​ԱՆՀԱԿԱԿՇՌԵԼԻ ՈՒԺԻՆ ՈՒԺԸ - 2 -

«ՌԻԹՄ 0»

«Եթէ մարդու բնոյթը հասկնալ կ՚ուզէք, ապա իր ձեռքը տուէք անսահման ուժը»
ՓԻԹԱՔՈՒՍ

Երջանկութեամբ, խաղաղութեամբ ապրելու համար որքա՜ն խոչընդոտներ, որքա՜ն նեղութիւններ կը ներկայանան մարդուն առջեւ։ Այս երեւոյթի պատճառը յաճախ կ՚ըլլայ մարդը՝ ինքն իր արարքներով, մտածողութեամբ։ Մարդկութեան «յառաջընթաց»ի ներկայ ժամանակաշրջանին դժբախտաբար ականատես կը դառնանք մարդու բանականութեան, խղճի եւ բարոյական արժէքներու «ապականման»։ 

Մարդ գերին եղած է «ուժ»ի տիրանալու, աւելի հզօրանալու, «իր նմանները սեփականացնել»ու գաղափարին։ «Ուժ»ի տիրանալու նպատակին կեդրոնացած մարդու աչքը կարծեք կը «կուրանայ» ու զուգահեռաբար անտարբեր կը մնայ իր նմաններու նկատմամբ, նոյնիսկ շահագործելով կամ ստորադասելով անոնց իրաւունքները։ Այս երեւոյթի իբրեւ օրինակ կրնանք համարել սերպիացի արուեստագիտուհի Մարինա Ապրամովիչի «Ռիթմ 0» գեղարուեստական ելոյթը, որու արդիւնքները զարմանալիօրէն փաստած են, թէ մարդու բնոյթը որքան արագ կրնայ «փոխուիլ», երբ ստանձնէ, կը զգայ անհակակշռելի «ուժ»ը։ 

Մարիանա Ապրամովիչի ստեղծագործութիւններու առանձնայատկութիւններէն մին է՝ որեւէ բան զոհաբերելու կարողութիւնը եւ յաճախ զոհաբերողի դերը կը ստանձնէ՝ ինքը։ 

«Ռիթմ 0» Մարինա Ապրամովիչի առաջին գեղարուեստական ներկայացումներէն մէկն է, որ տեղի ունեցած է Նափոլիի Studio Mora-ի մէջ։ Ապրամովիչ մեծ համբաւ ձեռք բերած է 1974 թուականին իրականացուցած նշեալ գեղարուեստական ելոյթով։ Ներկայացման ընթացքին Ապրամովիչ վեց ժամ անշարժ կանգնած է սեղանի մը դիմաց, որու վրայ տեղադրուած էին 72 առարկաներ։ Անոնցմէ մէկ մասը մարդուն հաճոյք կը պատճառէին, մէկ մասը՝ ցաւ, իսկ մնացեալը՝ մահ։ Սեղանի վրայ շարուած էին փետուրներ, վարդ, գաւաթ մը ջուր, գինի, մեղր, ձէթ եւ այլն, նաեւ՝ դանակ, մուրճ, մկրատ, փամփուշտ եւ ատրճանակ, որոնց բոլորն ալ գործածելը ազատ էր։ 

Ելոյթի սկիզբին հանդիսատեսներ շատ նուրբ վերաբերմունք ցոյց տուին Ապրամովիչի նկատմամբ. անոնք կը համբուրէին Ապրամովիչը, ծաղիկներ կը նուիրէին իրեն, կը շոյէին իր ձեռքերը…

Ապրամովիչէ որեւէ հակազդեցութիւն չստանալով հանդիսատեսներ աստիճանաբար սկսան աւելի դաժան վերաբերմունք ցուցաբերել։ Անոնք զգացին, թէ իշխանութիւնը եւ «ուժ»ը իրենց ձեռքերուն է, արդէն ելոյթի 3-րդ ժամուն սկսած էին Ապրամովիչի հագուստը պատռել եւ վիրաւորել զայն։ Իսկ Ապրամովիչ այնքան ներգրաւուած էր գործին մէջ, որ կատարուածներուն չէր հակազդեր։ Հանդիսատեսներէն ոմանք փորձեցին պաշտպանել Ապրամովիչը՝ տեսնելով իր վիճակը։ Երբ հանդիսատեսներէն մին ատրճանակը ուղղեց Մարինայի կուրծքին, վէճ մը ծագեցաւ լսարանէն ներս։ 

6 ժամուայ ներկայացման աւարտին 23 տարեկան Մարինան ունէր վիրաւորուած, իր արեամբ կեղտոտած, կիսամերկ մարմին։ Արուեստագիտուհիի կեանքը փրկուած էր հանդիսատեսներէն մէկուն կողմէ, քանի որ ան յաջողած էր մարդուն ձեռքէն խլել Ապրամովիչի կուրծքին ուղղուած ատրճանակը։ 6 երկար ժամերու աւարտին արուեստագիտուհին մօտեցաւ այցելուներուն, որոնք «փախան» իրմէ։ Ապրամովիչ հետեւեալ ձեւով պատմած է իր յուշերը. «Սկիզբին հանդիսատեսը կը փափաքէր «խաղալ» ինծի հետ։ Այնուհետեւ անոնք սկսան աւելի ու աւելի թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերել, հետեւաբար այդ 6 ժամը դարձաւ մղձաւանջի։ Անոնք մազերս կը կտրէին, վարդերու փուշերը կը մխրճէին մարմնիս մէջ եւ դանակով կը վիրաւորէին զիս։ Ներկայացման աւարտին աչքերս արցունքով լի, մարմինս կիսամերկ՝ հանդիսատեսին մօտեցայ, բայց անոնք սկսան փախչիլ. կարծես զգացին, որ ես այլեւս խաղալիք չեմ եւ կը կառավարեմ մարմինս։ Կը յիշեմ, որ այդ օրը պանդոկ վերադառնալէ յետոյ նայեցայ հայելիին ու տեսայ, որ մազերս սպիտակած էին»։

«Ես կը փափաքէի ցոյց տալ, թէ մարդ արարածը որքան արագ կրնայ դառնալ անգութ ու անբարոյ, եթէ իրեն թոյլ տան։ Իմ կատարած փորձը կ՚ապացուցանէ, թէ եթէ հանրութեան յանձնուի որոշման հնարաւորութիւնը, քեզ կը սպաննեն», կ՚ըսէ արուեստագիտուհին։ 

Այս աշխատանքը ցոյց տուած է, թէ մարդոց մէջ որքան սարսափելի զգացումներ գոյութիւն ունին, մարդ արարածի անհակակշռուած արարքները ինչպէս ալիքային ազդեցութեամբ կ՚ազդէ միւսներուն վրայ, ինչպէս «բնականոններ»ու մեծ մասը կը վերածուի իսկական «բռնարար»ի։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

- վերջ -

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020