ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑԱՌԻԿ ՁԵՌՆԱՐԿ. ՎԵՐԻՆ ՆԱՒԵՐ

Եզակի ցուցադրութիւն մը ներկայացուած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ: Հայրենի պատմաբան, հնագէտ, արուեստագէտ Յակոբ Սիմոնեանի գլխաւորած հետազօտական արշաւախումբը Հայաստանի Վերին Նաւեր դամբարանադաշտի մէջ շուրջ յիսուն տարի կատարած պեղումներու արդիւնքին յայտնաբերած է բացառիկ գտածոներ, որոնք ի վերջոյ, ներկայացուած են հանրութեան: Ցուցահանդէսը կը կոչուի «Մոռցուած թագաւորութիւն. Վերին Նաւեր»:

Յայտնաբերուածը հոգեւոր եւ աշխարհիկ իշխանութեան բազմաթիւ վկայութիւններ են, թանկարժէք մետաղներէ եւ քարերէ շինուած պերճանքի առարկաներ, իշխանութեան խորհրդանիշներ՝ զէնքեր, կնիք, ձիասանձեր, դիմաքանդակներով մետալիոններ եւ այլն: Ցուցադրութեան ներկայացուած գտածոներու ընտրանին հնարաւորութիւն կու տայ պատկերացում կազմել մեր նախնեաց կենցաղի, արհեստագործութեան, աշխարհընկալումներու, գեղարուեստական ճաշակի, եւ առհասարակ, մեր ժառանգութեան եւս մէկ կարեւոր շրջափուլի մասին։ Բազմաթիւ իրեր գտնուած են Վերին Նաւեր դամբարանադաշտէն, բայց Պատմութեան թանգարանին մէջ ցուցադրութեան դրուած են մանաւանդ բարձր խաւին պատկանող կամ մոռցուած թագաւորութեան վերաբերող նմոյշները:

Վերին Նաւեր դամբարանադաշտը Արագածոտնի մարզին մէջ է՝ Երեւանէն 25-30 քիլօմեթր դէպի արեւմուտք՝ Արագած լերան ստորոտին: Տեղազննութիւն կատարելով՝ գիտնականները Վերին Նաւերու տարածքին արձանագրած են աւելի քան 500 դամբարան ու դամբանաբլուր եւ պեղումներ սկսած են 1976 թուականին, որ ընդմիջումներով կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Այդ տարածքին գիւղացիներու կողմէ հող մշակելու եւ շինարարութեան պատճառով բազմաթիւ դամբարաններ աւերուած են, սակայն տակաւին մնացած են հարիւրաւորներ, ուր ալ կատարուած են այս արշաւախումբին պեղումները:

Վերին Նաւերը պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարերուն պատկանող դամբարանադաշտ մըն է՝ թուագրուած Նախքան Քրիստոս 23-10-րդ դարերուն: Այդքան տարիներ առաջ այդ տարածքին ապրած են մարդիկ, որոնք ստեղծած են իւրայատուկ քաղաքակրթութիւն, որու հետքերն ալ մենք կը տեսնենք ցուցադրութեան մէջ:

Յակոբ Սիմոնեանի գլխաւորած արշաւախումբը պեղումներու ժամանակ հիմնականը կեդրոնացած է պրոնզի դարու դամբարաններու վրայ, որոնք կը կրեն արքայական իշխանութեան խորհրդանիշներ: Մասնագէտները շեշտադրած են պրոնզէ դարու ժամանակաշրջանը, երբ Հայաստանի մէջ արդէն կային ձեւաւորուած պետութիւններ: Պեղումները հաստատած են այդ իրողութիւնները՝ գտնուած են արքաներու, գերագոյն քուրմերու դամբարաններ եւ հակառակ որ այդ դամբարանները նաեւ կողոպտուած են, բայց մասնագէտները բարեխիղճ աշխատանք կատարելով բազմաթիւ տեղեկատութիւններ մէջտեղ բերած են: Մասնաւորապէս՝ պեղումները ցոյց տուած են Արարատեան դաշտին մէջ ապրած հասարակութեան մը կեանքը, արհեստները, առեւտրային եւ միւս կապերը ուրիշ ժողովուրդներու հետ եւ մանաւանդ զինուժը, որ ունէր այդ ժամանակաշրջանի թագաւորութիւնը: Յայտնաբերուած են մարտակառքերու պրոնզեայ մասնիկներ, պրոնզեայ զէնքեր, Միջագետքէն, Լեւանտէն, Պարսկաստանէն, Միջին Ասիայէն, Չինաստանէն ներկրուած պերճանքի առարկաներ: Իր հարուստ պեղածոներու, հարիւրաւոր դամբարաններու եւ քաղաքակրթական հնագոյն արժէքներու շնորհիւ Վերին Նաւերը հռչակուած է Հին Արեւելքի ամենաընդարձակ եւ ամենակարեւոր դամբարանադաշտերէն մէկը, որ անթիւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ շատ հեռաւոր դարաշրջաններու մասին: Տարածքին կայ նաեւ Ներքին Նաւեր դամբարանադաշտը եւ Ներքին ու Վերին Նաւերու բոլոր դամբարանները պատմամշակութային, հնագիտական մեծաքանակ տեղեկութիւններ կը պարունակեն ոչ միայն Հայաստանի ներկայ տարածքի վաղ բնիկներու կեանքի, կենցաղի, դիցաբանական ընկալումներու, սովորոյթներու մասին, այլեւ կը փաստեն, որ Նախքան Քրիստոս Գ. հազարամեակին հոս ձեւաւորուած էր հնդեւրոպական կամ հին արիական մշակոյթը կրողներու հզօր հասարակութիւն, որ կը տիրապետէր մանաւանդ ձիաբուծութեան եւ մետաղագործութեան գաղտնիքներուն: Հին հայերը տարածաշրջանի մէջ առաջիններէն եղած են, որ ընտելացուցած են ձին, ստացած են շատ ձիատեսակներ եւ ձին կարեւոր դեր ունեցած է այդ շրջանի մարդու կեանքին մէջ: Դամբարանադաշտերէն գտնուած ձիու բազմաթիւ ոսկորներ ուսումնասիրութեան նիւթ դարձած են մասնագէտներու համար: Ձիերու պատկերներ կան նոյնիսկ պեղուած անօթներու վրայ:

ՄԵՏԱԼԻՈՆՆԵՐԸ

«Մոռցուած թագաւորութիւն. Վերին Նաւեր» ցուցադրութեան մէջ ակնառու են մետալիոնները՝ արքաներու դէմքեր պատկերող կլոր զարդերը, որոնք նոյնպէս դամբարաններէն գտնուած են: Հինգ այդպիսի մետալիոն կայ, որոնք, ըստ մասնագէտներու, այս տարածք բերուած են Հին Արեւելքի հզօր երկիրներէն մէկէն՝ Էլամէն: Գտնուածները հիմնականը թաղման ընծաներ եղած են, դամբարան դրուած են յուղարկաւորուողին հետ: Արշաւախումբի ղեկավար Յակոբ Սիմոնեան կը յայտարարէ, որ նման մետալիոններ կան Լուվրի, Բրիտանական թանգարաններու մէջ, որոնք գտնուած են Էլամէն: Ասիկա եւս մէկ վկայութիւն է, որ հզօրագոյն Էլամի ու Հայաստանի միջեւ եղած են կապեր, այդ կարգին՝ ռազմական կապեր, եւ երկու հնագոյն երկիրները միաւորուած են ընդդէմ ընդհանուր թշնամիի: Ընդհանրապէս Հայաստանի տարածքին պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած ամենահին դիմաքանդակները մինչեւ հիմա կը նկատուէին հելլէնական ժամանակաշրջանի տիրակալներու, մասնաւորապէս՝ Տիգրան Մեծի դրամներու վրայ դրուագուած պատկերները: Սակայն Վերին Նաւերէն գտնուած այս մետալիոները աւելի հին ժամանակաշրջանի կը վերագրուին եւ հնագոյն քաղաքական ու մշակութային կապեր կը պարզեն: Այդ տարածքէն, փաստօրէն, գտնուած է Հայաստանի հնագոյն դիմաքանդակը: Մետալիոնները եզակի են ո՛չ միայն այս տարածքի, այլեւ՝ դրացի տարածաշրջաններու պրոնզեայ դարու մշակոյթը ուսումնասիրելու տեսանկիւնէ:

Վերին Նաւեր անուանումը Վերին գերեզմանոց կը նշանակէ: Հին հայկական հաւատալիքի մը համաձայն, մեռնողը նաւակով կը մեկնի հանգուցեալ կեանք։ Վերին Նաւերու մէջ գտնուած բոլոր դամբարանները նաեւ հայերու հնագոյն յուղարկաւորութեան ծէսի վկայութիւնն են, եւ մասնագէտներ կը փաստեն, որ այդ աւանդոյթները ընդհանրապէս, յատուկ եղած են կարգ մը հնդեւրոպական ժողովուրդներու: Հանգուցեալին հետ հողին մէջ դրած են նաեւ ձիեր, մարտակառքեր, սակայն քանի որ հողը սուրբ եղած է այդ ժամանակաշրջանի մարդոց համար, յուղարկաւորուողի եւ հողի արանքը քարէ պատնէշ շինած են: Մակոյկի նման են դամբարանները, որոնց սուր ծայրերը դէպի հիւսիս ուղղուած է, ուր ալ, ըստ միջին պրոնզեայ դարու կարմիրբերդեան մշակոյթի ներկայացուցիչներու պատկերացումներու, կը գտնուէր աշխարհի սրբազան կողմը։

Դամբարանադաշտերէն գտնուած անօթները եւ բազմաթիւ իրեր, բնականաբար, միշտ չէ, որ ամբողջական կ՚ըլլան: Ատոնք յաճախ բաժնուած կ՚ըլլան հարիւրաւոր մանր, փխրուն կտորներու, որոնք կը թուագրուին, կը մաքրուին, մասնաւոր նիւթերով կը լուացուին, կը լուսանկարուին եւ յատուկ սոսինձներու օգնութեամբ կը վերականգնուին: Մասնագիտացած տարրալուծարաններ կան, որոնք կը զբաղին հնագիտական նիւթերու վերականգնումով:

Այս տարածքէն հանուած բոլոր գտածոները հին աշխարհի պատմութիւնը սրբագրելու եւ առեղծուածային կարգ մը երեւոյթներու լուսաբանման տեսակէտէ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունին: Մանաւանդ այսօր, երբ հայկական ինքնութեան, հողի, տարածքի եւ այլ հարցերու շուրջ վիճելի հարցեր կան, նմանատիպ պեղումները եւ ատոնց արդիւնքները լրացուցիչ ապացոյցներ են՝ հաստատելու համար հայերու բնիկ ըլլալը:

Պատմաբան, մտաւորական եւ մեր լաւագոյն հնագէտներէն Յակոբ Սիմոնեանի գործունէութեան կարեւոր մէկ մասը նուիրուած է այս հարցերուն եւ մանաւանդ՝ հնագոյն դամբարանադաշտերուն: Իր եւ իր ղեկավարած արշաւախումբի աշխատանքի շնորհիւ մենք այսօր քիչ թէ շատ պատկերացում ունինք պրոնզեայ դարուն ապրած մեր նախնեանց մասին: Գիտնականը հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր, աշխատութիւններ, յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին թէ՛ պեղումներու արդիւնքներուն, թէ՛ Հայաստանի զանազան եկեղեցիներու, պատմական յուշարձաններու:

Յակոբ Սիմոնեան եղած է Հայաստանի Պատմամշակութային ժառանգութեան գիտահետազօտական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէնը: Ան ծնած է 1949 թուականին՝ Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը՝ մանկավարժներու ընտանիքի մէջ։ Իր ծնելէն ետք Սիմոնեաններու ընտանիքը տեղափոխուած է Հայաստանի Վանաձոր քաղաքը։ 1973 թուականին Յակոբ Սիմոնեան ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի Պատմութեան կաճառի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժին: Համալսարանի մէջ ուսումնառութիւնը աւարտելէ ետք աշխատած է Յուշարձաններու վերականգնման յատուկ գիտա-արտադրական արուեստանոցին մէջ, որպէս կրտսեր գիտաշխատող:

Ան 1974-1988 թուականներուն Երեւանի Պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ նախ որպէս կրտսեր, ապա աւագ գիտաշխատող եղած է:

1984 թուականին Յակոբ Սիմոնեան Սեն Փեթերսպուրկի Գիտութիւններու ակադեմիայի Հնագիտութեան կաճառին մէջ ուսուցում եւ գիտական պատրաստութիւն անցնելէ յետոյ պաշտպանած է թեկնածուական թեզը, գիտական մեծ ճանապարհ անցած է նաեւ արուեստագիտութեան բնագաւառէն ներս: Հնագէտի կեանքի կարեւոր մասն են պեղումները: Յակոբ Սիմոնեան, արշաւախումբերու հետ, Վերին ու Ներքին Նաւեր տարածքներէն զատ պեղումներ կատարած է Աղցքի հայոց արքաներու դամբարանին, Շէնգաւիթի քաղաքատեղիին, Աշտարակի բերդշէնի, Ծիծեռնավանքի, Ամուլ սարի հնավայրերու, Լոռէ բերդաքաղաքի, Կարմիր բլուրի դամբարանադաշտին, Չիչխանավանքի, Աղթամիրի քաղաքատեղիի, Ներքին Սասնաշէն բնակատեղիի ու բազում այլ հնավայրերու մէջ:

Պեղումները նաեւ հնութիւնները հնարաւոր կողոպուտէն փրկելու ձեւ մըն են։ Հայաստանի մէջ այսօր անսանձ կերպով կը կողոպտուին դամբարանները, հնավայրերը: Գողերը իրենց գտած իրերը, առանց ուսումնասիրութեան եւ պատշաճ արժեւորման, ուղղակի կը ծախծխեն սեւ շուկային մէջ: Գանձագողութիւնը դարձած է մեր օրերու չարիքներէն մէկը եւ ատոր դէմ օր ու գիշեր կը պայքարին նաեւ հնագէտները:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՐԱՄԸ՝ 30 ՏԱՐԵԿԱՆ

Նշուած ցուցահանդէսէն զատ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ կը գործեն նաեւ ուրիշ յատկանշական ցուցահանդէսներ, տեղի կ՚ունենան մեր պատմութեան ամենակարեւոր անցքերուն նուիրուած գիտաժողովներ: Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային արժոյթի՝ դրամի թողարկման 30-ամեակի առթիվ յունիսի 9-ին եւ 10-ին թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Դրամի աղբիւրագիտական արժէքը» խորագրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողով:

Հայկական դրամի ուսումնասիրութեամբ այս թանգարանը սկսած է զբաղիլ տակաւին 1921 թուականին, իսկ 1940-ական թուականներուն թանգարանին մէջ հիմնուած է դրամագիտութեան բաժին, ուր ոչ միայն հայկական, այլեւ Նախքան Քրիստոս Ե. դարէն սկսեալ զանազան երկիրներու դրամներ կան: Գիտաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան քառասունէ աւելի մասնակիցներ՝ Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Այսօր շուրջ 90 հազար դրամագիտական արժէք կը պահպանուի Պատմութեան թանգարանին մէջ:

1960-1980-ականներուն սփիւռքի տասնեակ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու շնորհիւ թանգարանը ունեցած է Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան դրամներու հրաշալի հաւաքածոն, համալրուած են հին յունական, հին հայկական, հռոմէական, պարթեւական, արաբական, բիւզանդական, ինչպէս նաեւ շքանշաններու հաւաքածոները: 1700-էն աւելի նուիրատուներ՝ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն դարձած են դրամագիտական ազգային ժողովածոյի ստեղծման մասնակիցներ։

Այս տարի հայութիւնը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային դրամանիշի ստեղծման 30-ամեակը: Անկախ Հայաստանի բնակիչները երկար տարիներ չեն մոռնար այն օրը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ ստեղծուած յանձնախումբը (որ կը կոչուէր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դրամաշրջանառութեան կարգաւորման պետական յանձնախումբ) 19 նոյեմբեր 1993 թուականին որոշում մը հրապարակեց, որուն համաձայն «22 նոյեմբեր 1993 թուականին, ժամը 00.00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին վրայ օրինական վճառամիջոց կը հանդիսանան Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան 1993 թուականի նմոյշի 10, 25, 50, 100, 200 եւ 500 դրամ անուանական արժէքներով դրամատնային թղթադրամները»: Մինչ այդ, արդէն անկախացած Հայաստանի բնակիչներու ձեռքին խորհրդային ռուբլիները կային, եւ ժողովուրդը, քիչ մը մոլորած, քիչ մը անհասկնալի վիճակի մէջ յայտնուած, ջանքեր ըրաւ վարժուելու հայկական դրամին: Նոյն տարուան 22 նոյեմբերին Հայաստանի տարածքին մէջ դադրեցաւ խորհրդային եւ ռուսական դրամանիշներու շրջանառութիւնը եւ փոխանակման համար ընդունուեցաւ «1 դրամ=200 խորհրդային ռուբլի» յարաբերակցութիւնը: Անշուշտ, եղան նաեւ վնասներ, հիասթափութիւններ, երկար տարիներ խորհրդային ռուբլիի մտածողութեան ներքոյ ապրած ժողովուրդը դժուարութեամբ դուրս եկաւ հին դրամամտածողութենէն եւ նորին վարժուելու սկսաւ: Դրամին հետ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ նաեւ մանրադրամը՝ լուման (1 դրամը հաւասար էր 100 լումայի)։ Բայց ան շատ արագ դուրս մնաց շրջանառութենէն՝ արժեզրկման հետեւանքով։ Ազգային արժոյթը ընդունելէ առաջ դրամանիշի անուան զանազան առաջարկներ կային՝ «դրամ», «ստակ», «իպար», «դահեկան», պզտիկ միաւորինը՝ «մանրադրամ», «ար», «մանր», «իմի», «զուզա», «բլիք», «լումայ»։ Սակայն յատուկ յանձնաժողովի մը կողմէ որոշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային դրամանիշը անուանել «դրամ», արտադրեալ միաւորինը՝ «լումայ»: Յատկանշական է, որ հին ժամանակ հայերը նոյնպէս զանազան կոչումներ տուած են դրամին: Եղած են «փող», «դանգ», «դրահմ», «քարտէս», «ոսկի», «թուղթ» եւ այլ անուանումներ:

Այսօր՝ հայոց խորհրդանիշներէն մէկը՝ դրամը, բարդ, վերիվայրումներով լի երկար ճանապարհ անցնելէ ետք, տակաւին կայուն է եւ 30-ամեայ իր կենսագրութեամբ կը փաստէ հայոց պետականութեան ընթացքը: Դրամին նուիրուած գիտաժողովը կարեւոր է նաեւ պետականութեան այդ ընթացքը նաեւ դրամին միջոցով փաստելու տեսանկիւնէն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2023