ԱՅԼԵՒՍ 212 ՕՐ

Ատրպէյճան ունի Արցախի բնիկ ժողովուրդը՝ արցախահայերը իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանելու, էթնիք զտումներու ենթարկելու նպատակը: Անցեալ տարուան դեկտեմբերի 12-ին սկսած մարդասիրական աղէտը կը շարունակէ ցայսօր ու այլեւս երկիրը կը տանի դէպի ամբողջական շրջափակում:

Այլեւս 212 օրէ՝ աւելի քան եօթ ամիսէ ի վեր Արցախն ու իր բնակիչները կտրուած են աշխարհէն: Սոյն թուականի յունուարի 9-էն ի վեր Ատրպէյճան ամբողջութեամբ դադրեցուցած է Հայաստանէն դէպի Արցախ հոսանքի մատակարարումը, որ վերականգնուած չէ մինչեւ այսօր: Մարտի 21-էն ի վեր Ատրպէյճան ամբողջութեամբ դադրեցուցած է Հայաստանէն դէպի Արցախ բնական կազի մատակարարումը: Իսկ մինչ այդ պարբերաբար կը կասեցնէր ու կը վերականգնէր: Յունիսի 15-էն ի վեր կասեցուած են դէպի Արցախ բոլոր տեսակի ապրանքներու մատակարարումը՝ սնունդ, վառելիք, դեղօրայք եւ այլն: Ճանապարհը ամբողջութեամբ փակ է: Այդ օրուընէ ի վեր ոչ մէկ ցամաքային միջոց հատած է Արցախի ճանապարհը: Յունիսի 25-էն սկսեալ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի միջոցաւ կ՚իրականացուի միմիայն դեղօրայքի մատակարարում, այն ալ՝ խիստ սահմանափակումներով:

Յուլիսի 8-ի յետմիջօրէին տեղեկութիւն մը տարածուեցաւ, թէ դէպի Արցախ բնական կազի մատակարարումը վերականգնուած է: Սակայն յուլիսի 9-ի յետմիջօրէին կազի մատակարարումը դարձեալ դադրեցուած է:

Հարկ է նշել, որ այս բոլորը կը կատարուի մտադրուած: Նպատակը մարդոց մէջ անորոշութիւն ու տագնապ տարածելն է:

Նոյնիսկ նուազագոյն կենսական կարիքներու՝ մարդիկ հիւանդանոց տեղափոխելու, սնունդի եւ այլ կարիքներու համար բնակիչները չեն կրնար վառելիքով լիցքաւորել իրենց ինքնաշարժները: Նոյնիսկ չեն կրնար գործել հացի արտադրամասերը:

Այս կերպով Ատրպէյճանի իշխանութիւնը կ՚ոտնահարէ 120 հազար արցախահայերու ապրելու իրաւունքը՝ սահմանափակելով նաեւ տեղաշարժի իրաւունքն ու զանոնք զրկելով ապրուստի տարրական միջոցներէ: Ատրպէյճան՝ Արցախը ամբողջութեամբ մեկուսացնելով կը ստեղծէ անորոշ իրավիճակ մը, տագնապի զգացողութիւն, կեանքի եւ առողջութեան նկատմամբ յուսահատութիւն:

Այս բոլորի կողքին Արցախն ու արցախցին կը շարունակեն ապրիլ ու պայքարիլ:

Երանի՜ անոնց, որոնք այս օրերուն կ՚ապրին Արցախի մէջ: Երանի՜ անոնց, որոնց բաժին հասած է կրելու ծանր խաչը՝ երկրի համար օրհասական պահուն: Երանի՜ իմ հայրենակիցներուն: Երանի՜ արցախահայոց:

Ինչո՞ւ երանի…

Ապրուստի նուազագոյն պայմաններու բացակայութիւնը, աշխարհէն կտրուած ու լքուած ըլլալը, կիսակուշտ որովայններն ու դատարկ խանութները մարդիկը կը ստիպեն քննել ինքզինքնին, խոկալ կեանքի մասին: Այլեւս մարդիկ ժամանակ ունին իրենք իրենցմով զբաղելու, մաքրութիւն կատարելու: Այլեւս մարդիկ ունին մաքրութեան ժամանակ, կը մաքրեն իրենց ներաշխարհը, ուրկէ կը տարածուի գարշահոտութիւն: Այստեղ դիմացինը ճանչնալէ առաջ, մարդ կ՚ուզէ ճանչնալ ինքզինքը:

Խանութները դատարկուեցան, եկեղեցիները լեցուեցան: Ստեփանակերտի երկու եկեղեցիները՝ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինն ու Սուրբ Յակոբը ամէն օր ու ամէն ժամ ունին բաւական ուխտաւորներ:

Աշխարհը իր յոյսը դրած է մարդու վրայ: Արցախն ու արցախցին իրենց յոյսը դրած են Աստուծոյ վրայ: Արցախցին իր կեանքն ու բոլոր հոգերը, դժուարութիւնները վստահած է Տիրոջ:

Սա վերջն է: Ուրիշ տարբերակ մը չկայ: Մայր Հայաստանի ազգադաւ իշխանութիւնը ոչ մէկ կերպով կը սատարէ Արցախին ու արցախցիին: Արցախցին այլեւս՝ Աստուծմէ զատ, ո՛չ մէկը ունի, ո՛չ մէկուն վրայ կրնայ դնել իր յոյսը:

Այս ճանապարհին շատեր կը տեսնեն ստեղծուած իրավիճակի մէջ իրենց մեղքի բաժինը, կ՚ընդունին հայրենիքի կործանման ճանապարհին իրենց ունեցած մեղքի չափաբաժինը: Ըսել է, թէ Արցախ կը բռնէ ապաշխարութեան ուղին:

Երանի՜ քեզի Արցախ, որ քու մէջ կը բնակի Աստուած: Երանի՜ քեզի, որ կը ջանաս ճանչնալ ու ընկերանալ Բարձրեալին հետ: Հազար երանի՜:

Աստուած օգնական ու պահապան ամէն քար ու թումբիդ, ամէն զաւկիդ եւ թող օրհնէ ամէն օրդ ու ժամը աստուածատուր երկիր Արցախ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 12, 2023