ՔԼԱՅՏԷՐՄԱՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Աշ­խար­հահռ­չակ դաշ­նա­կա­հար Ռի­շար Քլայ­տէր­ման այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի Զուարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նին մէջ ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ ա­ռար­կայ դառ­նա­լով  մեծ հա­մակ­րան­քի։ Ռի­շար Քլայ­տէր­ման ա­ռա­ջին ան­գամ կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան, ուր պի­տի ու­նե­նայ ե­ռօ­րեայ կե­ցու­թիւն։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Օ­փե­րա­յի մէջ, Ռի­շար Քլայ­տէր­ման վա­ղը եւ միւս օր հան­դէս պի­տի գայ եր­կու հա­մեր­գով։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015