ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «Ո՞Վ ՀՐԱՒԻՐԵԼ»
Ղուկասի աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, երբ փարիսեցի իշխանաւորներէն մէկուն տուն մտած էր՝ ճաշելու համար, երբ կը տեսնէ, թէ ինչպէս հրաւիրեալները խառնուած են եւ պատուուաւոր տեղեր կը փնտռեն՝ նստելու համար, Յիսուս ներկաներուն խոնարհութեան դաս մը կու տայ, որուն բուն պատգամը Իր այս խօսքերն են. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 14.11):
Իսկ տանտիրոջ ուղղելով Իր խօսքը, Տէր Յիսուս կ՚ըսէ.
«Երբ ճաշի կամ ընթրիքի հրաւէր կու տաս, մի՛ կանչեր բարեկամներդ կամ եղբայրներդ, ազգականներդ եւ հարուստ դրացիներդ, որպէսզի չըլլայ որ անոնք ալ քու հրաւէրիդ փոխարէն քեզ հրաւիրեն, եւ այս ձեւով քեզի հատուցում կատարած ըլլան։ Ընդհակառակը, երբ ճաշկերոյթ կու տաս, կանչէ աղքատներն ու խեղանդամները, կաղերն ու կոյրերը եւ այն ատեն երանելի պիտի ըլլաս, որովհետեւ անոնք փոխարէնը քեզի հատուցանելիք ոչինչ ունին։ Եւ գիտցած եղիր, որ քու հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ» (Ղկ 14.12-14):
Շատ պարզ եւ յստակ կերպով նկարագրուած է, թէ ո՞վ կամ որո՞նց պիտի հրաւիրենք մեր սեղանին, կամ կազմակերպած ճաշկերոյթին:
Ոմանք ծայրայեղութեան գիրկը իյնալով, կ՚եզրակացնեն, ըսելով թէ մեր ազգականները, բարեկամներն ու ընկերները մեր սեղանին հրաւիրելու կարիք չունինք, որովհետեւ Տէրը այդպէս թելադրած է. այս մօտեցումը սակայն հակաւաետարանական է եւ Տէր Յիսուսի ըսած խօսքերուն սխալ ըմբռնում. Ան մեզ չ՚արգիլեր սիրոյ եւ բարեկամական ճաշկերոյթներ կազմակերպել, ընդհակառակը. Տիրոջ ըսածը այն չէ, որ մեր ազգականները, բարեկամներն ու ընկերները չհրաւիրենք, այլ՝ Տէր Յիսուս նկատի ունի այն, որ երբ այդ հրաւէրը կը կատարենք փոխադարձի սպասումով, այսինքն՝ մեր հրաւէրին դիմաց կը սպասենք, որ մեր հրաւիրած մարդը մեզ եւս հրաւիրէ, այս երեւոյթէն է, որ կը զգուշացնէ մեզի Տէր Յիսուս, եւ կը թելադրէ, որպէսզի հրաւիրենք այնպիսի մարդիկ, որոնք հնարաւորութիւն կամ կարելիութիւն չունին մեր տուածին կամ մեր հրաւէրին փոխարէն բան մը հատուցելու, որով կ՚եզրակացնէ Տէրը, ըսելով թէ այդ պարագային՝ «հատուցումդ պիտի ստանաս արդարներու յարութեան ժամանակ», եւ երանելի է ան կամ երանելի են անոնք, որոնք արդարներու յարութեան ժամանակ հատուցում պիտի ստանան այս ժամանակաւոր կեանքին մէջ իրենց գործած բարի գործերուն համար:
Պահ մը տեղափոխուինք մեր առօրեայ կեանք. քննե՛նք մենք մեզ, ուսումնասիրե՛նք մեր ապրելակերպը, արդեօք երբեւէ կարօտեալի մը հրաւիրա՞ծ ենք, որպէսզի մեզի սեղանակից ըլլայ, արդեօք անօգնականի մը օթեւան տուա՞ծ ենք, որպէսզի գէթ մէկ գիշեր գիշերէ, արդեօք անօթիի մը կտոր մը հաց տուա՞ծ ենք, ծարաւածի մը՝ բաժա՞կ մը ջուր: Կրնայ ըլլալ վեր թուարկածներէն եւ ոչինչ ըրած ըլլանք, նոյնիսկ մեր միտքէն իսկ անցած չէ, կամ երբեմն անցած ըլլալով, հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն յառաջ բերած ենք, որպէսզի իրականութիւն չդարձնենք մեր մտածածը:
Այս բոլորին դիմաց, սակայն, երբեւէ մտածա՞ծ ենք որեւէ մէկ բանով օգտակար դառնալու մեր դրացիին՝ որ կարիքի մէջ է, կամ մեր տունէն մէկ կամ երկու տուն ապրող անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող բազմանդամ ընտանիքի մը, ուտեստեղէնով, հագուստով, խաղալիքով, կամ որեւէ մէկ բանով, որով այդ ընտանիքին կեանքը գէթ մէկ պահու համար գեղեցկանար ու գոյնզգոյն դառնար: Երբեւէ՞ մտածած ենք այդ մասին, թէ՞ դարձեալ մենք մեզի համար պատճառաբանութիւններ ստեղծած ենք, եւ մենք մեզ զերծ պահած ենք ատկէ ալ:
Այստեղ խօսքը չի՛ վերաբերիր այն «բարերարութիւն»ներուն մասին, որոնք բարձրախօսներով կը կատարուին, տեսերիզներով կը փառաբանուին, մարդոց խեղճութիւնն ու անմխիթարութիւնը դրամագլուխի վերածած սեփական անձի քարոզը կը տարուի, եւ այդ կատարուած «բարերարութեան» դիմաց վարձատրութիւնը արդէն իսկ այստեղ՝ այս ժամանակաւոր աշխարհին վրայ կը ստանայ, անտեսելով յաւիտենականը, չէ՛, խօսքը այդ մասին չէ, այլ՝ խօսքը Աւետարանական այն երեւոյթին մասին է, որ կ՚ըսէ թէ՝ «երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ: Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռք թող չգիտնա՛յ թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս, եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.2-4). ահաւասիկ ա՛յս ձեւի ողորմութիւն, ճաշկերոյթ ու հրաւէր է, որ կ՚ուզէ մեզմէ մեր Տէրը, եւ ո՛չ թէ փող ու թմբուկով, ինչ բանը Տիրոջ բառրերով յատուկ է կեղծաւորներուն. որոշումը տրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին, Տէրը պարզապէս մեզի ճանապարհն է, որ ցոյց կու տայ, իսկ ընտրելը ձգած է մեր ազատ կամքին:
Մենք, որպէս Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համաձայն ստեղծուածներ, պէտք է ապրինք եւ գործենք մեր պատկերին ու նմանութեան համաձայն, այլ խօսքով՝ մարդասիրութիւնը մեր գերագոյն արարքներէն մէկը պիտի ըլլայ մեր առօրեայի ընթացքին:
Ընդհանրապէս երբ մարդասիրութեան մասին կը խօսուի եւ խօսքը կ՚ուղղուի ողորմութեան, մարդոց առաջին մտածումը նիւթականին կ՚երթայ: Բայց ողորմութիւնը միայն նիւթականով չէ՛ որ կը կատարուի, քաղցր խօսք մը, հիւանդի մը այցելութիւնը, սգաւորի մը մի քանի մխիթարական խօսքը ըսելը, խրատի կարիք ունեցողի մը մի քանի թելադրութիւններ տալը, խօսելու կարիք զգացողի մը մի քանի վայրկեան տրամադրելը, աշխատանքի մը մէջ օգնութեան կարիք ունեցողի մը ձեռք երկարելը, Աստուածաշնչական մի քանի համար սորվեցնելը, հոգեւոր գրականութիւն տրամադրելը, Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը սորվեցնելը նորադարձի մը կամ ընդհնրապէս Աստուածաշունչի կարիքը ունեցողի մը, եւ նման հազար ու մէկ բարի արարքներ ողորմութիւն կը սեպուին, մանաւանդ երբ այս բոլորը կատարուին ի փառս Աստուծոյ:
Աւելին, երբ մեր սեղանին սեղանակից կը դարձնենք անօգնական մը, աղքատ մը, կարիքաւոր մը, խեղանդամ մը, կաղ մը, կոյր մը, այդպիսով Քրիստոսին է, որ սեղանակից կը դարձնենք մեզի, հակառակ պարագային կ՚արժանանանք Տիրոջ սասրսափազդու դատաստանին, որ կ՚ըսէ. «Անիծեալնե՛ր, հեռացէ՛ք Ինձմէ, գացէ՛ք յաւիտենական կրակին մէջ, որ սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի՝ եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի՝ ջուր չտուիք, օտարական էի՝ եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի՝ եւ չհագցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ՝ եւ սակայն այցի չեկաք Ինծի» (Մտ 25.41-43):
Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն Հայր Յակոբ Թատրոս Մալթի Ղուկասի աւետարանին այս հատուածը մեկնած ատեն այսպէս կը գրէ.
- Եթէ ընկեր մը հրաւիրեցիր, մինչեւ գիշեր շնորհակալութիւն կը յայտնէ քեզի, սակայն ընկերութիւնը որոշ ժամանակ մը կը մնայ եւ շուտով կ՚աւարտի, որով չի՛ համապատասխաներ ծախսերուդ՝ որ կատարած էիր: Իսկ եթէ աղքատ մը կամ խեղանդամ մը հրաւիրեցիր, ապա շնորհակալութիւնը չի՛ վերանար, որովհետեւ Աստուած զայն յաւիտեան կը յիշէ քեզի համար, պիտի չմոռնայ, որով Ան՝ Աստուած Ինք պարտական կ՚ըլլայ քեզի:
Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան այս համարներու մեկնութեան մէջ այսպէս կը գրէ.
- Քեզի կը վայելէ որ (աղքատները) ընդունիս ամենէն լաւ սենեակներէդ ներս, եթէ զլացար այս մէկը, կը նմանի անոր, որ Յիսուսը կ՚ընդունիս ներքին սենեակները, ուր ներկայ են ծառաներդ եւ մարդիկ, որոնք քեզի համար կեղտոտ գործերը կ՚ընեն:
Թող որ աղքատը նուազագոյնը դռանդ տեղը սորված ըլլայ, որովհետեւ ուր որ ողորմութիւնը կայ՝ սատանան չի՛ կրնար քանդել զայն ու ներս մտնել:
Եթէ անոնց հետ չես նստիր, գոնէ քու սեղանէդ անոնց ուտելիքներ ղրկէ:
Պարզ է, ուրեմն Տէր Յիսուսին այս հատուածով մեզի փոխանցած դասը, ողորմութիւն ընել, հիւարսիրել բոլոր անոնք՝ որոնք ի վիճակի չեն պատասխանել մեր կատարած ճաշկերոյթին, հրաւէրին, այլ խօսքով վարձատրութիւն չփնտռենք կամ չսպասենք այստեղ՝ այս անցաւոր աշխարհին վրայ, այլ՝ վարձատրութիւն ընկալենք յաւիտենականին մէջ, մեր երկնաւոր Հօրմէն:
Ահաւասիկ Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ փունջ մը մտածումներ ողորմութեան մասին.
Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետ կը գրէ.
