտասին հետ» գրութենէն, որուն մանրամասնութիւնները հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն Կոմիտասի մահէն 83 եւ Յակոբ Սիրունիի մահէն 45 տարի ետք:

Սիրունի Կոմիտասին նուիրուած իր յօդուածաշարքին մէջ կը բացատրէ, թէ հակառակ որ Կոմիտասի մահէն շուրջ կէս դար անցած է, սակայն ան՝ մեծ հայը, «չի դադրիր մեր մէջ ապրելէ»: Ինքը՝ Սիրունին, ծանօթ ըլլալով Կոմիտասին, քննութեան կ՚առնէ Կոմիտաս Վարդապետին Պոլիս ապրած տարիները, կը բացայայտէ շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ: Կոմիտասին գալը Պոլիս ան խորագրած է «Հայրենի տունը».

Կոմիտաս անշշուկ մտաւ Պոլիս։ Ոչ ոք լուր ունեցաւ իր ժամանումէն։ Անցած էր վաղուց գինովութեան մեր այն շրջանը, երբ Կովկասէն եկողները ծափով ու ծնծղայով կը դիմաւորէր Պոլիսը։ Ծիծաղելի այդ զոյգ տարիէն յետոյ, ի՜նչ դէմքեր աննշմար պիտի մտնէին այլեւս Պոլիս, ու պիտի չգիտնայինք երբեք, եթէ մեր թերթերը երկու տողով լուր տուած չըլլային անոնց մասին։

Այդպէս մեզի եկաւ Կոմիտաս։ Ոչ թերթերուն խմբագրատուները պտտեցաւ, ինչպէս իրմէ առաջ շատերն ըրին, ոչ ալ աղմուկ ստեղծել ուզեց շուրջը։ Միակ այցելութիւնը,- վտանգաւոր այց այն օրերուն,- ան տուաւ Օրմանեանին, որ իր դաստիարակն էր եղեր ճեմարանին մէջ եւ որ այդ պահուն կը ճգնէր Ըթըր փողոցի իր բնակարանը, ամբաստանութեանց բեռը ուսին։

Կոմիտաս իսկոյն վազեց, գնաց Քէօթահիա։ Տարիներ առաջ ան անգամ մը այցի եկեր էր իր հայրենիքը։

Կարօ Ուշագլեան, ակնարկելով Սողոմոն սարկաւագի 1892-ի այդ այցին, կը գրէ․

«Ըսին, որ կու գայ։ Կրօնաւորի տարազով, մեր դպրոցի սրահէն ներս մտաւ դեղին մօրուքով, սիրուն, աշխոյժ, ժպտադէմ երիտասարդ մը։ Մենք, փոքրիկ մանուկներ, տակաւին նոր կոխած դպրատան սեմը, իրար անցանք։ Երկու ընկերներ, կ՚երեւայ ամենէն երկչոտներս, պահուըտեցանք նստարանին տակը։ Տեսաւ եւ ծռելով ժպտեցաւ մեզի։ Օ՜, որքա՜ն ամչցանք։ Լաւ չեմ յիշեր ինչ ըրինք։ Ելա՞նք մեր թաքստոցէն, թէ՞ մնացինք հոն։ Շատ փոքր էի։

Եկեղեցւոյ մէջ, կրօնական արարողութիւններուն կը մասնակցէր։ Կ՚երգէր․ ի՜նչ անուշ ձայն։ Աւետարան կը կարդար…

Դուրսը, երբ զինք կը պատուասիրէին ընտանիքներուն մէջ, կ՚երգէր ազգային, կէս-կրօնական եւ այլ երգեր:

Ատոնցմէ մէկն է եղած Թադէոս առաքեալի ձօնուած սա երգը.

«Առաւօտ լուսաբեր Հայաստան երկրի, Բուրաստան ծաղկալի կողմանց հիւսիսոյ:

Նախկին լուսաւորիչ, պսակ պանծալի, Թադէոս առաքեալ, ընդէ՞ր կաս հեռի…»:

Կոմիտաս իր սոյն այցէն օգտուած է հոգեւոր երգեր գրի առնելով։ Երեւանի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ ծրար մը կայ, որ՝ «Հոգեւոր եղանակներ, հաւաքեց Սողոմոն սարկաւագ Սողոմոնեանը, Քէօթահիա, 24 (օգոստոս) [18]92» մակագրութիւնը կը կրէ եւ կը բովանդակէ 9 զանազան հոգեւոր երգեր իր ծննդավայրի աւանդական եղանակներով»։

Կոմիտաս, իր ծննդավայրին տուած այս առաջին այցելութեան առթիւ, կ՚երեւի երաժշտութեան դասեր ալ աւանդած է։

