ԱՐՑԱԽՆ ՈՒ ԱՐՑԱԽՑԻՆ

Արցախն ու արցախցին չեն կրնար ըլլալ առանձին:

2010 թուականէն ի վեր ալեւս փաստացի չեմ բնակիր Արցախի մէջ: Հետեւելով իմ փափաքներուն, այլեւս կորսնցուցի այդ ճամբան: Դժուար է՝ դիւրին չէ: Նոյնիսկ շատ դժուար է: Այո՛, կ՚ապրիմ Հայաստանի մէջ, սակայն ոչ Արցախի: Մեր օդն ու ջուրը ուրիշ է:

Հետզհետէ իմ խղճի խայթը կը սաստկանայ, ա՛լ աւելի ուժգին կրծելով իմ հոգին: Առաջին իսկ օրէն դժուար համակերպեցայ համայն հայոց մայրաքաղաքի կեանքին: Կը յիշեմ, գրեթէ ամէն շաբթու վերջ կը մեկնէի Արցախ: Երբեմն բաց կը թողնէի ուրբաթ օրուան իմ համալսարանական դասերը ու կը շտապէի դէպի տուն: Կիրակի առտու կամ երկուշաբթի կանուխ կը դառնայի Երեւան: Երեւանէն Ստեփանակերտ հեռաւորութիւնը 365 քիլօմեթր է: Թէպէտ ճանապարհը կպրապատ է, սակայն լի բազում վտանգներով ու ոլորաններով: Մասնաւորապէս Շուշիէն Ստեփանակերտ այդ տասն քիլօմեթրը ամբողջութեամբ ոլորաններ են: Անթիւ ու անհամար արկածներ տեղի ունեցած են այս ճանապարհին վրայ, յաճախ մահուան ելքով:

Շատեր չեն կրնար այս երկար ճանապարհը առանց դեղահատերու անցնիլ: Իսկ ես հաճոյքով զայն ամէն շաբաթ կը կտրէի: Դէպի տուն տանող ուղին շատ կարճ կը թուէր, վերադարձն էր քիչ մը երկար ու անձկալի: Մէյ մը աչքերս կը գոցէի ու կը բանայի վեց ժամը անցած կ՚ըլլար:

Ճանապարհին չէի քնանար, կը վայելէի տարուան չորս եղանակները: Այո, դէպի դրախտավայր Արցախ տանող ճանապարհին կարելի է հանդիպիլ տարուան չորս եղանակներուն:

Ինքնաշարժը կամ հանրաշարժը կը սուրար իմ միտքն ալ հետը: Մտովի կը սաւառնէի հայոց լեռներուն մէջ ու կը զմայլէի անոնց գեղեցկութեամբ: Ամէն անգամ իմ հոգին կը փառաւորուէր: Աստուծոյ փառք կու տայի, ճիշդ վայրին մէջ ծնած ըլլալուս համար:

Արցախցիի մը համար Արցախէն հեռու բնակիլը կը նմանի դժոխքի: Այս կարծիքին են իմ համերկրացիներու մեծամասնութիւնը: Մեր տեղը այնտեղ է: Ուրիշ տեղ մենք հիւր ենք: Հիւրի պէս քանի մը օրով պիտի այցելենք ու վերադառնանք: Մեր տունը Արցախն է: Ան միշտ կը կանչէ մեզ: Կարծեմ ան ալ մեզ կը կարօտնայ, մեզի կը սպասէ, իսկ երբ կը հեռանանք՝ կը սրդողի մեզի:

Ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ Արցախէն հեռու... Կը նշանակէ ամէն օր ստիպ-ւած ըլլալ մտիկ ընել քու խղճի յանդիմանութիւնները, մասնաւորապէս Արցախը վիրաւորուելէ, ծանր հիւանդանալէ վերջ: Ան ամէն Աստուծոյ օր կը կռուի քեզի հետ.

