ԱԲԵՂԱԹՈՂԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՄԷՋ
Բարեկենդանի տօնին առընչուող հայկական հնամենի վանական սովորութիւններէն մին՝ Աբեղաթողը, ունեցած է ներկայացումներ, որոնք գրի առած են հայ ազգագրագէտները, ուսումնասիրած եւ մեզի փոխանցած են անգին տեղեկութիւններ այս հնամենի տօնակատարութեան մասին:
Ըստ այդ նիւթերու, պարզ կը դառնայ, որ Աբեղաթողին ո՛չ միայն վանականներ մասնակցած են, այլեւ՝ պարզ ժողովուրդը, որ Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութիւններէն, խրախճանքէն զատ նոյնպէս մասնակցութիւն ունեցած է Աբեղաթողին:
Հայ բանահիւսագէտ, գրականագէտ Արշալոյս Արշարունին իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ կը նկատէ, որ «աբեղաթող» բառը առաջին անգամ մեր գրականութեան մէջ գործածուած է 1563 թուականին՝ Մինաս դպիր Թոխաթեցիի մէկ տաղին մէջ:
Աբեղաթողը՝ ուրախութեան, կերուխումի, զուարճանքի, սրախօսութեան տօնը ունեցած է թատերական խաղեր, որոնք գաղթականութեան հետ տարածուած են աշխարհով մէկ, նաեւ հայկական գաղութներուն մէջ երկար ժամանակ պահպանած իրենց գոյութիւնը:
Այսօր ալ, եզակի վայրերու մէջ կը տօնուի զայն, մոռցուած չէ, սակայն թատերական խաղերը եւ ներկայացումները, որոնք բնորոշ եղած են այդ օրուան, հազուագիւտ կը յիշուին: Ինչ կը վերաբերի Բարեկենդանին՝ վերջին տարիներուն զայն աւելի մեծ տարածում ստացած է եւ ամէնուր կը տօնուի՝ հին աւանդոյթներու համաձայն:
Աբեղաթողի տօնի ներկայացումներու մասին կը գրէ Վահան Վարդապետ Տէր-Մինասեան (Վահան Պարտիզակցի) իր «Անգիր դպրութիւն եւ հին սովորութիւններ» գիրքի Բ. հատորին մէջ, նշելով, որ մեր վանքերը, որ լռութեան եւ տխրութեան սրբավայրեր են, ունին նաեւ մեծաշռինդ եւ բազմաժխոր տօներ եւ անոնցմէ գլխաւորը Աբեղաթողն է: Ան կը հաստատէ, որ «աբեղաթող» բառը իր սկզբնական շրջանին ունեցած է զուտ վանական բնոյթ, յետագային վանքի պարիսպներէն դուրս եկած եւ անցած է շինականին բնակարանը, տարածուած գիւղերու մէջ: Զայն տօնուած է փետրուար ամսուն, շատ պարագաներու՝ փետրուար ամսու երկրորդ կէսին, եւ քանի որ տօնը կապուած է Մեծ պահքի հետ, ուրեմն երբեմն տօնուած է նաեւ մարտի սկզբին:
Աբեղաթողը տօնուած է հայկական բոլոր վանքերուն մէջ, անկախ այն բանէն, թէ քանի՛ հոգիէ բաղկացած էր միաբանութիւնը: Մեծ վանքերուն մէջ, ինչպէս, Սուրբ Էջմիածինը, Մշոյ Սուրբ Կարապետը եւ Երուսաղէմի վանքը, Աբեղաթողը առանձնապէս ճոխ եւ բազմակողմանի կը տօնուէր: Աբեղաթողական հանդէսները ունեցած են աւանդոյթներ, կազմակերպիչներ, դերակատարներ, բեմագրութիւն: Զանոնք կը կատարուէին երկու օրուան ընթացքին՝ Բուն կամ Մեծ Բարեկենդանի շաբաթ եւ կիրակի օրերուն:
Ներկայացումը կը սկսէր սովորաբար երեկոյեան, տակաւին չմթնած, միաբանութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին: Կը մասնակցէին միաբանութեան բոլոր անդամները, անկախ իրենց տարիքէն եւ աստիճանէն: Բոլոր պատրաստութիւնները կը կատարուէին նախօրօք, քանի որ նախորդ տարիներու բեմագրութիւնները ձեռքի տակ էին:
Քանի որ վանքին մէջ Աբեղաթողի օրերուն հաւասար իրաւունք կը վայելէին բոլորը, ապա հաւաքուածները ներկայացումի համար կ՚ընտրէին թափօրապետ, ղեկավար: Ընտրութեան համար քուէարկութիւն կը կատարուէր եւ ձայներու մեծամասնութեամբ կ՚ընտրուէր թափօրապետը, որ կարող էր ըլլալ թէ՛ տիրացուն, թէ՛ եպիսկոպոսը։ Վահան Տէր-Մինասեանի նկարագրութիւնը այսպիսին է. «Թափօրապետը քուէով կ՚ընտրուի, որ կը նստի գահաւորակի մը վրայ, գլուխն ունենալով ահագին թղթեայ չաթալ-թագ մը եւ ի ձեռին չոր խոտերէ հիւսուած ու քակորէ ծեփուած իբր թէ գաւազան մը, հագուստն է թղթեայ շուրջառ մը, որու վրայ խոշոր տառերով գրուած կան բոլոր միաբաններուն անունները։ Գահաւորակը ձողերէ անցուած կը շալկեն չորս տիրացուներ ու կը սկսին հանդիսաւոր երգել «Որ վերօրհնիս», Քրիստոսի՝ էշով Երուսաղեմ մտնելուն ի յիշատակ գրուած Ծաղկազարդի շարականը։
Ամէնքը ունին վառ մոմեր կամ ճրագներ, եւ երբ թափօրը կը մտնէ աբեղաներու թաղը, արեւմուտք դարձած կ՚երգուի.
