ՏԱՍԸ ԵՐԿԻՐ՝ ՏԱՍԸ ԱԶԳԵՐ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ՀԱՍՆԻԼ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՓՈՒԼԻՆ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Եւրոտեսիլի երկրպագուները ժամադրուած էին իրենց հեռատեսիլի պաստառներուն դիմաց ըմբոշխնելու հեռարձակումը Եւրոտեսիլ միջազգային երգի մրցոյթին։
Յետ Հայաստանի անկախութեան, հայ ժողովուրդը առաւել խանդավառութեամբ կը հետեւի սոյն մրցոյթին, ազգային հպարտութեամբ տոգորուելով ի տես Հայաստանը ներկայացնող արուեստագէտին: իսկ Եւրոպայի տարածքին գտնուողներ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որպէսզի իրենց բարեկամներու միջոցաւ առաւել կէտեր ապահովեն յատկապէս հայ մասնակիցի օգտին: Բարեբախտաբար այս կապակցութեամբ Հայաստանէն ներս կը ցուցաբերուի լրջագոյն մօտեցում՝ գերազանցօրէն լաւագոյնը ներկայացնելու ի տես համայն աշխարհին: Այս տարի Եւրոտեսիլ երգի մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլին Հայաստանը ներկայացնող Իվեթա Մուկուչեանը հանդէս եկաւ LoveWave երգով, յաղթահարեց երգի մրցոյթի կիսաւարտական հանգրուանը եւ յաղթական ոգիով պիտի պատրաստուի հանդէս գալու Շաբաթ, 14 Մայիսին տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանին:
Հակառակ որ կիսաեզրափակիչի ելոյթի ընթացքին բազմաթիւ երկիրներ հանդէս եկան, ինչպէս՝ Յունաստանը, Ֆինլանտիան, Մոլտովան, Հունգարիան, Հոլանտան, Իզլանտան, Սան Մարինոն, Խրուաթիան, Ռուսաստանը, Չեխիան, Կիպրոսը, Աւստրիան, Մոնթենեկրոն, Պոսնիան եւ Հերցեկովինան, Մալթան, Սպանիան, Ֆրանսան ու Շուէտը: Ի մտի ունենալով, որ Չեխիան միակ երկիրը եղած է, որ մասնակից ունեցած տարիներուն, ամէն անգամ որ քուէարկելու հնարաւորութիւն եղած է, մշտապէս Հայաստանի կողքին ըլլալով մեր մասնակիցին տուած է 12 միաւոր, հետեւաբար գիտակից հայեր ազնուութիւնն ու նրբանկատութիւնը ունեցան քուէարկելու նաեւ չեխ մասնակից՝ Կապրիելլա Կունչիկովայի օգտին։ Ի ցիւ, թէ նոյն մօտեցումը կիրարկուէր նաեւ քաղաքական ոլորտներէն ներս, ուրախանալ անոնց հետ, որոնք քու յաղթանակովդ յատենին ուրախացած են. Ցաւակցիլ անոնց հետ, որոնք կողքիդ կանգնած են քու ազգային աղէտիդ ընթացքին, եւ վերջապէս ճանչնալ եւ ընդունիլ այլոց հանդէպ գործադրուած անարդարութիւնը, որպէսզի ի պահանջեալ հարկին՝ փոխադարձ կեցուածք ցուցաբերուի ազգերու միջեւ:
Ըստ տուեալ աւանդոյթին, լրագրողներ իրենց հեղեղանման հարցադրումները ողողելով, կը փորձեն իրենց յատուկ զուարճախօսութեամբ ագցանել Եւրոտեսիլի մասնակիցները: Աշխարհի տարածքին գտնուող իւրաքանչիւր հայ, անվարան ապրեցաւ այն հպարտութիւնը, երբ մեր երկրի պատուիրակ՝ Իվեթան Հայաստանի ու Արցախի դրօշները պարզելով օտար թղթակիցի հարցին պատասխանելով ըսաւ. «Եկէք չմոռնանք, որ ես կը ներկայացնեմ իմ երկիրը եւ այն՝ միշտ կը պահեմ սրտիս ու մտքիս մէջ: Պիտի ուզեմ ամբողջ աշխարհին տարածել, որ ես միայն խաղաղութիւն կը ցանկամ իմ երկրիս սահմաններուն»: Եւրոպական մամուլը աննկատ չանցաւ այս իրադարձութեան առընչութեամբ եւ անյապաղ փութացին իմանալու, թէ ինչու Իվեթան որոշեց նման քայլով հանդէս գալ.
«Անկեղծ ըսելով՝ ես կը սպասէի այս հարցին: Ահա, թէ ինչու ես կը ներկայացնեմ այս երգը: Անոր միջոցով կը ցանկամ «Սիրոյ ալիք»ը տարածել ամէնուրեք: Ես Գերմանիա ծնած եմ, բայց ես հայ եմ եւ միայն խաղաղութիւն կը ցանկամ համայն աշխարհին ու Հայաստանին համար»:
Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, այս տարի Եւրոտեսի 2016-ի մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ երեք այլ հայեր, ներկայացնելով իրենց երկիրները: Վրաստանի ներկայացուցիչ՝ Նիքա Քոչարով, իր հայ նուագակիցներուն հետ միատեղ պիտի մեկնաբանեն Midnight Gold երգը: Իսկ Ուքրայնայի ներկայացուցիչ՝ Ճամալան, որ բուն անունով Սուսաննա Ծամալատինովա է (մօրենական կողմէ հայ է), կը խոստովանի, թէ մանկութենէն ի վեր հասակ առած է երաժշտական մթնոլորտի մէջ, ուր իր կողքին ունեցած է Ճենատի Ասատրեանը, որ զինք մղած է ճազային աշխարհէն ներս: Եւրոտեսի 2016-ին ան պիտի հրամցնէ իր հանդիսատեսներուն «1944» երգը, որ արդէն իսկ միջազգային մամուլին մէջ բաւական աղմկայարոյց դարձած է:
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