ՍՊԱՍՈՒՈՂ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ՝ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐՕ ԿՈՐՔԻԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԻՐ 80-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ

Օրեր առաջ լրացաւ 80-ամեակը աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի դստեր՝ Մարօ Կորքիի:

Մարօ Կորքի Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեանի) երկու դուստրերէն աւագն է, որ նոյնպէս հօր հետքերով ընթացած եւ ընտրած է արուեստի ճանապարհը:

Ճանչցուած նկարչուհի է Մարօ Կորքի: 80-ամեակի առթիւ Լոնտոնի «Long and Ryle» ցուցասրահին մէջ ապրիլի 19-ին կը բացուի իր գեղանկարներու անհատական ցուցահանդէսը: Այս ցուցահանդէսին նկարչուհին պիտի ներկայացնէ թէ՛ վերջին տարիներու իր գործերէն, թէ՛ վաղ տարիներուն գծած աշխատանքներ, որոնք ուրիշ անգամներ նոյնպէս ցուցադրուած են: Արուեստի տեսաբաններ, քննադատներ շատ անգամներ վերլուծած են Մարօ Կորքիի ստեղծագործութիւնները:

Մինչ ոմանք կը պնդեն, որ ան որդեգրած է իր նշանաւոր հօր արուեստի ուղղութիւնը, որ վերացական արտայայտչապաշտ ժանրն է, ուրիշներ կը հաստատեն, որ Մարօ Կորքի ստեղծած է իր ուրոյն ձեռագիրը, որով կը զանազանուի ժամանակակից արուեստագէտներուն մէջ: Անոր վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած է ինչպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ուր ծնած է, այնպէս ալ՝ Եւրոպան եւ մասնաւորապէս Իտալիան, ուր այժմ կը բնակի:

Մարօ Կորքի կինն է անգլիացի նշանաւոր քանդակագործ Մեթիու Սփէնտըրի: Վերջինս ալ որդին է անգլիացի հռչակաւոր գրող Սթիւըն Սփէնտըրի: Անշուշտ, Մարօ Կորքիի համար ազդեցիկ եղած է նաեւ արուեստագէտներու այն միջավայրը, որ պզտիկ տարիքէն շրջապատած է զինք: Այսօր ալ ինքն ու ամուսինը կը գտնուին կերպարուեստի աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին, հակառակ որ մեկուսացած կը բնակին Իտալիոյ Թոսքանա նահանգը՝ իրենց կառուցած երազային տունին մէջ: Մարօ Կորքի եւ Մեթիու Սփէնտըր Թոսքանայի գողտրիկ այդ շրջանը փոխադրուած են 1968 թուականին, գնած են տունը եւ ամբողջութեամբ ձեւափոխած իրենց ձեռքերով: Սիենա քաղաքէն դէպի հիւսիս գտնուող նախկին ագարակը անմխիթար վիճակի մէջ էր 55 տարի առաջ, երբ նոր տէրերը գնեցին զայն: Անշուշտ, տարածքը այն ժամանակ նոյն տեսքը չունէր, հողը մշակելու համար մարդիկ տակաւին եզ կը լծէին, իսկ շրջանին մէջ աւելի ընդունուած էր ձիթապտուղ մշակել, քան՝ խաղող աճեցնել: Ինքնաշարժ գրեթէ չկար, մարդիկ երկար կը քալէին՝ տեղէ տեղ հասնելու համար: Տունը գնելէ ետք Սփէնտըրները շուրջ 4 հազար ծառ տնկած են: Անոնք անբացատրելի կապ կը զգային հողին հետ եւ կը փափաքէին իրենց ողջ ժամանակը տրամադրել հող մշակելու: Աշխատանքը շատ դժուար էր, ելեկտրականութիւնը չէր հասած ագարակ, հագուստները կը լուային մօտակայ աղբիւրի հոսող ջուրին տակ, բայց ոչինչ յուսահատ կ՚ընէր ամայի տարածքին մէջ հաստատուած արուեստագէտները: Անոնք յամառեցան եւ ստեղծեցին իրենց երջանկութեան անկիւնը, ուր այսօր անխռով օրեր կ՚ապրին:

