ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ

Շաբաթէ մը ի վեր կը հետեւինք Վրաստանի տարածքին գտնուող Ջաւախքի հայաբնակ գիւղերէն մէկուն՝ Կումպուրտոյի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն: Դէպքերէն անմիջապէս ետք, վրացահայ ու հայաստանեան մամուլը հեղեղուեցան վերլուծութիւններով, պոռթկման ձայներով, իրատեսական եւ ոչ-իրատեսական կշռադատումներով. եւ գրեթէ բոլորին ենթաթեքստը նոյնն էր՝ այս բոլորին տակ երկու ազգերու՝ հայերու եւ վրացիներու միջեւ բախում հրահրելու թաքնուած նպատակի մը գոյութիւնը: Իսկ ի՞նչ տեղի ունեցած էր Ջաւախքի ամենէն մեծ գիւղերէն մէկուն՝ Կումպուրտոյի մէջ:

30 Սեպտեմբերին, Ախալքալաքի շրջանի Կումպուրտօ գիւղի հայ բնակիչները, որոշած են խաչքար մը տեղադրել գիւղի Ս. Համբարձման եկեղեցւոյ բակը թաղուած շիրիմներուն վրայ, ի յիշատակ վաղնջական հանգուցեալներուն: Սակայն, երբ աշխատանքները սկսած են, վրացական ոստիկանութիւնը ժամանած է Կումպուրտօ եւ արգիլած է տեղադրել խաչքարը, ապա շրջափակած է եկեղեցւոյ տարածքը: Գիւղացիները շարունակած են պնդել, որ խաչքարը պիտի տեղադրեն, եւ այդպէսով բախում տեղի ունեցած է. ոստիկանութիւնը շարունակած է ոստիկաններ կուտակել գիւղին մէջ, ժամանած են յատուկ ջոկատայիններ, գործադրուած է հրազէն, գիւղէն բնակիչներ ձերբակալուած են… Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը դէպքին առթիւ քրէական գործ յարուցած է: Իրավիճակը այնքան լարուած է, որ գիւղ ժամանած է Վրաստանի ներքին գործոց նախարարը, բանակցութիւններէն ետք ձերբակալուածները ազատ արձակուած են, իսկ խաչքարի տեղադրման գործը՝ կասեցուած է:

Լարուած իրավիճակը, սակայն, գիւղին մէջ կը պահպանուի ցայսօր, բայց այդ լարուածութիւնը նոր չէ, որ կայ Կումպուրտօ գիւղին մէջ: 964-ին Յովհաննէս Եպիսկոպոսի կողմէ կառուցուած եւ օծուած Ս. Համբարձման եկեղեցին վէճերու առիթ հանդիսացած է վրացիներու եւ հայերու միջեւ՝ հայկակա՞ն է ան, թէ՞ վրացական:

Վրաստանի իշխանութիւնը իբրեւ երկրի տարածքին գտնուուղ հնագոյն մշակութային ժառանգութիւն, մօտ երկու տարի առաջ, սկսած է եկեղեցւոյ տարածքին վերականգնման եւ ամրացման աշխատանքներ կատարել: Այդ աշխատանքներուն հետեւանքով է, որ ի յայտ եկած են ոսկորներ, որոնք կրկին թաղուած են: Եւ Կումպուրտոյի բնակիչները որոշած են խաչքար տեղադրել յայտնաբերուած հնագոյն շիրիմներու հետքերուն վրայ, զանոնք համարելով իրենց պապերու յիշատակի վկաները՝ հայկական հին այդ գիւղին մէջ: Վրացական կողմը, սակայն միշտ պնդած է, թէ Ս. Համբարձման եկեղեցին վրացական է եւ պէտք է յանձնուի Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ:

Յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան իր «Ջաւախք» գիրքին մէջ անդրադարձած է այս եկեղեցւոյ, զայն համարած՝ ճարտարապետական բարձրարժէք կոթող, որ, ըստ յուշարձանագէտին, ի սկզբանէ յունածէս եկեղեցի մը եղած է՝ հիմնադրուած Յովհաննէս Եպիսկոպոսի կողմէ եւ օծուած՝ Ս. Համբարձման անունով: Տաճարի կառուցման աշխատանքները շարունակուած են մինչեւ 11-րդ դարու առաջին քառորդը: «Եկեղեցւոյ տարածքին պահպանուած բեկորուած խաչքարերը կը փաստեն միջնադարուն այդ տեղը հայոց գերեզմանոցի գոյութիւնը, որ կը վերաբերի 15-րդ դարուն եւ անուղղակիօրէն կը վկայեն, որ Ս. Համբարձման եկեղեցին արդէն այդ ժամանակաշրջանին օծուած է որպէս հայ առաքելական եւ ըստ այդմ՝ գործած», կը գրէ Սամուէլ Կարապետեան՝ «Ջաւախք» գիրքին մէջ:

Յուշարձանագէտին փաստարկներով, 1830-ական թուականներուն, հնագոյն այդ գիւղատեղին հաստատուած Կարնոյ նահանգի հայ գաղթականները, տաճարը լքուած ու կիսաւեր գտած են: Անոնք այդ եկեղեցւոյ արեւմտեան խաչաթեւ հատուածը, որմէ կանգուն մնացած են միայն պատերը, փայտածածկով նորոգելէ ետք հոգեւոր իշխանութեան թոյլտուութեամբ օծած են Ս. Համբարձման անունով եւ դարձուցած են ծխական եկեղեցի, բայց արդէն 1860-ականներուն վրաց հոգեւորականութիւնը վէճ յարուցած է եկեղեցին հայերուն կողմէ իւրացուելուն գծով:

Խորհրդային տարիներուն եկեղեցին լքուած մնացած է, իսկ 2015-ին Վրաստանի Յուշարձաններու պահպանութեան գործակալութիւնը որոշած է վերականգնել զայն: Եկեղեցւոյ բակը խաչքար կանգնեցնելու արտօնութիւն ստանալու համար գիւղի բնակիչները այս տարուան Յուլիսին նամակ յղած են Վրաստանի եւ Հայաստանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդներուն, միջազգային կառոյցներուն, այդ կարգին՝ Վրաստանի եւ Հայաստանի նախագահներուն եւ վարչապետերուն, ԻՒՆԷՍՔՕ-ին, լրատուամիջոցներուն. սակայն դրական պատասխան չստանալով, որոշած են Սեպտեմբերին զայն ինքնագլուխ իրականացնել, որուն հետեւանքով այս խոշոր բախումը արձանագրուեցաւ:

Բազմաթիւ քննարկումներէ ետք, օրեր առաջ, Վրաստանի պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը կայացած է Վրաստանի պետական համապատասխան գերատեսչութիւններուն, Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ՝ Կումպուրտօ գիւղին մէջ խաչքարի տեղադրման շուրջ յառաջացած միջադէպին լուծում տալու նպատակով: Որպէս հետեւանք, Վրաստանի Կրօնի հարցերով զբաղող պետական գործակալութիւնը, Վրաստանի Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցին, Վիրահայոց Թեմը, Վրաստանի Մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութիւնը եւ Վրաստանի Հաշտութեան եւ քաղաքացիական հաւասարութեան հարցերով պետական նախարարի աշխատակազմը հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ մը: Այդ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս կը նշուի.

