«ՊՈՂԱԶԻՉԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ «ԶԱՊԷԼ»Ի ԲԵՄԱԴՐՈՒՄ

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի «Տէ­միր Տէ­միր­կիլ» սրա­հին մէջ ե­րէկ ի­րի­կուն բե­մադ­րուե­ցաւ «Զա­պէլ» թա­տե­րա­խա­ղը։ Հա­մալ­սա­րա­նի Կա­նանց ու­սում­նա­սի­րու­թեանց ա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած թա­տե­րա­խա­ղին ցու­ցադ­րու­թեան հե­տե­ւող­նե­րը կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­ցան ծա­նօ­թա­նա­լու ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան կար­կա­ռուն դէմ­քե­րէն Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի ման­կա­կան, պա­տա­նե­կան ու ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­րի­նե­րու կեան­քի դրուագ­նե­րուն։ Թա­տե­րա­խա­ղը պատ­րաս­տող­նե­րը մեկ­նած էին Ե­սա­յեա­նի «Սի­լիհ­տա­րի պար­տէզ­նե­րը» յու­շագ­րու­թե­նէն եւ ներ­կա­յա­ցու­ցած մեծ տիկ­նոջ կեան­քին մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած կա­նանց կեր­պար­նե­րը՝ ըն­տա­նի­քէն ներս թէ դուրս։ Դե­րա­կա­տար­ներն էին Պիւշ­րա Քար­փուզ, Տույ­կու Տա­լեա­նօղ­լու, Է­լիֆ Գա­րա­ման, Մա­րալ Չե­թին­գա­յա, Մա­րալ Ճան­գա­յա, Մի­րայ Պալ եւ Նի­հալ Ալ­պայ­րա­ք։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015