ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Մե­ծա­յարգ
Տիար Ա­րա Գօ­չու­նեան
Խմբագ­րա­պետ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի
Իս­թան­պուլ, Թուր­քիա

Սիրելի Պրն. Գօչունեան,

Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն մեր օրհնութիւններն ու սիրալիր ողջոյնները կը յղենք ձեզի՝ քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան լաւագոյն մաղթանքներով։

Գոհունակութեամբ կը ստանանք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ բովանդակալից է զանազան նիւթերով եւ հրապուրիչ է պատկերազարդութեամբ։ Մեծապէս գնահատելի է, որ խմբագրական կազմի աչալուրջ աշխատանքով հանրութեան կը հրամցուի 110 տարուան կեանք ունեցող եւ սիրուած այս օրաթերթը։

Չափազանց գնահատելի եւ շնորհաւորելի է, որ դուք որպէս վաստակաշատ խմբագրապետը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ մարտ 1-ի երեկոյեան պիտի բանախօսէք ամենէն երկար ժամանակով տպուող այս թերթի առաքելութեան մասին։

Տակաւին մեր մտքին մէջ թարմ է Առաջնորդարան կատարած ձեր այցելութիւնը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հրատարակութեան 100-ամեակի հանդիսութիւնը։ Կ՚աղօթենք հիմնադիր Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներու հոգիներու փրկութեան համար։

Բարեբաստիկ այս առիթով մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները կը յղենք ձեզի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-րդ տարեդարձին համար։ Սոյն գրութեամբ մեր յատուկ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ձեզի նաեւ, որ լայն տեղ կը տրամադրէք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի հաղորդագրութիւններուն, որոնք հոգեկան ցնծութեամբ կ՚ընթերցուին հասարակութեան կողմէ։

Կ՚աղօթենք Աստուծոյ, որ օրհնէ ձեզ եւ ձեր գործակիցները, որպէսզի նոյն եռանդով եւ ոգիով տակաւին երկար տարիներ շարունակէք սիրուած եւ փնտռուած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին իմաստալից եւ օգտակար հրատարակութիւնը։

Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ յարատեւ յաջողութիւն։

Մնամք սիրոյ ջերմ ողջունիւ

Աղօթարար՝

 

 

ՅՈՎ­ՆԱՆ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈՍ
Ա­ռաջ­նորդ
Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­րեւմ­տեան Թե­մի

Երկուշաբթի, Օգոստոս 13, 2018