ԶԻՊԷՉ-Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն ԶԻ­ՊԷՉ-ի ըն­տա­նի­քին հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ս. Զատ­կի խրախ­ճանք մը։ Հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­նե­րէն Կար­պիս Փո­լա­տի ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա­յի կող­մէ։ Կար­պիս Փո­լատ զատ­կուան կար­միր հաւ­կիթ­ներ յանձ­նեց ԶԻ­ՊԷՉ-ի ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ներ­կա­յու­թեան։ Խրախ­ճան­քին զու­գա­հեռ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լոր ներ­կա­նե­րը բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­ցին եւ զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017