ԼՍԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Մարդու «մարդ» ըլլալու պայքարէն ի վեր արտաքին աշխարհը ապահով դարձնելու համար գործադրած ջանքերը հաւասար չեն իր ներաշխարհը գեղեցկացնելու ջանքերուն։ Մինչ մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացումը դանդաղ քայլերով կ՚ընթանայ, մարդը թէ՛ վնաս եւ թէ՛ օգուտ կը պատճառէ բնութեան, հասարակութեան, մարդոց՝ ինքն իրեն։

Գերմանացի ընկերաբան ու փիլիսոփայ Էրիխ Ֆրոմ իր գործերով կը շարունակէ օգնել մարդոց, հասարակութեան, բնութեան եւ աշխարհին՝ հասնելու համար բաղձալի խաղաղութեան։ Ֆրոմ կ՚ըսէ, որ չափազանց բարդ խնդիր մըն է փոխել սեփական «ես»ը եւ հասնիլ անոր, ինչ որ կարելի է անուանել «դէպի իսկական անձնաւորութեան փոխակերպում»։ Ըստ իրեն, այս մէկը եղած է բոլոր կրօններու, փիլիսոփայութիւններու մեծ մասի նպատակը։

«Փորձառութիւնը կը դրսեւորուի միայն այն ժամանակ, երբ այդ մէկը բանաւոր կ՚արտայայտուի», կը գրէ Հաննա Արենտթ՝ անդրադառնալով այն փաստին, որ լեզուն իրականութիւն կը շնորհէ գոյութեան: «Եւ այսպէս, չարտայայտուած փորձառութիւնները նոյնպէս կ՚անհետանան»: Միւս կողմէ, եթէ փորձառութեան մասին կ՚արտայայտուի, բայց չի լսուիր, անոր իրականութիւնը երկուքի կը բաժնուի եւ անոր էութեան ներդաշնակութիւնը որոշ չափով կ՚աղաւաղուի:

Էրիխ Ֆրոմի Զուիցերիոյ մէջ մասնակցած խորհրդակցութեան մը համար պատրաստած 400 էջնոց գրառումները յետմահու ամփոփուած են՝ «Լսելու արուեստ» խորագրին տակ։

Ըստ Ֆրոմի, լսելը արուեստ մըն է՝ ինչպէս բանաստեղծութիւն մը հասկնալը կամ վերլուծելը։ Եւ ինչպէս արուեստի իւրաքանչիւր ճիւղ, լսելն ալ ունի իր կանոնները: Հիմնուելով իր յիսուն տարուայ փորձառութեան՝ Ֆրոմ կ՚առաջարկէ վեց ուղեցոյց՝ լսելու եւ լսածը անձնուրաց հասկնալու արուեստին տիրապետելու համար.

- Այս արուեստով զբաղելու հիմնական կանոնը ունկնդրի ուշադրութիւնը գրաւելն է։

- Լսողը որեւէ կարեւոր բան պէտք չէ նկատի ունենայ եւ ամենայարմար ձեւով պէտք է ձերբազատի անհանգստութենէ, ինչպէս նաեւ ագահութենէ։

- Լսողը պէտք է ունենայ երեւակայութիւն, որ ազատօրէն կ՚աշխատի, բայց բաւական ամուր է բառերով արտայայտուելու համար։

- Լսողը պէտք է համակրական հասկացողութիւն ունենայ իր դիմացինին նկատմամբ եւ ան ըլլայ բաւական ուժեղ, որպէսզի զգայ անոր փորձառութիւնը, ինչպէս կարծէք ինք ապրած ըլլայ զայն:

- Համակրական հասկացողութեան նման պահանջը սիրելու ունակութեան վճռորոշ կողմն է: Հասկնալ դիմացինը կը նշանակէ սիրել զայն: Սա սեռական սէր չէ. այդ մէկը սէր է, որ կը նշանակէ այլ մարդոց ձեռք մեկնել եւ յաղթահարել ինքզինք կորսնցնելու վախը։

- Հասկնալն ու սիրելը անբաժան են: Եթէ ​​անոնք տարանջատուին, ըմբռնումը կը դառնայ միայն բանական գործընթաց, իսկ պատմուածին էութիւնը հասկնալու եւ փոխըմբռնման ճանապարհը կը մնայ փակ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022