Տունին մէջ եւ անոր շուրջը Մեթիուի քանդակած արձաններն են, իսկ Մարօ Կորքի ամէն մէկ պատը եւ անկիւնը նկարազարդած է իր երեւակայութեամբ՝ գործածելով կանաչ, կարմիր, կապոյտ, դեղին եւ ուրիշ վառ գոյներ: Տունը նոյնպէս արուեստի գործ է, քանի որ այսօրուան իր գունեղ տեսքին բերուած է երկու նշանաւոր արուեստագէտներու ստեղծագործական միտքի արդիւնքին:

Անոնք այս տան միջոցով իրականացուցած են կեանքի ու կենցաղի ընդունուած եւ ճշգրտուած չափանիշներէն դուրս իրենց միտքերը, ցանկութիւնները եւ ազատութիւնը՝ ամէն ինչ վերամշակելով եւ հին իրերուն թարմ շունչ տալով:

Արուեստագէտներու այս տունը դարձած է Թոսքանայի նշանաւոր վայրերէն մին. նահանգի իշխանութիւնները յաճախ կը հպարտանան, որ իրենց շրջանին մէջ կը ստեղծագործեն Սփէնտըր ամուսինները, եւ անոնք նշանաւոր մարդոց զաւակներ են՝ ԱՄՆ-էն եւ Անգլիայէն հաստատուած Իտալիոյ գեղատեսիլ մէկ անկիւնը:

Այսօր Սփէնտըրները հազուադէպ կը շփուին լրագրողներու եւ արուեստագէտներու հետ, բայց անոնց այս տունը ժամանակին նշանաւոր մարդոց եւ պոհեմական ազնուականութեան մէկ հաւքատեղին եղած է: Բազմերանգ եւ ինքնատիպ այդ կալուածը ոգեշնչած է շատերը: Իտալացի օսքարակիր բեմադրիչ եւ գրող Պեռնարտօ Պերտոլուչի Սփէնտըրներու տունին մէջ եւ անոր քով նկարահանած է իր «Գողնալով գեղեցիկը» շարժանկարը, որ արժանացած է շարժապատկերի արուեստի մրցանակներու: Ժապաւէնին հերոսները ապրած եւ խաղացած են ստեղծագործող ամուսիններու շինած տունին մէջ, ուր ամէն մէկ անկիւնը կը փայլի գիւղական շքեղութեան տեսարանով մը: Տունին շուրջը նոճի եւ այլ կոնաբերներ են ու մեղմ ձայնով թռչուններ, որոնք խաղաղութեամբ կը լեցնեն միջավայրը:

78 տարեկան անգլիացի քանդակագործը եւ անոր 80-ամեայ հայուհի կինը իրենց վաստկած հանգիստը կը վայելեն՝ հեռու աշխարհի անցուդարձէն: Անոնք զգուշութեամբ հոգ կը տանին միմեանց հանդէպ, ստեղծած են կապ մը, որ տարիներու ընթացքին աւելի ամուր դարձած է:

Սփէնտըրները երկու աղջիկ ունին: Աւագ դուստրը՝ Սասքիան խեցեգործ է, իսկ կրտսեր դուստրը՝ Քոզիման, բեմադրիչ եւ շարժանկարներու արտադրիչ է: Ան շարժանկար նկարած է նաեւ իր մեծ հօր՝ Արշիլ Կորքիի մասին, որուն մէջ կան Կորքին ճանչցած շատեր, այդ կարգին Կորքիի կինը, որ կեանքէն հեռացաւ 2013-ին:

