ՄԷԿ ՀՈԳԻՆ ԿՐՆԱՅ ՓՈԽԵԼ

Երկրի մը ղեկը ոչինչով կը տարբերի ինքնաշարժի, հանրաշարժի, շոգեկառքի, օդանաւի կամ նաւի ղեկէն: Բոլոր պարագաներուն բարեյաջող ճամբորդութիւնը, թռիչքը կամ վայրէջքը կախեալ է մէկ հոգիէն՝ շարժավարէն, նաւաստիէն կամ օդանաւորդէն: Հմուտ շարժավարի մը հետ մենք կ՚երթեւեկենք դրսեւորելով համպատասխան կարգապահութիւն ու հանգստութիւն: Մեր քաղաքավարութեան, զսպուածութեան աստիճանն ալ կախեալ է այդ նոյն մէկ հոգիէն: Եթէ շարժավարը բարեկիրթ անհատ մըն է, ուղեւորներն ալ կ՚ըլլան կրկնակի բարեկիրթ ու սիրալիր: Անշուշտ երբեմն, նոյնիսկ յաճախ, կը գտնուին տգէտներ ու անդաստիարակներ, որոնք իրենց սահմանափակ մտածելակերպով ակամայ կը փորձեն փոխել իրավիճակ: Սակայն հմուտ ու ազնիւ շարժավարը արհեստավարժ կերպով անմիջապէս կարգի կը հրաւիրէ վերջինիս:

Մարդ ենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի սխալելու իրաւունք: Ոչ մէկը կը նմանի ուրիշի մը, ամէնքս շատ տարբեր ենք: Սակայն մէկ հոգին կրնայ հսկել զանազան բնաւորութեան տէր մարդոց, սահմանելով կարգ ու կանոն: Եւ այդ մէկը՝ ըլլայ այն շարժավար թէ նախագահ, պէտք է ըլլայ օրինակելի ու կարգապահ:

Հայու երազը մէկն է՝ հզօր ու բարգաւաճ Հայաստան ու Արցախ:

Երեսուն տարի առաջ մենք յաջողեցանք բռնել այդ ուղին՝ շնորհիւ մեր միասնականութեան ու վճռակամութեան: Հայրենասէր ու ազգասէր, հաւատաւոր առաջնորդի շնորհիւ հայը կեցաւ իր երազի շեմին: Այլեւս մեր բոլորի երազը իրականութիւն պիտի դառնար, երբ անսպասելիօրէն եղանք ցիրուցան, պառակտուեցանք: Ինչո՞ւ: Առաջնորդը, առաջնորդները շեղեցան:

Ազատութիւնն ու անկախութիւնը, մեր ունեցած համեստ միջոցներն ու հարստութիւնը կուրացուց, ճշմարիտ ճանապարհէն շեղեց Հայաստանի ղեկավարները: Իսկ եթէ կը շեղի շարժավարը, ղեկավարը, կը սկսի խուճապ ու անհանգստութիւն, ի վերջոյ՝ քաոս:

Արցախի առաջին ազատամարտի ծնունդ եմ, իսկ այսօր երկրորդ պատերազմի գիտակից ու սրտացաւ քաղաքացի մը, զոր խոր կսկիծով, ձեռքերը ծալած կը հետեւի, թէ ինչպէս կը կործանեն ծաղկունքի ուղին բռնած իւր երկու հայրենիքները՝ Արցախն ու Հայաստանը: Եւ ոչինչ կրնամ ընել, բացի ինքնախարազանելէ, տուայտելէ... Կարծես աներեւոյթ մէկը կապած է իմ ձեռքերն ու ոտքերը, եւ ոչ միայն իմ...

