ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փա­ռա­շուք հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ՝ իր հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։ Սա եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սպա­սուած հա­մերգ մըն էր մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ եւ Վար­դա­նանց երգ­չա­խումբն ալ հեր­թա­կան ան­գամ ար­դա­րա­ցուց իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը՝ վե­րա­նո­րոգ ե­ռան­դով ու վա­ղե­մի կար­գա­պա­հու­թեամբ։ Ներ­կա­յիս Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը կը տե­ւա­կա­նաց­նէ 85 տա­րի­նե­րու երթ մը՝ պա­տուա­բեր, հպարտ ու նոյն­քան դժուա­րին։ Խոր ա­ւան­դու­թեան մը մե­րօ­րեայ կրողն է այս երգ­չա­խում­բը, ա­ռանց ո­րու ուղ­ղա­կիօ­րէն ան­կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել թրքա­հայ ո՛չ միայն ե­րաժշ­տա­կան, այլ ընդ­հան­րա­պէս ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեան­քը։ Մեր հա­մայն­քը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը կ՚ող­ջու­նէ գա­գա­թի մը վրայ, ուր միայն կը խօ­սուի ա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ հե­ռան­կար­նե­րուն մա­սին։ Ե­րէ­կուան յո­բե­լե­նա­կան հա­մեր­գը ե­կաւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բիւ­րե­ղաց­նել, թէ երգ­չա­խում­բը ինչ ճա­նա­պարհ անց­նե­լով նուա­ճած էր այդ գա­գա­թը։ Մաէսթ­րօ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն այս խում­բը տա­րած է յա­մառ ու տքնա­ջան աշ­խա­տանք, մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով։ Այդ յա­մառ աշ­խա­տանքն է, որ վճռած է երգ­չա­խում­բի ար­դի տա­րեգ­րու­թեանց ճա­կա­տա­գի­րը, դուռ բա­ցած է ա­նոր վե­րել­քին առ­ջեւ ու մա­նա­ւանդ ա­նոր հա­մար­ձա­կու­թիւն ներշն­չած է յա­ւակ­նոտ ծրագ­րեր որ­դեգ­րե­լու։ Այս ա­ռու­մով Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը ներ­կայ յո­բե­լեա­նին կը տօ­նախմ­բէ իր յա­մառ աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը, իր միաս­նա­կա­նու­թեան պտու­ղը եւ կ՚ար­ժե­ւո­րէ այդ բո­լո­րին փայ­լուն հան­րա­գու­մա­րը։

Ներ­կայ 85-ա­մեա­կը Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը ո­րո­շած է օգ­տա­գոր­ծել նաեւ մա­տու­ցե­լու հա­մար ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ար­դար տուրք մը՝ մե­ծա­րե­լով հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի կեն­դա­նի ա­ռաս­պել­նե­րէն մին՝ մաէսթ­րօ Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նը։ Ե­րէ­կուան հա­մեր­գը այս տե­սան­կիւ­նէն խտա­ցուց բա­զում ապ­րում­ներ, հա­մա­տե­ղեց բա­զում խորհր­դան­շան­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեան ծննդեան 90-ա­մեա­կին առ­թիւ բարձր գնա­հա­տան­քի ու ծա­փող­ջոյն­նե­րու ար­ժա­նի ե­ղաւ իր ծննդա­վայ­րին մէջ։ Ցարդ ան զա­նա­զան հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ ա­ռար­կայ դար­ձած էր մեծ պա­տիւ­նե­րու եւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան իր վիթ­խա­րի վաս­տա­կի բա­րո­յա­կան հա­տուց­ման տե­սան­կիւ­նէն ե­զա­կի ե­րե­սակ մը ա­ւել­ցաւ այդ բո­լո­րին վրայ։ Մե­տայ­լի միւս ե­րե­սա­կին՝ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի եւ Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նի յո­բե­լեան­նե­րուն հա­մա­տե­ղու­մը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ մեր հա­մայ­քի տե­սան­կիւ­նէն։ Պոլ­սա­հա­յու­թիւ­նը նոյ­նա­ժա­մա­նակ ող­ջու­նեց իր ծո­ցէն հա­սած թէ՛ ան­հատ մե­ծու­թիւն մը եւ թէ խմբա­յին հե­ւե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի նա­խան­ձե­լի պատ­կե­րը։ Խոր­քին մէջ մեր հա­մայն­քը վառ ձե­ւով անդ­րա­դար­ձաւ, որ մեր մշա­կու­թա­յին կեան­քի նա­խըն­թաց­նե­րը կրնան շօ­շա­փե­լի ար­գա­սիք­ներ տա­կա­ւին ու­նե­նալ՝ ե­թէ մաս­նա­գի­տա­կան կամ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­ռանց­քով ծա­ւա­լուի նպա­տա­կաս­լաց աշ­խա­տանք՝ զերծ յա­րա­կից գոր­ծօն­նե­րու ազ­դե­ցու­թե­նէն։ Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ՝ թէեւ նա­խա­պէս մե­ծա­րանք մը նա­խա­տե­սուած էր մաէսթ­րօ Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նի հա­մար, սա­կայն գործ­նա­կա­նին մէջ մեր ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը մա­տու­ցին ի­րենց եր­կիւ­ղը ա­նով մարմ­նա­ւո­րուած ա­րուես­տա­գէ­տի կեր­պա­րին առ­ջեւ։ Այդ վե­րա­բեր­մուն­քին մէջ, բնա­կա­նա­բար, ի­րենց ան­փո­խա­րի­նե­լի ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած են՝ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վեր­ջին շուրջ քա­ռորդ դա­րուն Պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բի Իս­թան­պու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մէ­կէ ա­ւե­լի ան­մո­ռա­նա­լի ե­լոյթ­նե­րը։ Թրքա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը այդ գա­գաթ­նա­յին ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ըմ­բոշխ­նած են՝ գի­տակ­ցե­լով, որ այդ խում­բին գլու­խը կը գտնուի ի­րենց շար­քե­րէն դուրս ե­կած հան­ճար մը։

Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թե­նէն ներս դար­ձած է նաեւ դպրոց մը։ Այս խում­բը կը պայ­մա­նա­ւո­րէ ձեւ մը, եզր մը՝ յա­րա­բե­րուե­լու հա­մար հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան հետ կամ հա­ղորդ դառ­նա­լու հա­մար ա­նոր հո­րի­զոն­նե­րուն։ Ան ճա­շա­կի, ո­րա­կի ու մա­կար­դա­կի նշա­ձող մըն է ար­դէն։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի դպրո­ցի հա­մա­կիր­նե­րը կը զգան հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ո­րե­ւէ նմոյ­շի կա­տար­ման ունկնդ­րու­թեան ժա­մա­նակ հա­մե­մա­տու­թեան մը եր­թա­լու կա­րի­քը՝ ի­րենց այդ լսա­ծին ու մեր այս խում­բէն ունկնդ­րուա­ծին մի­ջեւ։ Չենք ու­զեր, ան­շուշտ, չա­փա­զան­ցու­թեան եր­թալ եւ ակ­նար­կել, թէ այդ բաղ­դա­տու­թեան ար­դիւն­քին միշտ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բին մա­տու­ցա­ծը կը գե­րա­կա­յէ, սա­կայն Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ սա­նե­րուն տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քը յա­ռաջ տա­րուած է՝ իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փո­խին կա­տա­րե­լա­պաշ­տու­թեան փոր­ձա­քա­րին առ­ջեւ կանգ առ­նե­լով, ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման ձգտու­մէն պահ մը իսկ ա­ռանց հե­ռա­նա­լու։

Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ, Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի հա­մեր­գին ըն­թաց­քին դահ­լի­ճէն ներս ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ։ Խում­բը շատ բարձր տրա­մադ­րու­թեան մէջ էր եւ ար­դէն ան­մի­ջա­պէս մագ­նի­սա­ցուց հան­դի­սա­տես­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը։ Հա­րուստ եր­գա­ցանկ մը պատ­րաս­տած էր խում­բը յո­բե­լե­նա­կան այս հա­մեր­գին առ­թիւ։ Ունկն­դիր­նե­րը թէեւ ո­րոշ չա­փով ար­դէն պատ­րաս­տա­կամ էին Վար­դա­նան­ցը ծա­փա­հա­րե­լու, սա­կայն երգ­չա­խումբն ալ այն­պի­սի նա­խան­ձախնդ­րու­թիւ­նով մը իր գոր­ծը տե­սաւ, որ հան­դի­սա­տե­սի այդ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը կար­ծես կրկնա­պատ­կուե­ցաւ։ Այս յա­ջո­ղու­թեան մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցան խում­բին մե­նա­կա­տար­նե­րը՝ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լու, Յով­սէփ Գու­յում­ճեան, Գրի­գոր Թեր­զեան, Ա­նէթ Մեհ­թե­րեան, Ա­լիս Շա­հի­նօղ­լու։ Դաշ­նա­կով նուա­գակ­ցե­ցաւ Սե­սիլ Գահ­վէ­ճիօղ­լու։ Եզ­րա­փա­կիչ փու­լի «Է­րե­բու­նի Ե­րե­ւան»ը ար­դէն ե­կաւ ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ սա հա­մեր­գէ մը շատ ա­ւե­լին էր իս­կա­պէս։

Ֆու­լիա­յի գե­ղա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց՝ դպրա­պետ Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վութ­հան։ Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեանն ալ հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով մը։ Ե­րե­կոյ­թը պա­տուեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին՝ Վար­դա­նանց դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան, Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին՝ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն,  մե­ներ­գիչ Գուր­գէն Տա­պա­ղեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բա­զում ծա­նօթ դէմ­քեր, հիւ­րեր։

Հա­մեր­գի ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լո­րը հա­մակ­րան­քով ու գնա­հա­տան­քով շրջա­պա­տե­ցին Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեանն ու Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։

      

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017