ՀԱՅՐ ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ. ՀԱՅԿԵԱՆ ՀԱՆՃԱՐԻՆ ՎԵՀԱՇՈՒՔ ՆԱՀԱՊԵՏԸ
Յուլիս 6-ին, 195 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, հնահաւաք ու դրամագէտ Պետրոս-Մարգար Ալիշանեանի ընտանեկան յարկին տակ ուրախութիւն կը տիրէր։
Ծնած էր արու զաւակ մը, որուն անունը դրին Քերովբէ (1820-1901)։
Օրհնեալ եւ օրհնաբեր ծնունդ էր.
- Ապրեցաւ մինչեւ 1901 թուականը՝ ստեղծագործական բեղմնաւոր կեանքով։
- Ապրեցաւ անբասիր վարքով՝ մարմնաւորելով հայ հոգեւորականի սրբակեաց կերպարը։
- Ապրեցաւ հանճարեղ անմահներու ճառագայթումով՝ լուսաւորելով ու ջերմացնելով արդի ժամանակներու ՀԱՅուն սիրտն ու հոգին, միտքն ու էութիւնը։
Եւ յաւերժացաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան անունով։
Դժուար է սիւնակի մը սահմաններուն մէջ պարփակել պատկերացումն ու արժեւորումը Ալիշան մարդուն եւ հոգեւորականին, հայուն ու հայրենասէրին, բանաստեղծին եւ գիտաշխատողին, մանկավարժին ու ազգային գործիչին, որոնք բոլորն ալ իրենց մեծատաղանդ եւ բարձրորակ մարմնաւորումը գտան արժանաւորապէս՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի կեանքով ու գործով, անհատականութեամբ եւ պատգամով։
Այսուհանդերձ՝ ընդհանրացումներով եւ ուրուագծային խտացումներով բաւարարուելու գնով իսկ, անպայման պէտք է ընդգրկել ամբողջական տարողութիւնը Ալիշանի փառահեղ մեծութեան, որ 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ փորձեց՝ իր ոգեղէն ուժով եւ մտքի լոյսով, սանձազերծել ու ազատ եւ բազմակողմանի զարգացման հունով յառաջ մղել հայոց ազգային զարթօնքը։
Դէպի աղբիւրը լոյսին տեւական ձգտումի եւ անխոնջ աշխատանքի ուղեւորութիւն մը եղաւ Ալիշանի կեանքը։
Պոլսոյ «Չալըքեան» նախակրթարանը հազիւ աւարտած՝ տասներկու տարեկան Քերովբէն ղրկուեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքը եւ յանձնուեցաւ Մխիթարեաններու դաստիարակութեան։ Վանքի ընծայարանն ու «Մուրատ Ռափայէլեան» բարձրագոյն վարժարանը աւարտեց 1841 թուականին՝ արդէն կուսակրօն վարդապետ ձեռնադրուած։ Անմիջապէս նուիրուեցաւ նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչութեան՝ միաժամանակ աշխատակցելով 1843 թուականին կեանքի կոչուած «Բազմավէպ» հանդէսին։ Այս շրջանին լոյս տեսան իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։
1848-ին նշանակուեցաւ «Ռափայէլեան» վարժարանի տեսուչ՝ միաժամանակ ստանձնելով «Բազմավէպ»ի խմբագրութիւնը (1849-1851)։
Ամբողջ Եւրոպան ցնցող յեղափոխական պոռթկումներու ժամանակներ էին. իսկ Իտալիոյ տարածքին ազգային միաւորման ու ազատագրութեան յեղափոխական շարժումները իրենց բարձրակէտին հասած էին։ Այդ խմորումները անտարբեր չձգեցին երիտասարդ Ալիշանը, որ «Բազմավէպ»ի էջերուն լոյս ընծայեց «Նահապետ» ստորագրութեամբ իր ազգային-յեղափոխաշունչ բանաստեղծութիւնները։ «Պլպուլն Աւարարայրի», «Հայոց աշխարհիկ», «Լուսնկայն գերեզմանաց հայոց», «Բամբ որոտան» եւ «Նուագք» շարքի միւս բանաստեղծութիւններով՝ Ալիշանի «Նահապետի երգերը» ոչ միայն նոր ուղի բացին Մխիթարեաններու դասական քերթողութեան առջեւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս արդի հայ գրականութիւնը թարմացուցին ու յառաջ մղեցին վիպապաշտ (ռոմանթիք) դպրոցի հունով։