Հրանդ Հրահան, Կոմիտասին նուիրուած իր յուշերուն մէջ կ՚արտատպէ նաեւ յուշերը, զորս 1949-ին Մարսիլիայէն ղրկած է իրեն տիկին Զարուհի Սիմիթեան։ Տիկին Սիմիթեան կը գրէ այնտեղ. «Սողոմոնը ինձմէ տասնհինգ տարի մեծ էր, երբ առաջին անգամ այցելեց մեր քաղաքը 1893 հոկտեմբերին եւ սկսաւ ինծի եւ քոյրերուս երգի դաս տալ։ Մենք ազգական էինք անոր հետ իմ հօր՝ Տէր-Արթինեաններու կողմէն։ Ես շատ ուրախ էի այն ատեն, որ նոր Կոմիտասի վերածուած եւ այնքան գեղեցիկ ձայն ու շնորհք ունեցող ազգականի մը աշակերտուհին եմ։ Ան այնքան ուշադիր եւ հոգածու էր մեզի հանդէպ, որ կարելի չէ պատկերացնել, մանաւանդ այնքան բարի էր, անկեղծ եւ հայրենասէր»։

(Դիտել տանք, որ Կոմիտասի մասին յուշեր գրողներէն շատ շատերուն պէս, տիկին Սիմիթեանի յիշողութիւնը եւս դաւաճանած է զինք։ Կոմիտաս 1892-ին է, որ իր ծննդավայրը այցելած է, երբ տակաւին սարկաւագ էր)։

Այն օրերուն վանքէն դուրս բոլորովին անծանօթ մըն էր Կոմիտաս, դեռ պարզապէս Սողոմոն սարկաւագ։ Ոչ իսկ «Արարատ»ի մէջ երեւցած էր ան։ Մէկու մը միայն ուշադրութիւնը գրաւեց ան այդ պահուն։

Ո՞վ կը յիշէ այսօր, թէ Կոմիտասի վրայ ուշադրութիւն հրաւիրող առաջին թրքահայ հրապարակագիրը եղած է Արփիար Արփիարեան, որ Կոստանդնուպոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթին 1892-ի նոյեմբերի 21-ի թիւին մէջ, անմոռանալի վարդապետին նուիրած է ամբողջ յօդուած մը,- հաւանական է, որ անդրանիկ յօդուածն է, որ գրուած ըլլայ անոր մասին։

Կոմիտաս իր վարդապետական աստիճանը չէր ստացած տակաւին, կը կոչուէր Սողոմոն սարկաւագ Սողոմոնեան, եւ առողջութիւնը դարմանելու համար Գէորգեան ճեմարանէն մեկնելով գացած էր իր ծննդավայրը, Քէօթահիա։

Երբ էջմիածին վերադառնալու միջոցին Պոլիս կու գայ, Արփիարեանի փափաքին համաձայն կ՚այցելէ «Հայրենիք»ի խմբագրատունը եւ երկարօրէն կը տեսակցի անոր հետ. «Նիհար ու հիւանդադէմ երիտասարդ մըն էր,- կը գրէ Արփիարեան,- թէպէտեւ քէօթահիացի, բայց Կովկաս կրթուելով բռնուած էր մասնագիտութեան ախտին։ Հին երգերու հետքերը գտնել, նախնիքներու բանաստեղծութիւնները հաւաքել ոչ միայն խօսքերով, այլ եղանակներով, նորերն ալ անոնց հետ խառնել ու տոհմային (գրաքննութիւնը չէր թոյլատրեր «ազգային» բառը) ժողովրդական երգերու հաւաքածոյ մը մեզի տալ։ Ահա ինչ որ այս երիտասարդը իրեն կէտ նպատակի դրած էր»։

Արփիարեան կը յայտնէ, թէ իրենց տեսակցութեան ընթացքին Սողոմոն սարկաւագ էապէս շահեկան խօսքեր ըսաւ իրենց, բայց կը խոստովանի, թէ ինք «շատ բան հասկնալու կարողութենէն զուրկ էր»։

Կոմիտաս այդ թուականին հետազօտած էր Արարատեան գաւառը, Շիրակը, Սուրմալուն, Ապարանը, եւ հաւաքած մօտ 200 երգ, խօսքն ու եղանակը միասին։ Հաւաքած էր նաեւ հայկական հին ձայնանիշերու, խազերու բաւական ճոխ քանակութիւն մը, որոնցմէ մի քանին կը թուէ Արփիարեանին.- Տաւտպապա, Կոզեռն, Կատուն, Աւագերէցն, Կարմիր Վանեցին, Սարկաւագն, Ճիչող, Սայլն, եւ այլն։

Իր խօսակիցին խնդրանքին համաձայն, Սողոմոն սարկաւագ կ՚երգէ յիշած առաջին երգը.

