«ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀԵՐՈՍԸ» -Բ.-

Մեր նախորդ յօդուածով անդրադարձած էինք Միխայիլ Լերմոնթովի 1840 թուականին հրատարակուած «Մեր ժամանակի հերոսը» վէպին, որ կը պատմէ 19-րդ դարու հիասթափուած ազնուականի մը մասին եւ հոգեբանօրէն կը զննէ անոր դիմանկարը։ Ոչ-ժամանակագրական ու մասնատուած պատմողական կառուցուածքի օգտագործումը ազդած են Տոսթոեւսքիի, Թոլսթոյի եւ ռուս գրականութեան այլ մեծանուն գրողներու վրայ: Նշեալ վէպը նաեւ կը կանխագուշակէր 20-րդ դարու արեւմտեան գեղարուեստական ​​գրականութեան հակահերոսներն ու հակավէպերը։

Վէպի դէպքերը տեղի կ՚ունենան ռուսական Կովկասի մէջ, 1830-ական թուականներուն։ Գիրքի գլխաւոր (հակա)հերոսը՝ Կրիկորի Փեչորին ձանձրալի, եսակեդրոն եւ լկտի երիտասարդը բանակի սպայ մըն է, որ կը հաւատայ ոչինչի: Ան անպատժելիօրէն կը խաղայ կանանց սիրով եւ տղամարդոց բարի կամքով: Ան վտանգաւոր արկածներու կը դիմէ, նոյնիսկ կը վտանգէ իր կեանքը։ Թէեւ ան խորազգած է, սակայն չի կրնար ցոյց տալ իր զգացումները։ Փեչորին խիզախ է, վճռական եւ կամայական, բայց կը մսխէ իր ներուժը։

1841 թուականին, պատասխանելով «Մեր ժամանակի հերոսը» գիրքի քննադատներուն, Լերմոնթով գրած է, թէ գիրքը իսկապէս դիմանկար մըն է, բայց անհատի մը չի պատկանիր. ան դիմանկար մըն է, որ կազմուած է՝ իր սերունդի արատները, թերութիւնները «ծաղկելով»։ «Բայց մի՛ կարծէք, որ այս գիրքի հեղինակը մարդկային արատները վերացնելու հպարտ երազանք մը ունեցած է։ Բաւական է, որ հիւանդութիւնը մատնանշուի, բայց զայն բուժելը՝ միայն Աստուած գիտէ», ըսած է հեղինակը։

Լերմոնթովի «Մեր ժամանակի հերոսը» կը զուգադիպի այն ժամանակաշրջանին, երբ ռուսական գրականութեան մէջ սկսած էր անցումը բանաստեղծութենէն արձակի։ Բանաստեղծները, որոնք մինչ այդ իրենց բանաստեղծութիւնները գրած են վիպապաշտ ոճով, իրապաշտութեան շարժման տարածմամբ սկսած են անցնիլ արձակի։ Լերմոնթովի ստեղծագործութիւնը կը համարուի ռուս գրականութեան մէջ իրապաշտական վէպի յառաջամարտիկներէն մէկը։ Տեքապրիստներու ապստամբութենէն յետոյ յեղափոխական գրողները այս նպատակին ծառայեցուցին արձակը, որպէսզի գրաւեն ժողովուրդի բոլոր շերտերը։ Լերմոնթով նպատակադրած էր արտացոլել այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ընկերային հետեւանքները եւ անոնց ազդեցութիւնը ռուսական հասարակութեան վրայ՝ ինչպէս իր բանաստեղծութիւններով, այնպէս ալ իր միակ՝ «Մեր ժամանակի հերոսը» վէպով։

Լերմոնթով հանդէս կու գայ որպէս յեղափոխական-վիպապաշտ բանաստեղծ եւ իրապաշտ գրող։ Անոր յեղափոխական կողմը ակնյայտ է իր գրեթէ բոլոր բանաստեղծութիւններուն մէջ։ Լերմոնթով իր միակ վէպով աշխարհին ցոյց տուաւ, թէ որքան հմտօրէն օգտագործած է իրապաշտութիւնը։ Որպէս յեղափոխական՝ Փուշքին ըսած է ռուս ժողովուրդին. «Արթնցէ՛ք»։ Իսկ Լերմոնթով ըսաւ. «Դուք արթուն էք, հիմա գործեցէ՛ք»։ Ան կը պնդէ, որ հասարակութիւնը պէտք է բանայ իր աչքերը եւ անարձագանգ չմնայ իրադարձութիւններուն։ Ան կ՚ըսէ, որ ռուս հասարակութիւնը բաւական տուժած է եւ ժողովուրդի աշխուժացումով կարելի է յաղթահարել առկայ խնդիրները ու աւելի լաւ կեանք վարել։

Ուրեմն այսքան տաղանդաւոր բանաստեղծը ինչո՞ւ արձակ գրած է։ Այստեղ պէտք է յիշել Փուշքինի «Նաւապետի աղջիկը» ստեղծագործութիւնը։ Պէտք չէ մոռնալ, որ արձակով հանրութեան ամենացած կէտին հասնիլը շատ աւելի դիւրին է, քան բանաստեղծութիւնը։ Հանրութեան բոլոր շերտերը կրնան նոյն կերպով չընկալել բանաստեղծութեան արուեստը։ Այս տեսակէտէ կարելի է ըսել, որ «Մեր ժամանակի հերոսը» նոյն ազդեցութիւնը կը գործէ ժողովուրդի իւրաքանչիւր շերտի վրայ եւ ուղղուած է անոնց։

Նման հիանալի ստեղծագործութիւնը սկզբէն մինչեւ վերջ կրկին կրկին կարդալը բնական է։ Իւրաքանչիւր կրկնութեան մէջ ակնյայտ է, որ ընթերցողը կ՚անդրադառնայ աւելի շատ մանրամասնութիւններուն ու աւելի պարզ կը տեսնէ Փեչորինի հոգեբանութիւնը։ Լերմոնթով մեծ ժառանգութիւն թողած է իր եւ իրեն յաջորդած բոլոր սերունդներուն։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2023