-Ամէն, ալէլուիա, ալէլուիա, ալէլուիա:
Այն ատեն սարկաւագներէն կամ տիրացուներէն մին բարձրաձայն հարց կ՚ընէ թափօրապետին, թէ ինչո՞ւ համար այս հանդէսը կը կատարուի: Ան կը պատասխանէ բարձր ձայնով. «Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի կարաս վանքիս, վասն զի Աստուած օրհնեց Նոյը, առաջին անգամ Աբեղաթող ան ընելուն համար. եւ գայթակղեցաւ Քամ, երբ տեսաւ, որ իր գինով հայրը մերկ կը ննջէ»:
Թափօրապետը քանի որ արտօնութիւն ունի ուզած միաբանը գովելու կամ պախարակելու, երբ սարկաւագէն կը հարցուի, թէ Նոյէն ի՞նչ պատիժ առաւ Քամ, ծաղրելուն համար իր հայրը.
-Այսինչին պէս սեւցաւ,- կը պատասխանէ:
Այսինչը, յստակ է, որ միաբանութեան անդամներէն մէկն է, որ կարող է ըլլալ թէ՛ տիրացու, թէ՛ արքեպիսկոպոս։ Հաւանական է, որ այս պարագային ըլլայ վերադաս կրօնականներէն, որու բացասական յատկութիւնները քննադատութեան սահմաններէն դուրս կը մնան վանականներուն համար: «Սեւնալ» կ՚ըսուի այն իմաստով, որ անձը կրնայ իր կարգ մը աններելի, բացասական յատկութիւններու պատճառով՝ ժլատութենէն, փառամոլութենէն, նախանձէն սեւնալ։ Վանականի մը այդպիսի յատկութիւնները սովորաբար յայտնի կ՚ըլլան միանաբանութեան անդամներուն, այդ մասին չի բացառուիր, որ խուցերու մէջ խօսուած է, բայց բոլորի ներկայութեամբ ոչ ոք համարձակած է վանականին ակնարկել անոր այդ թերութիւններու մասին: Եւ ահաւասիկ, աբեղաթողը ամենալաւ առիթն է արտայայտուելու, քանի որ աբեղաթողի ներկայացման համար, որոշուած է, որ անպատիժ պիտի մնայ ամէն մարդ:
Պարզ է, որ թափօրապետը տեղեակ ըլլալու է վանքի միաբանութեան անդամներու թերութիւններուն, եւ թափօրապետը նաեւ միտքի սրութիւն, կատակելու շնորհք ունենալու է՝ ներկայացումը առաջ տանելու համար:
«Այսինչն է» ըսելէն ետք, բնականաբար կը տեղայ ծիծաղ: Սարկաւագը կամ տիրացուն վերստին թափօրապետին հարց կու տայ. «Ստո՞յգ է ժողովածոյէն գրուածը, թէ Նեռը այսինքն սուտ Քրիստոսը Ղովտի աղի արձան եղած կնիկէն պիտի ծնի»:
-Ոչ, այլ այսինչէն պիտի ծնի,- կու տայ անուն մը եւ վերստին ծիծաղ ու ծափեր կը տեղայ:
Ծիծաղն ու ծափերը կը նշանակեն, որ թափօրապետը շատ տեղին խարազանած է անունը տուած վանականի վաւաշոտութիւնը, կիներու հանդէպ ունեցած անոր հիւանդագին վերաբերմունքը:
Յետոյ կը շրջուին դէպի հիւսիս, ուր թափօրապետը կ՚օրհնէ ձայնելով. «Օրհնեսցի եւ պահպանեսցի ցորենոյ շտեմարան վանքիս այս նշանաւ» եւ այլն: Սարկաւագը կամ տիրացուն վերստին հարց կու տայ. «Ո՞վ էր ան, որ Աստուծոյ օրհնած հացը-մանանան փորձեց պահել ուրիշ օրերու համար եւ որդնոտեցաւ»:
