ՀԻՆ ԱՐՄԷՆԱՒԱՆ
Դէպի Հին Արմէնաւան տանող երկու ճանապարհ կայ:
Շուշիի ոլորանները յաղթահարելէ վերջ, ցտեսութիւն ըսելով Շուշիի շրջանին՝ մեզ կ՚ողջունէ քաղաքամայր Ստեփանակերտի ցուցատախտակը՝ բարի գալուստ Ստեփանակերտ: Այստեղ՝ մայրաքաղաք տանող ճանապարհը կը ճիւղաւորուի՝ աջ, ձախ եւ ուղիղ:
Մազի կամուրջէն ձախ դառնալով կը հասնինք Հին Արմէնաւան: Այս թաղամասը տեղակայուած է անմիջապէս Շուշիի բարձունքներուն ստորին հատուածին վրայ, այսինքն՝ Շուշիի տակ է:
Տասնամեակներ շարունակ գրեթէ 500 մեթր ճամբուն կէսը կպրուղի էր: Այդ հատուածին ինքնաշարժները պարելով, զանազան չափերու ակօսները համրելով կը հասնէին Հին Արմէնաւանի շեմին:
Բարի գալուստ Հին Արմէնաւան: Այստեղ ծնած եմ ես: Այս թաղամասին մէջ հասակ առած, խաղացած, իմ պատանեկութիւնն ու վաղ երիտասարդութիւնը անցուցած: Ծնողքս նոյնպէս այստեղ լոյս աշխարհ եկած են: Մեծ հայրս ալ բաւական վաղ տարիքէն այստեղ ապրած է:
Հինարմէնաւանցիները ամէն տարի կ՚ապրէին յոյսով, թէ յաջորդ տարի իրենց սիրելի փողոցը պիտի կպրապատուի: Այսպէս գլորուեցան տարիներ ու տասնամեակներ, գրեթէ դար մը: Ամառները ամբողջ փողոցը կը մնար փոշիի ծածկի տակ, իսկ ձմեռները մինչեւ ծոծրակ կը սուզուէինք ցեխի մէջ: Յաճախ թաքսիի շարժավարները կը հրաժարէին հասնիլ այստեղ. «Երկու կոպեկի համար ինքնաշարժս չեմ կրնար փճացնել»:
Այս թաղամասի մէջ կը բացակային բազմաբնակարան շէնքերը: Անոնք աւելի շատ կը նմանին ամարանոցի մը: Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր սեփական տունը, այգին:
Երկուհազարական թուականներուն Հին Արմէնաւան թաղամասը կցեցին քաղաքին եւ արգիլեցին այստեղ պահել անասուն: Մինչ այդ, մենք ու մեր դրացիները կը զբաղէինք անասնապահութեամբ՝ կով, խոզ, ոչխար, այծ, աւանակ, ձի: Անտառը, արօտավայրերն ու մարգագետինները կը գտնուին քանի մը հարիւր մեթրին վրայ: Ստիպուած բոլորը ազատեցան իրենց անասուններէն, մնացին միայն հաւերը, սագերն ու բադերը, հնդկահաւերը: Փառք Աստուծոյ դժգոհող մը չեղաւ. «Եթէ մեր թաղամասը այլեւս պաշտօնապէս կցուեցաւ մայրաքաղաքին, ըսել է, թէ շուտով պիտի կպրապատեն»: Շուտովը տեւեց քսանհինգ տարի: Միայն վերջին չարաբաստիկ պատերազմէն տարի մը անց Հին Արմէնաւանը ունեցաւ կպրուղի:
Հին Արմէնաւանը ինքնաբաւ թաղամաս մըն է: Նախապէս նոյնիսկ պզտիկ շարժանկարի սրահ մը ունէինք՝ «կինոպրակատ»ի շէնքը: Իրիկնամուտին՝ շաբաթը երկու օր, կը ցուցադրուէին հնդկական ժապաւէններ։ Դահլիճը գրեթէ միշտ կ՚ըլլար մարդաշատ: Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին դահիլիճի մէջ կը հոսէր արցունքի ծովեր: Ամէն բան յստակ է՝ հնդկական ժապաւէն, գերզգայուն հանդիսատես: Այսօր այդ շէնքը կը շահագործուի սեփականատիրոջ մը կողմէ՝ որպէս կահոյքի արտադրամաս:
