Շարլ Ազնաւուր Իր Արուեստով Եւ Մարդկային Վեհ Առաքինութիւններով Դարձաւ Լուսածիր Ասուպ Մը՝ Գեղեցկացնելով Երգարուեստի Սիրահարներու Հոգիները
«Շարլ Ազնաւուր մեզ ապրեցուցած է իր երգերով: Հայկական ծագում ունեցող ներգաղթեալի որդին պետութիւն էր պետութեան մէջ, հայրենիք՝ հայրենիքի մէջ»:
Էմմանիւէլ Մաքրոն
Ֆրանսայի նախագահ
5 հոկտեմբեր 2018
Համաշխարհային երգարուեստի պատմութիւնը իր զարթօնքը ապրեցաւ, երբ 1950-ական թուականներուն երաժշտական նոր ոճ մը տարածուեցաւ՝ համաշխարհային տարողութեամբ, որ կոչուեցաւ էսդրատային երգ, որ խորքին մէջ արդի երաժշտութեան տեսակ մըն է, ուր կը գործածուին ելեկտրական կիթառ, երգեհոն, տրամզ, սաքսոֆոն, թրոմփեթ:
Այս տիպի երաժշտութենէն անմասն չմնաց հայկական երաժշտութիւնը, որուն լաւագոյն մեկնաբանը դարձաւ հայութեան էսդրատային սիրուած երգիչ Ատիս Հարմանտեան: Միջազգային մակարդակի վրայ նոյն թուականներուն յատկապէս Շարլ Ազնաւուրի (բուն անունով՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան) յայտնուիլը մերժումի հսկայ ալիք մը բարձրացուց եւրոպացի եւ ի մասնաւորի ֆրանսացի երգարուեստի սիրահարներուն մօտ: Սակայն շուտով, 1956 թուականին արդէն ֆրանսական հասարակութիւնը Շարլ Ազնաւուրի Փարիզի «Օլիմփիա» դահլիճին մէջ մենահամերգի ունկնդրութենէն ետք, իր կարծիքը կը փոխէ եւ Ֆրանսան կը դառնայ ազնաւուրացած. անոր երգերը կը տարածուին Եւրոպայէն Միացեալ Նահանգներ՝ հասնելով մինչեւ Միջին Արեւելք:
Ծնունդով ֆրանսացի, սակայն ծագումով հայ այս մեծ անձնաւորութեան կենսագրութեան վրայ ակնարկ մը նետելէ առաջ հարկ է անդրադառնալ որոշ տուեալներու: Ան կանուխէն ծանօթացաւ թատրոնի աշխարհին եւ ինն տարեկանին արդէն հմայուած էր արուեստով: Ազնաւուրի հռչակը սկսած է, երբ 1946-ին Էտիթ Փիաֆ լսելով Ազնաւուրի երգեցողութիւնը՝ կ՚որոշէ իրեն հետ համերգային յայտագիրներով շրջագայութեան տանիլ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հազարէ աւելի երգերու հեղինակ (մէկ մասը՝ երգահան Ժորժ Կառվարենցի հեղինակութեամբ) Շարլ Ազնաւուրի երգերը ցայսօր կը լսուին ու կը յուզեն, կ՚ամոքեն եւ կ՚ուրախացնեն երաժշտութեան ծարաւ միլիոնաւոր ունկնդիրներու հոգիները: Այդ հռչակաւոր երգերէն կարելի է յիշել՝ «Մաման», «Պոհեմը», «Դեռ երէկ», «Երիտասարդութիւն», «Երկու կիթառ», «Յաւերժական սէր», «Աւէ Մարիա», «Անոնք ինկան» (ցեղասպանութեան 60-ամեակին նուիրուած): Իւրայատուկ է իր դստեր՝ Սեդա Ազնաւուրի հետ մեկնաբանած Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգի կատարումը: Սակայն իր իւրայատկութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ ուղիղ երեսուն տարի առաջ իր արուեստի ճամբով անմնացորդ բաժինը բերաւ Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի անմեղ զոհերու ընտանիքներուն եւ որբացած հայորդիներուն (դեկտեմբեր 1988-ին) օժանդակութեան աշխատանքին: Ազնաւուր աւելի քան եօթանասուն երաժիշտներու հետ պատրաստած է «Քեզի համար Հայաստան» երգը եւ Փարիզի մէջ հիմնած է «Ազնաւուրը Հայաստանին» բարեսիրական հիմնադրամը՝ հոգալու համար երկրաշարժէն տուժածներու անհրաժեշտ կարիքները:
Ամերիկեան «Թայմզ» հանդէսին կողմէ յայտարարուած «20-րդ դարու արուեստագէտ» ճանաչումը առընչուած չէ միայն իր երգարուեստին: Շարլ Ազնաւուր նկարահանուած է աւելի քան 60 ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել «Արարատ» (2002), «Քնքոյշ Հայաստան»:
Իր արուեստագէտի կեանքը երբեք չխախտեց իր հասարակական ու քաղաքական կեանքը: Մնայուն դրօշակիրը ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին՝ ան Հայաստանի պատուաւոր դեսպան եղաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ եւ նշանակուեցաւ նաեւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ ամէնուրեք Հայաստանի անունը բարձր պահելով:
Իր կենդանութեան, որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, Կիւմրիի մէջ կանգնեցուած է իր արձանը, Երեւանի հրապարակներէն մէկը անուանուած է իր անունով եւ Ֆրանսայի մէջ Ազնաւուրի մոմէ արձանը դրուած է Մատամ Թուսոյի թանգարանին մէջ:
ԱԶՆԱՒՈԻՐԻ ԿԵԱՆՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ՝ ԻԲՐԵՒ ԱՒԱՆԴ
Ա. Ազնաւուրը՝ արուեստի առանձին դպրոց
Ազնաւուրի գրած երգերը սոսկ երաժշտական պատահական յօրինումներ չեղան: Իր վկայութեամբ, բոլոր երգերը գրած է իմաստալից բառերով, որուն կ՚ընկերակցի համապատասխան երաժշտութիւնը, ունկնդիրները աւելի հաղորդ դարձնելով եւ երգի ճամբով անուղղակի պատգամ մը յղելով բոլորին: Ի զուր չէ, որ Հայաստանի մեր հայրենակիցներու վկայութեամբ, շատեր ուզած են ֆրանսերէն լեզուն սորվիլ, որպէսզի կարենան թափանցել մեծ արուեստագէտի գրած բառերու իմաստային խորքին:
Բ. Ազնաւուրի սէրը
Ազնաւուր մեծցած ըլլալով համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ՝ մեծ սէր ունեցաւ իր ընտանիքին, երգարուեստին, մարդկութեան, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նկատմամբ: Հարցազրոյցի մը մէջ, երբ Ազնաւուրին հարց տրուած է, թէ ի՞նչ է երկար ապրելու գաղտնիքը, կենարար ուժը եւ իր երիտասարդ մնալը, ան հաստատակամօրէն պատասխանած է. «Ես կը սիրեմ կեանքը: Կեանքը շատ կարեւոր է: Մի՛ փճացնէք զայն, այլ ապրեցէք»: Ահա հոս կը կայանայ նաեւ Ազնաւուրի կեանքի յաջողութեան հիմնական գաղտնիքը եւ իր բազմահազար ունկնդիրներու յարգանքն ու սէրը իր արուեստին հանդէպ:
Գ. Ազնաւուրի ընտանեկան համերաշխութիւնը
Հակառակ անոր որ ան երեք անգամ ամուսնացած է, համերաշխ ապրած է իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Երբեք խտրութիւն չէ դրած ու ծայրայեղական չէ եղած իր ընտանիքի անդամներու յարանուանական կամ համայնքային տարբերութիւններուն գծով, որովհետեւ ան մարդկային վեհ արժէքներով դաստիարակուած ու յարգած է բոլորը՝ զանոնք նկատելով Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած համահաւասար մարդ էակներ: Ազնաւուրի իսկ վկայութեամբ, իր ընտանիքին բոլոր անդամները կը սիրեն ու կը յարգեն զիրար:
Դ. Ազնաւուրի հայրենասիրութիւնը
Շարլ Ազնաւուր էրզրումցի Միշա եւ զմիւռնիացի Քնար Ազնաւուրեաններու զաւակն էր։ Ան ծնած էր Փարիզի Սեն Ժերմեն Տը Փրէ թաղամասը եւ մեծցած՝ Ֆրանսայի մէջ: Ազնաւուր հակառակ ֆրանսացի ըլլալուն՝ հպարտ էր իր հայկական ծագումով եւ միշտ գործնականօրէն իր կարելիութեան չափով սատար կը հանդիսանար Հայաստանին: Ազնաւուրի անմիջական փութալը Հայաստանի երկրաշարժէն ետք, յոյս ներշնչելը երկրաշարժի տուժածներուն, «Ազնաւուրը Հայաստանին» բարեսիրական հիմնադրամը, Հայաստանի նուիրուած համերգային ծրագիրները, նիւթական հսկայական ներդրումները՝ լաւագոյն ապացոյցն են իր մեծ հայրենասիրութեան, հոգատարութեան եւ հայրենիքի հզօրացումին: Ան իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ցաւով եւ ափսոսանքով կ՚արտայայտուէր, որ հայեր՝ համեստ թէ հարուստ դասակարգի, չեն օգներ Հայաստանին, եւ այս ձեւով հայրենիքը չի զօրանար՝ մէջբերելով Ամերիկայի նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի նշանաւոր խօսքը. «Մի՛ հարցներ, թէ երկիրը ի՛նչ կրնայ ընել քեզի համար, այլ փորձէ, թէ դուն ի՛նչ կրնաս ընել հայրենիքիդ համար»: Ան թունդ քաջալերողը եւ կենդանի օրինակը եղաւ այն մտածումին, որ հայերը պէտք է Հայաստանի համար աշխատին, նոր դպրոցներ բացուին, որպէսզի հայ ազգը բարգաւաճի՝ երաշխաւորելով հայութեան պայծառ ապագան:
Ե. Ազնաւուր՝ անմնացորդ նուիրեալը
Իր հարուստ արուեստի կեանքով, Հայաստանին անշահախնդիր օժանդակութեամբ, քաղաքական կեանքի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին ու Հայաստանի հզօրացման համար աշխատող այս նուիրեալ հայը իր համեստ նկարագիրով ու անմնացորդ ծառայութեամբ արժանացաւ Հայաստանի «Ազգային հերոս» կոչումին եւ բազմաթիւ պետական ու եկեղեցական բարձրագոյն կարգի շքանշաններու:
Շարլ Ազնաւուրի հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին ֆրանսական եւ հայկական զոյգ պետութիւններուն ցուցաբերած պետական բարձր մակարդակի յարգանքը լաւագոյնս կը բնորոշեն Ազնաւուրի անուրանալի դրոշմը եւ արժանաւոր զաւակ ըլլալու բացարձակ ճշմարտութիւնը:
Այսօր, երբ աշխարհը նոր մարտահրաւէրներու եւ համաշխարհայնացման մեծ վտանգի դիմաց կը կանգնի, եւ ժողովուրդը հոսանքն ի վեր կը թիավարէ, Շարլ Ազնաւուր իր մահով, մեծ վաստակով ու ապրուած կենդանի օրինակով խօսուն վկայութիւն է կեանքը սիրելու, իմաստաւորելու եւ անջնջելի դրոշմ ձգելու երկրաւոր այս կեանքի ընթացքին:
Թող գլխագիր այս մարդուն, մեծ հայրենասէրին, բարերարին պատգամները զարթուցիչ ազդակը դառնան մեր կեանքին՝ վառ պահելու համար Շարլ Ազնաւուրի անմեռ յիշատակը:
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