-Այսինչն էր,- կու տայ անուն մը եւ կրկին զուրաճութիւն կը յորդի, քանի որ թափօրապետը կու տայ այն վանականին անունը, որ «որդնած է»։ Նշուած վանականը յայտնի կ՚ըլլայ իր ժլատութեամբ կամ ոչ-մաքրասէր ծեր եպիսկոպոս մը կ՚ըլլայ, կամ վերջապէս կասկածելի հիւանդութիւն ունեցող մարդ մը կ՚ըլայ, որ կը գոցէ իր ախտը, որուն մասին միաբանութեան անդամները գիտեն: Աբեղաթողի ժամանակ արդէն ամէն մարդ կը գիտնայ այդ մասին:
Եւ այսպէս շարունակ, մէկու մը անունը տալով հանդէսը կը շարունակուի եւ կու գայ հանդէսի վերջին արարողութիւնը. «Ուրախ լեր, սուրբ եկեղեցի» շարականը երգուելէ յետոյ սարկաւագը թափօրապետին կը ձայնէ ուժգին. «Օրհնեա, Տէր»:
-Հրամեալ է քեզ ի Տեառնէ խօսիլ,- կ՚ըսէ:
«Երբ այս վանքին հիմերը դրուեցան եւ պարիսպները շինուեցան, ո՞ւր էիր դուն»:
-Դժոխքին մէջ,- կը պատասխանէ:
«Վա՛յ, ուրեմն դուն դժոխքէն փախած ու հոս եկա՜ծ, ուրեմն արժանի պատժոյ» աղաղակներ կը լսուին ու տեղն ու տեղը գահաւորակը կը կործանուի եւ թափօրապետը գնդախաղ ընելով կը ծաղրեն ու կը ծանակեն, կը տանին «գերեզմանոց», ուր իբր թէ կը թաղեն: Եւ վանապետ, եպիսկոպոս կամ վարդապետ մօտիկ գալով կ՚աղաղակեն. «Ղազարէ, արի, ե՜լ արտաքս»: Իսկոյն ան գերեզմանէն կ՚ելլէ եւ գրեթէ մօրէմերկ, պատանքով եւ ականատեսներն իբր թէ ահաբեկ կը փախչին վանք: Եւ այլեւս կը վերջանայ Աբեղաթողի հանդէսը:
Յստակ է, որ Աբեղաթողի ներկայացման ընթացքը, թափօրը, շարականները, զատ պատկերները ամբողջովին առնուած են եկեղեցւոյ նշանակալի տօներու ծէսերէն։
*
Քաջբերունին (Գաբրիէլ Տէր-Յովհաննիսեան- 1837-1920թթ.) ծնած է Այգեհովիտ գիւղը: Ան մասնագիտութեամբ բժիշկ էր եւ գործի բերումով շատ եղած է հայաբնակ գաւառներու մէջ: Այցելած է բազմաթիւ բնակավայրեր, մօտէն ծանօթացած ժողովուրդի կեանքին, կենցաղին, ծէսերուն, սովորութիւններուն, տօներուն, բառ ու բանին, տուեալ բնակավայրի բնական, աշխարհագրական միավայրին, պատմա-մշակութային կանգուն եւ աւերուած յուշարձաններուն: Իր ճանապարհորդութիւնները Քաջբերունի գրի առած եւ տպագրած է ժամանակի նշանաւոր հանդէսներու մէջ՝ «Փորձ», «Արարատ», «Լումա»: Այդ ամէնը ի մի բերուած է 2003 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակուած «Ճանապարհորդական նկատողութիւններ» գիրքին մէջ: Այդ գրառումներուն մէջ կան նաեւ Մեծ պահքին վերաբերող ժողովրդական դրուագներ, որոնք հայագիտական հետաքրքրութիւններով բժիշկը գրի առած է զանազան գիւղերու մէջ: Մեծ պահքին վերաբերող հատուած մը կու տանք Քաջբերունիի գիրքէն, ուր կ՚երեւի, որ Մեծ պահքի առաջին օրը զանազան կերպով դիմաւորած են հայաշխարհի գաւառներու մէջ:
ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԲԱՍԵՆԻ, ՂԱԶԱԽԻ, ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏԻ ՄԷՋ…
