ԽԵԼԱԿՈՐՈՅՍ ԷԼԶԱՆ

-Է՜հ, գիտէք ժամանակին ի՛նչ տիկին էր… ինչպիսի օրինակելի մայր ու կին էր, ինչ գեղեցիկ ընտանիք ունէր։

–Ո՞վ, Էլզա՞ն։

–Այո՛, Էլզան։ Կ՚ըսեն, թէ պատերազմի ատեն կորսնցուցած է խելքը։ Անոր աչքի առջեւ մորթած են ամուսինն ու երեք զաւակները։ Խեղճ կինը այդ վայրկեանին խելակորոյս եղած է։ Ընտանիքէն միայն ինք ողջ մնացած էր եւ ուրիշ փախստականներու հետ միասին հաստատուած՝ Արցախ։

-Խեղճ կին, անոր տեղ ով ալ ըլլար կը խելագարէր։

-Կ՚ըսեն, թէ ժամանակին շատ հարուստ էր, մեծապատիւ…

Էլզան կ՚անցնէր եւ այս խօսակցութիւնները կը յաջորդէին իրեն։

Պել Էլզան հանրածանօթ էր արցախահայութեան։ Մեր բարբառով պել կը նշանակէ՝ խենթ։ Ստեփանակերտցիներու մէջ չկար մէկը, որ ծանօթ չըլլար Էլզայի պատմութեան։

Խորշոմած դէմքով ու սարսափազդու հայեացքով այս տարեց կինը արցախցի բալիկներուն ահուսարսափն էր։ Անոր աչքերուն մէջ կարծես դրոշմուած ըլլար անցեալի ծանր վիշտը։ Մեծահասակներու համար ան անվտանգ էր։ Բոլոր կանանց կը դիմէր Սվետա անունով։ Թէ ինչո՞ւ Սվետա…

Ի հեճուկս մեծահասակներու, երեխաներու նկատմամբ վերաբերմունքը խիստ էր ու դաժան։ Բնաւ չէր սիրեր զանոնք։ Երբ փողոցի մէջ պատանի մը նայէր իրեն, անմիջապէս կը խենթենար, գոռալով կ՚ըսէր. «Ինչո՞ւ կը նայիս, շան լակոտ։ Ինձմէ հեռու… դուն թշնամի ես, դուն վատն ես»։ Իսկ ձեռքի տակ եղածը, այդ վայրկեանին, կը շպրտէր դիմացինի ուղղութեամբ։ Քանզի մեր երկրի մէջ քարերը անպակաս են, ուստի, ամէն անգամ քար կը շպրտէր։ Քարերու սակաւութիւն չէր զգացուեր նաեւ անոր ձեռքին եղած տոպրակներու մէջ։ Թերեւս այս ձեւով ինքզինք կը զգար ապահով։

Քանի՜ անգամ յարձակած էր իմ դասընկերուհիներու վրայ։ Գալինայի ուղղութեամբ խոշոր ոսկոր մը, Մարինայի ու Լիլիթի ետեւէն քարեր նետած էր… Յայտնի չէր յստակ պատճառը, թէ ինչո՞ւ պել Էլզան չէր կրնար հանդուրժել երեխաներու հայեացքներուն։ Վստահաբար, այս բացասական վերաբերմունքը արձագանգն էր անցեալի ողբերգական ապրումներու։

Մարդկային ամենադաժան ողբերգութեան ճամբան անցած խելացնոր կինը կ՚երեւէր եօթանասունն անց, սակայն չի բացառուիր, որ արտաքինը ըլլար խաբուսիկ։ Տեսնես քանի՞ տարեկան էր…

Ամառ-ձմեռ նոյն հագուստներուն մէջ էր։ Սեւ գոյնի հնամաշ ճտկակօշիկները, փոշիի շերտի տակ, ամրան ամիսներուն կը վերածուէին մոխրագոյնի։ Իսկ ձմրան ու անձրեւոտ եղանակներուն կը կորէին ցեխի մէջ։ Միայն երբ ձիւն կը տեղար Էլզայի կօշիկները մասմաքուր կ՚ըլլային ու մէջտեղ կու գար անոնց քրքրամաշութիւնը։ Ծունկերէն վար երկարող փէշի տակէն կ՚երեւէին մուգ գոյնի զուգագուլպաները։ Երբեւէ չէր բաժնուեր իր երկար վերարկուէն ու օդանաւորդի գլխարկէն, որու տակէն կը թափէին անոր արծաթագոյն մազերը։

