ՄԻԹԷ ԾՆՈՂՔՍ ԱՅԼԵՒՍ ԶԻՍ ՉԻ՞ ՍԻՐԵՐ

Ողջո՜յն աշխարհ, ողջո՜յն մարդիկ։      

Ես Նաթալին եմ՝ ութ տարեկան։ Ծնած եմ դրախտավայր Արցախի գողտրիկ ու կանաչածածկ գիւղերէն մէկուն մէջ։ Ընտանիքս շատ կը սիրեմ, քանզի վստահ եմ, որ իմ հայրիկն ու մայրիկը աշխարհի ամենէն լաւ, բարի, գեղեցիկ ու երիտասարդ մաման ու պապան են։ Իսկ եղբայրս՝ Սուրէնիկը, որ ինձմէ չորս տարի պզտիկ է, աշխարհի ամենէն անուշիկ ու համովիկ եղբայրն է։ Բաց աստի, ունիմ մեծ հայրիկներ, մեծ մայրիկներ, անոնք եւս շատ-շատ կը սիրեմ, ինչպէս նաեւ՝ անթիւ, անհամար ազգականներ, ընկերներ ու բարեկամներ։ Մեր հիւրընկալ տունը միշտ լեցուն կ՚ըլլայ հիւրերով. տեւական մէկը կու գայ, միւսը կ՚երթայ։ Ընտանիքիս սիրելի հիւրերը երբեւէ չեն մոռնար զիս ու եղբայրս արժանւոյնս գոհացնել։ Մեզի համար շաքար, խաղալիկ եւ կամ ուրիշ նուէրներ կը բերեն՝ մեր մանկական պարզ ու տաքուկ հոգիներուն անկեղծ երջանկութիւնը կրկնապատկելու փափաքով։

Իմ այս փոքրիկ-փոքրիկ կեանքի իւրաքանչիւր օրը յիշարժան ու գունազարդ անցած է՝ շնորհիւ ծնողքիս ցուցաբերած սիրոյն ու համերաշխութեան։ Գիտէ՛ք, թէպէտ ես տակաւին շա՜տ պզտիկ եմ, սակայն խորապէս կը գիտակցիմ, թէ մայրիկս ու հայրիկս ջանք չեն խնայեր, որպէսզի մեր մանկական աչուկները միշտ խնդան ու մեր մաքրամաքուր դէմքերը արեւի պէս շողան, կայծկլտան։

Ծնողքիս հետ օրերը զուարճալի ու շատ հետաքրքրական կ՚անցնին։ Մենք յաճախ չորսով զանազան խաղեր կը խաղանք՝ պահուըտուք, բռնոցի։ Ես ու եղբայրս ամենէն շատ կը սիրենք մեր տան հիւրասենեակին մէկ անկիւնը զետեղուած խոշոր աւազանին մէջ գտնուող հարիւրաւոր գոյնզգոյն՝ կարմիր, կապոյտ, կանաչ, դեղին, նարնջագոյն գնդակներով պատերազմիլ։ Գնդակներով պատերազմի մէջ անշուշտ յաղթողները ես ու փոքրիկ Սուրէնը կ՚ըլլանք։ Բաց աստի, ես շատ կը սիրեմ հօրս ուսերուն նստիլ ու վերէն դիտել շուրջս, իսկ եղբայրս՝ ամենէն շատ կը զուարճանայ, երբ հայրիկին ձիու տեղ կը հեծնէ, պարզապէս խնդալէն կը մարի։  Գրեթէ ամէն երեկոյ՝ մինչ քնանալը, մայրիկս ու հայրիկս մեզ կը համբուրեն, ամուր կը գրկեն ու կ՚ըսեն, որ մեզ շա՜տ կը սիրեն։ Կարգով՝ օր մը հայրիկս, օր մը մայրիկս մեզի համար հէքեաթ կը պատմեն։ Մեր ամենէն սիրելի հէքեաթները «Կարմիր գլխարկ»ը ու «Մոխրոտիկ»ն է։ 