- Հիւանդութեան վերաբերող դեղերուն նման, նաեւ հոգին մեղքերէ մաքրելու համար կան ապաշխարութեան բազմաթիւ ձեւեր. բայց մեղքերէն մաքրուելու եւ վէրքերէն դարմանուելու համար առաքինութիւններու մէջ ամենակարեւորը եւ անմենաազդեցիկը ողորմութիւնն է, մանաւանդ երբ անոր կ՚ընկերակցի ողբը, հառաչանքը եւ գթառատ արտասուքը:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.
- Ողորմութիւն տուողին ձեռք մեկնողը աղքատ մուրացկանն է, սակայն ողորմութիւն առնողը՝ Աստուած է:
- Ողորմութիւնը շատ աւելի մեծ զոհաբերութիւն է, քան՝ աղօթքը, պահքը եւ միւս բաները, եթէ, անշուշտ, այն արդար մղումներով կ՚ըլլայ եւ նոյնպիսի նեղութիւններով, եթէ մաքուր է ամէն տեսակի շահախնդրութենէ, թալանէ եւ բռնութենէ:
- Ողորմութեան մեծութիւնը ո՛չ թէ տրուած ողորմութեան չափով կ՚որոշուի, այլ՝ ողորմացողներուն յօժարութեամբ եւ տրամադրուածութեամբ:
- Մի՛ ամչնար քու ձեռքովդ աղքատներուն ծառայելու: Քրիստոս չ՚ամչնար ձեռք երկարել եւ ողորմութիւն վերցնել աղքատի միջոցով, իսկ քեզի համար ամօ՞թ է ձեռքդ երկարել եւ դրամ տալ: Միթէ՞ ատիկա ամօթ չէ:
Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.
- Հարկ է գիտնալ, թէ ողորմութիւն պէտք է ընել առանց խտրութեան բոլոր կարօտեալներուն. պէտք չէ ընտրել հարուստ ու աղքատ, արժանի ու անարժան, արդար ու մեղաւոր. այլ առանց խտրութեան բոլո՛ր կարօտեալներուն պէտք է բաշխել:
Իսահակ Ասորի կը գրէ.
- Ոչ մէկ բան սիրտը այնքան Աստուծոյ կը մօտեցնէ, ինչպէս՝ ողորմութիւնը, եւ ոչ մէկ բան միտքին այնքան հանդարտութիւն կու տայ, ինչպէս՝ կամաւոր աղքատութիւնը:
Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ կը գրէ.
- Փութանք ըստ մեր կարողութեան չափազանց ողորմած ըլլալ՝ ո՛չ միայն ունեցուածքով, այլեւ խօսքով եւ կարեկից ըլլալով, որովհետեւ քաղցր եւ մխիթարիչ խօսքերը փոքր ողորմութիւն չեն համարուիր։ Տակաւին, մեղանչած եղբօր համար հոգոց հանելը, լալը, անոր սգակից եւ կարեկից ըլլալը, խրատելն ու յորդորելը դէպի բարին եւ սեփական անձին չափ սիրելը, ինչպէս նաեւ հիւանդին տեսութեան երթալն ու ասոնց նման այլ գործերը իսկական ողորմութիւն են եւ Դատաստանի օրը բարձագլուխ պիտի պարծենան (տե՛ս Յկ 2.13):
- Առաքինութեան բազմաթիւ տեսակներ կան, որոնք մեզ դէպի Աստուած կը բարձրացնեն եւ արքայութեան ժառանգորդ կը դարձնեն, սակայն մեզ Աստուծոյ նման դարձնող ուրիշ առաքինութիւն չկա՛յ, քան՝ ողորմութիւնը։ Այս մէկը նոյնինքն մեր Տէրը յայտնեց, ըսելով. «Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մտ 5.45):
- Ողորմութիւն սերմանեցիր, ատկէ յաւիտենական կեա՛նք հնձէ, մարդասիրութիւն սերմանեցիր, ատկէ Աստուծոյ գթութի՛ւնը հնձէ։ Անողորմութիւն սերմանեցիր, ատկէ փուշ եւ տատա՛սկ հնձէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
8 դեկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