ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ Գ. ԿԻՐԱԿԻ. ԱՆԱՌԱԿԻՆ
Ըստ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ օրացոյցին, այս կիրակի, 13 մարտ 2022, Մեծ պահքի երրորդ կիրակին է, որ կը կոչուի «Անառակի» կիրակի։ Աւետարանական հատուածին մէջ Ղուկաս 15.11-32, արձանագրուած է մեր Փրկիչին պատմած՝ Անառակ որդիին առակը, ուր կը նկարագրուի, թէ հայր մը երկու զաւակ ունէր, զաւակներէն փոքրը իր ժառանգութեան բաժինը խնդրելով հօրմէն, կ՚առնէ ու կը հեռանայ հայրենի տունէն եւ օտարութեան մէջ կը մսխէ իր ունեցուածքը։ Երբ դժուարութիւններու կը հանդիպի օտարութեան մէջ, կը մտածէ, թէ ինչպէս իր հօր տան ծառաներն անգամ կ՚օգտուէին իր հօր բարիքներէն ու կը մտածէ վերադառնալ։ Երբ կը վերադառնայ, հայրը հեռուէն տեսնելով զինք վազելով կը մօտենայ ու կը դիմաւորէ, ու զաւակին խնդրանքին՝ թէ զինք իր գործաւորներէն մէկը ընէ, հայրը իր ծառաներուն կը հրամայէ, որպէսզի պատուեն զինք ու նախկին փառքին վերադարձնեն։ Մեծ եղբայրը իմանալով այս մէկը կը սրտնեղի, սակայն հայրը մխիթարելով զինք կ՚ըսէ, թէ իմ ամբողջ ունեցուածքս քուկդ է, մինչ «այդ եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Ղկ 15.32)։
Զանազան մեկնիչներ այս առակը կոչած են «Աւետարանի մէջ Աւետարան», իսկ ոմանք ալ՝ «Աւետարանին ամփոփումը», նկատի ունենալով քրիստոնէական վարդապետութեան այն կարեւոր կէտերը՝ զորս կը պարունակէ: Սովորական առակ մը չէ այս առակը, այլ առակ մը, որ մեզի կը ներկայացնէ Աստուած-մարդ, մարդ-Աստուած եւ մարդ-մարդ յարաբերութիւնը:
Այս առակին մէջ պէտք է գլխաւոր մի քանի կէտեր նկատի ունենանք։
1) «Մարդ մը երկու զաւակ ունէր» (Ղկ 15.11). այստեղ մարդը Հայր Աստուածն է, իսկ երկու զաւակները՝ մարդկութիւնը, հրեայ-քրիստոնեայ եւ հեթանոս-անհաւատ։
2) Կրտսեր զաւակը որ իր ժառանգութիւնը ուզեց, կը ներկայացանէ այն մարդիկը, որոնք ապրելով Աստուծոյ ներկայութեան ու շնորհքին մէջ, կեանքի ինչ-ինչ պայմաններով կը հեռանան Աստուծմէ եւ կը նախընտրեն առանձին ապրիլ։ Անոնք, տարուելով աշխարհիկ տարբեր-տարբեր ցանկութիւններէ կը տարուին մտածելու, թէ Աստուծմէ դուրս եւ Աստուծմէ հեռու աւելի լաւ կեանք մը կայ, որով կ՚որոշեն հեռանալ: Իսկ Աստուած, Արդար Աստուած ըլլալով, չի՛ հակառակիր անոնց հեռանալուն, այլ՝ թոյլ կու տայ, որպէսզի հեռանան, սակայն ուշադրութեամբ կը հետեւի անոնց ընթացքին, որ թերեւս օր մը անդրադռանան իրենց սխալին եւ որոշեն վերադառնալ:
3) «Եւ հայրը իր զաւակներուն միջեւ բաժնեց իր ունեցածը» (Ղկ 15.12)։ Այստեղ կայ այն փաստը, թէ Աստուած մեզ ազատ ստեղծած է ու մեզի տուած է ընտրելու կարելիութիւնը, եւ երբ մենք ուզենք հեռանալ Անկէ, արգելք չի հանդիսանար, չնայած որ մեծ ցաւ է Աստուծոյ համար, երբ Իր զաւակներէն ոեւէ մէկը այդ որոշումը կը կայացնէ։
4) «Քանի մը օր ետք, կրտսեր զաւակը առաւ իր ամբողջ հարստութիւնը եւ հեռու երկիր մը գնաց։ Հոն անառակ կեանք մը ապրելով՝ մսխեց հարստութիւնը եւ սպառեց իր ամբողջ ունեցածը» (Ղկ 15.13-14)։ Աստուծմէ հեռանալով մարդ կը պարպուի ամէն տեսակի բարի ունակութիւններէ եւ առաքինութիւններէ։ Ինչպէս կրտսեր որդին, երբ նոր բաժնուած էր հօրմէն, տակաւին զինուած էր անոր տուած զինամթերքով, սակայն ժամանակը երկարելով իր զինամթերքը սպառեցաւ եւ ոչ փափաքելի իրավիճակի մը մատնուեցաւ։ Նոյնն է պարագան Աստուծմէ հեռացած մարդուն, սկիզբը այդքան չի զգար, որովհետեւ իր միտքին մէջ տակաւին թարմ են Աստուծոյ պատուիրաններն ու ուսուցումները, սակայն հեռանալով Աստուծմէ, հեռանալով առաքինի մարդոցմէ, հեռանալով Սուրբ Գիրքի ընթերցանութենէն, հեռանալով աղօթական կեանքէ, հեռանալով եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններէն, կը զինաթափուի, կը սպառի, կը տկարանայ, որովհետեւ կեանքէն եկած փոթորիկներն ու հարուածները ուժաթափ կ՚ընեն զինք, եւ որովհետեւ Աստուծմէ հեռացած է եւ չունի Անոր օգնականութիւնը, չի՛ կրնար յաղթահարել դժուարութիւնները եւ կը խեղճանայ, երբեմն ալ ահաւոր վիճակներու կը հասնի ինչպէս նկարագրուած է առակին մէջ՝ խոզերուն յատկացուած ուտելիքներէն ուտելու աստիճան: Կա՛րդանք. «Պատահեցաւ, որ այդ երկրին մէջ սով մը տիրեց, երբ արդէն ինք սկսած էր աղքատանալ: Ուստի գնաց այդ երկրի քաղաքացիներէն մէկուն քով ծառայ եղաւ, եւ անիկա իր ագարակը ղրկեց զինք՝ խոզ արածելու համար: Նոյնիսկ պատրաստ էր խոզերուն կերած եղջիւրենէրն իր փորը լեցնելու, սակայն ոչ ոք կու տար իրեն» (Ղկ 15.14-16)։ Այստեղ ո՛չ միայն մարդուն խեղճութիւնը կը նկարագրուի, այլ՝ այն նուաստացումը, այն անարգանքը, որ մարդ կրնայ ունենալ կամ կրել, երբ կը դատարկուի Աստուծմէ, երբ Աստուծմէ հեռու կեանքով մը կ՚ապրի:
5) Մարդը Աստուծմէ օժտուած է բանականութեամբ։ Երբ մարդ այդպիսի վիճակներու մէջ յայտնուի, յաճախ կ՚անդրադառնայ իր գործած սխալներուն, կը գիտակցի եւ որոշում կը կայացնէ աշխատիլ, վերադառնալ իր նախկին վիճակին։ Այս որոշումը իւրաքանչիւր մարդ կրնայ կայացնել. երբեմն կը դժուարանանք, երբեմն դժուարութիւնները ա՛լ աւելի կը սաստկանան ու յուսահատութեան կը հասցնեն, սակայն մարդուն մէջ եղող բնական պահանջքը միշտ լաւ ու բարօր ըլլալու, կը մղեն զինք վերադարձի որոշումը կայացնելու: Կարդա՛նք. «Երբ անդրադարձաւ իր վիճակին, ինքնիրեն ըսաւ. “Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ: Ելլեմ երթամ հօրս քով…”» (կարդալ Ղկ 15.17-18):
6) Վերադառնալու որոշումը կայացնելէ ետք հերթը կու գայ գործադրելու զայն։ Մարդ երբ գիտակցի իր վիճակին, որ մեղքին մէջ թաղուած վիճակն է, ու երբ որոշում առնէ սրբագրուելու ու վերադառնալու իր նախկին վիճակին, այսինքն՝ վերադառնալու Աստուծոյ մօտ, առաջին քայլը պէտք է ըլլայ զղջումը։ Մարդ պէտք է զղջայ իր գործածներուն համար, ու զղջայ՝ գիտկացաբար ու չկրկնելու վճռակամութեամբ: Զղջալը առաջին քայլն է, որուն կը յաջորդէ խոստովանութիւնը իր ոչնչութեան վիճակին, իր անարժանութեան. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու» (Ղկ 15.21)։ Այս խոստովանութիւնը խոր ինքնաճանաչում կը պահանջէ. ճանչնալ թէ հեռանալով Աստուծմէ, ունայնացած ենք եւ ոչնչութեան վերածուած, այնքան որ Աստուծոյ մեր որդի ըլլալու արժանութիւնն իսկ կորսնցուցած ենք։ Այս երկու արարքները պայմաններն են վերադառնալու որոշումը գործադրելուն՝ զղջալ եւ խոստովանիլ մեր վիճակը։
7) Իսկ երբ կը զղջանք ու կը խոստովանինք մեր ամբողջ սիրտով, միտքով ու հոգիով, Ամենաբարին Աստուած անպայման կը ներէ մեզ եւ կ՚ընդունի մեր զղջումն ու խոստովանութիւնը, եւ կը լսենք երանական պատուէրը. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն։ Բերէ՛ք պարարտ հորթը, մորթեցէք, ուտենք ու ուրախանանք։ Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Ղկ 15.22-24)։ Այսինքն, երբ Հայրն Աստուած տեսնէ մեղաւոր մարդուն անկեղծ զղջումն ու խոստովանութիւնը կը քաւէ անոր մեղքերը եւ զայն նախկին վիճակին կը դարձնէ, որովհետեւ Իր Էութիւնն է Սէր ու Ներողամտութիւն։
8) Ինչ կը վերաբերի մեծ եղբօր տրտունջքին, մարդկային ըմբռնողութեամբ բնական երեւոյթ է եւ դժուար ըմբռնելի ու գործադրելի, սակայն աստուածային հասկացողութեամբ շատ հեշտ ու դիւրագործելի։ Մեծ եղբայրը կը ներկայացնէ անոնք, որոնք Աստուծոյ ներկայութեան մէջ կ՚ապրին՝ ինչպէս կը կարդանք. «Դուն միշտ ինծի հետ ես եւ ամբողջ ունեցածս քուկդ է» (Ղկ 15.31). այսինքն՝ անոնք որոնք Աստուծմով կ՚ապրին ամէն ինչ ունին, եւ երբ կը տեսնեն իրենց նմանը եղող մարդուն դարձը եւ Աստուծմէ ստացած շնորհներն ու բարիքները, պէտք չէ նեղանան ու տրտնջան, այլ ընդհակառկը պէտք է Աստուծոյ հետ ուրախանան, «որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ» (Ղկ 15.32)։
Ի՞նչ դասեր ունինք քաղելիք Անառակ Որդիին առակէն.
