ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
Մեծ Պահոց վերջին կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ։ Ծաղկազարդը Յիսուս Քրիստոսի հանդիսաւոր մուտքն է Երուսաղէմ։ Երբ Յիսուս աւանակի վրայ նստած մուտք կը գործէ Երուսաղէմ, ժողովուրդը խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ անոր՝ ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով դիմաւորելով զինք։ Անոնք նոյնիսկ իրենց հագուստները կը փռեն գետին, որպէսզի Յիսուս անոնց վրայէն անցնի։
Երբ Յիսուս տաճար կը մտնէ, կը տեսնէ, որ շուկայի վերածուած է ան, անմիջապէս կը մաքրէ տաճարը ու բոլորին կը հասկցնէ, որ տաճարը միայն աղօթքի համար կը գործածուի։
Ծաղկազարդի շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին կը բացուի քառասուն օրեր փակ մնացած խորանը։ Ծաղկազարդի օրը Անդաստանի ժամանակ կ՚օրհնուին ձիթենիի ճիւղերը, եւ հաւատացեալներ օրհնուած ձիթենիի ոստերը տուն կը տանին։
Հին ատեն Ծաղկազարդի օրը տօնակատարութեան զանազան սովորութիւններ կային։ Բայց այսօր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի միայն հանդիսաւոր թափօր։ Մանուկներ նոր զգեստներ հագած, իրենց ձեռքերուն զարդարուած մոմ բռնած՝ իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ եկեղեցի կու գան ու կը մասնակցին թափօրին։
Անցեալին Ծաղկազարդի օրը հայկական եկեղեցիները կը զարդարէին ուռենիի, ձիթենիի կամ արմաւենիի ճիւղերով։ Սովորութիւն էր նաեւ եկեղեցիին բակը ծառ զարդարելը, տղայ-աղջիկ նշանելը, նշանուած աղջկան գունաւոր գոգնոց կամ զգեստ նուիրելը։ Նորահարսերուն ազատութիւն կը տրուէր ծնողքին այցելելու եւ հոն մնալու։
Վերջապէս, պատանիներն ու պարմանուհիները Ծաղկազարդի նախօրեակին ծաղկազարդի կ՚երթային, եօթը տեսակ ծաղիկ եւ անուշաբոյր խոտեր ջուրի մէջ կը դնէին եւ Ծաղկազարդի առաւօտը այդ ջուրով կը լուացուէին միշտ թարմ ու անուշ մնալու համար։
Ծաղկազարդի յատուկ երգերը շատ են. կու տանք նմոյշ մը Կարին քաղաքի մէջ երգուածէն.
Ծարծաթար, ծարծաթար,
Ձեր տունն էկանք ծարծաթար,
Վառ ըլլիք, շէն ըլլիք։
Սաղ աշխարհին տէր ըլլիք։
Ժամ գնացէք, խունկ առէք,
Կապով դեղին մոմ առէք,
Ժամ դրէք, աղօթք էրէք,
Տասուերկու պատարագ էրէք։
Ծարծաթար, ծարծաթար,
Ձեր տունն էկանք ծարծաթար,
Հատիկ տուէք էս օրուան,
Հաւկիթ տուէք Զատկուան։
ԱՆՑԵԱԼԻ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Անցեալին, Ծաղկազարդին նախորդող գիշերը, նորապսակ երիտասարդները արմատախիլ կ՚ընէին նոր բողբոջած ուռենիները եւ կը տանէին եկեղեցի։ Ամբողջ եկեղեցին կը զարդարուէր ուռենիի բողբոջած ճիւղերով։
Ծաղկազարդի օրը եկեղեցին կը լեցուէր բազմութեամբ՝ տօնական հագուստներ հագած աղջնակներով, երիտասարդուհիներով եւ կիներով։ Ծաղկազարդին, ի դէպ, ձմեռնային հագուստները կը փոխարինուէին գարնանայիններով։ Աղջնակները եկեղեցի կը մտնէին նոյն օրը՝ դաշտերէն հաւաքած ծաղիկներով։
- Քեսապի մէջ Ծաղկազարդի նախօրեակին եօթ տեսակ բուրումնաւէտ խոտեր եւ ծաղիկներ կը դնէին ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ, այդ ջուրը կը կոչուէր «Եութնյուս»։ Ծաղկազարդի առտուն, ընտանիքի անդամները այդ ջուրով կը լուացուէին։
Ծաղկազարդի արարողութենէն ետք հաւատացեալները կ՚ողջագուրուէին եկեղեցիին բակը, իսկ նոր նշանուած աղջիկները նուէրներ կը ստանային փեսացուին ընտանիքի պարագաներէն։
Նախքան տուն մեկնիլը՝ հաւատացեալները օրհնուած ուռենիի ճիւղեր կը վերցնէին իրենց հետ, ինչպէս նաեւ՝ վառած մոմեր։ Մոմերը կը տանէին գերեզման եւ կը հաստատէին իրենց հանգուցեալի գերեզմանաքարին։
Ինչ կը վերաբերի ճիւղերուն, անոնց կը վերագրուէր չարխափանի կարողութիւն եւ առատացնողի զօրութիւն։ Տարուան ընթացքին անոնք կ՚օգտագործէին բազմաթիւ առիթներով, մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ։ Այդ ճիւղերէն կը նետէին մթերքներու կարասներուն մէջ, զանոնք կ՚օգտագործէին կարագ հարելու ժամանակ. վերջապէս, զանոնք հիւսելով՝ օղակ կը պատրաստէին, մէջէն կ՚անցընէին հաւերը, որպէսզի անոնք գիրնան...
- Ջաւախքի մէջ ուռենիի ճիւղերով ասոր-անոր կը զարնէին ըսելով՝ «Քամու տեղ, սրտի դեղ», յուսալով, որ հիւանդութիւնները կը բուժուին եւ կամ հեռու կը մնան։
Փոթորիկի ժամանակ տունը պահուած երկու ճիւղեր կը խաչաձեւէին եւ կրակը կը նետէին փոթորիկը կեցնելու յոյսով։
- Վասպուրականի մէջ կը հաւատային, որ եթէ Ծաղկազարդին ուռենիներ տնկեն, հետագային անոնց ճիւղերով հրաշքներ կրնան գործել։
- Աշտարակի մէջ Ծաղկազարդի շատ ծանօթ երգ էր.
Անակ, անակ, ճօճանակ։
Աստծոյ դուռը բանանք,
Մտնենք ժամ անենք։
Դուրս գանք պատարագ անենք,
Չալ եզը մորթենք, մատաղ անենք։
Պոզերը չարդախ անենք...
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