«Միջադէպը յառաջացաւ, երբ տաճարին բակը, առանց նախնական համաձայնութեան, հայկական աւանդական քարէ խաչ՝ խաչքար տեղադրելու փորձ կատարուեցաւ:

«Եկեղեցւոյ տարածքին, 2015 թուականէն ի վեր, Վրաստանի Մշակոյթի եւ յուշարձաններու պահպանութեան նախարարութիւնը կը կատարէ վերանորոգման աշխատանքներ: Հնագիտական պեղումներուն ընթացքին, այլ բեկորներու հետ, տաճարի բակին մէջ, յայտնուեցան մեծ քանակութեամբ մարդկային ոսկորներ, որոնք վերաթաղուեցան եկեղեցւոյ բակը, որ բնակչութեան քով՝ տեղւոյն վրայ խաչքար զետեղելու փափաք յառաջացուց:

«Տաճարի հիմնադրման մասին տարածուած ապատեղեկատուութիւնը թիւրիմացութիւն յառաջացուց ազգաբնակչութեան շրջանին մէջ: Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը կը հաստատէ, որ տաճարին նկատմամբ որեւէ յաւակնութիւն չունի եւ զայն կը նկատէ վրացական:

«Նախնիներու գերեզմանին նկատմամբ յարգանքը անվիճելի է: Նկատի ունենալով, որ հարիւրամեակներու ընթացքին տաճարին բակը յուղարկաւորուած են վրացիներ, հայեր եւ այլ ազգի ու հաւատքի անձինք, մեր պարտքն է յարգել բոլորին յիշատակը: Վրաստանի Պատրիարքարանին մէջ կայացած հանդիպման մասնակիցները հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ ծագած հարցերը քննարկելու եւ որոշումներ ընդունելու փոխադարձ համաձայնութեամբ, քանի որ խնդիրը, իրաւական ու կրօնական հարթութենէն զատ, ունի նաեւ բարոյական մեծ նշանակութիւն, եւ ընդունուող որոշումները կ՚ըլլան իրավիճակին խաղաղ կարգաւորման բարի օրինակ:

«Որեւէ տեսակի բռնութիւն անընդունելի է եւ սադրանքը՝ անթոյլատրելի: Կը յորդորենք բոլորին՝ պահպանել հազարամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած հայ-վրացական բարեկամութիւնը, ցուցաբերել հեռատեսութիւն եւ յառաջացած հարցերը լուծել օրինականութեան եւ քրիստոնէական սիրոյ ճանապարհով»:

Այս յայտարարութեան առթիւ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան, լրացուցիչ պարզաբանումներ տուած է մամուլին, անդրադառնալով նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի խօսքին: Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան կը նշէ, որ Սամուէլ Կարապետեան անդրադարձած է եկեղեցւոյ անցեալին, բայց երբեք չէ ըսած, թէ ան եղած է առաքելական եկեղեցի: «Առաքելական եղած է անոր մէկ հատուածը՝ 1830 թուականին, երբ եկեղեցւոյ կից կառուցուած գաւիթը փայտերով վերանորոգեցին որպէս Համբարձման եկեղեցի: Ամբողջական այդ եկեղեցին երբեք առաքելական չէ եղած, այլ վրացական եկեղեցի է: Ճիշդը կը մնայ ճիշդ: Ան պատմականօրէն վաղուց ապացուցուած վրացական եկեղեցի է, եւ ոեւէ մէկը չկայ, որ ապացուցէ, թէ եկեղեցին հայկական է: Եկեղեցին հիմա կը վերականգնեն այնպէս, ինչպէս եղած է 10-1-րդ դարերուն: Այնտեղ հայկական մաս չկայ: Մենք պէտք է ուղիղ կողմնորոշում ունենայինք, որպէսզի իրենք ալ մեզի հետ ազնիւ ըլլային եւ երբ մենք վաղը-միւս օր պահանջենք, իրենք ալ նոյն ձեւով մօտենան մեզ յուզող հարցերուն: Վրաստանի իշխանութիւնը եւ պատրիարքարանը իրօք շատ մտահոգուած են եւ ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի խնդիրը լուծուի բնական, մեր ժողովուրդը չնեղացնելով: Վրացական կողմը շատ բարի ու դրական տրամադրուած է մեր համայնքին եւ Հայաստանի նկատմամբ, որ այս ամբողջ հարցերը լուծուին բարի կերպով: Պէտք է այդ ուղղութեամբ ալ աշխատինք: Խաչքարի տեղադրման հետ առընչուող վերջնական համաձայնութիւն մը չկայ տակաւին, մենք չենք կեդրոնացած այդ խաչքարը տեղադրելու վրայ, մենք հոն այլ սկզբունքային հարցեր կը լուծենք մեր ժողովուրդին համար», իր պարզաբանումներուն մէջ նշած է Վիրահայոց Թեմի առաջնորդը:

Միջադէպին արձագանգած են նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, երկու երկիրներու խորհրդարանականները, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

ԿՈՒՄՊՈՒՐՏՕ

Ըստ համայնագիտարանին, Կումպուրտօ գիւղը յայտնի է նաեւ Կումուրտօ վրացական անունով, սակայն հայերուն մէջ աւելի գործածելի է Կումպուրտօ անուանումը: Ախալքալաք քաղաքէն, ուղիղ գիծով, 9 քիլօմեթր դէպի արեւմուտք, կը գտնուի գողտրիկ այս գիւղը՝ Կուր գետի աջ կողմի, խորանդունդ ձորի սկզբնահատուածի հարթ տարածքին վրայ։ Տեղակայուած է ծովու մակերեսէն 1740 մեթր միջին բաձրութեան վրայ: Պատմականօրէն գիւղը կը գտնուի Մեծ Հայքի, Գուգարք նահանգի, Ջաւախք գաւառին մէջ։

Գիւղին մասին առաջին յիշատակութիւններէն մէկը կը թուագրուի 6-րդ դարով, ուր գրուած է, թէ 506 թուականին Դուինի մէջ տեղի ունեցած ժողովին մասնակցած է նաեւ Կումպուրտոյի Յովսէփ Եպիսկոպոսը (Յովսէփ Եպիսկոպոս Կուխորտօ):

964 թուականին, գիւղին մէջ հայ քաղկեդոնականներու կողմէ կը կառուցուի Ս. Համբարձման եկեղեցին, որուն պատկանելիութեան հարցը 1860-ական թուականներէն սկսեալ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու կողմէն կը վիճարկուի:

10-12-րդ դարերուն Կումպուրտոն եղած է Ջաւախքի մէջ քաղկեդոնական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսանիստ տաճարը:

10-11-րդ դարերուն, պայմանաւորուած Բիւզանդիոյ գերիշխանութեամբ եւ քաղկեդոնականութեան տարածումով, Կումպուրտոյի բնակչութիւնը կը համալրէ նաեւ քաղկեդոնական հայերուն շարքը։ Կումպուրտոյի տարածքին պահպանուած եւ 14-16-րդ դարերով թուագրուած հայկական գերեզմանական բազմաթիւ յուշարձանները կը վկայեն, որ տուեալ ժամանակահատուածին, ինչպէս նաեւ՝ մինչեւ 17-րդ դարու վերջը, գիւղը ունեցած է առաքելական ստուար հայ բնակչութիւն: Որոշ ուսումնասիրողներ կը նշեն, թէ 12-13-րդ դարերուն տեղի ունեցած են քաղկեդոնականութիւն ընդունած հայերու՝ դէպի առաքելականութիւն դարձի գալու տարածուած երեւոյթ։

Դարձեալ համայնագիտարանի տուեալներով, զանազան ժամանակներու Կումպուրտոյի բնակչութիւնը կա՛մ ամբողջութեամբ հայեր եղած են, կա՛մ՝ հայերը կազմած են բացարձակ մեծամասնութիւն։ Օրինակ, 1595 թուականին Կումպուրտոն ունեցած է քսան տուն բնակիչ, որոնց մեծ մասը, եթէ ոչ բոլորը, դատելով մականուններէն, եղած են ազգութեամբ հայեր։

Հակառակ 18-րդ դարու սկիզբի իրերայաջորդ ռուս-թրքական պատերազմներուն հասցուցած էական վնասներուն ու անոնց հետեւանքով յառաջացած ամայացման, այնուամենայնիւ, 1829-1830 թուականներուն նորեկ հայերու հաստատման ժամանակ գիւղը ունեցած է բնիկ բնակչութիւն: Վերջիններէն ծանօթ են Համազասպեան, Մատթէոսեան, Մղտեսեան, Սարեան, Քոչկանեան եւ Քեւնաքսզեան ազգատոհմերը։