Աւելի՛ն. Ալիշանի գործերը հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական զարթօնքին կրակը վառեցին ժամանակի հայ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան մէջ՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ Պոլիս ու Վան, մինչեւ Թիֆլիզ ու Մոսկուա։
Պերճախօս է վկայութիւնը Ալիշանի կրտսեր ժամանակակից եւ հայոց ազգային ու յեղափոխական զարթօնքին մէջ իր կարգին մեծակշիռ ներդրում կատարած Միքայէլ Նալբանդեանի, որ օրին ողջունելով «Նահապետ ստորագրութեամբ Հ. Ղեւոնդ Ալիշանեանց արժանաւոր վարդապետի հրատարակած հոյակապ քերթուածքը՝ «Պլպուլն Աւարայրի»ն», չվարանեցաւ յայտարարելու, թէ «չափաբերական քերթուածոց մէջ արժանաւոր վարդապետը ախոյեան չունի»։
1849-ին բռնկած իտալեւաւստրիական պատերազմին հետեւանքով՝ «Մուրատ Ռափայէլեան» վարժարանի դասաւանդութիւնները կ՚առկախուին։ 1850 թուականին, Մխիթարեաններու Աբբահայր Գ. Հիւրմիւզի հետ, Ալիշան կ՚անցնի Վատիկան, ուրկէ տարի մը ետք Մուրատ Ռափայէլեանի կտակին հետ կապուած հարցերու լուծման առաքելութեամբ կ՚ուղարկուի Լոնտոն։ Ալիշան կ՚երկարաձգէ Լոնտոն իր կեցութիւնը, որպէսզի մօտէն ծանօթանայ եւ ուսումնասիրէ Քէյմպրիճի համալսարանին ու Օքսֆորտի մատենադարանին հին ձեռագրերու աշխարհահռչակ հաւաքածոն։ Ալիշան ոչ միայն մանրամասն կը քննէ, այլեւ՝ կը ցանկագրէ իր գտած հայկական բոլոր ձեռագրերը։ Լոնտոնէն ետք, ուսումնասիրական եւ ինքնազարգացման նպատակներով, կը շրջի եւրոպական գլխաւոր կեդրոնները՝ յաջորդաբար Պերլին, Վիեննա, Փարիզ եւ Կենտ՝ Պելժիա։
Վենետիկ կը վերադառնայ 1853 թուականին։
Համաշխարհային մշակոյթի ու մտքի մեծ կեդրոններուն հետ մօտէն շփումի ծառայած այդ տարիները հիմնական շրջադարձ յառաջացուցին Ալիշանի հետագայ գործունէութեան մէջ։ Բանաստեղծն ու գրաբարով ստեղծագործող Հեղինակը, Ալիշանի մէջ, իրենց տեղը զիջեցան ազգային շունչով, աշխարհաբարով եւ յառաջդիմական մտածողութեամբ սերունդ հասցնող Դաստիարակին եւ, միեւնոյն առաջադրանքով, բանասիրական ու պատմագիտական բնագաւառներու մէջ կոթողական աշխատասիրութիւններ իրագործող Գիտաշխատողին եւ գաղափարական շարժում հունաւորող Մտաւորականին։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մանկավարժական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 1872 թուականը, երբ ան որոշեց ամբողջութեամբ նուիրուիլ գիտական աշխատութեանց։ Այդ շրջանին, «Մուրատ Ռափայէլեան»ի տեսչութեան կողքին, Ալիշան 1859-1861 թուականներուն միջեւ դասաւանդեց նաեւ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ, մինչեւ իր վախճանումը 22 Նոյեմբեր 1901 թուականը, Հայկեան Հանճարին վեհաշուք Նահապետը փակուեցաւ Ս. Ղազարի վանքի իր աշխասենեակին մէջ եւ ստեղծեց աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք կարեւոր մասը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան փառքին։
Ինչպէս իր բանաստեղծութեանց, նոյնպէս եւ բանասիրական թէ պատմագիտական իր աշխատասիրութեանց մէջ, Ալիշան միեւնոյն մեծ ու խորին պատգամը փոխանցեց հայ ժողովուրդի զաւակներուն. Պաշտելու աստիճան սիրել եւ պահպանել հայոց լեզուն ու հայրենի հողը, հայն ու իր մշակոյթը, որոնք ծաղկումի եւ ճառագայթումի առաջնորդեցին հայկեան հանճարը՝ դարաւոր ստրկութեան եւ խաւարի ու անկումի ժամանակներուն դէմ ինքնապահպանման եւ վերականգնումի հզօրագոյն զէնքերը դառնալով հայութեան իրերայաջորդ սերունդներուն։
Հայկականին ու հայրենականին պաշտամունքը Ալիշան յաւերժացուց նախ իր բանաստեղծութեամբ.
