ԿԻՒՄՐԻԻ «ՍՏԵՓԱՆ ԱԼԻԽԱՆԵԱՆ» ՏԻԿՆԻԿԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԸ

Կիւմրիի տիկնիկային թատրոնը նոր շունչ առած կը շարունակէ տարածել հէքեաթի շունչն ու գոյները։ Այսպէս, Կիւմրիի «Ստեփան Ալիխանեան» տիկնիկային թատրոնը կը շարունակէ նոր ներկայացումներով ուրախացնել երեխաները: «Արմէնփրէս»էն Լիլիթ Դեմուրեան այս մասին զրուցեց «Ստեփան Ալիխանեան» տիկնիկային  թատրոնի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմենուհի Մանուկեանի հետ։ Ան անդրադարձաւ Հայաստանի առաջին՝ աւելի քան 80-ամեայ, սակայն հոգիով միշտ երիտասարդ թատրոնի խնդիրներուն, ձեռքբերումներուն, նորամուծութիւններուն, տիկնիկային արուեստի նկատմամբ երեխաներու աւելի մեծ հետաքրքրութեան մասին:

Մեր թատրոնին մէջ նախկին տնօրէնը հանգստեան կուչուեցաւ եւ խնդիր յառաջացած էր, որ նոր տնօրէն պիտի գայ։ Մեզ մօտ կար պզտիկ հարց մը, որ խառն էր՝ Կիւմրիի քաղաքապետարանի կողմէ նշանակուած էր տնօրէն մը, որ թատրոնի անձնակազմի համար այնքան ալ ցանկալի չէր: Անձնակազմը որոշում կայացուց, որ տնօրէն պէտք է ըլլայ այն անձը, որ քաջածանօթ է թատրոնի խնդիրներուն եւ թատերական աշխարհին կը պատկանի: Այդ ճանապարհով ալ ես ընտրուեցայ ժամանակաւոր պաշտօնակատար: Ժամանակաւոր պաշտօնակատար ընտրուեցաւ եռամսեայ ժամկէտով, որուն արդէն մէկ ամիսը լրացաւ։ 

Տասն տարիէ ի վեր բեմադրող-բեմադրիչ եմ եւ հիմնաւորապէս ծանօթ եմ այստեղի խնդիրներուն, առաւելութիւններուն եւ թերութիւններուն:

Մենք նախապէս թատրոնի շէնքի տեղափոխման խնդիր ունեցանք, սակայն մեր նախկին տնօրէնը ջանք չխնայեց, որպէսզի թէ՛ շէնքը պահպանէ եւ թէ մնանք այստեղ, քանի որ ի սկզբանէ սա՛ եղած է Կիւմրիի տիկնիկային թատրոնը: Մեզի համար առաջնային նպատակը շէնքի ներքին յարդարումն է, այստեղ ամենամեծ խնդիրը խոնաւութիւնն է: Այդ խնդիրը լուծելէ յետոյ, նպատակ ունինք զայն վերանորոգելու, որպէսզի թատրոն մտնելով՝ երեխան ինքզինք հէքեաթի մէջ զգայ, գեղագիտական հաճոյք ստանայ:

Այս հարցերը լուծելու համար դիմած եմ քաղաքապետարան, սակայն անոնք չեն կրնար յատկացումներ ընել, քանի որ համապատասխան պիւտճէ չունին:

Ես այժմ կը փորձեմ գտնել հովանաւորներ, որոնց միջոցով կը փորձենք քայլ առ քայլ կամ գուցէ մէկ անգամէն յառաջ երթալ: Յոյսերը, կարծես, ծիլ կու տան: Մեզի համար որոշակի խոչընդոտ է քաղաքապատկան կառոյց ըլլալը, քանի որ, երբ կը դիմենք այլ կառոյցներու, մեզի անմիջապէս մատնացոյց կ՚ընեն քաղաքապետարանը: Մեր քաղաքապետարանէն ինծի հարկաւոր է գրութիւն մը, ուր նշուի, թէ այդ կառոյցը պիւտճէ չունի տիկնիկային թատրոնի ծախսերը հոգալու համար: Այդ գրութեամբ ես կրնամ դիմել Մշակոյթի նախարարութեան, որպէսզի փորձենք միասին լուծումներ գտնել մեր խնդրին:

Օգոստոսի 5-ին եղաւ թատերաշրջանի բացումը եւ նորարարութիւններէն մին եղաւ այն, որ այժմ ներկայացումներէ առաջ երեխաներու համար փոքրիկ միջոցառումներ կը կազմակերպենք զանազան կերպարներով: Դուրսը մանկական երաժշտութիւն կ՚ըլլայ՝ առաւելագոյն չափով երեխաները գրաւելու համար: Այժմ հեռուստաընկերութիւններով, համացանցի միջոցով գովազդներ կ՚ընենք, որպէսզի աւելի հանրայնացնենք մեր կառոյցը: Մենք նաեւ նոր ձեւով լուսաւորեցինք թատրոնը, որպէսզի ամէն ինչ աւելի գունեղ ըլլայ եւ երեխաներու հետաքրքրութիւնը գրաւէ: Յառաջիկային կը ախատեսենք նաեւ մեծահասակներու համար ներկայացումներ բեմադրել եւ արդէն իսկ սկսած ենք աշխատիլ «Փոքրիկ իշխանը» հէքեաթի ուղղութեամբ:

Մենք մենաներկայացումներու ձեւաչափով կ՚ուզենք մասնակցիլ հիւրախարեու եւ փառատօներու մասնակցիլ։ Արդէն իսկ հիմնաքարը դրուած է: Առաջին հիւրախաղը կ՚ըլլայ Ֆրանսայի, ապա՝ Գերմանիոյ մէջ: Յստակ ժամանակահատուածը տակաւին յայտնի չէ, բայց 2019 թուականի յունուարին կը սկսինք լրջօրէն զբաղիլ այդ հարցով: Պայմանաւորուածութիւն ունենք Իտալիոյ տիկնիկային թատրոններէն մէկուն հետ, որպէսզի իրենք յաջորդ տարուան սկզիբին գան Կիւմրի եւ փորձի փոխանակում ունենանք: Կը շարունակենք համագործակցիլ եւ կապեր հաստատել զանազան երկիրներու թատրոններուն հետ: 

Նախկին շրջաններուն շատ ենք ունեցած ենք լեփ-լեցուն դահլիճներ՝ դպրոցներու, մանկապարտէզներու հետ համագործակցութեան արդիւնքին: Սակայն այսօր, բազմաթիւ հեռաձայններ կ՚առնենք նախապէս տոմսակ գնելու համար, որովհետեւ տեղերը սահմանափակ են եւ ներկայացումէ առաջ գրեթէ միշտ տոմսերը սպառած կ՚ըլլան: Մեր դահլիճին մէջ մօտաւորապէս 140 երեխայ կրնայ տեղաւորուիլ: Երբ դպրոցներուն մէջ կը սկսին ուսումնասիրել ոեւէ հայ հեղինակի, կու գան այստեղ դասափորձի, մեր ներկայացումները նաեւ ուսումնական բնոյթ կը կրեն: Քննարկումներ նոյնպէս կ՚ունենանք ներկայացումներէն յետոյ։

Տոմսերը շատ արժան են։ Թատրոնին մէջ իրականացուող տոմսերու արժէքը շատ ցած է (որոշուած աւագանիի նիստով), 400 դրամ: Դահլիճը բազմութիւն կ՚ըլլայ, մենք կ՚ուրախանանք, բայց երբ վերջը կը հաշուարկենք… Կը փորձեմ դիմել, որպէսզի քաղաքապետարանին մէջ աւագանին քննարկէ տոմսերու արժէքի բարձրացման հարցը, որպէսզի մենք մեզ քիչ թէ շատ գնահատուած զգանք: 

Պէտք չէ կորցնել հէքեաթը։ Ես մեր համաքաղաքացիներուն, մեր ժողովուրդին կը յորդորեմ երբեք չկորսնցնել իրենց մէջ եղած հէքեաթը, քանի որ այդ պարագային կամաց-կամաց կը դառնաս կենցաղային եւ անհետաքրքիր: Կարծեմ, ծնողները նոյնպէս պէտք է այցելեն տիկնիկային թատրոն, որովհետեւ իրենք են երեխան ուղղորդողը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2018