Բասենի մէջ Մեծ պահքի առաջին օրը իւրաքանչիւր տունի մէջ կը թխէին եօթը հատ ալանի բաղարջ, ի նշան եօթը շաբթուայ եւ այդ օրը խաշով հաց չէին ուտեր։ Երդիքէն կը կախէին թելով սոխ մը, մէջը ցցած եօթը փետուր եւ զայն կը կոչուէր ախելուած։ Իւրաքանչիւր շաբթուայ վերջ փետուր մը կը հանէին: Փետուրներու վրայ դրուած մանրիկ քարերը շարժուելով կ՚իյնային՝ վախցնելով երեխաները, որպէսզի անոնք ճշտութեամբ պահեն պահքը:
Ղազախի մէջ նոյնպէս առաջին օրը կը կախէին փետուրներ ցցած սոխը եւ կ՚անուանէին զայն պապի պլոր, որմէ իւրաքանչիւր շաբաթ մէկ փետուր կը հանուէր։
Ղազախի մէջ ընդհանրապէս սովորութիւն էր կիներու մէջ, որ ամբողջ տարի չորեքշաբթի եւ ուրբաթ երեկոները գործ պէտք չէ կատարեն, ըստ որում չորեքշաբթի արածը առատութիւն չ՚ունենար, իսկ ուրբաթ ունի վատ հետեւեանք, կրակին զոհ կ՚երթան շոր, կայք, երեխայ եւ այլն։ Շիրակցիք եւ ղարսեցիք Մեծ պահքի առաջին շաբթուայ շաբաթ օրը կ՚անուանէին Թալալօսի կիրակի, ով չպահէ, կը թալկանայ, այսինքն կը ցնդի:
Մեծ պահքի 24-րդ օրը՝ հինգշաբթի, իբրեւ Մեծ պահքի կէս, կը կոչուի Միջինք. Դարալագեազի բնիկ հայերուն մէջ սովորութիւն կար, որ Մեծ պահքի 23-րդ օրը, չորեքշաբթի երեկոյեան, եկեղեցւոյ մէջ կը շինէին լիճք, այն է՝ լագանի մէջ կը լեցնէին ջուր եւ ձէթ ու եղեգնէ խաչի մէջ պատրոյգը լիճքին մէջ կը վառէին մինչեւ լոյս։ Առաւօտեան լիճքի ջուրը մաս-մաս կը բաժնէին գիւղի բոլոր տուներուն, որպէսզի այդ ջուրը խառնեն բաղարջի խմորին հետ։
Վաղարշապատի գիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հին Ջուղայի, Դարալագեազի բնիկ եւ գաղթած հայերուն մէջ այդ օրը կը թխէին մեծ բաղարջ, որ Վաղարշապատի մէջ կ՚անուանէին միջունք, Դարալագեազի բնիկները զայն կը կոչէին միջնաբ ողջ, իսկ գաղթածները՝ կլօճ։
Բաղարջին մէջ կը դնէին ուլունք կամ դրամ եւ կը բաժնէին տան բոլոր անդամներուն: Որոշ բնակավայրերու մէջ բաժին կը հանէին նաեւ անասուններուն, հողին եւ այլն։ Ուլունքը կամ դրամը, որ Խաչիկ գիւղին մէջ կը կոչուէր դեօլվաթ, որու բաժնին մէջ ելլէր, այդ տարուայ առատութիւնը անոր գլխուն էր:
Ջուղայի մէջ կը հաւատային, որ եթէ բաղարջը կտրելու ժամանակ ուլունքը կամ դրամը իյնայ կտրող դանակին բերանը, որ նոյնն է նաեւ գութանի խոփը, այն ժամանակ անոնց ապրուստը պէտք է սպասել հողէն։
Լիճքը սովորութիւն էր նաեւ Արարատեան գաւառի եւ բասենցիներու մէջ, անոր մէջ կը վառէին քառասուն պատրոյգ, բայց ջուրը չէին բաժներ։ Երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք կը հաւաքուէին այս կամ այն բարեկամի տունը, իւրաքանչիւրը անոնցմէ կը ժողվէր քառասուն մանրիկ քարեր ի յիշատակ քառասուն մանկանց եւ ամէն մէկ քարի վրայ քառասուն անգամ ծունր կը կրկնէին, ուրեմն հազար վեցհարիւր ծունր, որպէսզի քառասուն մանկանց աղօթքը ըլլայ անոնց վրայ. ծունրի ժամանակ կը կրկնէին հետեւեալը.
Քառսուն մանուկ, քառսուն կուս,
Քառսուն մանկան բարեխօս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024