ՊԱՏՐԱՆՔ ՄԸ…

Ամրան հրաժեշտին շաբաթ մը մնացած էր: Տարուայ սիրելի եղանակին հրաժեշտ տալով Նոյեմին կը թեւակոխէր իր կեանքի կարեւորագոյն եւ նոր փուլ մը. օրեր անց պիտի զբաղեցնէր ծնողքի նախընտրած համալսարանի ուսանողական նստարաններէն մին:

Լիսէէն գրեթէ գերազանցութեամբ շրջանաւարտ եղած էր: Սակայն տնտեսագէտի մասնագիտութիւնը որեւէ կապակցութիւն չունէր իւր ստեղծագործ, արտասովոր ու եռանդաշատ խառնուածքին հետ: Ա՜խր բոլոր օր, անընդմէջ ինչպէս կրնար զբաղիլ նոյն գործով: Դրամատունի սառնաշունչ պատերուն մէջ կռիւ պիտի տար թիւերու հետ, պիտի սպասարկէր թակարդը ինկած յաճախորդներու հետ: Այս ամէնը անոր համար չափազանց անգոյն ու անհրապոյր էր:

Նոյեմիի երազը ոճաբան դառնալն էր, սակայն ընտանիքը կողմնակից չէր այս որոշումին, ի վերջոյ մօր թելադրանքին անսալով, որոշեց տնտեսագիտութիւն ուսանիլ, հասութաբեր մասնագիտութիւն մը:

-Ուշադրութիւն, ուշադրութիւն, վայրկեաններ անց շոգեկառքը պիտի շարժուի: Կը խնդրենք բոլոր ուղեւորներէն զբաղեցնել իրենց տեղերը,- ամբողջ կայարանով մէկ կը հնչէր դիւրալի ձայնով աղջկան նախազգուշական յայտարարութիւնով:

Ճշդապահ ու պարտաճանաչ Նոյեմին խորհելու բան մը չունէր: Ան քառորդ ժամ առաջ զբաղեցուցած էր իր աթոռը:

-Ներողութիւն, կը հաճի՞ք ձեր պայուսակը վերցնել, որպէսզի կարենամ նստիլ,- հեւասպառ հարցուց երիտասարդ մը:

Կ՚երեւի, թէ ան շոգեկառքը չփախցնելու համար վազելով տեղ հասած էր: Երիտասարդի հարցը մնացած էր օդին մէջ. երկրորդ անգամ հարցուց, սակայն ապարդիւն: Քանի որ Նոյեմիի աչքերը գոց էին, երիտասարդին թուաց, թէ աղջիկը կը քնանայ: Յանդգնեցաւ վերջինիս ուսին դպչելով արթնցնել զայն. մինչդեռ Նոյեմին, ըստ իր սովորութեան, պարզապէս աչքերը գոց, ականջակալներով երաժշտութիւն կը վայելէր:

-Հարկաւ նստէք,- պայուսակը ծունկերուն վրայ դնելով ըսաւ Նոյեմին:

Երիտասարդը քաղաքավարութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով տեղաւորուեցաւ իր աթոռին:

Վայելչակազմ ու առնական երիտասարդի գրաւչութիւնը առաջին իսկ պահէն հրապուրած էր Նոյեմին: Խառնուածքով դիւրահաղորդ, համարձակ եւ յանդուգն, աչքառու գեղեցկութեամբ օժտուած երիտասարդուհին չհամբերեց, թէ ե՛րբ համակրելի երիտասարդը պիտի հաճի խօսիլ.

-Ես ալ լիայոյս էի, թէ իմ քովի աթոռը չէ վաճառուած, խորամանկաբար խօսակցութեան համար նիւթ մը շահարկելով սկսաւ Նոյեմին:

Երիտասարդը պահ մը քմծիծաղեց ու ինքնավստահ ըսաւ, թէ վստահ է, որ իւր ընկերակցութեամբ քանի մը ժամուայ ճամբան աղջկան համար ակնթարթի մը պէս կ՚անցնի:

Նոյեմին կասկած չունէր, սակայն երիտասարդի անսահման ինքնավստահութիւնը անակըն-կալի մատնեց զայն. սիրտը ա՛լ աւելի արագ սկսաւ բաբախիլ:

Շոգեկառքը չուֆ-չուֆ-չուֆ, արագ-արագ կը սահէր, իսկ այդ ընթացքին երկու երիտասարդներու սիրտերը կը լեցուէին փոխադարձ համակրանքով: Անոնք կ՚ուզէին, որ շոգեկառքը տեղ չհասնէր, իրենց հաճելի զրոյզը, քահ-քահ ծիծաղները ըլլային անվերջ: Պարզապէս ժամանակը կանգ առնէր եւ անոնք շարունակէին յափշտակուիլ՝ սիրով փայլատակող իրարու աչքերու մէջ: Երկուքն ալ երանութեան մէջ էին, սիրոյ զգացումէն շանթահարուած:

Ակնթարթի մը պէս անցած ճամբորդութիւնը շուտով աւարտեցաւ: Շոգեկառքը ժամանեց մայրաքաղաք: Բաժանումը դժուար էր, սակայն անխուսափելի: Իրարու փոխանցեցին հեռախօսահամարները: Ոստիկանական կաճառի երրորդ դասարանի ուսանողի ու տնտեսագիտական ֆաքիւլթէի առաջին դասարանի ուսանողուհիի ուղիները այստեղ հատուեցան կրկին միանալու յոյսով:

Անցան օրեր… Սիրով արբեցած Նոյեմին չէր կրնար վայրկեան մը անգամ բաժնուիլ հեռաձայնէն. կը սպասէր զանգի: Ահաւասիկ շաբաթ մը անց հեռաձայնը հնչեց՝ ան էր:

Երիտասարդը ուշացած զանգի համար ներեղութիւն խնդրեց եւ Նոյեմին հրաւիրեց ճաշի: Երիտասարդուհին անմիջապէս ընդունեց հրաւէրը: Տասն օր անց անգամ մը եւս հանդիպեցան, սակայն երրորդը ուշացաւ: Սպասումի պահերը բաւական տանջալից էին Նոյեմիի համար: Անորոշութիւնը կը սպառէր երիտասարդուհին, որ ոչ մէկ բանի վրայ կրնար կեդրոնանալ, կարծես այլմոլորակային ըլլար:

Օր մը որոշեց, մէկ կողմ ձգել իր իգական հպարտութիւնը եւ ինք զանգել իր սրտի տիրակալին: Զանգերը կ՚երթային, սակայն պատասխանող չկար: Ինքնասիրութիւնը մէկ կողմ ձգած քանի մը անգամ փորձեց:

Ահաւասիկ, հեռաձայնը բացին: Սակայն աւելի լաւ կ՚ըլլար, որ չպատասխանէին: Զանգին աղջիկ մը պատասխանեց, ներկայանալով որպէս Սահակի ընկերուհի:

Աւազի վրայ կառուցուած Նոյեմիի բոլոր բաղձանքները փշրուեցան...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2020