ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ
Ներկայ դարաշրջանին բոլորս ունինք որոշ նպատակներ եւ անոնց հասնելու համար կը փորձենք զանազան մեթոտներ, կ՚անցնինք տարբեր ճանապարհներով։
Եթէ ապրէինք հինգհարիւր տարի առաջ, նոյնիսկ նախապատմական ժամանակներուն, «նախնական» ըլլալու պայմանը կը վերագրուէր նախորդ դարաշրջանին։ Աշխարհը այսօր սրընթաց կը փոխուի եւ, հետեւաբար, մարդոց կարիքներն ու նպատակներն ալ փոփոխութեան կ՚ենթարկուին այդ ուղղութեամբ։
Թէեւ ծնելէ ետք կը յայտնուինք միջավայրի մը մէջ, որուն դեռ ծանօթ չենք, մեր ծծելու բնազդը, որ ամենակարեւոր բնազդներէն մին է, մեզ արագօրէն կը կեդրոնացնէ թիրախի մը վրայ: Այսպէսով, կարելի է ըսել, թէ մարդը չի ծնիր առանց նպատակի, այլ իրականութեան մէջ իր նպատակներու հետ հասակ կ՚առնէ միեւնոյն ժամանակ: Բնազդը արտաքին գրգռիչի մը հետեւանքով ակամայ հակազդեցութեան անուանումն է։ Այնուամենայնիւ, երբ ձեռք բերուի բնազդային վերաբերմունք, այդ բնազդի խթանումը պէտք է ըլլայ ներսէն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անհատը այլեւս կրնայ ուղղորդել իր կարիքները եւ ինքնստինքեան կողմնորոշուիլ։ Ճիշդ այս փուլին է, որ կը սկսի իմաստաւորուիլ այն իրավիճակը, որ մենք կ՚անուանենք «թիրախ» կամ նպատակ:
Որպէսզի մարդը իր կեանքի ընթացքին առողջ նպատակներ ունենայ, նախ պէտք է ստանձնէ իր կեանքի պատասխանատուութիւններն ու պարտականութիւնները։ Մարդը, որ գիտէ իր պարտականութիւնները եւ կրնայ հաշիւ տալ իր կատարած քայլերու մասին՝ նախ եւ առաջ իր, ապա շրջապատի համար, ինչ որ ալ ապրի միշտ կ՚ըլլայ բարեխիղճ եւ հաստատուն քայլեր կ՚առնէ դէպի իր նպատակները։
Նպատակները կրնան սահմանուիլ ինչպէս վերացական հասկացութիւններու, այնպէս ալ յստակ պահանջներու տեսանկիւնէն: Օրինակ՝ այդ նպատակները կրնան ըլլալ ամարանոց գնելը կամ գումար խնայելը եւ այլն։ Իսկ այդ գումարը, որուն հասնիլը կը պահանջէ քրտնաջան աշխատանք, սա կ՚ըլլայ վերացական նպատակ։ Նպատակ դնելու երկու պարագան ալ՝ վերացական կամ յստակ, անոնք իրականացման առումով շատ նման են իրարու։ Այնուամենայնիւ, ջանք պահանջող յստակ նպատակները աւելի շատ սպառնալիք կը պարունակեն։ Թէ ինչպէ՞ս։ Նախ եւ առաջ շատ բաներ պէտք է զոհաբերել, որպէսզի հասնինք այդ նիւթական նպատակին. ընտանիքի կամ ընկերներու հետ աւելի քիչ ժամանակ, աւելի կարճ հանգիստի պահեր եւ զուարճալի բաներու յետաձգում…
Մարդ այնքան կը կեդրոնանայ իր նպատակի վրայ, որ զինք գրեթէ կամ ընդհանրապէս չի հետաքրքրեր, թէ ինչ տեղի կ՚ունենայ իր շուրջը։ Ան միայն կը կեդրոնանայ այդ բոլոր «յետաձգումներու» արդիւնքին հասնելիք հաճոյքին վրայ։ Ի դէպ, այստեղ նշուած «յետաձգումը» անառողջ վիճակ կը ներկայացնէ։
Որոշ տեւողութեամբ՝ նպատակը, եթէ իրագործուի, կրնայ անհատի համար ճնշուածութեան պատճառ ըլլալ, քանի բարդ ու դժուար ճանապարհներով կարելի եղած է հասնիլ անոր, նաեւ անխուսափելի է կասկածի տակ դնել ամէն ինչ։ Անհատը, որ իր ամբողջ ուժով կը ձգտի անհնարինը հնարաւոր դարձնելու համար, կրնայ անգիտակցաբար մտնել ճնշուած վիճակի մէջ՝ հասկնալով, որ չափէ դուրս «յետաձգում» կատարուած է այդ ընթացքին եւ երբ յետադարձ հայեացք մը նետէ անցեալին, պիտի անդրադառնայ անդառնալի պահերու գեղեցկութեան։
Միւս կողմէ, երբ նպատակը բարի է եւ կը ներառէ ուրիշները, շատ աւելի առողջ եւ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ՝ քան անհատական նպատակը:
Իրական նպատակը իրականութեան մէջ մենք ենք, նաեւ մեր բարեկեցիկ, երջանիկ ու խաղաղ կեանքի հասնիլն է: Նպատակներ ունենանք ո՛չ թէ մեր կեանքը զոհելով, այլ հանգիստ ու ինքնավստահ քայլերով մօտենալով անոնց:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