Արցախի առաջին պատերազմին փայլուն յաղթանակ կերտելէ վերջ կը թուէր, թէ նոյնքան միասնական պիտի շարունակենք մեր հզօրացման ու բարգաւաճման ուղին: Սակայն եկուր ու տես, որ յաղթանակէն վերջ սկսանք ցիրուցան ըլլալ, մասնատուիլ: Եւ այդ մասնատողն ու ցիրուցան ընողները եղան մեր առաջին դէմքերը, որոնք իրենք իրենց շնորհեցին անսահմանափակ իրաւունքներ, ինքզինքնին զգացին տէր ու տիրակալ, ամենակարող, մինչդեռ ծառայ էին, աւելի ճիշդ՝ շարժավար:

Կրնաք խորհիլ յղփացած շարժավար մը, որ երբ ուզէ հարբած նստի ղեկին, իր ուզածին չափ ուղեւորավարձ սահմանէ, եւ ինքնաշարժը կամ հանրաշարժը վարէ այն ուղղութեամբ, ուր որ այդ պահուն իր սիրտը կ՚ուզէ: Արդիւնքին ինչի՞ կը յանգեցնէ այդպիսի անազնիւ վերաբերմունքն ու պահուածքը, անշուշտ դժգոհութեան ու ըմբոստութեան:

Կար ժամանակ, երբ Արցախի տէրն ու տիրակալը Սամուէլ Պապայեանն էր: Փառապանծ անհատականութիւն մը, որ Արցախի առաջին ազատամարտի տարիներուն մարտնչելով հակառակորդի դէմ՝ ինքզինք դրսեւորեց փայլուն, գերազանց: Ան դարձաւ Արցախի պատերազմի յաղթանակի հիմնասիւներէն, խորհրդանիշներէն մին: Սամուէլ Պապայեան դարձաւ շատերու համար կուռք եւ օրինակելի անհատ մը: Անուրանալի է անոր կատարած սխրանքը: Պապայեանի անունը ոսկեայ տառերով յաւերժ գրուած է հայոց պատմութեան մէջ:

Մինչդեռ Սամուէլ Պապայեան պատերազմէն առաջ հասարակ երիտասարդ մըն էր, որ մատչելի գինով կը լուար ինքնաշարժներ: Նոյնիսկ կեղծանուն մը ալ ունի «իժոյ», այսինքն՝ աժան:

Բախտը անոր ժպտալէ վերջ՝ մեր սիրելի հերոսը դարձաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար: Սամուէլ Պապայեան այնքան բարձր կշիռ ունէր Արցախի մէջ, որ նոյնիսկ ինքզինք նախագահէն վեր կը դասէր: Արցախին տէր ու տիրակալ դարձած հերոսի անունը սկսաւ շատերու մօտ յառաջացնել սարսուռ: Ձեռք բերած ակնածանքը աստիճանաբար սկսաւ տեղի տալ վախի ու դժգոհութեան: Այո՛, շատեր սկսան վախնալու անկէ: Անսահմանափակ իշխանութիւնը, ցոփ ու շուայտ կեանքը շեղեց Արցախի հերոսը: Փոխանակ հոգիով ու սրտով առաջնորդուելու, ան իր ուզածը կ՚ընէր, մոռնալով իր հիմնական առաքելութիւնը:

Ժամանակին Արցախի մէջ ամենաշքեղ ինքնաշարժները, բնակարաններն ու ապարանքները, գործարաններն ու գործատեղիները կը պատկանէին Սամուէլ Պապայեանին ու իւրայիններուն:

Պապայեանի պահուածքը վարակիչ դարձաւ շատերու համար: Ամէն մարդ իր ասպարէզին մէջ փորձեց հնարաւորինս շատ օգուտ քաղել, չարաշահելով իր դիրքն ու լիազօրութիւնները… Բանուորէն մինչեւ նախարար ու նախագահ: Երկիր կառուցելու, քարը քարին վրայ դնելու փոխարէն, բոլորն ալ իր կրցած չափով սկսաւ կողոպտելու։ Մէկ կը դնէին, տասն կը կողոպտէին:

Մեր տաքարիւն առաջնորդի նման կեցուածքը՝ վարուելակերպը յառաջացուց քծնանք, շահամոլութիւն, կեղծիք… Ազնուութիւնը փոխարինուեցաւ եսասիրութեամբ ու կեղծիքով, հայրենիք կառուցելու տեղ սկսան կառուցել սեփական  ապարանքներ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021