Տարուայ եղանակներն ու ամիսները կ՚անցնէին անոր քովէն։ Միայն շատ տաքերուն կը հանէր գլխարկն ու վերարկուն։ Ձեռքը միշտ լեցուն տոպրակներ կ՚ըլլար։ Ծանօթ-անծանօթ կտոր մը հաց կը մեկնէր։ Բաւական ազնիւ կին էր, 10 դրամէն աւելի փող չէր մուրար։ Ամէն Աստուծոյ օր կը պտտէր իրեն ծանօթ խանութներով ու դրամ կը խնդրէր։

Դասընկերուհիիս Զառայի ընտանիքը ունէր դեղարան, որ այն ժամանակ բաւական համբաւաւոր էր մեր քաղաքի մէջ։ Դեղարանի մէջ կ՚աշխատէին դասընկերուհիիս հայրն ու մայրը։ Զառան կը պատմէ, թէ Էլզան ամէն օր կը հանդիպէր իրենց դեղարանը ու 10 դրամ կը խնդրէ։ Օր մը Զառայի մայրիկի քովը 10 դրամ չկար եւ ան 20 դրամանոց մետաղադրամ մը մեկնեց Էլզային։

Յաջորդ օրն ալ տիկին Նատիան պատրաստեց 10 դրամանոց մը ու կը սպասէր Էլզային, սակայն ան չեկաւ։ 24 ժամ անց յայտնուեցաւ.

-Էլզա, ինչո՞ւ երէկ չեկար։

-Երկու օր առաջ դուն ինծի 20 դրամ տուած էիր, իսկ ինծի օրը 10 դրամ կը բաւէ, պել Էլզան այսպէս պատասխանած էր տիկին Նատիայի հարցումին։

Էլզային յաճախ կարելի էր հանդիպիլ նաեւ աղբամաններու շուրջը։ Ստեփանակերտը, իւր յարակից փողոցներով անոր տունն էր. կացարան բաց երկինքի տակ։ Չեմ գիտեր, տուն ունէր, թէ ոչ։ Էլզան ամէնուր էր։ Օրուայ տարբեր ժամերուն անոր կարելի էր հանդիպիլ քաղաքի որեւէ կէտի վրայ։

Դպրոցական տարիներուս ես շատ կը վախնայի Էլզայէն։ Իմ մանկութեան ու պատանեկութեան մղձաւանջը դարձած էր, քանզի ան միշտ կը յարձակէր, քար կը նետէր երեխաներու ուղղութեամբ։ Չեմ գիտեր, կա՞ր մէկը, որ յամարձակէր նայիլ անոր աչքերուն մէջ։ Անոր յաճախ կը հանդիպէի մեր դպրոցի շրջակայքին։ Երբեմն տղաքը կը ծաղրէին զայն, ինչ-որ հարցեր կու տային։ Պել Էլզան ալ բարկութենէն շիկացած կը յարձակէր անոնց վրայ։

Սովորաբար, դասերէ վերջ, ընկերուհիներուս հետ միասին կը դառնայինք տուն։ Երբեմն ալ, այդ ճամբան ստիպուած կ՚ըլլայի անցնիլ առանձին։ Ամէն անգամ վախուորած սրտով՝ դպրոցէն տուն ճամբան ինծի անվերջանալի կը թուէր։ Կը վախնայի, որ տեղէ մը, անսպասելիօրէն ան կրնայ յայտնուիլ իմ դիմաց։ Երբ փողոցները տեղ-տեղ կ՚ամայանային, այս կպչուն միտքերը հանգիստ չէին ձգեր ուղեղս։ Կը խորհէի, թէ դատարկ փողոցներուն մէջ մինակս ի՞նչ պիտի ընեմ, ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուիմ։ Գոնէ ըլլար մէկը, որմէ կարենայի օգնութիւն խնդրել։ Այնուհետեւ կը փորձէի հանգստացնել ինքզինքիս. «Մի՛ վախնար Արեւիկ, ամէն բան լաւ կ՚ըլլայ։ Այսօր ալ հանգիստ ու անվտանգ կը հասնիս տուն։ Իսկ վաղը ընկերուհիներուդ հետ կը վերադառնաս»։

Վախէն ձեռքերս ու ոտքերս կը դողային։

Օր մըն ալ, նորէն վախուորած սրտով, միայնակ տուն կը դառնայի, երբ յանկարծ իմ դիմաց յայտնուեցան Էլզան։ Պաղ քրտինք մը պատեց ճակատս։ Երկրագունդը կեցաւ. սկսայ դժուարութեամբ շունչ առնել։ Աւելի ճիշդ, կը փորձէի անոր քովէն անցած ատեն չշնչել, իսկ հայեացքս գամեցի գետնին։ Կարծես, եթէ պել Էլզան զգար իմ շնչառութիւնը, եթէ մեր հայեացքները պատահաբար խաչուէին՝ վերջս պիտի ըլլար։

Սակայն ան անցաւ, նոյնիսկ չնկատելով զիս։

Տեսնես ո՞ղջ է, թէ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020