ա) Մենք որպէս Քրիստոսի Սուրբ Արեամբ գնուածներ, մոռցած ենք մեր Տիրոջ զոհագործումը մեր փրկութեան համար եւ անառակացած ենք Անոր գծած ուղիէն։ Առ այդ, մեզմէ իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է գիտակցիլ, զղջալ եւ անդրադառնալ մեր անառակութեան եւ ամէն ջանք թափել վերստին վերադառնալու մեզի ընծայուած շնորհքին։
բ) Շատ յաճախ ապաւինելով աշխարհիկ մեր ունեցած հարստութեան՝ կը լքենք մեր Ճշմարիտ Հարստութիւնը եւ կը հեռանանք Անկէ, կարծելով թէ առանց Անոր կրնանք գոյատեւել, առանց Անոր կրնանք բարօր կեանք ապրիլ. սակայն, չարաչար կը սխալինք, որովհետեւ առանց Ամենաբարի Աստուծոյ շնորհքին ու ողորմութեան, այս աշխարհին մէջ մեր ձեռք բերած իւրաքանչիւր յաջողութիւն պարզապէս խաբկանք է եւ ոչ աւելին, հետեւաբար պէտք է մեր անձերը խոնարհեցնենք Աստուծոյ դիմաց, որպէսզի Ան մեզ բարձրացնէ եւ ուժ ու կամք տայ յաղթահարելու ամէն տեսակի դժուարութիւն ու փորձութիւն։
գ) Մեզմէ շատեր կը մտածեն, թէ Աստուած որովհետեւ Ողորմած է, միշտ պատրաստ է մեզ ընդունելու, եւ մեր այս մտածումը կը հիմնաւորենք առակին մէջ նշուած հօր սիրալիր ընդունելութեամբ։ Այո՛, Աստուած ողորմած է ու գորովագութ, բայց Աստուած մարմնաւոր էութիւն մը չէ, որուն հետ կրնանք սակարկել, Աստուած ամէն ինչի Արարողն ու Արարիչն է, եւ որպէս այդպիսին մենք պարտաւոր ենք պաշտել ու սիրել զԻնք։ Եթէ մէկ անգամ սխալինք եւ իյնանք ու անդրադառնալով վերստին կանգնինք, մեր աղօթական կեանքը առաւել պիտի աճեցնենք եւ խնդրենք Ամենակալէն, որպէսզի մեր հաւատքը զօրացնէ, վերստին չսայթաքելու համար, եւ ոչ թէ անտարբերութեամբ եւ թեթեւութեամբ վերաբերինք մեր սայթաքումներուն հետ։
դ) Առակին մէջ կը տեսնենք, թէ աւագ եղբայրը նեղացաւ հօր վերաբերմունքին համար։ Հաւատքի թերի կամ պակասաւոր կեանքով ապրողներուն յատուկ երեւոյթ է այս մէկը, երբ նորադարձ մը կամ հաւատքի կեանքին նոր անդամագրուած մը հոգեւոր կեանքով ապրողներու բանակէն ներս մտնէ՝ կը սկսին նախանձիլ երբ տեսնեն, թէ նորեկները աւելի զօրաւոր հաւատքի տէր մարդիկ են եւ կը սկսին նեղութեան նշաններ ցոյց տալ։ Զգոյշ պէտք է ըլլանք, եթէ անդրադառնանք, որ այդ իրավիճակին մէջ ենք, պէտք է խնդրենք մեր Հօր Աստուծմէն, որ զօրացնէ մեզ, որովհետեւ արդէն իսկ մենք Իր օրհնութիւններուն արժանացած ենք։
Տա՛ Աստուած, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը որ իր մէջ անառակութիւն ունի, կարենայ ձերբազատուիլ այդ անառակութենէն, որպէսզի արժանի ըլլանք յաւիտենական բարիքներուն, որոնց խոստումը արդէն իսկ ստացած ենք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսէն, Որուն փառք, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024