Շատ կը սիրենք ճամբորդել, պտըտիլ, զբօսնել։ Երբ մայրաքաղաք Ստեփանակերտ կամ Երեւան այցելենք, հայրիկս ու մայրիկս մեզ անպայման կը տանին մանկական սրճարաններ, ուր լիաթոք կը զուարճանանք ու հաճելի ժամանակ կ՚անցընենք։ Խաղավայրեր կ՚երթանք, Երեւանի մեջ կենդանաբանական պարտէզ կ՚այցելենք, բազմաթիւ կենդանիներ կը տեսնենք։ Մեր սիրելի կենդանիները կը կերակրենք։ Ես ամենէն շատ կապիկ ու փիղ կը սիրեմ, իսկ եղբայրս՝ արջ եւ առիւծ։ Երեկոները կոկիկ ու նրբաոճ շտկուած ճեմապարտէզներուն մէջ չորսով կը ճեմենք։ Պաղպաղակ, պէս-պէս շաքարներ, տուրմեր սիրով կը համտեսենք. մեր մանկական ուղեղի խորունկ  անկիւնի մը մէջ ծածուկ պահելով մեր քիմքին այնքան հաճելի ու հարազատ դարձած համերն ու հոտերը։ Յաջորդիւ, մայրաքաղաք այցի ընթացքին կը փութանք թարմացնելու համերու աշխարհի թողած հետքերն ու զգացումները։

Անթաքոյց, քաղաք շատ կը սիրեմ, թերեւս կը փափաքէի քաղաքի մէջ ապրիլ։ Սակայն աւելի շատ կը սիրեմ մեր գիւղը, ուր մենք եղանակները տաքնալուն պէս յաճախ դաշտապտոյտներու կ՚երթանք։ Գարնան՝ մարտի 8-ին եւ ապրիլի 7-ին ընդառաջ ընկերուհիներուս եւ մեր գիւղի՝ մեզմէ մեծ տղոց հետ միասին անտառ՝ ծաղիկ ժողվելու կ՚երթանք։ Մայրիկս ծաղիկները շատ կը սիրէ։ Ես ու եղբայրս՝ մայրիկիս ու մեր մեծ մայրերուն համար փունջ-փունջ ծաղիկներ կը ժողվենք՝ մանուշակ, ձիւնածաղիկ ու վայրի վարդ։ Սակայն այսքանով մեր տօնական նուէրներն ու անակնկալները չեն սահմանափակուիր։ Ի դէպ՝ մոռցայ նշելու, որ ես այլեւս դպրոցական եմ՝ թէպէտ վստահաբար տարիքէս հասկցած կ՚ըլլաք, իսկ Սուրէնը մանկապարտէզ կը յաճախէ։ Տօներուն ընդառաջ մենք մեր յաճախած կրթական հաստատութիւններէն ներս, ուսուցչուհիներու օգնութեամբ մայրերու համար նուէրներ կը պատրաստենք։ Ծաղկեփունջով նուէրը յանձնած պահուն մայրիկս միշտ թէ՛ կը խնդայ, թէ կ՚արտասուէ. կ՚ըսէ որ, այս նուէրները իր կեանքին մէջ երբեւէ ստացած ամենէն թանկ ու գեղեցիկ ընծաներն են։

Ծնողքս ամէն ջանք կը գործադրէ, որպէսզի իմ ու Սուրէնիկի բոլոր տօները, մասնաւորապէս՝ տարեդարձները հէքեաթի վերածէ։ Մեր տարեդարձները ամէն տարի տարբեր կը նշուի։ Մայրիկս մեզի կը հարցնէ, թէ ինչպէս կը փափաքինք տօնել զայն։ Անշուշտ, ես բոլոր ընկերներս ու սիրելիներս միշտ կը հրաւիրեմ տարեդարձիս։ Կախեալ է, թէ այդ տարի որ հէքեաթային հերոսը շատ համակրած ենք, մայրս ըստ այդմ ալ կը կազմակերպէ տարեդարձնիս։ Զոր օրինակ, անցեալ տարի մենք մեր տարեդարձներուն հանդէս եկանք «Կարմիր գլխարկ»ի, «Սարդ մարդ»ու կերպարներով։ Նոյնիսկ կարկանդակները համահունչ էին մեր ընտրած հերոսներուն։ 