Մարօ Կորքիի 80-ամեակին առթիւ անոնց այցելած տեղացի լրագրող մը կը նկատէ, որ ամուսինները առոյգ են, աւելի, քան՝ իրենց տարեկից ուրիշ զոյգեր, պահպանած են հումորի զգացումը եւ միտքի սթափութիւնը: Այդ ամէնի համար անոնց օգնած են ոչ այնքան իտալական հրաշք բնութիւնը կամ արուեստը, այլ մանկութեան ժամանակ կրած անապահովութեան զգացումը, որ երկուքն ալ ունեցած են: Յետոյ ամբողջ կեանքի ընթացքին անոնք պիտի փնտռէին եւ ստեղծէին կայունութիւն եւ ապահովութիւն: Մարօ Կորքին հինգ տարեկան եղած է, երբ իր հռչակաւոր հայրը անձնասպան եղած է: Մանկութեան լուսանկարներուն մէջ Մարօ Կորքի եւ իր քոյրը երջանիկ են, որովհետեւ իրենց կողքն են հայրն ու մայրը, սակայն այդ գուրգուրանքը անհետացած է մէկ անգամէն, աղջիկները յայտնուած են օտար երկրի մը գիշերօթիկ դպրոցի մէջ: Ինչպէս Արշիլ Կորքիի ամերիկուհի կինը՝ Ակնես Մակրուտըրին շատ տարիներ յետոյ խոստովանած է՝ ինք իր կեանքին մէջ զղջացած է միայն մէկ բանի համար, որ զաւակները գիշերօթիկ դպրոց ղրկած է:

Կորքին Ակնես Մակրուտըրին հանդիպած է 1941 թուականին, անոնք սիրահարուած ու ամուսնացած են: Հայ նկարիչը հայկական «Մուկուչ» փաղաքշական անունով կոչած է իր ամերիկուհի կինը, եւ այդ անունը ծածկանուն դարձած է Ակնես Մակրուտըրիի համար: Մարոյէն զատ ունեցած են նաեւ Նաթաշա անունով դուստր մը: 1946 թուականէն սկսեալ Կորքիի կեանքին մէջ ի յայտ եկած են դժուարութիւններ: Իր արուեստանոցին մէջ ծագած հրդեհը ոչնչացուցած է իր արուեստի գործերու ընտրանին, շուրջ երեսուն նկար, անբուժելի հիւանդութիւնը միւս կողմէն հարուածած է, եւ այդ ընթացքին ալ ան անդրադարձած է, որ իր կինը անհաւատարիմ է եւ կը դաւաճանէ… 1948 թուականին Արշիլ Կորքի վիզի կոտրուածք կ՚ունենայ ու իր նկարող ձեռքը կ՚անդամալուծուի, կինը կը լքէ իրեն… Այս ամէն ինչը ընկճախտի կը տանի երիտասարդ նկարիչը եւ ան 1948 թուականին 44 տարեկանին ինքզինք կը կախէ Շերմընի մէջ, Քոնէքթիքըթ, ուր փոխադրուած էր բնակելու: Արշիլ Կորքի յուղարկաւորուած է Շերմընի Հիւսիսային գերեզմանատունը, անոր յիշատակին համեստ տապանաքար մը դրուած է, որուն վրայ յաճախ թարմ ծաղիկներու փունջեր կ՚ըլլան:

Կորքիի կեանքն ու արուեստը վերլուծողներ կը նկատեն, որ Արշիլ Կորքի ԱՄՆ հասած էր արդէն իսկ ընկճուած վիճակի մը մէջ, եւ նոր կեանքի պայմանները միայն կարճ շրջան մը ուրախութիւն պարգեւած են անոր: Յետոյ կրկին սրուած է մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներու ընկճախտը:

Նկարիչը ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ՝ Խորգոմ գիւղը, որ Վանայ լիճի ափին կը գտնուի: Անոր ծննդեան թուականը կը տատանի 1904-1908-ի միջակայքին, քանի որ ինք յստակ չէ յայտարարած ծննդեան թուականը՝ տարիէ տարի փոխելով: 1908 թուականին անոր հայրը գաղթած է ԱՄՆ՝ այդ տարիներու դէպքերէն խուսափելով, իսկ ընտանիքը Վան ձգած է: Ոստանիկը՝ ապագայ Արշիլ Կորքին, նկարել սկսած է պզտիկ տարիքէն: Սկիզբը ան ուսանած է Խորգոմի Սուրբ Վարդան եկեղեցիին կից դպրոցը, 1910-էն՝ Վանի հայկական դպրոցներէն մէկուն մէջ:

1915 թուականին, Ոստանիկը իր մօր ու երեք քոյրերուն հետ, կը գաղթէ Երեւան, ուր ան դպրոց յաճախած եւ միաժամանակ արհեստաւոր աշխատած է: Ժամանակ մը ետք՝ 1919 թուականին մայրը կը մահանայ Երեւանի մէջ, սովի պատճառով: Այս իրողութիւնը խոր ազդեցութիւն կը ձգէ տղայի ներաշխարհին վրայ: Ինք քրոջ հետ քանի մը տեղ կը փոխադրուի՝ Թիֆլիզ, Պաթում, Պոլիս եւ այլն, ի վերջոյ կը հասնի ԱՄՆ՝ 1920 թուականին: Հոս կը միանայ հօրը, բայց անոնք բնաւ առիթ չեն ունենար մտերմանալու, յարաբերութիւնները արդէն պաղ էին: Ոստանիկ Ատոյեան այդ շրջանին կը նկարէ մայրն ու ինքզինք` հիմնուելով 1912-ի լուսանկարի մը վրայ: Այս նկարը թերեւս իր նկարներէն ամենէն ճանչցուածն է եւ ցոյց կու տայ իր դառն մանկութիւնը, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին չի լքեր…

Իր ինքնութիւնը փոխելու ցանկութենէն մղուած նկարիչը կ՚որդեգրէ «Արշիլ Կորքի» անունն ու մականունը: Կորքի ռուս գրող Մաքսիմ Կորքիին գրական մականունն է, «կորքի» ռուսերէն կը նշանակէ «դառն» եւ Ոստանիկ հարազատ կը զգայ այս նոր մականունին հանդէպ: Այդ անունով այսօր կը ճանչան աշխարհի մէջ հայ նկարիչը, իբրեւ ԱՄՆ-ի մէջ նորագոյն նկարչութեան քանի մը ժանրերու հիմնադիր…

Գաղթի, տեղահանութեան պատմութիւնները դրսեւորուած են Արշիլ Կորքիի նկարչութեան մէջ, եւ գիծով մը թափանցած են նաեւ Մարօ Կորքիի արուեստին:

Լոնտոնեան յառաջիկայ ցուցահանդէսին Մարօ Կորքի պիտի ցուցադրէ նաեւ «Հօրս գիւղը» անունով նկար մը, որ նկարած է բոլորովին վերջերս: Ակնյայտ է, որ Մարօ Կորքի նոյնպէս ազդուած է հօր պատմութիւններէն եւ արուեստի միջոցով փորձած է վերարտադրել դրուագներ:

Ինք եւ իր քոյրը հօր մահէն եւ մօր հեռանալէն ետք գիշերօթիկ դպրոց ղրկուած են Զուիցերիա, այնուհետեւ խնամուած են ուրիշ ընտանիքներու եւ դպրոցներու մէջ: Մարոն նոյնպէս պզտիկ տարիքէն նկարել սկսած է: Իր առաջին խաղերը եղած են գունաւոր մատիտներու ու խայտաբղէտ թուղթերու հետ: Հայրը քաջալերած է աւագ դուստրը, ըսած է, որ ի ծնէ նկարիչ է, նոյնիսկ դէմ կեցած է, որ ան դպրոց երթայ, որպէսզի ամբողջ ժամանակ միայն նկարէ:

Երեքուկէս տարեկանին Մարօ Ատոյեան արդէն ունէր նկարակալ ու ներկեր: Հայրը արտօնած էր նկարել իր նկարներուն ետեւի մասը, բայց քանի որ դուստրը յամառ էր, սկսած է նկարել ուղիղ հօր նկարածին վրայ, մինչեւ որ հայրը դուրս հանած է արուեստանոցէն: Եւրոպայի մէջ ան արդէն գիտէր, որ արուեստի ուղղութեամբ պիտի ընթանայ, ուսանած է արուեստի հաստատութիւններու մէջ, այդպէս ալ հանդիպած է իր ամուսինին:

Իսկ Մեթիու Սփէնտըրի հայրը աղմկայարոյց գրող եղած է Անգլիոյ մէջ, միշտ զբաղած էր իր աշխարհին մէջ, եւ Մեթիու հօրենական խնամքէ ձեւով մը զրկուած մեծցած է: Ատկէ զատ, հայրը սեռական բարդութիւններ ունեցող մէկն էր, միշտ ուզած է, որ որդին մաս դառնայ իր շրջապատին. շրջապատ մը, որ սանձարձակ կեանք կը վարէր: Սակայն Մեթիու ընտրած է բնականոն ճանապարհը, եւ յետոյ գրած. «Հայր իմ, ներէ, ես քեզի պէս չեմ, ես ուղիղ եմ»:

Մեթիու իր կեանքի ընթացքին երկու գիրք գրած է՝ մէկը իր հօր մասին եւ մէկը՝ իր կնոջ հօր՝ Արշիլ Կորքիի մասին: Իր հօր մասին գրած գիրքին մէջ ան կը նկարագրէ անպատշաճ կեանքը, որ կը տիրէր իրենց տունին մէջ. մայրը դաշնամուր կը նուագէր, կը հաւաքուէին արուեստագէտներ եւ այլասերուած յարաբերութիւններ տեղի կ՚ունենային: Իր բանաստեղծ հայրն ալ, հակառակ որ ամուսնացած էր, կը գործէր իբրեւ համասեռամոլ եւ գաղտնի չէր պահեր այդ մէկը: Հօր մասին գրած անոր գիրքը մեծ աղմուկ յառաջացուցած է, բայց Մեթիու գոհ է, որ կրցած է գիրքին միջոցով ձերբազատիլ ճնշող յիշողութիւններէ:

Մեթիուի գրած միւս գիրքը կորքիագէտներ կը նկատեն հայ նկարիչի մասին ամենաճշգրիտ կենսագրական տեղեկութիւններ պարունակող գիրքը, քանի որ Սփէնտըր օգտուած է ընտանեկան արխիւէն, եւ իր կողքին ունեցած է Կորքիի աւագ դուստրը, որ ուղղութիւն ցոյց տուած է:

Կերպարուեստէն գրելէն, նուագելէն զատ Սփէնտըրները ամբողջ օրը զբաղած են: Մեթիու կը վերամշակէ հին իրեր, տունին կահոյքը ամբողջութեամբ ինք շինած է, կինը նկարազարդած է ամէն ինչ, այդ կարգին՝ ափսէները, պնակները, որոնց վրայ նաեւ հայկական զարդանախշեր կան: Մարօ Կորքի կը պատրաստէ զանազան կերակուրներ եւ ոչ միայն լաւ կը նկարէ, այլեւ վարպետացած է նաեւ խոհանոցէն ներս: Իր գոյները նոյնքան վառ են, որքան՝ երիտասարդ տարիներուն: Անոնք երկուքն ալ, կարծես, թաքնուելով Թոսքանայի բլուրներէն մէկուն ետեւը, ազատած են իրենց մանկութեան տխուր պատկերներէն եւ որոշած են ապրիլ բնութեան մօտ ազնիւ կեանք մը՝ իրենց ուժերով քար առ քար ստեղծելով իրենց ապաստարանը: Փլուզուած ագարակը, որ գնած եւ նորոգած են, նոյնպէս խորհրդանշական է. փլուզումը կը նմանցնէին իրենց փլուզուած հոգեկան աշխարհներուն, որ պէտք էր նորովի կերտել: Անոնք ետին ձգած են իրենց ընտանիքներուն կեանքը՝ լի բռնութեան, գաղթի, սարսափի, սանձարձակութեան, դաւաճանութեան եւ ի վերջոյ տխրութեան եւ ընկճուածութեան դրուագներով եւ նոր աշխարհ ոտք դրած են՝ ջանալով դրական ու բարի լիցքեր սփռել իրենց շուրջը: Մարօ Կորքիի ցուցահանդէսին ներկայացուելիք նկարները այդ աշխարհի մասին են…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023