Մեր թաղամասը հարուստ է աղբիւրներով. մեր թաղի աղբիւրը, ներքեւի թաղի աղբիւրը եւ Ասրիի աղբիւրը: Ուրիշ աղբիւրներ ալ կան, պարզապէս մենք կ՚օգտուէինք այս երեքէն: Ամառները մեր թաղի աղբիւրը կը ցամքէր, ստիպուած ներքեւի թաղէն ջուր կը կրէինք: Այդ ջուրով կը լուացուէինք, ձեռքով լուացք կ՚ընէինք, ճաշ կը պատրաստէինք…
Հին, սակայն յագեցած: Կարկառ գետը նոյնպէս կը հոսի այս թաղամասի անմիջապէս հարեւանութեամբ: Տաք ամիսներուն բաւական աշխոյժ կ՚ըլլայ: Մայրաքաղաքցիները կու գային ու կը զովանային: Մեր գետը միշտ կ՚ըլլար մարդաշատ: Աւա՜ղ, 2010 թուականին, Բակօ Սահակեանի Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէն վերջ մեր գետը ցամքեցաւ: Այլեւս մարդիկ չէին լողար Կարկառ գետի այս հատուածին մէջ: Հին ու Նոր Արմէնաւաններու կոյուղիները կը լեցուէր գետին մէջ: Ահաւասիկ Բակօ Սահակեանի կառավարման տարիներու վրիպումներէն, բացթողումներէն, սխալ որոշումներէն մին, որ մեր՝ արմէնաւանցիներուս համար շատ յուզիչ էր:
Հին Արմէնաւանը ունի նաեւ գերեզմանատուն, ֆութպոլի դաշտ, չգործող հանդիսութիւններու սրահ, քանի մը մթեր երկարութեամբ խանութ, որոնք պարտքով ապրանք կը տրամադրեն բնակիչներուն: Իւրաքանչիւր խանութ ունի իր պարտքի տետրակը: Ամսուան ընթացքին պարտքով ուտելիք ձեռք բերելէ վերջ, յաջորդ ամսուան սկիզբին աշխատավարձ կամ թոշակ ստանալուն պէս մարդիկ կը մարեն իրենց հին պարտքերը եւ նոր էջէն կը սկսին պարտքերու կուտակումին:
Վերջերս մատուռ մըն ալ կառուցուեցաւ՝ Պուզտի քարին վրայ: Պուզտի քարն ալ արմէնաւանցիներու սրբավայրն է: Անոր քովէն անցնելու ժամանակ մարդիկ կը խաչակնքեն, կ՚աղօթեն, մոմ կը վառեն: Առաջին պատերազմի տարիներուն այս ժայռաբեկորը, որ տեղացիներու կողմէ ստացած է Պուզտի քար անուանումը, քանի-քանի մարդու կեանք փրկած է: Այդ փրկուածներէն մին ալ իմ մեծ հայրն է: Զաւէն պապս պատերազմի տարիներուն, օր մը սխալ հաշուարկի պատճառով մնաց հրետակոծութեան տակ: Չհասցուց հասնիլ տուն, երբ Շուշիէն ատրպէյճանցիները սկսան հրետակոծելու Ստեփանակերտը: Ան պահուըտեցաւ Պուզտի քարին տակ եւ այդպէսով փրկեց իր կեանքը:
Հին Արմէնաւանի դրացին է Նոր Արմէնաւանը, որ կը գտնուի Կրկժան թաղամասին տակ: Նախապէս Նոր Արմէնաւանի մէջ կը գտնուէր պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքը, որ յետագային վերածուեցաւ ռազմական ուսումնարանի, իսկ այսօր՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ կը ծառայէ որպէս ռուս խաղաղապահներու ռազմակայան:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան