ԱՆՆՄԱՆ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒ, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ ԵՒ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ

Հայ դպրութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ անպայմանօրէն անդրադառնալ հայ դպրոց-հայ լեզու-հայ ուսուցիչ երրորդութեան մասին։ Սփիւռքը այս երեքին միշտ կարիքը ունեցած է եւ ունի։ Մէկը միւսը ամբողջացնող ազդակներ։ Մեր գոյութիւնը ամրապնդող ազգային լծակներ։ Յատկապէս վերջինը։ Առանց անոր դժուար է շարունակել մեր երթը...։ Կեցուածք եւ ըմբռնում պարտադրող ներկայութիւն։

Առաջին երկուքի մասին շատ խօսած են։ Կարգը հիմա վերջինին է՝ կը կարծեմ։

Եւ որովհետեւ բոլորս ալ հայեր ենք եւ բոլորս ալ միաժամանակ երազ ունեցող մարդիկ, սակայն եւ այնպէս պարտաւոր ենք այս երեքի մասին մտածել։ Թէեւ այս օրերուն ալ աշխարհի վրայ մեր զանազան եւ բազնազան հարցերը մեզ կը հիւծեն... բայց... ասոնք տարբեր են։

Պարտաւոր ենք խօսիլ, յիշել եւ յիշեցնել։

Անոր համար յաճախ յուսահատ ու տխուր, նաեւ հպարտ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ եղած պիտի ըլլար մեր իրավիճակը, եթէ մեր կեանքին մէջ հայկական դպրոցներ գոյութիւն ունեցած չըլլային:

Թէեւ կը կարծեմ, որ խորագիրը արդէն ինքնին ամէն բան կը ցոլացնէ, բայց ըսեմ, որ սեւով ճերմակին վրայ գրուած ա՛յս տողերը, իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր։ Նաեւ ըսեմ, որ մեր կեանքին մէջ նման հարցերու հետ ատաղձ ունեցող բացառիկ կամ բացառութիւններ միշտ կան եւ պիտի ըլլան։ Բայց...։

Ու գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար նաեւ եթէ աւելցեմ, որ ուսուցչութիւնը ինծի համար եղած է կեա՛նք եւ ոչ միայն ասպարէզ: Եւ հակառակ այս տարիքիս, տակաւին ու միշտ ինքզինքս հայոց լեզուի պարզ աշակերտ նկատած եմ։ Անկեղծօրէն ու հպարտ ըսեմ. նորը սորվելու եւ նորեկներուն սորվեցնելու մարմաջը չէ խամրած մէջս։ Այս բոլորը ազնիւ ցանկութիւններէն կը բխին։ Բայց ասոնք տարբեր հարցեր են։

Արդ, առաջին իսկ հերթին, ի տես բազմազան «իրականութիւններու», յաճախ ես ինծի նաեւ հարց տուած եմ, թէ ներկայիս ի՞նչ նպատակ կը հետապնդեն սփիւռքեան հայկական վարժարանները։

Արդեօք լեզու կը սորվեցնե՞ն, թէ ոչ՝ մշակոյթ կը պահպանեն։

Հայ դպրոցը կը նմանի հայ մեծ ու մաքուր ազգային տարրալուծարանի մը։ Մեծ խոհանոցի մը, եթէ կ՚ուզէք, ուր պիտի պատրաստուին եւ պէտք է որ պատրաստուին զանազան երդիքներու տակ շնչող հայ աշակերտի «քիմքին» ու «ճաշակին»՝ իր «կերակուր-գիտելիքը», միաժամանակ մատուցուելով հայերէնով ազատ մտածելու ախորժակ-հաճոյքը՝ հաճելի ելեւէջներով եւ մաքուր լեզուով։

Խոհանոց ըսի։ Անշուշտ, որ մեր այս բաժինը ունի իր հարազատ խոհարարը՝ մեր հայ ուսուցիչը, որուն համար իբրեւ այդ խոհանոցի միակ մասնագէտ-խոհարարը, էական եւ առաջին իսկ հերթին պէտք է, որ ըլլայ աշակերտի ո՛չ թէ լեզուն սրբագրելը, այլ անոր լեզուն ճիշդ խօսելու փափաքը արթնցնելը։ Հարցուցէ՛ք, մասնագէտներուն։