Մեր Տէրն ի երկնուց ծայրէն երբ իջաւ
Երկրիս հիման քարն յԱրարատ դրաւ,
Այն մեր Մասիսու երկնաձեւ սարէն
Աչեց ըզբոլոր՝ վերացաւ նորէն…
1850-ականներու վերջերուն, «Նուագք» ընդհանուր անունին տակ ի մի բերելով համեմատաբար երիտասարդ տարիքին գրուած իր քերթուածները, Ալիշան 1857-ին եւ 1858-ին յաջորդաբար լոյս ընծայեց «Մանկունի», «Մաղթունի», «Խոհունի», «Բնունի», «Հայրունի», «Տէրունի» եւ «Տխրունի» խորագրուած գրքոյկները, որոնք մէկ կողմէ մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս եւ քրիստոնէական հաւատքի վերահաստատման նորօրեայ աւետարաններ եղան, իսկ միւս կողմէ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ վառեցին խարոյկը հայոց փառապանծ անցեալի ոգեկոչման, հայրենի բնութեան պաշտամունքին, հայրենի հողին՝ քարին ու ջուրին ոգեշնչման եւ, մանաւանդ, Հայկեան Հանճարի շղթայազերծման։
Հաւատքի՛ մարդու, ազգայի՛ն գործիչի եւ տաղանդաշատ գրողի իր մեծ պատգամը Ալիշան թուղթին յանձնեց նաեւ արձակ էջերով, որոնք 1871-ին լոյս տեսան «Խորհրդածութիւնք՝ ընդ եղեւնեաւ» հատորով։
Իսկ հայագիտական աշխատասիրութեանց իր կոթողական վաստակով՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան պատրաստեց, բառին ամենէն ընդգրկուն իմաստով, հանրագիտարանը Հայաստան Աշխարհին եւ ստեղծագործ Հայուն։ Հակառակ որ բնաւ չտեսաւ աշխարհը հայոց եւ չունեցաւ հնարաւորութիւնը անմիջականօրէն ապրելու եւ շփուելու իր պաշտած ժողովուրդին հետ, Ալիշան այդուհանդերձ գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը՝ իր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն բնութագրով, իր հողով ու բոյսերով, իւրաքանչիւր աւանի կապուած պատմական ու ազգային յիշողութեամբ, հայերէնի ժողովրդային ու բարբառային ճոխութեամբ եւ հարստութեամբ, այլեւ ու մանաւանդ հայակերտ կոթողներով, կանգուն մնացած ու պահպանուած ըլլան անոնք, թէ քարուքանդ եղած…
Մասնագէտներու միահամուռ վկայութեամբ՝ «Յուշիկք հայրենեաց հայոց», «Տեղագիր հայոց մեծաց», «Նշմարք եւ նշխարք Հայաստանի», «Շիրակ», «Սիսուան», «Այրարատ», «Սիսական», «Հին հաւատք հայոց», «Արշալոյս քրիստոնէութեան հայոց», «Հայապատում», «Շնորհալի եւ պարագայ իւր», «Հայ բուսակ» եւ միւս գործերով, Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան ընծայաբերեց գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզբնաղբիւր դարձաւ պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։
Այս բոլորով եզակի մեծութիւն դարձաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան։
Եւ պատահական չէ, որ Հայկեան Հանճարի վեհաշուք Նահապետին վախճանումը համազգային սուգով պատեց ողջ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը։
Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 195-ամեակին նուիրուած այս վկայութիւնը կ՚արժէ եզրափակել իր իմաստուն պատգամներէն հետեւեալ փունջով.
- Մի ուրանար զերկիրդ եւ զազգդ սիրուն։
- Ծառն արմատով է ծառ՝ տունն հիմամբ է տուն:
- Չկայ աւելի պատուական արարած, քան մարդը, որուն համար ստեղծուած է ամէն բան:
- Թշնամիին ջախջախելու համար հարուած եւ հանճար է պէտք:
- Արծիւ միտքը արծուի թեւ ալ կ՚ուզէ:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