Տըվել եմ կ՚ելնիմ սարը,
Հապր պան, օյ, օյ.
Չը գտայ ֆիտան եարը,
Հապր պան, օյ, օյ:

Արփիարեան թէեւ շատ հմայիչ չի գտներ այս երգը, բայց կ՚ըսէ, թէ կրկին ունէր որոշ գեղեցկութիւն մը, ու կ՚աւելցնէ. «Եղանակը տխուր բան մը ունի իր մէջ, թէեւ կ՚ենթադրեմ, թէ զուարթութեան համար յօրինուած ըլլայ։ Բայց արեւելեան եղանակներուն մէջ զուարթութեան ու տխրութեան սահմանները ճիշդ չեն գծուած»։

Հաւանական է, որ ըսել կ՚ուզէր, թէ «Արեւելքի մէջ չկայ զուարթութիւն, որուն տխրութիւն չխառնուի»։ Բայց գրաքննիչը գլխուն վրայ էր…»։

Հիմա երկրորդ անգամ կու գար Քէօթահիա։

Իր առաքելութեան սկսելէն առաջ, Կոմիտաս կ՚ուզէր ուխտի երթալ իր հայրենիքը։ 1910-ի ամրան եկաւ ան Քէօթահիա՝ մանկութեան իր օրերը վերապրելու։ Տասներկու տարեկան տխեղծ մանուկ մըն էր ան, երբ 1881-ին մեկներ էր Էջմիածին, շուրջ երեք տասնեակ տարի յետոյ ան կու գար հպարտ՝ համբուրելու համար սեմը իր հայրենի տան։ Դեռ կ՚ապրէր պառաւ ու աչազուրկ իր հօրաքոյրը, որ մօր դեր կատարեր էր իրեն՝ երբ որբ էր մնացեր։

«Կ՚ուզէր այդ չափազանց անշուք տնակին անսեթեւեթ մէկ անկիւնը բազմիլ ու քովիկը նստեցնել անկար հօրաքոյրը», ու ատեն մը քաշուած ապրիլ հոն, համեստ արհեստաւորներու այդ քաղաքին մէջ, որովհետեւ «հաճելի էր իրեն ձեւակերպութիւններէ ու ծեքծեքումներէ զերծ մնալ եւ անհոգ ու անհաշիւ բազմոցին վրայ տարածուիլ ժամերով՝ տեսակցելու համար այդ նախնական մարդոց հետ»։

Յիշեցնենք, որ Կոմիտաս մայրը չէր ճանչցած։ Իր հօրաքոյր Զմրուխտն էր, որ զայն մեծցուց մօր մը պէս։ Լուսանկարի մը վրայ, որ սարկաւագ ձեռնադրուելէն ետք ղրկած է հօրաքրոջ, Սողոմոն կը գրէ, թէ «կը նուիրէ իւր մօր Զմրուխտին որդիական անմոռաց սիրով»։ Նոյն այդ լուսանկարին կռնակը հետեւեալ ձօնը կայ.

Թէ խոր ու անանց սարեր ու ձորեր,
Կատղած, փրփրած ու անծիր ծովեր
Պատնէշ կը կանգնեն իբր հըսկայ կամ քաջ,
Ես դարձեալ անահ կը սուրամ առաջ.
Ժըպիտ երեսիս
Կըրկին կը տեսնես:

Վարդապետին նուիրած իր յուշերուն մէջ, Հրանդ Հրահան կ՚արտադրէ նաեւ Կոմիտասի հասակակից եւ այժմ Երեւան բնակող քէօթահիացի Սահակ Երեմեանի իրեն պատմածը անոր Քէօթահիա այցին մասին, 1910-ին։ Ըստ Երեմեանի պատմածին, «տարիներու բացակայութենէն ետք, Կոմիտասը երբ փառքով եւ յաղթանակով կը վերադառնայ Քէօթահիա, պատիւներով ու յարգանքով շրջապատուած իր հայրենակիցներով, որոնք տեսած էին իր դժբախտ մանկութիւնը եւ որբին թափառական տառապանքը փողոցներուն մէջ, յուզուած փափաք յայտնած է այցելել նախ իր հայրենի տունը։ Ականատեսները կը պատմեն, թէ այդ հանդիպումը այնքա՜ն սրտաճմլիկ ու ցնցող եղած է, որ ներկաները չեն կրցած զսպել իրենց արցունքները։ Կոմիտաս կ՚ողջագուրուի իր հարազատներուն հետ՝ ազգական, հօրեղբօրորդի, եւ ապա կը մտնէ իր հայրենական սենեակը ու կը սկսի նախ լուռ եւ գլխիկոր շօշափել ու փայփայել պատերն ու լուսամուտները, եւ յետոյ մատներուն մէջ գուրգուրանքով սեղմել այն փոքրիկ գամը, որմէ իր սիրասուն մօր կենդանագիրը կախուած է տասնհինգ տարի առաջ։ Ու անկարող այլեւս զսպել իր պոռթկացող յուզումը, բարձրաձայն կը հեկեկայ: Կոմիտասը այդ փայտաշէն ու կիսափուլ սենեակին մէջ ծնած է. այնտեղ յաջորդաբար մահացած են իր նորատի բանաստեղծ մայրն ու երգիչ դժբախտ հայրը։ Դուրս գալով հայրենի տունէն, յուզուած կ՚երթայ դէպի Վարի թաղի ազգային Ս. Էջմիածնի անուան դպրոցը, ուր ինքը չորս տարի աշակերտած էր։ Սրահ մտած պահուն, ան բնազդական մղումով կը վազէ դէպի ձախ անկիւնը եւ ծալապատիկ կը նստի փոշոտ ու կեղտոտ տախտակամածին վրայ, վճռականապէս մերժելով խուճապահար թաղականներուն խնդրանքը՝ թիկնաթոռի վրայ նստելու…

Տխուր, բայց անողոք շեշտով ան կը պատասխանէ.

-Տարիներ առաջ ոչ ոք գուրգուրաց վրաս, երբ ես կը նստէի ճիշդ այստեղ առանց բազմոցի, մինչ ուրիշներ զոյգ բազմոցներու վրայ կը նստէին: Ես երկու անգամ ծանր հիւանդացած եմ հոս: Այժմ թոյլ տուէք ինծի, իմ յօժար կամքով, նստիլ ու յիշել իմ անցեալ դժբախտ օրերը եւ այս չոր տախտակները…։

Ստուգիւ, «Սողոմոնին մանկութիւնը յատկանշուած է թշուառութիւններով։ Դեռ միամեայ՝ մօրմէն որբացած է։ Մեծցած է ցնցոտապատ ու խլլոտ, մերթ լալով ու մերթ երգելով, կէս մը տունը կէս մը փողոցը, անցորդները նեղելով ու խաղընկերները ցաւցնելով։

Կոմիտաս կ՚ուզէր իր առաջին համերգը տալ իր հայրենիքին մէջ։ Հարիւրի մօտ երկսեռ պարմաններ հաւաքեց իսկոյն եւ սկսաւ զանոնք մարզել Վերի Ս. Թորոս եկեղեցիի ընդարձակ գաւիթին մէջ։ Շուտով պատրաստ էր խումբը, ու գիշեր մը համերգը տեղի ունեցաւ»։

«Թովիչ, խելահեղ բան մըն էր ան ու անսովոր երեւոյթ մը գաւառի խաղաղ ու միօրինակ կեանքին մէջ։ Կարծէք հրեշտակներու մելանոյշ մեղեդիներ կը հոսէին աղօթավայրին առիքին վրայ տարածուող աստղազարդ երկինքէն։ Ժողովուրդը չուզելով բաժնուեցաւ, երբ համերգը վերջացաւ։

Քանի մը օր վերջ վարժարաններու հոգաբարձութիւնը բացօթեայ խնջոյք մը սարքեց ի պատիւ Վարդապետին։ Քէօթահիան կռնակը տուած է սարերու շարքի մը, որոնց բարձրագոյնը՝ Երլիջէն, ետեւէն կը հսկէ միւսներուն վրայ։ Ագսու առուն անոր ընդերքէն բխելով՝ ադամանդազարդ գօտիի մը նման գալարուած է կողին շուրջ։

Մեծ արուեստագէտին հետ լման օր մը անցուցինք այդ ջուրին եզերքը։ Համակրելի անձնաւորութիւն մըն էր՝ կենսուրախ, համակ զգացում ու համակ մեղեդի։ Սէր ունէր ամէն բանի, որ գեղեցիկ էր ու ազնիւ,- ազգականներուն, հայրենակիցներուն, ազգին, մարդկութեան, ու մտքի եւ հոգիի ստեղծագործութիւններուն հանդէպ։ Ուշագրաւ էին իր խրոխտ հասակն ու կիսաքարձ մօրուքը։ Կեցուածքով պարզ, բայց վսեմ էր։ Իր մտաւոր զարդարանքը այնքան պսպղուն էր, որ պէտք չունէր տարազի պերճանքին։ Ան Քէօթահիայի մեծագոյն տուրքն էր հայութեան եւ հայութեան ալ պարծանքը։