Տարեդարձէն զատ, մեր ամենէն սիրելի տօնը Նոր տարին է։ Այդ օրը սրտատրոփ կը սպասենք այցին Կաղանդ պապուկի, զոր ամէն տարի, ժամը 12-էն ետք, միաժամանակ այցելելով աշխարհի բոլոր երեխաներուն, մեզ եւս երբեւէ չի մոռնար։ Նախապէս  Ձմեռ պապուկին նամակ կը գրենք եւ ան՝ մեր փափաքը Ամանորի կախարդական գիշերը՝ ոտանաւորի, երգի կամ պարի մը փոխարէն ի կատար կ՚ածէ։ Երբեմն չենք կրնար մինչեւ ուշ գիշեր սպասել, առկախ մեր կամքէ կը քնանանք։ Առտու կանուխ արթննալու պէս կը վազենք հիւրասենեակ, ուր տօնածառի տակ կը գտնենք այն՝ ինչ որ փափաքած էինք։

Այս տարի անմոռանալի Կաղանդ ունեցանք, քանզի անակնկալները շարունակաբար իրարու հետեւեցան։ Առաջին առթիւ պարկը լեցուն խաղալիկներով մեզի այցելեց Կաղանդ պապուկը, զոր մենք յաջողեցանք արթուն դիմաւորել։ Այնուհետեւ յաջորդ օր՝ հայրիկս որոշեց մեզի մեծ անակնկալ մը ընել։ «Ո՞վ կը փափաքի քաղաք երթալ եւ Արցախի նախկին մայրաքաղաքը՝ Շուշիին մէջ շարունակել տօնական խրախճանքը», հարցուց հայրս։ «Ե՛ս, ե՛ս», միաբերան ուրախութենէն խենթացած աղաղակեցինք։ 

Բարձր տրամադրութեամբ ու ոգեւորութեամբ ինքնաշարժ նստանք ու քանի մը ժամ ետք հասանք ձիւնաճերմակ Շուշի։ Կարծես այդ հինաւուրց ու գեղանի քաղաքը հարսի ճերմակ քօղի տակ քօղարկուած ըլլար։ Շուրջերնիս ճեփճերմակ էր։ Ճերմակապատ ասֆալթը ձմրան արեւուն շողերէն կը փայլատակէր։ Աչքերդ փայլքէն կը ծակծկէր։ 

Բոլորս միասին ձիւնագնդակ խաղացինք, ձիւնամարդ շինեցինք, սահնակով սահեցանք։ Երեկոյեան՝ մսած, յոգնած ու անօթի փորիկով տուն եկանք։ Մայրիկս անմիջապէս սեղան պատրաստեց։ 

Շուշիի մեր յարկաբաժնի բնական կազը համապատասխան թեքնիկ քննումէ վերջ, խիստ վտանգաւոր ըլլալուն համար արգելափակուած էր։ Քանզի մինչեւ մեր ոսկորները մսած էինք, բաց աստի տունն ալ շատ պաղ էր, հայրիկս առաջարկեց քակել արգելափակումը։ Մայրս համաձայնեցաւ՝ ըսին. «Ընդամէնը քանի մը ժամով, բան մը չ՚ըլլար, տունը քիչ մը կը տաքնայ, մենք ալ տաք ջուրով կը լուացուինք, տաքուկ-տաքուկ անկողին կը մտնենք։ Վերջը կը գոցենք»։

Ընթրիքէն ետք, նախ ես ու եղբայրս լուացուեցանք, այնուհետեւ մայրիկս։ Հայրիկս լոգարանի մէջ էր, երբ ինքնազգացողութիւնս սկսաւ վատթարանալ, կարծես օդը չէր բաւեր։ Մօրմէս խնդրեցի, որ դուռ կամ պատուհան բանայ, սակայն ան ըսաւ, թէ տունը դժուարութեամբ կը տաքնայ, իսկ պատուհան բանալու պարագային՝ սենեակը անմիջապէս կը պաղի։ Քանի մը անգամ խօսքս պնդելէ ետք՝ կարծեց, թէ  սովորութեան համաձայն կամակորութիւն կ՚ընեմ ու ճարահատեալ ըսաւ. «Չեմ կրնար բանալ, գայլերը կու գան մեզ կ՚ուտեն»։ Շատ վախցայ, այլեւս բան մը չըսի։ Երկու վայրկեան չանցած փոքրիկ Սուրէնը գունաթափ  ձայնեց. «Ինքզինքս շատ վատ կը զգամ։ Հիմա պիտի ուշաթափուիմ»։ Մայրս անմիջապէս գրկեց եղբայրս, փորձեց պատուհան մը բանալ եւ երկուքը միասին գետին ինկան։ Վազեցի, որպէսզի հայրիկս օգնութեան կանչեմ։ Աւա՜ղ, ան եւս լոգարանին մէջ անգիտակից գտայ։ Կը գոռայի, աղիողորմ կու լայի, սակայն ո՛չ մէկ ձայնս իմացաւ։ Գայլերէն վախնալու պատճառաւ՝ դուռ կամ պատուհան չբացի։ Վերմակով մը ծածկուած անկողնին տակ պահուըտեցայ…

