«ԼՈՅՍ Ի ԼՈՒՍՈՅ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ
Զուարթնոցի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հռչակաւոր դաշնակահար Տիգրան Համասեանի եւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբի համատեղ «Լոյս ի լուսոյ» խորագիրը կրող շրջագայութեան համերգը։
Հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը հնչեց նոր մեկնաբանութեամբ։ Մօտ մէկ ժամ տեւած համերգի ընթացքին Համասեան նուագեց Կոմիտասի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Նարեկացիի ստեղծագործութիւնները։
Համերգին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան։ «Տիգրան Համասեանի այս համերգաշարը բարձր կը գնահատեմ, որովհետեւ եղան քանի մը երաժիշտներ, որոնք յստակօրէն գիտակցեցան, թէ իրենք առաքելութիւն ունին 2015-ին, եւ այդ իմաստով Տիգրանի համերգներուն խորհուրդը միանշանակ է, առաւել եւս, երբ մենք այդ համերգը կը կազմակերպենք քրիստոնէական ամենավաղ շրջանի տաճարին մէջ եւ յատկապէս այն հատուածին վրայ, որ ուղղակիօրէն կը դիտէ մեր պատմական Հայաստանի Արարատ լեռը։ Համասեան իր համերգաշարով կ՚ըսէ՝ հարիւր տարի անց կը վերադառնամ իմ պատմական հայրենիքս՝ տաղանդաւոր, ստեղծագործող եւ նայելով դէպի վաղուան օրը։ Ըստ իս, շատ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, գաղափարը ողջունելի է եւ կը խորհրդանշէ վերածնած ժողովուրդը», ըսաւ Յասմիկ Պօղոսեան։
Հարկ է նշել, թէ «Լոյս ի լուսոյ» խորագրեալ շրջագայութեամբ, Տիգրան Համասեան եւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը 30 Յունիսին համերգ մը պիտի սարքեն նաեւ Պոլսոյ Այա Իրինիի պատմական տաճարին մէջ։