ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Դպրոցական տարեշրջանի աւարտին՝ 29 մայիս-5 յունիս թուականներու միջեւ, Կեդրոնական վարժարանի քսանչորս անդամներէ բաղկացեալ խումբը՝ քսանմէկ աշակերտներու եւ վարժարանի երեք ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, ուղեւորուած էր Երեւան՝ մասնակցելու համար Երեւանի «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի յունիսեան նախագծային ուսուցման ուսումնական ճամբարին։
Նոր չէ Պոլիս-Երեւան այս գործակցութիւնը. մօտաւոր անցեալին, Պոլսոյ զանազան վարժարաններէն աշակերտական խումբեր դէպի Երեւան ուղեւորութիւններու ընթացքին այցելած էին «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրը, իսկ անցեալ դեկտեմբերին՝ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրէն խումբ մը աշակերտներ եւ ուսուցիչներ այցելած էին Պոլիս, հիւրընկալուած Կեդրոնական վարժարանի կողմէ: Այս դպրոցական գործակցութեան նպատակը աշակերտներուն զիրար լաւ ճանչնալն է, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու մշակոյթին, սովորութիւններուն, կենցաղին աւելի մօտէն ծանօթանալը: Այս սերտ ճանաչողութեան համար կ՚ընտրուի տուներու մէջ հիւրընկալուելու եւ գիշերելու սովորոյթը:
29 մայիսին, աշակերտները նախ դիմաւորուեցան «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, ուրկէ ետք բաժնուեցան նախապէս որոշուած հիւրընկալ ընտանիքներուն: Յաջորդ օրը անոնք «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրին մէջ ընդհանուր պարապմունք մը անցուցին՝ ծանօթացան դպրոցին եւ քննարկեցին յառաջիկայ օրերու ծրագրերը: «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի կողմէ կազմուած գործակցութեան այս ծրագրին մէջ ընդգրկուած էր պոլսահայ եւ հայաստանցի աշակերտներու համատեղ վարժութիւններ՝ ազգային երգ ու պարերգ, մարզումներ, արեւելահայ եւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան ընթերցումներ: Պատրաստուած էր ուսումնական աշխատանք մը, որուն ընթացքին աշակերտները այցելեցին արուեստանոցներ, թանգարաններ, համալսարաններ, Հայաստանի տեսարժան վայրեր, մօտէն ծանօթացան հայրենիքին: Հայրենագիտական այդ ճամբորդութիւնները ընդգրկած էին Սեւան, Դիլիջան, Գառնի, Գեղարդ, Աշտարակ: Բոլոր օրերուն համար, անշուշտ, նախատեսուած էին երեւանեան զբօսանքներ, ժամանցի կազմակերպում ընտանիքներուն հետ: Այցելութիւնը աւարտած է ամփոփիչ համերգով եւ կլոր սեղանով:
Աշտարակի մէջ պոլսահայ աշակերտները, ուսուցիչներուն եւ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի իրենց հասակակիցներուն հետ, այցելեցին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցին, ուր անոնց ներկայացուեցաւ օշականեան պատմութիւնը, անոնք ընթերցեցին մաշտոցեան շարականներ:
Աշտարակի մէջ աշակերտները այցելեցին «Գուրմէ Տուրմէ» տուրմի թանգարանը: Այս թանգարանը, նաեւ՝ «Գուրմէ Տուրմէ» տուրմի գործարանը հիմնած են սփիւռքահայ հայրենադարձներ, որոնք նաեւ յուշանուէրային տուրմի աւանդութիւնը բերած են Հայաստան: Աշակերտները մօտէն ծանօթացան տուրմի պատրաստման գաղտնիքներուն, համտեսեցին թարմ տուրմ:
Նոյնքան հետաքրքրական էին Սեւան, Դիլիջան, Գառնի, Գեղարդ այցելութիւնները: Գառնիի տաճարի ճամբուն ընթացքին աշակերտներն ու ուսուցիչները այցելեցին Երեւան-Գառնի ճանապարհին կառուցուած Չարենցի կամարը, ուր չարենցեան ընթերցումներ եւ երգուսուցում կատարեցին:
Չարենցի կամարին կոչումը եկած է անոր վրայ փորագրուած գրողին բանաստեղծութիւններէն մէկուն ծանօթ տողերուն գոյութեան պատճառով՝
Այդ կամարէն՝ Ողջաբերդ գիւղի բլրակին մօտէն, իսկապէս Արարատ լերան հրաշալի տեսարան մը կը պարզուի։
Երեւանեան այս ծրագրին մէջ պոլսահայ աշակերտներուն ժամանակին մեծ մասը տրամադրուած էր Երեւանի մշակութային, կրթական հաստատութիւններուն ծանօթանալու:
Կեդրոնական վարժարանի այցելութեան աւարտին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Երեւանի աշխատակիեց Անուշ Թրուանց հանդիպում մը ունեցաւ ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հետ ու զրուցեց իրենց տպաւորութիւններուն եւ զգացումներուն մասին: Աշակերտները հիմնականօրէն վարժարանի 9-րդ, 10-րդ, 11-րդ դասարաններէն էին եւ Հայաստանի մէջ հիւրընկալուեցան իրենց տարեկիցներուն տուներէն ներս:
Լիզէթ Պայրամ Էրէն (Կեդրոնական վարժարանի մայրենիի եւ սպաներէնի ուսուցչուհի) - Իրականութեան մէջ «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրը նախ գործակցեցաւ «Տատեան» վարժարանին հետ, ապա իրենց միջոցաւ մեզի հասան. մենք, անշուշտ, սիրով ընդունեցինք «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի առաջարկը եւ անցեալ դեկտեմբեր ամսուն համալիրէն խումբ մը աշակերտներ եւ ուսուցիչներ այցելեցին մեր դպրոցը, մեր տղոց տուներուն մէջ մնացին եւ միասին ժամանակ անցուցինք: Անոնք պոլսահայոց մշակութային, աւանդական սովորութիւնները, ծէսերը դիտեցին, ուսումնասիրեցին: Միայն զբօսաշրջային այց մը չէր, ճանաչողական բնոյթ ունէր: Մեր այս այցը փոխադարձն է՝ նոյն ծրագրով, նոյն նպատակով: Մեր սաներն ալ իրենց աշակերտներուն տուները մնացին, դպրոցէն ներս եւ դուրս ծրագրերու մասնակցեցան, եւ մէկ շաբաթը շատ հետաքրքրական անցուցին: Այցը հետաքրքրական էր թէ՛ կրթական, թէ՛ մշակութային տեսանկիւնէ. պտոյտներ կազմակերպեցին, կրթական, գեղարուեստական յայտագրեր պատրաստած էին, աշակերտները շատ ուրախ են, շատ գոհ են:
Ըսեմ, որ մեր աշակերտներուն մէջ Հայաստան առաջին անգամ եկողներ կան, ուրեմն, իրենց համար առիթ մը դարձաւ այս մէկը եւ Հայաստանը առաջին անգամ այս ծրագրին միջոցով տեսան: Բոլորն ալ՝ թէ՛ առաջին անգամ Հայաստան եկողները եւ թէ Հայաստանին ծանօթ աշակերտները շատ տպաւորուած են։ Ես վստահ եմ, որ իրենց կապերը պիտի շարունակուին: Աշակերտները օրուան աւարտին կ՚ուղեւորուէին դէպի Երեւանի զանազան վայրեր, ուր կը գտուէր իրենց հիւրընկալ ընտանիքի բնակարանը, իսկ առաւօտուն կու գային դպրոց:
«Մխիթար Սեբաստացի» դպրոցը շատ տարբեր է բաղդատած մեր վարժարաններուն հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սեբաստացի կրթահամալիրը այլընտրանքային ուսում կ՚իրականացնէ, այդ ալ փորձառութիւն մըն էր մեր աշակերտներուն համար, որոնք տեսան նաեւ ուսուցման ուրիշ ձեւ մը: Այս կրթահամալիրին մէջ աւելի ազատ դպրոցական միջավայր կը տիրէ, թէեւ հիմա ամառնային շրջան է, քննութիւններու օրեր են, շատ չկրցանք ուսումնասիրել բուն կրթական կեանքը, բայց յայտնի է, որ ազատ միջավայր կը տիրէ՝ Պրն. Բլէյեանի առաջնորդութեամբ: Այս պահուն յետագայ գործակցութեան ծրագիր մը տակաւին չկայ, բայց կարելի է որ նորէն կազմակերպուին նման այցեր:
Արեւ Ելէկէն (11-րդ դասարանի աշակերտուհի) - Ես երկրորդ անգամ կու գամ Հայաստան: Առաջին այցելութիւնս շատ կանուխ եղած է, պզտիկ էի, անոր համար շատ բան չեմ յիշեր: Շատ ուրախ էինք, որ մեր ընկերներուն տուները մնացինք, ոչ թէ՝ պանդոկը: Այստեղի կեանքը մենք ալ ապրեցանք: Շատ սիրեցի Երեւանը, աշխարհի ամենագեղեցիկ քաղաքներէն մին է, բայց շատեր լուր չունին: Իմ ինքնութիւնս աւելի զգացի հոս: Թէեւ նման կողմեր ունին մեր տնային սովորութիւնները, սակայն անշուշտ կան տարբերութիւններ։ Հոս աւելի բնական ուտելիքներ կ՚ուտեն. ես սիրեցի զանոնք: Առատ հիւրասիրութիւն կատարեցին. ամէն վայրկեան սեղանին շուրջ կը հրաւիրէին՝ եկէք քիչ մը պտուղ ուտենք, սուրճ խմենք, թէյ խմենք: Մեզ գոհացնելու համար ամէն ինչ ըրին: Տուներուն մէջ ալ մեզի հանդէպ լաւ վերաբերուեցան, իրենց զաւկին պէս: Հայերէնի մէջ առած մեր դասերը հոս տեսանք: Չարենցի կամարը այցելեցինք, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը, նաեւ բազմաթիւ հետաքրքրական վայրեր: Պիտի շարունակուի այս կապը, եթէ յաջորդ անգամ գամ՝ գիտեմ, որ հոս ընկեր ունիմ: Այո, տեսած տեղերս ալ պիտի յիշեմ, բայց ընկերութիւնը ամենակարեւորն է: Գիտենք, որ Հայաստանի մէջ ծանօթ մը ունինք:
Դպրոցական միջավայրը տարբեր էր մերինէն: Օրինակ՝ մասնագիտութիւն ընտրելուն հարցը հոս մեր հասակակիցները արդէն որոշած էին: Այդ մէկը դպրոցին օրէնքն է, որ կանուխէն կ՚ընտրեն եւ յետագայ դասարաններուն մէջ այդ ընտրած մասնագիտութեան ուղղութեամբ կը սորվին: Դպրոցը ուղղութիւն կու տայ իրենց: Մենք՝ բոլորս նոյն դասերը կ՚առնենք: Մերն ալ լաւ է, դժգոհ չեմ, բայց հոս աւելի ուղղութիւն տրուած է: Մերը աւելի Թուրքիոյ ընդհանուր կրթական համակարգէն կախեալ է. առաջ նիշդ կ՚առնես, յետոյ որոշում կու տաս, թէ ո՛ւր երթաս։ Սակայն «Սեբաստացի»ի մէջ այդպէս չէ. նախ որոշումդ կ՚առնես ու համապատասխանաբար նիշերդ կ՚ամբողջացնես: Շատ լաւ է այս տարբերութիւններուն ծանօթանալ, իրենք ալ երբ եկան, մեր կեանքը տեսան:
Ժպիտ Լոյս Կազէր (11-րդ դասարանի աշակերտուհի) - Շատ հաճելի էր մեզի համար։ Ես անցեալ տարի եկած էի պարախումբիս՝ «Մարալ»ին հետ, իսկ այս տարի աւելի պտըտեցանք: Երբ տեսարժան վայրեր կ՚այցելէինք, անդրադարձայ, որ կարգ մը բաներ մոռցեր էի ու վերյիշեցի: Այցերու ընթացքին շատ պատմական նիւթեր պատմեցին մեզի, հետաքրքրական էր, քանի որ դպրոցական մեր դասերը աւելի մօտէն կը տեսնէինք, կը տպաւորուէինք: Շատ տպաւորիչ եղաւ մեր սորվածները տեղւոյն վրայ ուսումնասիրելը։
Աքսել Ճավաք (9-րդ դասարանի աշակերտ)- Ես երկրորդ անգամ եկայ Հայաստան, բայց այս անգամ աւելի տպաւորուեցայ, որովհետեւ ուղղակի եկած էինք կրթական նպատակով եւ աւելի հետաքրքրուեցայ Հայաստանով, ոչ թէ՝ ժամանցով: Բան մը շատ հաւնեցայ, որ փողոցներու մեծ պաստառներուն վրայ հայ մեծերուն նկարները եւ անունները զետեղուած են: Այս անգամ շատ սիրեցի Հայաստանի ճաշերը, քանի որ այս անգամ տան մէջ կերայ: Երեւանի մէջ կը մնայի Երրորդ մաս կոչուող թաղամասը, որ կեդրոնէն հեռու է, բայց քանի որ մօտակայքին մեթրոյի կայան կար, շուտով կեդրոն կը հասնէինք: Զիս հիւրընկալող ընտանիքը Արամ Յունանեանի ծնողքն էր. ինքն ալ Պոլիս մեր տունը մնաց, մօտէն ճանչցանք զիրար, ընտանիքներուն ծանօթացանք։ Վստահ եմ, որ այս ընտանեկան կապը կը պահպանուի:
«Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրը մեր յաճախածէն շատ տարբեր դպրոց մըն է: Ինչպէս տեսանք, նստելով դաս չեն ըներ հոս, աւելի ազատ են: Այդքան ալ չտպաւորեց այդ մէկը, քանի որ դպրոց ըսելով ես խստութիւն կը պատկերացնեմ, աշակերտը լաւ կրնայ աշխատիլ միայն կարգ ու կանոնի մէջ:
Երազ Պէշիկթաշլեան (10-րդ դասարանի աշակերտուհի) - Ես շուրջ ինն անգամ Հայաստան եկած եմ, քաղաքացի ալ եմ: Ամէն անգամ երբ կու գայի՝ Հրապարակի կամ Հիւսիսային պողոտայի մօտ կը բնակէի՝ պանդոկները կամ ալ տուն կը վարձէինք: Բայց այս անգամ տարբեր փորձառութիւն մը ունեցայ: Հիմա Երեւանէն դուրս՝ կը մնայի Լուսարարաց գիւղը, ուր զիս հիւրընկալող ընտանիքը կը բնակէր: Ճիշդ է, որ կրթահամալիր հասնելու համար քանի մը փոխադրամիջոց կը փոխէի, բայց այդ ալ հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր: Ինծի համար այս գիւղը շատ հետաքրքրական էր այն առումով, որ նախ կը գտնուէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանին: Գիւղացիները կը լսէին սահմանին միւս կողմը մզկիթին մէջ կարդացուող աղօթքին ձայնը: Գիւղացիները պատմեցին նաեւ, որ սահմանէն անդին գիւղին մէջ առաւելաբար քիւրտեր կը բնակին եւ անոնց ամուսնութիւնները երեք օր կը տեւեն. գիւղացիները երեք օր չեն կրնար այդ աղմուկին պատճառով քնանալ, քանի որ շատ մօտ է: Գիւղացիները բնական կեանքով կ՚ապրին այդ գիւղին մէջ… Կը յուսամ, որ Հայաստան-Թուրքիա կապերը կը շտկուին, հարցերը աւելի պարզ կ՚ըլլան:
Արեգ Սերովբեան - Ես «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրի աշակերտ եմ։ Ես ալ դեկտեմբերին Իսթանպուլ գացի։ Ահաւասիկ, անոնք ալ եկան։ Այն աշակերտը, որուն տունը մնացի, իմ տունս մնաց այս օրերուն: Շատ հետաքրքրական էր երկու սովորոյթներու, երկու մշակոյթներու, երկու հայերէններու շփումը… Յուսամ, որ իրենք ալ գոհ մնացին:
Լարիսա Թաշքըրան (11-րդ դասարանի աշակերտուհի) - Ես առաջին անգամ եկայ Հայաստան, ամէն բան շատ-շատ աղուոր էր: Ծնողքս խնդիր չունէին, որ գամ, բայց ես քիչ մը նախապաշարում ունէի, որ հոս՝ Հայաստանի մէջ պոլսահայերը չեն սիրեր, վատ աչքով կը նային անոնց: Բայց նման բան չպատահեցաւ, հակառակը եղաւ: Ես մարդոց ջերմութիւնը սիրեցի, քաղաքի ճարտարապետութիւնը սիրեցի, ամէն ինչ շատ աղուոր է:
Քարլա Ժանէթ Ապաճը (10-րդ դասարանի աշակերտուհի) - Ես ալ առաջին անգամ կու գամ եւ առաջին անգամ ըլլալով ընկերուհիի մը տունը մնացի։ Այս փորձառութիւնը շատ հետաքրքրական էր, լաւ ժամանակ անցուցինք: Դպրոցն ալ շատ սիրեցինք: Քաղաքը գեղեցիկ է, ամենաշատը սակայն հրապարակը սիրեցի:
«Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրը Երեւանի ոչ պետական՝ մասնաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մին է, որ հիմնուած է խորհրդային տարիներուն՝ 1989 թուականին՝ մանկավարժ, մասնագիտութեամբ բնագէտ Աշոտ Բլէյեանի կողմէ: Դպրոցը կ՚իրականացնէ ամբողջական միջնակարգ (նախակրթական, հանրակրթական, աւագ), արհեստագործական, միջին մասնագիտական եւ լրացուցիչ կրթական ծրագրեր։ Իր ունեցած հեղինակային ծրագրի ընթացքին այս դպրոցին մէջ կարեւորութիւն կը տրուի սորվողին եւ ուսուցիչին միասին ստեղծագործական աշխատանքին։ Համակարգիչը եւ օտար լեզուները կ՚աւանդուին առաջին դասարանէն:
Պոլսահայ աշակերտները մէկ շաբթուան այցելութեան ընթացքին ծանօթացան դպրոցին ամբողջական միջավայրին, կրթահամալիրէն ներս գործող ակումբներուն, պարտէզներուն, լաւ սերտեցին Երեւանի կեդրոնէն հեռու՝ Հարաւ-Արեւմտեան թաղամասը գտնուող հսկայական համալիրին ճանապարհը եւ գիտցան, որ հակառակ հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի անունը կրելուն, այս դպրոցը ժողովուրդին մէջ աւելի ճանչցուած է իբրեւ Բլէյեանի դպրոց:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