Այլ խօսքով, մեր մայրենիին հետ աշակերտի յարաբերութիւնը պէտք է, որ ըլլայ հաստատ, անկեղծ ու հարազատ, առանց քաշուելու՝ համարձակ։ Պարզ ըսելով, չափաւոր, օգտակար եւ առողջարար սնունդ մատուցել, որպէսզի աշակերտը «կշտանայ» եւ մանաւանդ առողջ մեծնայ։

Շատեր գիտեն այս բոլորը։ Նոյնիսկ շատեր ալ կը կարծեն, որ գիտեն։ Բացառիկներ։ Ուստի խօսքս միայն չգիտցողներուն է։

Ու յանկարծ հինը ապրելու երանութիւնը կը ծագի մէջս եւ մտովի կ՚ըսեմ. նուիրեալներու սերունդ մը կար ժամանակին, ուսուցիչներ, կրթական մշակներ՝ մեր օրերուն եւ մեզմէ դար մը առաջ ալ։ Օրինակելի, նոյնքան ալ պատմական։ Այսպէս՝ Ալիշան, Օշական, Վարուժան, Աղբալեան, Շանթ, Իշխան, Արմէն Անոյշ, Վրացեան, Վահեան, որոնք սփիւռքեան մեր դպրոցական մշակոյթ ըսուածը, ամուր հիմերու վրայ դրին։ Որովհետեւ ասոնք բոլորն ալ թէ՛ ուսուցիչ էին եւ թէ՛ մտաւորական։ Այդ օրերուն եւ հաստատապէս, մտաւորական եւ ուսուցիչ նոյն «բաներ» էին։ Նոր սերունդը դաստիարակող հաստատ եւ ամուր խարիսխներ։ Հայ լեզուի առողջութեամբ մտահոգ «խոհարարներ»։

Իսկ այսօր... իսկ ներկայիս եւ ամէն տեղ նման երեւոյթ դուք փնտռեցէ՛ք։ Կա՞յ։ Թերեւս։ Չեմ գիտեր։ Հարցուցէ՛ք։ Ճիշդ է, որ պայմանները փոխուած են։ Դարը փոխուած է։ Ամէն բան նիւթականացուած է։ Այս տողերը նորութիւններ չեն։ Անկասկած։

Սակայն յիշենք. ազգի մը ներկայացուցած արժէքը իր ունեցած ուսուցիչներն են, եւ ո՛չ թէ ուրիշ տուեալներ, որոնք առհասարակ կապ ունեցած են նիւթականին հետ, եւ որոնք գնայուն են եւ ոչ թէ մնայուն: Մարդկային կեանքին մէջ ուսուցանելը ուժականութիւն մը ունեցած է միշտ: Ներքին եւ անօրինակ։

Ուսուցիչ եւ կամ ուսուցչութիւն։ Հին դարերէն ի վեր մարդկութեան հնոցն ու դարբնոցը հանդիսացած է ան, նկարագիր կռանողն ու կերտողը, որուն հետեւանքները կապուած մնացած են մարդկութեան ապագային հետ:

Ուսուցիչը անձ մըն է, որ օրինակելի ընծայում ունի եւ ոչ թէ գիտութիւն։ Ստեղծագործ կոչում։

Անոր համար կ՚ուզեմ, ինչու չէ նաեւ կ՚ուզենք եւ կը ցանկանք, որ Հայ Ուսուցիչին անհրաժեշտութիւնը մնայ եւ պէտք է, որ մնայ անժխտելի, իսկ անոր դերակատարութիւնը՝ շատ մեծ ու վճռական, մարդակերտման եւ հայակերտման աշխատանքներուն մէջ: Որովհետեւ կը կարծեմ, որ իրեն համար կարեւորը «տալն» է, ոչ միայն «ըլլալը»։ Էականը՝ «ցանելն» է, ոչ միայն «ամբարելը»։ Կենսականը «ճառագայթելն» է, եւ ոչ միայն «ուսուցիչի անուն կրելը», ինչպէս, որ ըսած ու նաեւ դաստիարակած են մեզ՝ մեր մեծերը:

Ա՛յս է իսկական ուսուցիչին առաքելութիւնը. նուիրո՛ւմ եւ այդ նուիրումի արարքին մէջ իսկ գտնել հոգիի եւ մտքի գոհունակութիւն: Ուսուցչութիւնը վստահուած առաքելութիւն մըն է, որ դարէ դար Մեսրոպ Մաշտոցէն մեզի փոխանցուած է իբրեւ սրբազան աւանդ։

Իսկ այսօր։ Դուք լաւ գիտէք պատկերը։ Ամէն անկիւնէ կը լսենք. «ուսուցիչ կ՚ուզուի»։ Այս մէկը թէեւ ինքզինք կը բացայայտէ, սակայն լաւ երեւոյթ մը չէ։ Կը կարծեմ, որ հարազատ արդիւնքն ու հետեւանքն է մեր կեանքին, մեր դպրոցներուն եւ մեր կառոյցներուն։ Ու այս ձեւով դպրոցի մտահոգութիւնը զանազան այլ մտահոգութիւններու կողքին, կը մնայ անփոփոխ։

Ուսուցիչ «կ՚ուզուի» եւ կամ «կը փնտռուի»։ Ինչո՞ւ։ Թերեւս չկայ։ Մտածեցէ՛ք։ Քանի մը տարիներ ետք, ո՞վ պիտի փոխարինէ ներկաները... ո՞վ, ըսէ՛ք պիտի շարունակէ երթը... պիտի փոխանցէ ջահը... որովհետեւ հայերէն լեզուի ուսուցիչը, մենք՝ մեծ ու պզտիկ պատասխանատուներս, զայն պարզ պաշտօնեայի վերածած ենք։ Ուսուցիչ ըլլալը «գործի» աշխատանքի վերածած ենք։ Շատերու համար նոյնիսկ կողմնակի եկամուտ։

Բայց նաեւ չմոռնանք. Էականը նաեւ ուսուցիչ գտնելուն կողքին, ուսուցիչ պահելն է։

Պայման է, որ ուսուցիչը մասնագիտութիւն ունենայ։ Մեր լեզուին տիրապետած ըլլայ իր զոհաբերութեան կողքին։ Գիտակցութիւնը ունենայ ինքզինք վերապատրաստելու։ Մէկ խօսքով փոխել, փոխուիլ, նորոգուիլ է պէտք գիտնայ։

Այս բոլորը դասագիրքերով չեն ըլլար։ Ուսուցանելը արուեստ է։ Մասնագիտութիւն է՝ կը շեշտեմ։

Ամէն առիթներով պոռացած ենք եւ կը պոռանք։ Կը շեփորենք, թէ գիրքերն ու ծրագիրները աշակերտ չեն դաստիարակեր, ինչպէս որ վկայական մը ձեռք ձգելը՝ հմտութիւն չէ։

Հայ ուսուցիչը վերջապէս պէտք է սորվի, թէ ինչպէ՞ս ի՛նք պէտք է մնայ հայ աշակերտի մտքին մէջ։ Օգտուի հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան նիւթերէն։ Նաեւ գիտնայ, թէ ինչպէ՞ս ինք աշակերտի զգայնութիւնը արթնցնէ եւ նոր մարդու թափ պատրաստէ, որուն մէջ ներկայ ըլլայ մեր ազգային գլխաւոր ձգտումները։ Աւելին՝ հայ աշակերտի հոգիի եւ մտաւոր կազմաւորման դերակատարը դառնայ ու անոր, առանց բարդոյթի հաւատք ջամբէ, յոյս ներարկէ, տեսիլք փոխանցէ, հայերէնով մտածել տայ, վերլուծել տայ եւ հայերէնով արտայայտելու հաճոյքը փոխանցէ։ Այլ խօսքով՝ իր առաքելութիւնը յստակ պէտք է որոշուի, շեշ-տըւի։ Սահմանուի։ Որովհետեւ, ուսուցիչը խորունկ ու մաքուր ակնոցով եւ մանաւանդ պատրաստուած կրթական այն մշակն է, որ ընթացիկ պաշտօնեայէն կը տարբերի իբրեւ իր տեսութիւնները գործի վերածող անձ։