…Երբ մութը կոխեց, ինքն ալ մեզ պատուեց իր մէկ դիւցազներգութեամբը, զոր ներկայացուց կարծեմ՝ Ժէ դարու գործ։ Լիալուսինը իր ցոլքերը կը հեղուր մարդերուն ու իրերուն վրայ։ Վարը կը խորունկնար ձոր մը մէկ կողմէն լայննալով կազմելու համար հեռուն, Քէօթահիայի գունագեղ դաշտը, եւ միւս կողմէն սահմանափակ՝ բլրակ մը, որուն գագաթը թառած էր ջրաղացի սպիտակ շէնք մը։

Վարդապետը իր ողջ հասակով ցցուած էր ապառաժի մը կատարին… իր հագագէն ջրվիժող երգի ալիքները կ՚արձագանգէին հանդիպակաց ջրաղացի բլուրէն եւ մեղմ սիւքին հետ կ՚երկարաձգուէին միջոցին ամայութիւններուն մէջ։

Բոլորս ալ շշմած՝ ընկողմանած էինք իր պատուանդանին շուրջ։ Ցերեկուան զը-ւարճութիւններէն ետք, բարձրութիւններու լուռ ու խորհրդաւոր գոգին մէջ, ատիկա պահն էր խոկումի ու հոգեկան խռովիչ ըմբոշխնումի մը։

Այն օրը եղաւ մեզի երկնային արբշռանքի օր մը»։

Եւ վերջապէս, «պատարագ մըն ալ մատոյց առաջնորդանիստ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցիին մէջ Վարի թաղին թաղական խորհուրդին խնդրանքով՝ հակառակ անոր, որ չէր սիրեր պատարագիչ ըլլալ։ Տաճարը նեղ կու գար երկու թաղերէն խռնուած ժողովուրդին համար։ Իր օրհներգութիւններն ու սուրբ գրական ընթերցանութիւնը, թէեւ պարզ ու կարճ, բայց անուշ ոլորումներ կը պարունակէին. անոնք ձերբազատուած էին միւս հոգեւորականներու եղանակներուն զիկզակումներէն ու յարձակումներէն։ Թարմութիւն մըն ալ ա՛ս էր մեզի համար»։

Կոմիտասի հայրենակից Գ. Ուշագլեան, 29 յուլիս 1962-ին Փարիզէն կը գրէ ինծի.

«Կոմիտաս Վարդապետ Քէօթահիա եկաւ 1910-ին յունիս, յուլիս եւ օգոստոս ամիսները մնալու։ Էջմիածինէն վերադարձին կարծեմ առաջին քոնսէրը տուաւ իր ծննդավայրը՝ Քէօթահիա, կիրակի օր մը այր մարդոց, եւ յաջորդ երկուշաբթի օրը՝ կիներուն։ Գոյացած գումարը մօտ 120 կարմիր ոսկի էր, որ քաղաքին համար աննախընթաց երեւոյթ մըն էր, ձգեց եկեղեցւոյ վարչութեան, յանձնարարելով յարմար շէնք մը գնել, վերածել սրահի եւ ընթերցատան, հասոյթը յատկացնելով դպրոցին, եւ խոստացաւ Պոլիսէն ղրկել պակսած գումարը։ Շէնքը գնուեցաւ արդարեւ, բայց յետագայ դէպքերը թոյլ չտուին, որ ծրագիրը ամբողջապէս իրականանայ»։

Բայց, աւա՜ղ, Կոմիտաս միայն վարդ չքաղեց իր հայրենիքէն, Առնակ կը պատմէ.

«Բայց Կոմիտաս Վարդապետ հալածուեցաւ իր համաքաղաքացիներէն ալ։ Այնտեղ ալ կային տէրտէրներ ու աղաներ ազգականական կապերով իրարու զօդուած, որոնք իրենց տգիտութեամբ ու պահպանողականութեամբ կը փայլէին, ինչպէս ամէն տեղ։ Անոնք չքաշուեցան քէօչէք անունը փակցնել այս զգայուն էակին»։

Այդ քրթմնջիւնները ստուեր չբերին սակայն այն ջերմ սիրոյն մէջ, որով Քէօթահիան ողջագուրեց իր մեծ զաւակը ու ճամբու դրաւ դէպի իր նոր առաքելութիւնը։

«Էջմիածին» հանդէսէն թուայնացուց՝

ԺԱՄԱՆԱԿ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2018