ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ
Հոգելոյս նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակին կազմակերպուած միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Քրիստին Սալերիի հարազատներուն կողմէ հիմնադրուած համանուն հիմնարկը անոր մահէն ի վեր կը կազմակերպէ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթներ, որոնց շնորհիւ թարմ կը մնայ նկարչուհիին յիշատակը եւ իր անունը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ Այս տարուան ձեռնարկը ձօնուած էր նաեւ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին։
Մրցանակաբաշխման արարողութեան ներկայ էին Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Քրիստին Սալերիի հարազատները, մրցոյթի համակարգող Առլին Նեւրուզ, մեր վարժարաններէն աշակերտներ, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Ռեհան Սարըպայ եւ Կարօ Նանսեն Սալերի։
Դատակազմի անդամներն էին Իտա Գահրաման, Մայտա Սարիս, Ժպիտ Պէրպէրեան եւ Արթին Տեմիրճի։ Այս տարուան կազմակերպչական աշխատանքներուն իրենց նպաստը բերած էին նաեւ Ժան Սամուրքաշ, Արտէն Պօղոսեան եւ Իմելտա Գույումճու, որոնք այս մրցոյթին հետեւողական մասնակցութիւն բերած են եւ անցեալ տարի իրաւունք շահած՝ գեղարուեստից ճիւղին մէջ բարձրագոյն ուսում ստանալու։
Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած մրցոյթի այս տարուան դափնեկիրները եղան հետեւեալները.
1-4-րդ դասարաններու դասաւորման մէջ՝ Սարին Ըշըքպայ (Գարակէօզեան), Անիթա Չիլինկիր (Էսաեան), Յակոբ Մուրատ Եըլանճըօղլու (Պէզճեան)։ Մանսիոնի տէր՝ Լոռին Քըր (Էսաեան)։
5-8-րդ դասարաններու դասաւորման մէջ՝ Սէրլի Ճիհանկիւլ (Թարգմանչաց), Նիքոլ Քազիքօղլու (Մխիթարեան), Նարէ Նայիր Կիւլէչ (Գարակէօզեան)։ Մանսիոնի տէր՝ Նորա Տավուլճեան (Մխիթարեան)։
9-12-րդ դասարաններու դասաւորման մէջ՝ Արտա Կիւվէն (Մխիթարեան) Զուլալ Ճանճան (Մխիթարեան), Լարիսա Թորոսօղլու (Կեդրոնական)։ Մանսիոնի տէր՝ Ճենի Ժանէթ Ատէմ (Կեդրոնական)։
Դատակազմին կողմէ շնորհուած «Ռեհան Սարըպայ» յատուկ մրցանակն ալ տրուեցաւ Հայկ Չալըշին (Սահակեան-Նունեան)։
Մրցանակաբաշխման արարողութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը շնորհաւորեցին մրցոյթի դափնեկիրները։