Հայ վարժարանէն ներս ծրագիրն ու դասագիրքը ուսուցիչի անձին մէջ պէտք է որ ըլլան։ Մեր աշակերտը իր հայ դպրոցէն ներս լեզու չի սորվիր, ըսած եւ կրկնած են հայ մասնագէտ դաստիարակները։ Ուստի հայ դպրոցին մէջ աշակերտի լեզուն է, որ օրէնքներու միջոցով պէտք է, որ մշակուի։ Մնացածը ոգին է: Գիրէն ու լեզուէն բխող ոգին: Ինչպէս նաեւ՝ հայրենիքը:

Ճիշդ այս բոլորին համար պէտք է ուսուցիչ պատրաստել։ Վաղուան հայ ուսուցիչը։

Ուսուցիչ վերապատրաստելը վերջին եւ գերագոյն լուծումը չէ։ Ուսուցչանոցի մը, հայ ուսուցիչ «պատրաստող» կրթական ծրագիր-հաստատութեան մը անմիջական կարիքը ունի սփիւռքը։

Այս բոլորը ամէն առիթով եւ ամէն տեղ կրկնած ենք։ Կը կարծեմ, որ այս մէկը բոլորիս համար լուրջ խնդիրներ են եւ պէտք է, որ ըլլան։ Ազգային։ Որովհետեւ տեսնուած է, թէ տակաւին մեր դպրոցներէն ներս, ըլլան անոնք ամէնօրեայ կամ միօրեայ, մեր մայրենին եւ պատմութիւնը կը դասաւանդուին դասական կամ աւանադական ձեւով։ Ու անոր համար կը ձախողինք եւ անմիջապէս կ՚այպանենք նիւթականն ու ժամանակը։

Ահա այս է, որ կը ծերացնէ ազգը։

Արդ, վերջին հաշուով ի՞նչ է աշակերտին հայկական դպրոց յաճախելու նպատակը։ Ի՞նչ է նաեւ հայ մարդուն ուսուցիչ դառնալու նպատակը։

Այս բոլորը անկասկած բարդ եւ լուրջ խնդիրներ են, որոնք մէկ օրէն միւսը կարելի չէ լուծել։ Ուսուցիչը «պարապ» կամ «բաց» մը լեցնողէն անդին պէտք է, որ ըլլայ։ Գիրքերը աշակերտ չեն դաստիարակեր։ Շատ քիչերը գիտեն, թէ ինչ ըսել է դասատու կամ դաստիարակ։

Տարիներէ ի վեր եւ ամէն երկնքի տակ, կը խօսուի դպրոցական արդիական ծրագիրներու եւ նոր դասագիրքերու մասին։ Միշտ իբրեւ «վահան» կը պաշտպանուինք՝ «նիւթական» ըսուածին։ ԲԱՅՑ…

Սրտցաւ եւ ատակ մարդիկ չեն պակսիր։ Փառք Աստուծոյ։ Այնպէս կը թուի, թէ շատ մը «տեղեր» տակաւին հեռու են այս հարցէն կամ այս մտահոգութիւններէն։ Կարեւոր եւ էական է. աւելի լուրջ մօտենալ։ Այս մէկն ալ Հայ դատին կը պատկանի։ Անտարբերութիւնը մեզ տեղ չի հասցներ։

Թարգմանչաց տօն է։ Այլ խօսքով՝ մեր առաջին ուսուցիչին եւ իր աշակերտ-ուսուցիչներուն նուիրուած «օր»։ Օրինակուինք։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019