ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Երեւանի Օփերայէն ներս այս շրջանին նորովի ծրագրի մը ձեւաչափով կը ներկայացուի Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալէն։ Աշխարհահռչակ մեծանուն արուեստագէտի ծննդեան 115-ամեակին ձօնուած է այս յոբելենական ծրագիրը։ Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ»ի առաջին ներկայացումը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւի ներկայացումէն դրուագ մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018