ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ. ՁԵՌԱԳՐԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ

2022 թուականի վերջաւորութեան, Հաղարծինի վանական համալիրին մէջ, կը բացուի մշտական ցուցադրութիւն մը, որ բացառիկ պիտի ըլլայ իր տեսակին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնէ Տաւուշի վանքերուն մէջ ստեղծուած ձեռագիր ժառանգութիւնը։ Այդ պատմական հնագոյն վանքերուն մէջ միջնադարուն ստեղծուած է հսկայ ձեռագրական ժառանգութիւն: Ըստ յայտարարութեան, այս ցուցահանդէսը պիտի ըլլայ առաջին քայլը՝ ստեղծելու ձեռագրերու ցուցասրահ-թանգարան մը Հաղարծինի վանքին մէջ, որպէսզի թէ՛ մեր հայրենակիցներուն եւ թէ՛ օտար այցելուներուն աւելի ընկալելի ըլլայ, թէ ի՛նչ ժառանգութիւն ձգած են մեզի միջնադարեան հոգեւոր հաստատութիւններն ու մեր հայրերը:

Հաղարծինի, Խորանաշատի, Դեղձուտի, Մշկավանքի, Չարեքայ Անապատի եւ Տաւուշի միւս վանքերուն մէջ գիտակրթական եւ մշակութային ծաղկուն կեանքին վկայութիւնը ձեռագիր մատեաններն են: Նաեւ Տաւուշի մէջ իր կեանքի որոշ շրջանը ապրած եւ գործած է հայ մտածող, գիտնական, օրէնսդիր, առակագիր, հոգեւորական, մանկավարժ, հասարակական գործիչ Մխիթար Գօշ: Ցուցահանդէսը կ՚ունենայ նաեւ անոր նուիրուած բաժին մը:

Այս պահուն կ՚ընթանան ցուցահանդէսին նախապատրաստական աշխատանքները: Մաշտոցեան Մատենադարանի մասնագէտները մինչեւ տարեվերջ աւարտին կը հասցնեն տասներկու ձեռագրերու կրկնօրինակման աշխատանքները:

Հայաստանի Մաշտոցեան Մատենադարանին եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմին միջեւ կնքուած է պայմանագիր մը, որ Հաղարծին վանական համալիրի ցուցահանդէսին կը վերաբերի: Այցելուները, հայոց ամենաշքեղ վանքերէն մէկուն մէջ, ականատես պիտի ըլլան մշտական ցուցահանդէսի մը, որ հայ ժողովուրդի ամենայատկանշական ժառանգութիւններէն մին պիտի ներկայացնէ՝ Մեծ Հայքի Ուտիք նահանգի մշակութային փառաւոր անցեալը ցոյց տալով:

Այսօր այդ վանքերուն մէջ ուրիշ կեանք կը տիրէ. անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ չեն գործեր: Հոգեւոր-մշակութային այս կեդրոնները այդ շրջանին կը հովանաւորէին ժամանակի հեղինակաւոր իշխանական տուները եւ հոգեւոր պետերը:

Իրերայաջորդ՝ արաբական, սելճուկ-թրքական, մոնղոլական, թիւրքմենական, պարսկական արշաւանքներն ու պատերազմները մեծագոյն աղէտ էին նաեւ վանքերուն համար: Այդ արշաւանքներուն հետեւանքով քանդուած, աւերուած եւ կողոպտուած են վանքերը, հուրի մատնուած է անոնց մէջ պահուող հարստութիւնը, որուն մէջ մեծ թիւ կը կազմէին ձեռագիր մատեանները:

Երբեմն դադրած է նաեւ մշակութային կեանքը, գիտութիւնը, արուեստները, կրթութիւնն ու գրչութիւնը անկում ապրած են: Հոգեւոր, կրթական գործիչներ, խոյս տալով քաղաքական, պատերազմական իրավիճակներէն, յաճախ մենաստաններու, հեռաւոր եկեղեցիներու մէջ փակուած եւ հոն շարունակած են իրենց կեանքը՝ ստեղծելով ձեռագիր մատեաններ: Ատոր վկայութիւնը մեզի հասած աստուածաբանական, դաւանաբանական, թարգմանական, պատմական, գիտական, մեկնողական, ուսումնական, ծիսական բազմապիսի ձեռագիր մատեաններն են: Այս կեդրոններուն մէջ ստեղծուած են Մովսէս Կաղանկատուացիի, Յովհան Մայրագոմեցիի, Համամ Արեւելցիի, Դաւիթ Ալաւկաորդիի, Մխիթար Գօշի, Վանական Վարդապետի, Կիրակոս Գանձակեցիի եւ այլ գրիչներու ու պատմիչներու աշխատանքները: Անոնց մէկ մասը հանգրուանած է Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ, միւս մասը սփռուած է աշխարհի զանազան վայրերու մէջ, իսկ շատերուն ճակատագիրը տակաւին անյայտ է:

Տաւուշի մարզի Կիրանց գիւղէն հարաւ-արեւմուտք, Դեղձուտ սարալանջին վրայ կը գտնուի պատմական Հայաստանի Կայէն գաւառի հոգեւոր ու մշակութային նշանաւոր կեդրոններէն մէկը՝ Դեղձուտի վանքը: Ճարտարապետական ձեւերու կատարելութեամբ, արտաքին յարդարանքի եւ զարդաքանդակներու ճոխութեամբ վանք մըն է, որուն պատմութիւնը սակայն շատ քիչ ուսումնասիրուած է, այն պատճառով, որ Դեղձուտը բնակավայրերէն ու բանուկ ճանապարհներէն կտրուած վայրի մը մէջ կը գտնուի:

Վանքին հիմնադիրը կը նկատուի Առաքել Վարդապետ, որուն գերեզմանը կը գտնուի եկեղեցւոյ նախագաւիթին մէջ եւ թափած քարերուն հարուածներէն կոտրուած է շիրիմաքարը, բայց երկու տողանի անթուակիր արձանագրութիւնը ամբողջութեամբ վերծանելի է:

Դեղձուտի վանքը, իբրեւ հոգեւոր ու մշակութային կեդրոն իր ծաղկման շրջանին հասած է մանաւանդ Մահկանաբերդի իշխան ամիրսպասալար Սադունի օրով։ Հին ձեռագրերէն յայտնի է, որ վանքը գրչութեան օճախ էր նաեւ Առաքել Վարդապետին ժամանակ, եւ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ Դեղձուտը իբրեւ հոգեւոր կեդրոն եւ գրչութեան օճախ իր գոյութիւնը շարունակած է նաեւ յետագայ դարերուն: Դեղձուտի մէջ ստեղծուած մատեաններէն ցուցահանդէսին կը ներկայացուին յատկանշական նմոյշներ:

Տաւուշի գրչութեան կեդրոններէն եղած է նաեւ Խորանաշատի վանքը՝ 13-րդ դարուն սկիզբը հիմնուած չքնաղ կառոյցը, որ ուխտատեղի է հաւատացեալներու համար, իսկ հայ գիտնականները անվերջօրէն կ՚ուսումնասիրեն հոն ստեղծուած բացառիկ մատեանները:

Վանքը հիմնած է հայ աստուածաբան, մեկնիչ, մատենագիր, մանկավարժ, պատմագիր եւ տոմարագէտ Վանական Վարդապետ Տաւուշեցին (1181-1251), որ արժէքաւոր գործեր ձգած է. ինչպէս՝ «Հարցմունք եւ պատասխանք», «Բարոյախօս» եւ «Մատեան ողբերգութեան» ձեռագրերը (1283)։ Մաշտոցեան Մատենադարանէն ներս կը պահուին Խորանաշատի մէջ, 1223 թուականին, գրուած «Ժողովածոյ» (գրիչ Ստեփանոս Աղթամարցի) «Նարեկ»՝ գրուած 1283 թուականին (գրիչ Մարտիրոս), «Աւետարան»՝ գրուած ԺԵ. դարուն, «Ժամգիրք»՝ գրուած 1672 թուականին, «Մաշտոց»՝ գրուած 1774 թուականին (գրիչ Աւետիս) եւ այլ ձեռագրեր:

Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղին մէջ Տաւշոյ աշխարհի ուրիշ աննման վանք մը կայ, որ սակայն չի գործեր: Մշկավանքն է այն: Վանքը կանգուն է եւ ներգրաւուած է պետութեան կողմէ պահպանուող եւ յատուկ խնամք ենթադրող յուշարձաններու ցանկին մէջ: Վանական համալիրը կը բաղկանար կարգ մը շինութիւններէ, որոնցմէ այժմ պահպանուած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, անոր կից գաւիթը, յարակից գերեզմանոցը, կիսաւեր մատուռը:

Մշկավանքին մէջ ընդօրինակուած ձեռագրերը նոյնպէս կը պատրաստուին ցուցահանդէսին համար:

ՉԱՐԵՔԱՅ ԱՆԱՊԱՏ՝ ՉԱՐԵՔԱՎԱՆՔ

Ցուցասրահ-թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ հայոց պատմութեան քարէ վկաներէն մէկուն՝ Չարեք վանքին մէջ ստեղծուած ձեռագրերը: Վանքը այսօր, դժբախտաբար, Հայաստանի տարածքին մէջ չէ, կը գտնուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ, սակայն անոր մէջ ստեղծուած հայկական ձեռագիր ժառանգութիւնը լուռ հաստատումն է վանքին հայկական ըլլալուն:

Չարեք վանքը կամ Չարեքայ Անապատ անունով հոգեւոր կեդրոնը հիմնուած է 17-րդ դարուն: Իր անունը ստացած է ոչ հեռու գտնուող համանուն բերդէն։ Եղած է թէ՛ գրչօճախ, թէ՛ ուսումնական հաստատութիւն։ Բազմիցս աւերուած ու վերաշինուած է: Ունեցած է ծաղկման եւ անկման տարիներ։ Տիրապետած է ընդարձակ կալուածներու։ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, իշխանութիւնները բռնագրաւած եւ պետականացուցած են վանքին կալուածները, իսկ վանքին մէջ բնակութիւն հաստատած էր ատրպէյճանցի խաշնարած մը՝ իր ընտանիքին հետ:

Չարեք վանքին մէջ ոչ միայն ստեղծուած են յարգի ձեռագրեր, այլ նաեւ պահպանուած են ուրիշ վայրերէ բերուած գիրքեր, որոնցմէ քիչերը սակայն մեզի հասած են: Յայտնի է, որ 1641 թուականին վանքի միաբաններէն Սարգիս կրօնաւորը նորոգած է 1496 թուականի Աւետարան մը: 1655 թուականին ոմն Մխիթարի ձեռամբ ձեռագիր մը եւս նորոգուած է: 1655 թուականին Աւետիս Քահանան Չարեք վանքին մէջ աւարտած է Պապաճան գիւղին մէջ սկսած (Վերին Զակամ գաւառ) ձեռագիրը: 1665 թուականին գրիչ եւ ծաղկող Գրիգորը, Չարեք վանքին մէջ, նոր ձեռագիր մը ստեղծած է:

Չարեքի վանահայրերն ու սպասաւորները ձեռագրեր հեղինակած են նաեւ այլ վայրերու մէջ։ Անոնք նաեւ ջանացած են լրացնել ու հարստացնել վանքին գրատունը։ Յայտնի է, որ 1637 թուականին վանքին միաբանութիւնը գնած է ձեռագիր մը: 17-րդ դարու վերջերուն Շուշիի Ագուլեցոց եկեղեցւոյ մէջ կը պահուէր Աւետարան մը, զոր ստացած էր «Գանձակի Չարեքի սուրբ անապատի հայր Ներսէս Վարդապետ»ը։

1704 թուականին Երուսաղէմի մէջ Չարեքի վանահայր Ներսէսը ստեղծած է «Գաւազանագիրք» աշխատութիւնը, որուն յիշատակարանին մէջ նշուած է, որ 1715 թուականին Չարեքի մէջ «Ժողովածոյ» հեղինակած է գրիչ Յովհաննէս։ 1818 թուականին Պաղտասար Վարդապետ Ճալալեանց Չարեք վանքէն Գանձասար փոխադրած է ներկայիս Մատենադարանին մէջ պահուող թիւ 4411 ձեռագիրը: Հաղարծինի մէջ ստեղծուող ցուցասրահին մէջ Չարեքավանքի մատեանները այլ իմաստ պիտի հաղորդեն ցուցահանդէսին:

ՎԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Ի թիւս միջնադարեան այլ գործիչներու, ցուցահանդէսին առանցքներէն մին կը կազմէ 13-րդ դարու հայ պատմագիր, աստուածաբան, եկեղեցական մեծ գործիչ Յովհաննէս Վանական Վարդապետի գործունէութիւնը: Կոչուած է նաեւ Վանական Վարդապետ Տաւուշեցի: Իր անունը վիճելի կը մնայ։ Ըստ ոմանց անիկա պարզապէս կը կոչուէր Վանական Վարդապետ, իսկ ըստ այլոց՝ Յովհաննէս Վանական Վարդապետ։

Ծնած է 1181-ին Աղուանքի Տաւուշ գաւառին մէջ, որուն համար կոչուած է Տաւուշեցի։ Նախ կ՚աշակերտէ իր Պօղոս եղբօր եւ ապա Մխիթար Գօշի՝ Գետիկ վանքին մէջ, ուրկէ կը ստանայ վարդապետական գաւազան։

Վանական Վարդապետ յայտնի է իբրեւ շինարար, ներհուն ուսուցիչ եւ ուսեալ սերունդ պատրաստող անձնաւորութիւն մը։ Անիկա իր հայրենի գաւառի՝ Տաւուշի մէջ, հիմնադիրը կ՚ըլլայ Խորանաշատ վանքին, ուր սեփական մեծ դպրոց մը կը հիմնէ եւ իբրեւ մեծ ուսուցիչ կը հասցնէ աշակերտներ, որոնց մէջ նշանաւոր են Կիրակոս Գանձակեցի, Վարդան Պատմիչ եւ Մաղաքիա Աբեղայ պատմիչները։

Խորանաշատի վանքը 1125-ին, ապա՝ 1236-ին կ՚աւերուի թաթարական արշաւանքներու հետեւանքով։ Վանական Վարդապետ նոյն թուին թաթարներուն ձեռքը գերի կ՚իյնայ իր աշակերտին՝ Գանձակեցիին հետ։ Ինքը կ՚ազատի եւ կ՚անցնի Տփղիս 1236-ին։ Կը վերադառնայ եւ կը նորոգէ Խորանաշատի վանքը եւ կը շարունակէ իր ուսուցչապետական գործը։ Կը վախճանի 1251-ին, 70 տարեկանին։

Վանական Վարդապետ զբաղած է ուսուցչական եւ գրողներ պատրաստելու գործով, ինչպէս նաեւ ժամանակ տրամադրած է գրելու այնպիսի գործեր, որոնք եթէ իր ուսուցչութեան չափ կարեւոր չեն, այնուամենայնիւ արժանի են յիշատակուելու։

Ձեռագրաց մատենադարաններէն հետզհետէ երեւան կ՚ելլեն իր անունով մանր գործեր: Դժբախտաբար ցարդ չէ գտնուած իր կարեւոր մէկ գործը՝ «Պատմութիւն Թաթարաց»ը, որ կորսուած է եւ որ յատուկ կերպով կը յիշուի Կիրակոս Գանձակեցիի կողմէ։ Մեզի հասած յիշատակելի գործերը հետեւեալներն են.

«Մեկնութիւն Յոբայ», «Բացայայտութիւն աղօթից Աբբակումայ մարգարէի», «Յաղագս տարեմտին» ճառը եւ այլն: Գրած է աստղաբաշխութեան եւ տոմարագիտութեան վերաբերող երկեր՝ օգտուելով Անանիա Շիրակացիի աշխատութիւններէն, որոնք յաւելած է իր դիտարկումներով։ Իր կտակին համաձայն, ան թաղուած է Խորանաշատի մերձակայքը գտնուող աղքատներուն գերեզմանոցը։

Շուտով Հաղարծինի վանքի նորաստեղծ թանգարանը նոր շունչ կու տայ Տաւուշի աշխարհի ձեռագրական անգին ժառանգութեան եւ այդ ժառանգութիւնը ստեղծած, պահած, պահպանած եւ հարստացուցած հայրերուն:

ԿՐԿՆՕՐԻՆԱԿԵԼՈՎ ՁԵՌԱԳՐԵՐԸ

Հաղարծինի թանգարանին մէջ տեղ պիտի գտնեն ձեռագրերու կրկնօրինակներ, որոնք կը կրկնօրինակուին Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ:

Ձեռագրերու կրկնօրինակման բաժինը ստեղծուած է 2009 թուականին՝ Մատենադարանի նախկին տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի նախաձեռնութեամբ: Այս բաժնի գործունէութեան կարեւորագոյն խնդիրն է ճշգրիտ կրկնօրինակումներու միջոցով պահպանել ու զարգացնել հայկական աւանդական մանրանկարչութեան ու գրչութեան արուեստը իր կանոնական պատկերագրութեամբ: Առաւելագոյն ճշգրտութեամբ կրկնօրինակումներու կատարման նպատակն է բնօրինակ ձեռագրերը օդի, լոյսի, ջերմութեան վնասակար ու քայքայիչ, ոչնչացնող ներգործութենէ փրկել եւ ատոնք փոխարինել կրկնօրինակ կաղապարներով:

Ձեռագիր գրքի կրկնօրինակումը իր մէջ կը ներառէ ընդօրինակում գրքի պատկերազարդումներէն, նաեւ բնագիրէն, ինչպէս նաեւ գիրք ստեղծելու գործընթացի վերարտադրում՝ պահպանելով միջնադարեան գրքարուեստի աւանդական կանոններն ու սկզբունքները:

Ինչպէս ծանօթ է՝ արուեստի ուսուցման լաւագոյն ձեւն ու միջոցը հնագոյն վարպետները կրկնօրինակելն է: Միջնադարեան գեղանկարչութեան, զարդարուեստի, գրչութեան արուեստի կանոնները ու ուրուանկարները 5-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար պահպանուած, շարունակուած ու զարգացած են կրկնօրինակումներու, բանաւոր եւ գրաւոր ուսուցման ճանապարհով: Մատենադարանին մէջ կը կրկնօրինակուին ոչ միայն կրօնական բովանդակութիւն ունեցող ձեռագրեր՝ Աւետարան, Աստուածաշունչ, Շարակնոց, Սաղմոսարան, Յայսմաւուրք, այլեւ աշխարհիկ բովանդակութեամբ ձեռագրեր՝ պատմութեան, գրականութեան, փիլիսոփայութեան, բժշկութեան, բնագիտութեան վերաբերող: Կրկնօրինակողները բնօրինակ մանրանկարներէն կրկնօրինակելու ատեն խստագոյնս կը հետեւին հայ գրքային գեղանկարչութեան աւանդական, դարէ դար փոխանցուած սկզբունքներուն, միջոցներուն՝ հաւատարիմ մնալով բնօրինակի գունաշարին, նրբերանգներուն, ճշգրտօրէն վերարտադրելով, վերստեղծելով նոյնիսկ մաշուածութիւնը, դարերու ձգած հետքերը՝ քայքայւածութիւնը, գունաթափումը, ջնջուած, այրուած, թրջուած, քերուած հատուածները: Ամբողջութեամբ կը տրուի մատեանի հնութեան տեսքը՝ ձեռագրի պատմական տեսքին առաւելագոյնս մօտեցնելով: Հայ մասնագէտները կը կիրառեն միջնադարեան հայ ծաղկողներու, վարպետներու գործածած նիւթերուն՝ ներկերուն, թանաքներուն, վրձիններուն իրենց որակով համարժէք ներկեր, թանաքներ, վրձիններ, թուղթ, կաշի եւ այլն:

Ձեռագրերու կրկնօրինակումներն ու կաղապարներու պատրաստումը կը ծառայեն նաեւ ցուցահանդէսներու ժամանակ՝ ազատագրելով ձեռագիր գիրքերը հեռաւոր երկիրներ տարուելէ: Մատենադարանի այս բաժնին կատարած կրկնօրինակումներու եւ պատրաստած գիրքերու խոշորագոյն հաւաքածուն (200 էջի կրկնօրինակներ եւ 100 ձեռագրերու կաղապարներ) կը գտնուի Գանձասարի Մատենադարանին մէջ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022