1830 թուականին, Կումպուրտոյի հայութիւնը համա-լըրած վերաբնակիչներու նախնիները տեղափոխուած են Կարին (Էրզրում) նահանգի, Շակաւ (Բալիշակաւ, այժմ՝ Gökçebük) գիւղէն: Ան հայաբնակ գիւղ մըն էր եւ կը գտնուէր Կարին քաղաքէն 35 քիլօմեթր դէպի արեւմուտք։ Ծանօթ է, որ 1899-1900 թուականներուն հացի, բզէզի եւ հոտենտոտեան մլուկին հասցուցած վնասներուն հետեւանքով Կումպուրտոյի գիւղատնտեսութիւնը յայտնուած է բաւական դժուար իրավիճակի մը մէջ եւ պետական յատուկ կոմիտէի մը կողմէ դասուած է աւելի տուժած բնակավայրերու կարգին: Այս աղէտէն ետք, ըստ «Մշակ» թերթի հրապարակման, 1901 թուականին Կումպուրտոն ընդգրկուած է երկրամասի կարիքաւոր գիւղերու ցուցակին մէջ:

Այժմ գիւղին մէջ կը բնակին միայն հայեր, մօտ 2800 հոգի, իսկ գիւղին դպրոցը կը յաճախէ 330 աշակերտ: Գիւղը ուրիշ եկեղեցի մըն ալ ունի, որ նորակառոյց է եւ բացուած ու օծուած է այս տարուան Ապրիլ ամսուն: Ան հայկական Ս. Խաչ եկեղեցին է, որ 2001 թուականէն մինչեւ այսօր Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ կառուցուած ու վերաբացուած յիսուներորդ եկեղեցին է:

Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը կ՚ընդգրկէ Վրաստանի տարածքը։ Թեմի առաջնորդանիստը՝ Թիֆլիզի Ս. Գէորգ եկեղեցին է: Վիրահայոց Թեմը կը համախմբէ եւ կը գլխաւորէ Վրաստանի տարածքին գործող եկեղեցիները, կ՚առաջնորդէ հայ քրիստոնեայ համայնքը, կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ենթակայութեան տակ: Թեմի առաջնորդը կը նշանակուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ։ Վիրահայոց Թեմի կազմին մէջ կը մտնեն Թիֆլիզի, Ջաւախքի, Աճարիոյ, Քվեմօ Քարթլիի տարածքաշրջաններուն գտնուող համայնքները, գործող եւ չգործող եկեղեցիները: 2013 թուականի դրութեամբ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմը ունի տասնվեց հոգեւորականներ, գործող յիսուն եկեղեցիներ:

Իսկ ներկայիս, Վիրահայոց Թեմը վրաց իշխանութիւններէն կը պահանջէ՝ վերադարձնել մինչեւ խորհրդային իշխանութեան հաստատուիլը Վրաստանի տարածքին եղած 442 հայկական եկեղեցիները, որոնք այսօր աւերուած ու փլատակներու վերածուած են եւ որոնց տարածքին ուրիշ կառոյցներ կառուցուած են եւ կը գործեն որպէս Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ տաճարներ: Վիրահայոց Թեմը կը պահանջէ վերադարձնել խորհրդային իշխանութեան տարիներուն բռնագրաւուած Թիֆլիզի Ս. Նորաշէն Աստուածածին, Ս. Նշան, Մուղնեցոց Ս. Գէորգ, Երեւանցոց Ս. Մինաս, Շամխորեցոց Կարմիր Աւետարան եկեղեցիները, Ախալցխայի՝ Ս. Նշան եկեղեցին։ Վրաց իշխանութիւնները տակաւին չեն ընդառաջած այդ պահանջքին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2017