-Ի՞նչ գործ ունիս այստեղ: Վեր կաց ու գնա՛:

-Բայց, ախր երեխան այստեղ մանկապարտէզ կ՚երթայ: Ամուսինս այստեղ կ՚աշխատի: Մեր տունը այստեղ է:

-Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես: Արցախի մէջ մանկապարտէզ չկա՞յ, թէ քու զաւակդ Արցախի միւս բալիկներէն առաւել է: Չես ամչնար: Բերանէդ ելածը բնաւ ականջդ կ՚իմանա՞յ:

-Քաւ լիցի, բնաւ վիրաւորելու մը-տայնութիւն չունէի,- տխուր կը պատասխանեմ ես:

-Ուրա՞խ ես, հանգի՞ստ ես, ազա՞տ ես:

-Հարկաւ, սակայն բան մը կը պակսի: Կարծես ես իմ պնակի մէջ չըլլամ: Իմ շունչը կիսատ է: Միշտ բան մը կը պակսի: Երբեք լիաթոք չեմ ուրախանար: Իմ թեւերը մինչեւ վերջ չեն բացուիր: Իմ ազատութիւնը, հանգստութիւնը ինչպէս որ հարկն է, չեմ վայելեր:

-Կը կարօտնա՞ս Արցախը,- կը շարունակէ ցաւոտ հարցումներու շարքը իմ խիղճը:

-Այո՛, կը կարօտնամ: Խենթի պէս կը կարօտնամ, այնքան շատ, որ շնչահեղձ պիտի ըլլամ:

-Այդ պարագային վաճառէ տունդ եւ գնա՛:

-Իսկ Արիի աշխատա՞նքը,- կը տարակուսիմ ես:

-Ինչպէս բոլորը, դուն նոյնպէս կ՚ընտրես նիւթականը:

-Ո՛չ: Երեւի: Մի քիչ,- սկսայ կմկմալու:

-Ախր, չե՞ս հասկնար Արցախը քեզի կը սպասէ եւ իր միւս զաւակներուն: Ախր, դուք այս օրհասական պահուն անոր շատ պէտք էք: Ախր, ինչպէ՞ս կրնաս քեզ տանջելով, սպաննելով, խարազանելով ապրիլ քու դրախտավայրէդ հեռու:

-Ճիշդ ե՛ս: Ես Արցախի անառակ զաւակներէն եմ: Հայրենասիրութիւնը իմ մէջ բաւական թոյլ է: Եթէ հայրենասէր ըլլայի, կ՚ապրէի իմ Արցախի մէջ: Եթէ նիւթապաշտ չըլլայի, կը նախընտրէի իմ հոգիի ազատութիւնը, մտքի թռիչքը: Ես արժանի չեմ Արցախին,- տամուկ աչքերով, յուսահատ կը պոռամ ես:

-Ո՛չ, հոգիս, կեցի՛ր: Ինքզինքդ մի՛ խարազաներ: Քանի դեռ Արցախը կ՚ապրի քու մէջ, քանի դուն կ՚ապրիս Արցախով, ուրեմն կը սիրես, ուրեմն անտարբեր չես: Ու այդ սէրը օր մը ճամբայ պիտի ելլէ: Սէրը անկարելի է բանտարկել երկար ժամանակով: Հոգիդ, սիրտդ ու միտքդ նորէն պիտի վերադառնան իրենց օրրանը: Կիսատ-պռատ երկար պիտի չկարենան ապրիլ: Պարզապէս համբերէ: Այս փորձութիւն մըն է, որմէ պիտի անցնիս որպէս արժանապատիւ արցախցի մը: Բաց աստի՝ դուն հայրենիքդ չես լքած: Դուն կ՚ապրիս Հայաստանի մէջ:

Արցախ իմ, տուն իմ հայրենի՝ օր մը գիրկդ պիտի վերադառնամ ու փարիմ քու վիրաւոր կուրծքին: Ես քու մօտ ձգած եմ ինքզինքս: Քեզմէ միմիայն կը բացակայիմ ֆիզիքապէս: Մտովի՝ ամէն ժամ, ամէն վայրկեան քու հետդ եմ իմ աստուածատուր դրախտավայր:

Պիտի վերադառնամ ու հանգչիմ քու գիրկին մէջ: Ընտանիքով պիտի վերադառնամ: Երբ տարիներ առաջ լքեցի քեզ՝ մինակ էի: Վերադարձիս բազմութիւն պիտի ըլլանք: Քեզի արժանի զաւակներ կը փորձեմ հասցնել, որպէսզի քու սիրտը փառաւորուի, հիանայ. որպէսզի ակնածանքի խօսքեր շռայլես ինծի, իսկ ես համեստութեամբ լռեմ ու իմ գլուխը խոնարհեմ քու առջեւ: Այդ ժամ լիաթոք պիտի շնչեմ ու համարեմ իմ առաքելութիւնը կատարած: Սպասէ՜:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2022