Աչուկներս կամացուկ բացի, շուրջս նայեցայ. աղօտ անծանօթ մարդկային դէմքեր՝ ճերմակ տարազով բժիշկներ ու բոյժ-քոյրեր, որոնք շուարած ու ժպտադէմ զիս կը դիտէին։ Քանի մը վայրկեան ետք անկողինիս շուրջ բոլորուեցան մեծ մայրերս ու մեծ հայրերս, մեր ազգականները։ Ամէն մարդ տամուկ աչքերով ժպտադէմ զիս ողջունեց, կարծես հեռու տեղէ մը եկած ըլլայի։ Անոնց դէմքերուն վրայ խաւարն ու լոյսը միախառնուած էին. մե՛րթ կու լային, մերթ խենթի պէս կը խնդային՝ փառք տալով Աստուծոյ։ Բան մը չհասկցայ։ Մարմինս շատ թոյլ էր ու յոգնած։ Աղօտ պատկերներուն մէջ մօրս, հօրս եւ եղբօրս դէմքերը կը փնտռէի, սակայն չկրցայ գտնել։

-Մայրիկ, մայրիկ ո՞ւր ես,- կամացուկ ձայնով մրմնջացի ։

-Թոռնիկս, իմ անմեղ հրեշտակ, մայրդ հոս չէ։

-Ու՞ր են, ըսէ՛ք, մայրիկս, հայրիկս ու Սուրէնիկը թող գան։ Զանոնք տեսնել կ՚ուզեմ, շատ կարօտցայ։

-Հոգիս, եղբայրդ այն գիշեր հիւանդացաւ, այժմ Երեւան հիւանդանոց կը  պառկի։ Դուն մեծ աղջիկ ես, Սուրէնիկը տակաւին շատ պզտիկ է, ծնողքդ անոր հետ գնաց։ Մենք քու քովդ ենք, դուն մինակ չես։ Քեզ մեր հոգածութեան ձգեցին ու երեքով գացին, արցունքախառն, դժուարութեամբ շունչ առնելով պատասխանեց մեծ մայրս։

-Ա՜խ իմ փոքրիկ եղբայր…։  Հիմա ինչպէ՞ս է։ Հեռաձայնեցէ՛ք, մայրիկիս հետ խօսիլ կ՚ուզեմ։

-Անոնց հեռաձայններուն թիւերը փոխուեցան, չենք գիտեր։ Հաճիս քիչ մը սպասել, անոնք վստահաբար պիտի զանգեն։

-Լաւ, կը սպասեմ։

Օրերը կ՚անցնին։ Ինծի հետ տեսակցութեան եկողներուն թիւը ժամ առ ժամ կ՚աւելնայ։ Ծանօթ, անծանօթ հիւանդասենեակս կու գան, ինծի բազմապիսի նուէրներ կը բերեն։ Ես այդ նուէրները կը պահեմ, որպէսզի երբ եղբայրս տուն վերադառնայ, անոր տամ։ Ամէն անգամ երբ հեռաձայնի զանգ մը իմանամ, սրտիկս կը թրթռայ, կը կարծեմ, թէ ահաւասիկ մայրս է, աւա՜ղ, յուսախաբ կ՚ըլլամ։ 

Օրեր, շաբաթներ, երկար ու ձիգ ամիս մը անցաւ… Սակայն, ո՛չ մէկ լուր, ո՛չ մէկ զանգ։ 

Միթէ ծնողքս հրաժարեցա՞ւ ինձմէ… Միթէ այլեւս զիս չեն սիրե՞ր… 

Ո՞ւր մնացին… Ինչո՞ւ չեն գար… Դուք լուր ունի՞ք մարդիկ։

(Իրական դէպք, որ տեղի ունեցած է Արցախի մէջ, յունուարի սկիզբին)։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019